ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԴ ՆԱԽ ՔՈՒ ԱՆՁԻԴ ՄԷՋ ՓՆՏՌԷ

Երջանկաբեր ու յաջողակ կեանք մը ապրելու բուռն ցանկութիւնը ստէպ մարդուս նպատակակէտը ու թիրախը դարձած է: Չկայ արարած մը, որ չուզէ իր համակ կեանքը երջանիկ ապրիլ, ուրախութեամբ անցընել ամէն մէկ քայլափոխ՝ ինքզինք հեռու պահելով տրտմաթախիծ պատահարներէ ու տխրութիւն պատճառող դէպքերէ: Սա բնական երեւոյթ մըն է:

Իւրաքանչիւր գոյակ իր կեանքի վերիվայրումներով ու ելեւէջներով, նուաճումներով ու ձախորդութիւններով, իր կեանքի ալեբախութիւններով ու նաւաբեկումներով, կամայ թէ ակամայ ենթակայ է ե՛ւ երջանկութեան, ե՛ւ տխրութեան: Մանկավարժական փորձարկումներու եւ հոգեբանութեան սահմանած տեսութիւններու վրայ հիմնուելով՝ փաստուած է, թէ մարդկային հոգին մանկական կանուխ տարիներէն սկսեալ կը ձգտի երջանկութեան: Երջանիկ ես, երբ կեանքդ առանց նեղութեան ու դառնութեան կ՚անցընես: Երջանիկ ես, երբ կեանքի պայմաններդ ու պարագաներդ ապահով են ու ո՛չ մէկ անձի օգնութեան կարիքը կը զգաս: Երջանիկ ես, երբ սիրուած ու յարգուած ես շրջապատիդ կողմէ։ Երջանիկ ես, երբ ֆինանսական դժուարութիւններ չունիս։ Երջանիկ ես, երբ կը տեսնես աղքատ մը, բայց դուն քեզի փառք կու տաս՝ նման

թշուառ վիճակի մէջ չգտնուելուդ համար: Երջանիկ ես, երբ հաճոյաձիգ ցանկութիւններուդ յագուրդ կու տաս՝ ինքզինքդ անգիտակցաբար մեղսալիր վիճակի մատնելով: Գերերջանիկ ես, երբ «կեր, արբ, ուրախ լեր», «հագուէ, շքուէ ու պտտէ», «շաղակրատէ, զրախօսէ ու բամբասէ» կենցաղակերպերը կեանքի բնական ուղեգիծդ դարձուցած ես, իսկ հաճոյքը՝ յարադէտ նպատակդ։ Դիմակազարդուա՛ծ երջանկութիւն…։

Երջանկութիւնը առհասարակ սահմանուած է որպէս բարօր վիճակ մը, որ յարաբերաբար մարդկային այլ տրամադրութիւններու՝ աւելի մնայուն է ու գերազդեցիկ: Անիկա կը յատկանշուի յոյզերով՝ սկսելով գոհունակութեան զգացումէն եւ հասնելով մինչեւ բերկրալից իրավիճակի: Ուրախութիւնը, ոմանց կարծիքով, կացութիւններու, դէպքերու, պայմաններու ծնունդ է: Ոմանց համար ալ երջանկութիւնը ինքնաբաւականութեամբ, ինքնագոհունակութեամբ ձեռք բերուած հոգեվիճակ մը չէ երբեք, այլ ան նպատակադրուած առաջադրանքի իրագործում ու պսակում է: Իսկ ոմանք ալ իրենց երջանկութիւնը կը գտնեն յաւիտենութեան մէջ՝ իրենց կեանքի նժարը ծանրացնելով իրենց ապրումներով, սիրալիր յարաբերութիւններով ու աստուածահաճոյ գործունէութեամբ:

Արիստոտէլի կարծիքով՝ գերագոյն երջանկութիւնը մարդու գիտակից եւ հայեցողական կեցութիւնն է, զոր կը դրսեւորուի տարբեր իրավիճակներու եւ դէպքերու ընթացքին։ Բոլորն ալ կը ձգտին երջանկութեան, բայց յաճախ իրենց կեանքի ճանապարհի ընթացքին կանգ կ՚առնեն եւ փոքր յաջողութեամբ, ձեռք բերումով՝ կը կարծեն, որ արդէն հասած են իրենց կեանքի գերագոյն երջանկութեան, սակայն իսկութեան մէջ բուն երջանկութենէն շա՜տ հեռու են: Արիստոտէլի սահմանմամբ՝ երջանկութիւնը եռանդ է, շարժում, ընթացք, գործող ուժ է եւ բանականութեամբ առաջնորդուող առաքինութեան դրսեւորում է։ Առաքինութիւնը մեր ազատ ընտրութեամբ սովորութեան վերածուած բարոյական կատարելութիւն է, որ մեզի թոյլ կու տայ բանականութեան վերահսկողութեան ներքոյ կեանքի բոլոր հաճոյքները վայելել: Կեանքի ընթացքը առաքինութեան եւ բանականութեան զուգընթաց ճանապարհով մեզի առաջին հերթին չափաւորութիւն կը պարգեւէ։ Այդ չափաւորութիւնը «ոսկէ միջին» կը կոչուի (golden mean), որ անհրաժեշտ է հոգեկան հաւասարակշռութեան եւ երջանկութեան հասնելու համար: Արիստոտէլի եզրակացմամբ՝ «ոսկէ միջինին» հետեւելով՝ մարդ էակը ծայրայեղութիւններէ հեռու կը մնայ։ Օրինակ՝ առատաձեռնութիւնը շռայլութեան եւ ժլատութեան միջեւ գտնուող որակն է. խիզախութիւնը՝ անխոհեմութեան եւ վախկոտութեան…։ Մինչդեռ առաքինութեան հակառակ որակները՝ դաժանութիւնը, անխոհեմութիւնը, անկառավարելիութիւնը, ցանկասիրութիւնը աստիճանաբար մարդը հեռու կը վանեն գերագոյն երջանկութեան ձեռքբերումէն, որովհետեւ «ոսկէ միջինի» բովէն չեն անցած։

Շատ անգամ կը հանդիպինք այնպիսի մարդոց, որոնք անդադար երջանկութեան որոնումներու մէջ են, սակայն եւ այնպէս իրենց երազած, պատկերացուցած երջանկութիւնը երբեք չեն կրնար գտնել։ Այդպիսիք կը մոռնան, որ երջանկութեան ետեւէն վազելով՝ իրենց կեանքին մէջ եղած երջանկութիւնը կը կորսնցնեն եւ այստեղ-այնտեղ զայն յումպէտս կը փնտռեն։ Հոգեբաններ դիտել կու տան, որ երջանկութեան ընդհանուր բնութագիրը կապուած է ուրախութեան եւ բաւարարուածութեան զգացումին հետ: Յարատեւ երջանկութիւնը ձանձրալի կ՚ըլլայ, եթէ դժուարութիւնը գոյութիւն չունենայ։ Առանց ցաւի հաճոյք չկայ, նոյնպէս ալ ուրախութիւն՝ առանց տխրութեան։ Ահա թէ ինչո՛ւ վերելքներն ու վայրէջքները մեր կեանքը աւելի կը հունաւորեն ու կ՚իմաստաւորեն՝ մարդուս սուր զգացողութիւններ հաղորդելով:  Գարլ Եունկ կ՚ըսէ. «Առանց մթութեան՝ երջանկութիւն չ՚ըլլար։ «Երջանկութիւն» բառը ամբողջովին իր իմաստը կը կորսնցնէր, եթէ տխրութեան հետ համատեղ գոյութիւն չունենար: Աւելի լաւ է երեւոյթները ընդունիլ այնպէս ինչպէս որ կան՝ համբերութիւն ու հանգստութիւն դրսեւորելով»:

Անսահման ուրախութեան եւ կեանքի միակ «բալասանին» մասին խորհելով՝ շատեր իրենց երջանկութիւնը կը փնտռեն նիւթական հարստութեան մէջ: Այսպէս, անոնք կը պատճառաբանեն՝ ըսելով, թէ դրամը կեանքի բանալին է, լուծումը՝ կեանքի բոլոր թնճուկներուն։ Զուր տեղ չէ ըսուած, թէ «Դրամը չարիք մըն է, երբ նպատակ է, բայց կրնայ ըլլալ բարիք մը, երբ գործածուի իբրեւ միջոց՝ բարի նպատակի համար»: Հաւանաբար նիւթականը կրնայ քեզի լաւ կեանքի պայմաններ ընձեռել, կեանքդ բարգաւաճ ու քեզ առերես բոլորին սիրելի դարձնել, ժամանակաւորապէս ու մակերեսայնօրէն երջանկացնել, սակայն բնաւ չի՛ կրնար կեանքդ ապահովագրել, պուտ մը գգուանք, նշոյլ մը ժպիտ, պտղունց մը անկեղծութիւն ու հոգեկան գերերջանկութիւն նուիրել:

Կայ տակաւին երջանկութեան բացասական միւս երեսակը: Ներկայ դարուն երիտասարդութեան բուռն ցանկութիւնը ազատութիւնն է: Երիտասարդութեան տարիքը հազիւ թեւակոխած պարման-պարմանուհիներ ազատ ապրելու տենչանքով, իրենց որոշադրումներն ու երազները ազատութեամբ մարմնաւորելու եւ իրագործելու յամառութեամբ, կ՚ուզեն ձերբազատուիլ իրենց ծնողական «ժամանակավրէպ» ու «բռնատիրական» օրէնքներէն: Նմանօրինակ անհեթեթ ասոյթներ ու տհաճ վերաբերմունքներ բնականօրէն արդիւնք են երիտասարդի իմացապէս յառաջացման ու զարգացման, մարմնապէս ու հոգեմտապէս աճման: Երիտասարդը հազիւ ըղձանուշ ու անսպասելի ազատութեան տիրացած՝ իսկոյն ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ կեանքի ճեպընթաց յորձանքին, ուր ներկայ են խառնակեցութեան, թմրամոլութեան, հաճոյապաշտութեան, անառակ կեղծպարիշտ ընկերութեան, սեռային անյագ յարաբերութիւններու, անօրէնութեան, զեղծարարութեան, մարմնին վրայ տմարդի դաջուածքներ գծագրելու, ընկերութեան վնաս հասցնելու երփներանգ բարոյալլկող սովորութիւնները, ցոփ ցանկութիւններն ու թակարդները…: Սիրելի՛ երիտասարդ, երբեք հարց տուա՞ծ ես դուն քեզի, թէ ազատութիւնը ի՞նչ է։ Ազատութիւնը չի՛ կայանար բնազդային եւ անգիտակից արարքներ կատարելուն մէջ։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս ազատութիւնը կը բաժնէ երեք կէտերու՝ ըսելով. «1) Կատարելապէս ազատ ենք, երբ ունինք մեր ըրածին լրիւ գիտակցութիւնը եւ անոր մեր հաւանութիւնը վճռականօրէն կու տանք։ 2) Ազատ չենք երբեք, երբ կը կատարենք մեր արարքները անգիտակցաբար եւ հակառակ մեր կամքին, երբ ստիպուած ենք արտաքին պարտադրութեամբ մը։ 3) Նուազ ազատ ենք, երբ չունինք լրիւ գիտակցութիւնը մեր արարքին, եւ մեր կամքին ոչ ամբողջական հաւանութեամբ կը կատարենք զայն։ Երեք պարագաներուն ալ, ինչպէս կը տեսնուի, մեր մտքին ու կամքին ներկայութիւնը մեր արարքներուն մէջ՝ կենսական պայման է։ Իսկ այս պայմաններէն դուրս կատարուած արարքներու մասին ազատութեան խօսք կարելի չէ ըսել։ Երբ չկան միտքն ու կամքը, մարդու կեանքը կ՚ըլլայ միմիայն անիշխանութեան հանդէս մը»։

«Կանայի զուարթ ակումբներուն» մնայուն յաճախորդներ եւս կը գտնուին մեր կեանքի թատերաբեմին մէջ: Հաճոյամոլութեան ախտով կուրացած մարդիկ յաճախ ափ կ՚առնեն քաղցրահամ խօսքերով զիրենք գրկաբաց ընդունող «ակումբ»ները, ուր կան միայն հաճոյք, ժամանց, «աներեւակայելի» ուրախութիւն, արբեցում, մոլութեանց բազմադիմի տեսակներ…։ Քիմքիդ քաղցր թուացող այդ չարախինդ հաճոյքները կրնան ժամանակաւորապէս քեզի հաճելի թուիլ, սակայն վստահ գիտցիր, որ ժամանակ մը ետք այդ բոլորը քեզի նողկանք պիտի պատճառեն: Եպիկուրեան փիլիսոփայութեան տեսութիւնը զուր տեղը չէ ըսած. «Ընտրէ այն ցաւը, որուն կը յաջորդէ հաճոյքը։ Մերժէ այն հաճոյքը, որուն կը յաջորդէ ցաւը»:  Աստուած երբեք հաճոյքին հակառակ չէ, այլ ընդհակառակը, քեզ ստեղծած է, որպէսզի վայելես այս աստուածատուր ու հրաշագեղ ստեղծագործութիւնը ու կեանքդ հաճոյացնես, պայմանաւ որ անիկա ըլլայ Աստուծոյ աչքին հաճոյ եւ սահմանաւորեալ շրջածիրի մէջ: Միշտ փորձէ տարբերակել հաճոյքով ապրուող կեանքը հաճոյապաշտ կենսակերպէն։ Յաճախ բազմաթիւ ծրագրած ձեռնարկներուդ եւ աշխատանքներուդ յաջող աւարտէն ետք հաճոյք մը կը զգաս. սակայն երջանկութիւնը խորքին մէջ կենսական կատարելութեան հասնելու հաճոյքն է։ Այդ հաճոյքին հասնելու համար՝ ցանկութիւնն ու բանականութիւնը, առաքինութիւններն ու ներհայեցողութիւնը պէտք է համադրուած գործեն, որպէսզի հաճոյքը իր սահմանները չանդրանցնի եւ մարդս ցոփապաշտութեան եւ հաճոյամոլութեան չառաջնորդէ։

Երջանկանանալու կամ երջանկաւէտ կեանք մը ապրելու փափաքը պէտք չէ նաեւ շփոթել սանձարձակութեան հետ: Իրենց կեանքի հորիզոնականին վրայ միջին եզր մը ունենալու փոխարէն՝ մարդիկ սիրայօժար կերպով թոյլատրած  եւ ընդունած են սանձարձակութեան ու ծայրայեղութեան մոլուցքները, որոնք իրենց կարգին քեզ զազիր մեղքի կ՚առաջնորդեն: Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը կարդանք Քրիստոսի մէկ խօսքը՝ մարդուն վրայ մեղքին ունեցած տիրապետութեան հանգամանքին մասին, ուր կ՚ըսէ. «Լաւ գիտցէք, թէ ո՛վ որ մեղք կը գործէ, ծառայ է մեղքին» (Յհ. 8.34): Մեղքը իր անդիմադրելի հրապոյրներով, իր բազմակերտ առինքնող հնարամտութիւններով շատ դիւրութեամբ կը սողոսկի ու կը մտնէ մեր ներաշխարհը՝ մեր հոգիին անբիծ շուշաններուն ու քնքուշ ծաղիկներուն վրայ սրսկելով իր մահաբեր թոյնը: Սակայն զարմանալին այն է, որ 21-րդ դարու երիտասարդը ո՛չ միայն մեղքին ծառայելու հպատակութիւն կը յայտնէ, այլեւ ստրկանալո՛ւ պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ անոր՝ մոռնալով մեծ բռնաւորին՝ մեղքին գործած կործանարար աւերումները:

Մեղքով գերեվարուածիդ համար է, որ Քրիստոս՝ երկնքի ու երկնաւորներու ուրախութիւնը երկիր իջաւ՝ Իր ուրախութիւնը փոխանակելու մեղքիդ պատճառած տրտմութեամբը։ Քրիստոս պարզապէս մեզ ուրախացնողը չէ, այլ մեր ուրախութիւնն իսկ։ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ միշտ ուրախութիւն կայ (Հմմտ. Սղ 16,11): Ամենակարողէն մենք ուրախութիւն է, որ կը ստանանք (Հմմտ. Յոբ 22,26): Ուրախութիւնը քրիստոնեայ մարդուն զօրութիւնն է: Նոյնը կը հաստատէ Նեհեմիա մարգարէն, «Տիրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է» (Նե 8,10): Քրիստոսի բերած եւ տուած երջանկութիւնը աւելի եւս կը բիւրապատկուի, երբ նմանակիցներդ կ՚երջանկացնես։ Երբ այլոց կեանքին մէջ լոյսի շողեր կը սփռես. ինքնաբերաբար կեանքդ ալ կը լուսաւորուի ու կը ծաղկազարդուի։ Նոյնիսկ ամենապարզ երեւոյթները քեզի երջանկութեան ակնթարթներ կը պարգեւեն, այդ ըլլայ պարզ ժպիտով, գրկախառնութեամբ կամ անկեղծ շնորհակալութեամբ…: Մի՛ մոռնար, որ իսկական երջանկութիւնը կը կայանայ այն արարքին մէջ, երբ երջանկութիւնդ ընկերոջդ եւ կամ բարեկամիդ հետ կը կիսես, որովհետեւ կապուածութեան պահանջը ի ծնէ առկայ է էութեանդ մէջ, զոր քեզ կը մղէ ուրիշին հետ մտերմանալու, խօսելու եւ ընկերանալու ցանկութեան։ Սիրելի եւ մտերիմ մարդոց ներկայութիւնը եւ որեւէ ազգի պատկանելու ձգտումը անձի ձեւաւորման կարեւոր ազդակներէն ու պայմաններէն են: Անոնք կարեւոր են ո՛չ միայն հոգեկան առողջութեան, այլեւ՝ երջանկութեան ձեռքբերման համար: «Մարդ մարդո՛վ մարդ է»…։

Առեւտրական մը իր որդին իմաստունի մը քով կը ղրկէ՝ երջանկութեան գաղտնիքը գիտնալու համար: Պատանին քառասուն օր ճամբորդութիւն կը կատարէ եւ վերջապէս իմաստունի տունը կը գտնէ։ Պահ մը իր շուրջը կը նայի եւ բացի լերան բարձունքին վրայ գտնուող գեղեցիկ պալատէն ո՛չ մէկ բան կը տեսնէ: Իր փնտռած իմաստունը այս պալատին մէջ կ՚ապրէր։ Պատանին չքնաղ դահլիճ մը կը տեսնէ, ուր առեւտրականները կը մտնէին եւ դուրս կու գային, ուրիշներ իրարու հետ կը զրուցէին. այլ անկիւնի մը վրայ փոքր նուագախումբ մը քաղցրահունչ մեղեդիներ կը նուագէր. իսկ դահլիճին կեդրոնը՝ համեղաճաշակ ուտեստներով սեղան մը դրուած էր։

Իմաստունը տարբեր մարդոց հետ խօսքի բռնուած էր։ Այդ պատճառով ալ պատանին ստիպուած երկու ժամ կը սպասէ: Երբ իմաստունին այցելութեան նպատակը կը յայտնէ, իմաստունը ուշադիր կը լսէ զինք եւ ապա կը պատասխանէ.

-Հիմա երջանկութեան գաղտնիքը բացատրելու ժամանակ չունիմ, բայց կրնաս երկու ժամ պալատին մէջ զբօսնուլ եւ ապա քովս գալ։ Քեզի ուրիշ առաջադրանք մըն ալ պիտի տամ։ Այս դգալին մէջ երկու կաթիլ իւղ կայ։ Զբօսնելու ժամանակ դգալը պէտք է այնպէս պահես, որ մէջի իւղը չթափուի։

Պատանին կը սկսի պալատին մէջ շրջիլ, աստիճաններէն իջնել եւ բարձրանալ՝ ակնթարթ մը իսկ աչքը դգալէն չհեռացնելով։ Երկու ժամ ետք իմաստունին քով կը վերադառնայ։

-Ճաշասենեակիս մէջ պարսկական գորգերը տեսա՞ր,- հարց կու տայ իմաստունը,- տեսա՞ր այն հրաշք այգին, զոր գլխաւոր այգեպանիս տասը տարուայ գործի արդիւնքն է։ Գրադարանիս մէջ դրուած հիանալի մագաղաթները սերտեցի՞ր։

Պատանին կը զարմանայ։ Կը խոստովանի, որ ոչ մէկ բան տեսած է։ Իր ուշքն ու միտքը իւղի կաթիլին եւ դգալին վրայ կեդրոնացուցած էր։

-Եթէ այդպէս է, ուրեմն, վերադարձիր եւ ծանօթացիր իմ պալատիս հրաշքներուն հետ.- իմաստունը պատանեակին կը յանձնարարէ։

Պատանին դգալը վերստին կ՚առնէ եւ զբօսնելու կ՚երթայ, բայց այս անգամ ուշադրութիւն կը դարձնէ պատերէն կախուած արուեստի գործերուն վրայ: Կը հիանայ նրբաճաշակութեամբ այն արուեստագէտներու, որոնք կրցած էին այսպիսի գլուխ գործոցներ ստեղծագործել։ Իմաստունին քով կը վերադառնայ եւ մանրամասն կը նկարագրէ իր տեսածները։

-Իսկ քեզի վստահած իմ իւղս ո՞ւր է.- կը հարցնէ իմաստունը։

Պատանին դգալին նայելով՝ կը հասկնայ որ իւղը թափուած է:

-Ահա ա՛յս է միակ խորհուրդը, որ կրնամ քեզի տալ. երջանկութեան գաղտնիքը կը կայանայ այն բանին մէջ, երբ դուն կը կարողանաս աշխարհի բոլոր հրաշքները տեսնել, բայց միեւնույն ժամանակ պէտք չէ մոռնաս հոգ տանիլ այն երկու կաթիլ իւղի մասին, որոնք դգալիդ մէջ կը գտնուին։

Սիրելի՛ ընթերցող, նիւթական աշխարհին մէջ ապրելով հանդերձ, հոգեկան արժէքներու հետամուտ ըլլալն է, որ կեանքին իմաստ ու խորք կու տայ: Սանձարձակութիւնը հոգիդ ու ողջ էութիւնդ մեղքով կը շղթայէ՝ քեզ նուաստացնելու, գերեվարելու ու կեանքդ իմաստազուրկ դարձնելու աստիճան: Երկնաւոր Հայրդ քեզ չէ ստեղծած տխրալից կեանք մը ապրելու, այլ՝ երջանիկ կեանք մը ապրելու համար: Կեանքիդ մէջ գիտցիր, թէ ո՛ր երջանկութիւնը իսկական երջանկութիւնն է, եւ ո՛ր երջանկութիւնը՝ խորխորատ առաջնորդող եւ քեզ ապերջանիկ դարձնող:

Անդադար հաճոյքներուն ետեւէն վազելը կենդանական բնազդին յարիր արարք է։ Մարդոց կողմէ սպասուող պատիւներն ու յաջողականութիւնը նոյնպէս քեզի երջանկութիւն չեն կրնար պարգեւել, որովհետեւ ամբողջովին կախուած են շրջակայ մարդոցմէդ, որոնք ինչ-ինչ նկատառումներով քեզի կը մօտենան։ Հարստութիւնդ բազմապատկելու ջանքերդ դարձեալ քեզի երջանկութիւն չեն բերեր, որովհետեւ ինքնաբաւութիւն ու ինքնագոհացում չեն առթեր։ Ժուպեր կ՚ըսէ. «Վարդի փուշերէն գանգատելու փոխարէն՝ ես կ՚ուրախանամ, որ փուշերուն մէջ վարդ կ՚աճի»։ Աստուած բնութիւնը ստեղծած է՝ անոր գեղեցկութիւնը տեսնելու, հիանալու եւ ապրելու համար։ Իսկ նմանակիցդ երջանկացնելն ու անոր օգտակար դառնալը մարդկային ազնուագոյն արարքներն են։ Սակայն այս բոլորէն վեր, երջանկութիւնդ նախ քու մէջդ պէտք է փնտռես, գտնես եւ ապա զայն արտացոլացնես։ Ահա այս ներդաշնակութեան մէջ է իսկական երջանկութիւնը։ Առ այդ, չափաւորէ՛ կեանքդ եւ ըստ այնմ առօրեադ արժեւորէ, որովհետեւ վաղը հաւանաբար ո՛ւշ կրնայ ըլլալ…։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017