ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (24)

Աղաւնի մըն էր մինակ, միս մինակ, միայնակ կանգնած ելեկտրական թելին, կարծես մէկու մը կը սպասէր. այնպէս ինչպէս Զանան։

Յանկարծ գլուխը դարձուց վար, կարծես նայեցաւ Զանային աչքերուն, ու թռաւ դէպի աջ, իր հետ տանելով սեւեռուն նայուածքը անոր։ Սեւ բիբերը հետեւեցան սպիտակ մարմնին, անցան դէպի ճամբու միւս կողմ, միւս մայթ, յետոյ դէպի ներս, համատեղ բակը երկու շէնքերուն, ուրկէ արդէն կորսուեցաւ աղաւնին ու... զիջեցաւ տեսադաշտը ուրիշ մէկուն։

Ինքն էր։

Սարսռաց Զանան։

Թէեւ ճիշդ ա՛յդ նպատակով ելած էր մզկիթէն, տեղ հասած ու մօտ կէս ժամ սպասած, այնուամենայնիւ անսպասելի էր յայտնութիւնը աղջկան։ Թերեւս ինք ալ ամբողջութեամբ չէր հաւատար, որ պիտի երեւէր այդ երազային էակը իր աչքին դարձեալ, այդ ալ՝ առաջին այս փորձի ընթացքին։

Աղջիկը նոյնն էր, շուկայինը. վստահ էր Զանան։ Դանդաղ քայլերով կու գար ան դէպի փողոց, գլուխը կախ՝ ոտքերուն առաջ նայելով։ Տաբատով էր այս անգամ։ Կամաց-կամաց դուրս ելաւ բակէն, հասաւ դիմացի մայթ, եւ աջ դարձաւ. սկսաւ քալել Սարեանէն վեր՝ Մոսկովեան փողոցի ուղղութեամբ։

Զանան շտապեց ետեւէն։ Դիմացի մայթէն, գրեթէ անոր հաւասար կը քալէր։ Կը փորձէր քիչ մը առաջ անցնիլ, տեսնելու համար դէմքն անոր։ Միաժամանակ սակայն կը զգուշանար. յանկարծ չնկատէր զինք աղջիկը։ Այսպէս յառաջացան մինչեւ Ամիրեան փողոցի խաչմերուկ, ուր Զանան որոշեց կտրել մայթը. բան մը ներսէն զինք աւելի մօտենալու կը մղէր։

Երբ արդէն նոյն մայթին վրայ էին, մօտ տասն քայլ կը բաժնէր զիրենք։ Արեւն արդէն մար մտնել սկսած էր, մութը՝ գրեթէ վրայ հասած։ Քիչ մարդ կար փողոցին մէջ։ Տարեց զոյգ մը թեւ-թեւի անցած քալելով դէպի զիրենք կու գային դիմացէն։ Աջին մարդ մը խանութի ցուցափեղկը կը փակէր։ Աղջիկը կը քալէր ուղիղ եւ անշեղ։ Քիչ-քիչ ընթացքը անվերջ ու անպտուղ կը սկսէր թուալ Զանային արդէն...

-Ներեցէ՛ք...

Ընդամէնը շշնջաց միայն։ Կրկնեց նոյնը մի քանի անգամ. այնքան ցած, որ ինք նոյնիսկ հազիւ կը լսէր։ Կոկորդը կը չորնար, կռնակը կը քրտնէր։ Թուքը կուլ տուաւ, խորունկ շունչ առաւ, եւ փորձեց անգամ մըն ալ

-Ներեցէ՛ք...

Աղջիկը կանգ առաւ։ Չդարձաւ. միայն կանգ առաւ։

Զանան եւս կեցաւ։ Շունչը բռնած սպասեց։ Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, չհասկցաւ, յանկարծ Պամի ահաւոր շարժումը յիշեց կրկին... տանիքն ու աղմուկը։ Կարծես նորէն բան մը պայթէր պիտի, բան մը փուլ պիտի գար։

Բայց չեղաւ։

Աղջիկը հանդարտ ու դանդաղ դարձաւ հարիւրութսուն աստիճան։ Մազերը կը ծածկէին աջ աչքը։ Ձեռքը տարաւ, հեռացուց զանոնք ականջին ետեւ։ Թարթեց աչքերը միայն մէկ անգամ, եւ շիփ-շիտակ, խիստ ու գեղեցիկ նայեցաւ Զանային բիբերուն, ու

-Լսում եմ...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020