ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ (ՀՐԱՆԴ). ԾՆՆԴԵԱՆ 160-ԱՄԵԱԿԸ

Այս տարին յոբելեանական է նահատակ գրող Մելքոն Կիւրճեանի համար. կը լրանայ անոր ծննդեան 160-ամեակը: Հայ գրականութեան եւ մամուլի մէջ իր ներդրումը կատարած այս մտաւորականը հարուստ կենսագրութիւն մը ունեցած է. ան տարիքով աւագն էր նահատակ գրողներուն:

Ծնած է Բալուի Հաւաւ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած ծննդավայրին մէջ. 1870 թուականին, տասնմէկ տարեկանին, հայրենակիցներու ուղեկցութեամբ տարուած է Պոլիս, ուր յաճախած է Սկիւտարի ճեմարանը, ապա Սուրբ Խաչ վարժարանը:

Կիւրճեան 1878 թուականին մտած է ուսուցչական ասպարէզ եւ պաշտօնավարած բազմաթիւ վարժարաններու մէջ: 1890-1896 թուականներուն եղած է Կեդրոնական վարժարանի հայոց լեզուի ու գրականութեան դասատու, աշակերտներուն գաղտնի դասաւանդելով նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն։ Միեւնոյն ատեն «Հրանդ» ծածկանունով կը սկսի աշխատակցիլ պոլսահայ թերթերուն եւ գաւառի կեանքն ու ցաւերը արտացոլել գրականութեան մէջ, սակայն որպէս գրող յայտնի կը դառնայ, երբ 1888 թուականին Արփիար Արփիարեանի առաջարկով կը գրէ իր «Պանդուխտի կեանքէն» գրական ակնարկները, որոնք մաս-մաս կը տպագրուին «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ։ Այդ տարիներուն Մելքոն Կիւրճեան կ՚աշխատակցի նաեւ «Արեւելք» եւ «Հայրենիք» թերթերուն։

1893 թուականին կը նշանուի համագիւղացի, Օտեան գերդաստանէն Գրիգոր Օտեանի եղբօր աղջկան հետ: Հազիւ ութ օրուան նշանուած էր, երբ ցուցմունքի մը վրայ կը ձերբակալուի եւ ամիս մը բանտը կը մնայ:

1896 թուականին, լսելով, որ կառավարութեան կողմէ կը փնտռուի, նախ Գարթալ, անկէ Մեծ կղզի կ՚ապաստանի, հետքը կորսնցնելու համար: Քանի մը օրեր թափառելէ յետոյ, Գատըգիւղէն, ծպտուած, Բերա կ՚անցնի, ուր ամիս մը պահուած կը մնայ իտալացի ընտանիքի մը քովը: Շնորհիւ ընկերներու ջանքերուն՝ կը յաջողի Վառնա, Պուլկարիա, փախչիլ: Հոն կը հիմնէ վարժարան մը՝ գաղթական հայ մանուկներուն համար, որ Արծրունեան դպրոցն էր: Երկու տարի ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր անմիջապէս կը ձերբակալուի եւ վեց ամիս բանտարկուելէ ետք կ՚աքսորուի Գասթամոնու, Սեւ ծովուն շրջանը: Մօտ տասը տարի աքսորի մէջ ապրելէ ետք, 1908 թուականի սահմանադրութենէն ետք, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր դարձեալ կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ:

Կիւրճեան Գասթամոնուի աքսորավայրին մէջ գրած է «Ճահճախուտքի մէջ. երկու առանցքի վրայ» վէպը, որ անստորագիր սկսած է տպագրել Պոլսոյ «Սուրհանդակ» թերթին մէջ, սակայն, հազիւ լոյս տեսած, գրաքննութիւնը գիտցած է հեղինակին ով ըլլալը եւ արգիլած, բռնագրաւած է 350 էջնոց վէպը եւ փճացուցած է զայն:

Աքսորավայրէն Մելքոն Կիւրճեան «Թղթակից ի Պոնտոս» ծածկանունով յօդ-ւածներ տպագրած է «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ։ Պոլսահայ թերթերէն զատ Կիւրճեան թղթակցած է նաեւ Թիֆլիզի «Մշակ»ին եւ Զմիւռնիոյ «Հայ Գրականութիւն» հանդէսին։

Պոլսահայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրելով, գտանք Մելքոն Կիւրճեանի՝ Հրանդի բոլոր գրչանունները: Ահաւասիկ գրչանուններ, որոնք մամուլին մէջ գործածած է գրող-ուսուցիչը.

1859-1915 թուականներուն գրողին գրութիւնները մամուլին մէջ ցրուած են Աւօ, Արնոլտ, Թղթակից «Բիւզանդիոնի», Թղթակից Պոնտոսի, Հրանդ, Մ.Կ, Մ.Ս.Կ., Շահէն, Շաւասպ, Պոնտացի, Վարդգէս, Ուղեւոր անուններով:

1910-ին իբրեւ պատուիրակ կը գործուղուի Էջմիածին, կը մասնակցի կաթողիկոսական ընտրութիւններուն: Այդ մասին անոր տպաւորութիւնները, երկար յօդուածաշարքով, կը կարդանք «Արեւելք» պարբերականին մէջ, որուն մնայուն աշխատակիցն էր, եւ ուր նաեւ ազգային կեանքէ քրոնիկներ կը գրէր, իբրեւ ազգային երեսփոխան ի վիճակի ըլլալով հետեւելու բոլոր անցուդարձերուն:

Ուսուցիչ գրողին կեանքը կ՚աւարտի իբրեւ նահատակ՝ 1915-ին:

Գլխաւոր երկերն են՝ «Նամակներ պանդուխտի կեանքէն», որ անջատ գիրքով լոյս տեսած է 1931 թուականին, Փարիզ։ Առանձին գիրքով հրատարակուած միւս աշխատութիւններն են «Գրաբար լեզու» (դասագիրք, Պոլիս, 1913) եւ «Մեսրոպ եւ Սահակ» (1913)։ Հեղինակած է նաեւ «Պատիժը» (1892), «Կեանքի մը քայքայումը» (1893), «Երկու վերմակի տակ» (1895), «Խանին վերի յարկը» (1909), «Առանց փիլոնի քահանան» (1913) եւ այլ պատմուածքներ: Ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է Օկիւստ Ռընանի «Յիսուսի կեանքը» գործը:

Իրապաշտական դպրոցին մաս կազմած գրողին գործերէն մանաւանդ պանդուխի օրագրութիւնները ժամանակին կը ցնցեն պոլսահայերը: Հազարաւոր պանտուխտներ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմէին Հրանդի հայրենակիցները՝ բալուցի որմանդիրները, իրենց համար յուզմունքի տողեր կը գտնէին անոնց մէջ: Այսօր ալ պանդուխտի կեանքէն գրուած այդ պատմուածքները կ՚ընթերցուին մեծ հետաքրքրութեամբ:

 

Ֆարհատ.- Սրբազանին ժպիտը

Նուրբ էր հասակաւ, նիհար ու քաշուած. տժգոյն ճակտին վրայ դէմ առ դէմ աղեղնաձեւ կ՚երկարէին երկու բարակ յօնքեր. տարիքն հազիւ 16, դուրսէն գրեթէ նոր եկած։ Հայերէն բաւական լաւ կը խօսէր, գիրք ու թերթ տեսած էր, եւ հասկցող այնչափ, որչափ կը ներէին իր տարիքն ու դուրսեցի ըլլալը։ Տէրտէրի դպրոց գացած էր, բառեր գիտէր, մանր ու մժուր գաղափարներ ունէր։ Խոնարհ դէմքի եւ կամ առերեւոյթ հանդարտութեան ներքեւ կը տածէր բուռն զգացում մը, դպրոցի սէր, որ զինքը խլած էր մայրենի գրկէ եւ յօտարութիւն նետած։

Բայց եկած էր ի Կ.Պոլիս՝ Էջմիածին ուղեւորելու համար. -Ճեմարանի անունը զինքը հրապուրած էր. ուստի հո՛ն եւ ոչ այլուր։ Երկու ամիս խոշոր անուններ կ՚ուսանի այստեղ, եւ կ՚որոշէ Էջմիածնի ծանօթներուն դիմում ընել. այլեւս գիտէր Ս. Երրորդութիւն, Ս. Լուսաւորիչ, Ս. Թագաւոր, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին, եւ կը սկսի փորձերու։ Տեսնենք ի՞նչ պահեր էր Ճակատագիրն այդ գաւառացի ուսանողին։

Ա.

Կիւրակէ մը, ժամէն ու ժամաւորէն ետքը, Սրբազանին սենեակը կը մտնէ դողդը-ղալով։ Ի՜նչ անուշիկ յուսով ոտք կը դնէր սեմին վրայ. Էջմիածնի ճամբան ա՛լ հար-թըւած էր, թղթերու վրայ տեսած Կաթուղիկէն իր երեւակայութեանը առջեւ կը մարմնանար կարծես։ Ս. աջը կը համբուրէ. ժպտուն էր Սրբազանը, եւ այս երեւոյթն իրեն բարեգուշակ թուեցաւ։

Համառօտ տեղեկութիւն կու տայ իր անձին ու փափաքներու մասին. կը յայտնէ որ ասիական խորերէն եկած է, կեանքի ծրագիր պատրաստած է իրեն եւ միակ փափաք մը ունի, - Էջմիածնի Ճեմարանը ղրկուի իբրեւ ուսանող։ Սրբազանն իր ձանձրալի ժպիտներովն, որ փակած կը մնային իր երեսի հաստ կաշիներուն վրայ, քանի մը ցուրտ պատասխաններ կու տայ, մերթ ընդ մերթ քահ քահ փրցնելով այն յանդուգն գաղափարներու եւ անզուսպ տենչանքներուն, զորս կրցած էր ունենալ այդ դրսեցի պատանին, աղտոտ հագուած եւ չոր ոսկորներով։ Կէս ժամ անցած էր արդէն. յամառ եւ անամօթ ժպիտներուն հետ՝ Սրբազանին ցուրտ ցուրտ բառերն ա՛լ կը ծանրանային իր վրայ հեղձուցիկ օդին պէս, ուստի աչքերն ալ դրան կողմը կը դառնային ստէպ։ Ելաւ մեկնելու անյոյս, տխրութիւնն իր ճակտին վրայ ուրուատիպ կը նստէր. Սրբազանին երեսը դարձեալ ժպիտ։ Երկու սպանութիւն կրեց. - անյուսութիւն եւ ժպիտներու դառնութիւն։ Այդ օրէն սկսեալ կը փախչէր Ֆարհատ ժպիտներէն այնպէս, ինչպէս յիմարները կը փախչին իրենց պետէն մինչ ճոկանն երերցնելով յանկարծ կ՚երեւի արգելոցին ստուերախառն մթութեան մէջ։

Ֆարհատի ծրագիրը բաւական ընդարձակ էր։ Կը հանէ գրպանէն տետրակ մը, կը կարդայ խոշո՜ր անունները, զորս նշանակած էր կապարով, միանգամ յօնքերը կը պռստէ, եւ թեթեւ վարանումէ մը ետքը, պատռելով տետրակէն այն թուղթը՝ բզիկ բզիկ կ՚ընէ ու կը նետէ հովին առջեւ։ Սրբազանին ժպիտները, ձառադէմ ուրուականներու պէս, ցնցաց էին զինքը եւ համոզած ալ ի սպա՜ռ չդիմել սուրբերու։- «Ատոնք մեր վրայ կը խնդան»… գիշերը քանիցս իր շրթանցը վրայ մրմռացեր էին այդ բառերը, զորս լսողներէն ոչ ոք հետաքրքիր եղած էր հասկնալու։ «Երազ է», կ՚ըսէին, ու կ՚անցնէին։ Երա՜զ…

Բ.

Երրորդ կիւրակէն Գատըգիւղ կ՚անցնի։ Իր ցաւագին տպաւորութիւնք բաւական թեթեւցած էին, զի առջի փորձին վրայ բաւական օրեր անցեր էին. օդն ու ծովն ալ գեղածիծաղ էին։ Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն տակաւին ելած չէր ժամուորը. խաչ հանելով բազմութեան մէջ կը մտնէ. քանի մը վայրկեան ինքզինքը կը մոռնայ պատկերներու եւ խաչերու առջեւ։ Իր մոմն ալ կը տնկէ Ս. Թագաւորի առջեւ։ Թեթեւ մուխն ու սեպացեալ բոյրը, առանց ասդին անդին երերալու, ուղղակի ի վեր կը բարձրանային միանձնուհւոյ մը խնդրուածքին պէս։ Յաջողութեան նշան էր այս։

Ասոնք ալ կ՚աւարտին. «երթայք ի խաղաղութիւն»ի հետ Ֆարհատ դուրս կ՚ելնէ եւ պիտի գնար։ Ո՞ւր.- Ոչ աղայի, ոչ սրբազանի եւ ոչ քահանայի։ Կնոջ մը դուռը պիտի զարնէր եւ ապահով ճամբան էր այս. կին մը անշո՛ւշտ աւելի գթոտ պիտի նայէր մօր մը նիհար ու վտիտ, աղտոտ ու պատառատուն հագուած զաւկին. գէթ սրբազանին ցուրտ ժպիտը չպիտի նետէր իր դժբախտութեանը վրայ։ Հարցնելով կը գտնէ տունը. ներս կը մտնէ եւ վեր կը հրամցուի։ Տիկինը սեւեր հագած կին մըն էր. փոքրիկ մանկիկ մը, գանգրահեր ու սիրուն, սենեակին բոլոր կենդանութիւնը կը յօրինէր։ Իր այս ընդունելութեանը մէջ կային այնպիսի բաներ, որք անոր խօսելու համարձակութիւն կու տային. ո՛չ թէ կին, այլ մայր մը գտած էր հոն, գթութիւն իր լաթերուն ու խեղճ կերպարանքին վրայ, մայրենի անո՜ւշ խանդաղատանք, որ կարծես աղաւնոյ մը թեւերով անոր կը փարէր։ Գանգրահեր մանկիկն եկաւ անգամ մը եւ տիկինին գիրկն ինկաւ. մայրն համբուրեց զնա կաթոգին եւ յանկարծ ճերմակ թաշկինակը աչքերուն տարաւ։ Տասնեւվեց տա-րեկան պատանի, կ՚ըսէր ինքնին, ուսման սէր ունեցած է ինքնայորդոր, մայր, քոյր, եղբայրներ թողլով եկած է հոս, եւ այդ տարիքէն սկսեալ ընկերութեան արհամարհանքը կը ծծէ թունաւոր ժահրին պէս։

Ֆարհատ, իր համառօտ կենսագրութիւնն ընելով, ուր սրբազանին ժպիտները մեծ տեղ կը բռնէին, «Էջմիածնի Ճեմարանը, տի՛կին, հոն երթամ», վերջաբանը դրած էր քանիցս։ Անակնկալ էր այս. Էջմիածնի Ճեմարան եւ այդ ասիացի խեղճուկ տղեկը, ի՛նչպէս իրարու մօտեցած էին։ Տիկինը դպրոցին մէջ ընդունելութեան պայմաններուն վրայ կը խօսի, ուսմանց ծրագրի մասին տեղեկութիւն կու տայ հասկնալի լեզուաւ… եւ ինքզինքը պատրաստ կը ցուցնէ անոր օգնելու, միջնորդութեամբ եւ ճամբու ծախքերն հոգալով։ Ֆարհատ բաւական նստած էր արդէն, տեղեկութիւն տուած ու առած էր, եւ բան մըն ալ չէր մնացած, ուստի հրաժեշտի ողջոյն տալով, դուրս կ՚ելնէ ու կ՚երթայ…։

Սեւազգեստ տիկինը պահ մը տխո՜ւր եւ մտածկոտ կը կենայ. իր մանկիկն ալ գիտես թէ բան մը զգացած էր. տժգոյն երես, դողդղացող ձայն, խոնարհ կերպարանք, աղտոտ լաթեր եւ անյարդար գլուխ՝ անոր մատղաշ ջիղերուն վրայ ցաւ մը դրած էին գուցէ, - արգահատութեան զգացումը. զի այդ օրէն սկսեալ քանի մը շաբաթ Ֆարհատի անունը մոռցած չէր, եւ ամէն անգամ որ մօրը կուրծքին վրայ կը դնէր իր գանգրահեր գլխիկը, ըսած էր. «Մա՛մա, ո՞ւր գնաց Ֆարհատ. մայր չունի՞ ան…» եւ կինը միշտ յուզուած էր ցաւագին՝ սպիտակ թաշկինակը աչքերուն տանելով։

Գ.

Շոգենաւը թող տուած էր. բազմամբոխ ժխորին մէջ Ֆարհատ մէկ կողմ ծրարուած՝ ինքզինքը կը մոռնար. -«Պէտք է քիչ մը ժամանակ Պոլիս մնամ, բան ու ման սորվիմ եւ յետոյ գնամ Էջմիածին քիչ մը բան ձեռք բերած»։ Բայց ի՞նչ պիտի ընէր, մանաւանդ որ ապրելու համար, հարկ էր որ ծառայութիւն յանձն առնէր։

Գատըգիւղ կը փոխադրուի. մէկ շաբաթի չափ Եէլ-Տէյիրմէնիի կողմերը կը դեգերի, եւ իրիկուան մթուն, մինչ մոմերը կը վառէին, սահելով լռիկ գիշերաճեմ ստուերի մը պէս, կ՚երթայ կը նետուի ծառերուն տակ եւ առաւօտուն կ՚արթննայ թռչնոց ու հովին հետ, որք իր գլխուն վերեւ սաղարթուն ոստերը կ՚երերցնէին մեղմիկ։ Ծառ, բնութիւն եւ խոտեր աւելի մարդասէր գտնուած էին։ Բայց ինք այդ տեղ չպիտի մնար, ծրագիր ունէր, նպատակ ունէր։ Յաջորդ երկուշաբթի մտած էր ֆրէրներուն դպրոցն իբրեւ օգնական տնտես, եւ այնուհետեւ փողոցէ փողոց մանրիկ տղայոց կարգեր կը տանէր։

Կոկիկ հայերէն կը խօսէր, հայ ուսանողներ, որք ֆրէրներու դպրոցը կը յաճախէին իրենց մօրը լեզուն մոռնալու համար, ուշադրութիւն կը դարձնեն այդ ասիացի պատանուոյն. ընտանութիւն կ՚ընեն, կը հարցնեն, կը գտնեն, կը տեսնեն որ այդ դրսեցի տղեկը չափով մը բանգէտ է, ուսանելու ալ յօժարութիւն ունի։ Այսպէս Ֆարհատ ա՛լ դուրս ելած էր մութէն իր տարեկից տղայոց մէջ, որոց ամէն մէկը առանձին հաճոյքներ ունէր օգնել այդ դրսեցիի տղուն։ Պէտք է խոստովանիլ որ Գատըգիւղցի տղայք, ասիական հողի վրայ, համեմատաբար աւելի կը սիրեն իրենց ասիացի հայրենակիցները։ Ֆարհատ, ամառը քիչ մը թեթեւ, իսկ ձմեռը չարաչար տքնութեամբ կ՚անցնէ. ֆրէրներն ալ, առանց բնաւ խնայելու, վառելու մոմ կու տային. գաղղերէն խօսելու կ՚ընտանեցնեն, հայերէն եւ թուագիտութեան դասեր տալ կու տան։ Ճակատագիրն սկսած էր ժպտիլ ամէն կողմէ։

Տասնեւչորս ամիս կ՚անցնէ այն շէնքին ու ֆրէրներու շուքին տակ, ուր ոչ մէկ դէմքի վրայ նենգաւոր ժպիտը տեսաւ. փորը կուշտ կ՚ապրէր, կը զարգանար, կոկիկ ու մաքուր կը հագուէր, դրամ ալ ունեցաւ շնորհիւ մանաւանդ հայ ուսանողներու, որք առիթներ կը ստեղծէին անոր օգնութիւններ ընելու համար. արդիւնաւոր Կաղանդ ու Զատիկ ունեցած էր, Ճեմարանը մոռցած չէր, եւ ամէն մէկ դասի, որով քայլ մը կ՚առնէր դէպի անծանօթը, Էջմիածնի կը մօտենար, մանաւանդ որ իր դրամովը պիտի ճամբորդէր. Ի՜նչ անսպառ հաճոյք, -բնաւ մարդու կարօտ չըլլալ…։

Դ.

Իր որոշած օրերը կը սպառէին. հայ ուսանողք փոփոխութիւն մը սկսած էին նշմարել սիրելի Ֆարհատին վրայ, որ մերթ տրտում, մերթ չափազանց ուրախ՝ իր դէմքին վրայ սրտին բոլոր յուզումներն ի տես կը հանէր. «Քանի մը շաբաթէն Ճեմարանը պիտի գտնուիմ. իսկ եթէ չյաջողի՜մ»…։ Առանձնութեան մէջ կը կրկնէր ասոնք՝ առանց ումեք բան մը հաղորդելու։ Կիւրակէ մը կանուխ, զանգակներու ղօղանջէն ու գոչիւնէն առաջ, կ՚արթննայ. ուխտով ճամբայ ելած էր, ուխտով պիտի սկսէր վերըս-տին, ուստի դարձեալ ի Ս. Թագաւոր, աղօթք, մոմ ու ջերմեռանդ երկրպագութիւն։

Ժամը երեքն եկած է. տիկնոջ սենեակը կը մտնէ. մայր ու մանկիկ հոն էին, նոյն մթնոլորտն էր թեթեւ եւ դիւրատար։ Ո՜րչափ որ ինքն իբրեւ ծանօթ կը մտնէր, տիկինը չը ճանչեց զնա. ուստի հարկ եղաւ որ տեղեկութիւն տայ։ «Ֆարհատը, տիկին»։ «Ֆարհա՜տ… ո՛րչափ փոխուեր էք»։ Իրաւ, մարմնով ու մտքով վրայ դրած էր, մաքուր ու կոկիկ հագուած, ազնիւ համարձակութիւն մը սրբած տարած էր այն նկո՛ւն խոնարհութիւնն, որ երբեմն տկարութեան հետ կը խառնուէին հոն։ Ինչո՞ւ ալ չերեւցար այն օրէն ետքը։ Ֆարհատ, իբրեւ պատասխան, իր 14 ամսեայ պատմութիւնը կ՚ընէ, եւ տիկինն ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէ, մերթ ապշած, մերթ ցաւած եւ փղձկած պատանւոյն կեանքին այն մասին վրայ, զոր ծառերուն տակ նետած էր։ Վերջաբանը կը դնէ այսպէս. «Ճեմարան, Էջմիածին, տիկին. դրամի ալ պէտք չունիմ, կը խնդրեմ միայն որ ձեր միջնորդութիւնը չզլանաք ինձ»։ Տիկինը միշտ պատրաստ էր անոր օգնելու, միայն թէ յանկարծ կասկածանք մը ունեցաւ անոր խոշորութեանը մասին, զի տարիքէն աւելի հասակը վրայ դրած էր։ Այսու ամենայնիւ տիկինը ետ չպիտի կենար։ Ճաշի վար կը դնէ զնա, իրեն սեղանակից կը նստեցնէ զաւկին պէս. այդ օրը երկու զաւակ ունեցած եղաւ, Օննիկի քով Ֆարհատը։ Ի վերջոյ տիկինը յանձնարարական նամակ մը առ Ս. Մ. եւ Ֆարհատ հրաժեշտի ողջունիւ կը մեկնի։

Ե.

Երեքշաբթի ռուսական փոսթայով դուրս կ՚ելնէ Պոլիսէն, ուր տառապանքն ու յաջողութիւնը միապէս գտած էր. վերջին անգամ մըն ալ սրբազանին ժպիտը, իբրեւ դառն յիշատակ, կը թթուեցնէ զինքը. երեսը կը դարձնէ դէպի արեւելք, եւ ալ մոռցած էր ամէն բան…։

Մէկ ամիս ետքը լուր առինք որ Ֆարհատ Էջմիածին հասեր է։ Ճեմարանն իր դռները կը փակէր անոր առջեւ. խոշո՛ր էր, ահաւասիկ անքաւելի յանցանքը։ Աղաչանք, պաղատանք ոչինչ ընելու զօրած էին, միայն թէ Ս. Մ. տիկնոջ նամակին յարգանք ընելու համար, Ֆարհատին կ՚ըսէ որ վերջին անգամ զինքը տեսնելու գայ այս ինչ օր։ Ֆարհատ որոշեալ ժամէն մէկ քառորդ առաջ Էջմիածին կը մտնէ. գիրուկ մարդ մը դէմը կ՚ելնէ կճատ մօրուք, միջին հասակ, պճըղնաւոր վերարկու մը հագած։ Երեսը նայեցաւ, նոյն սրբազանն էր, նոյն ժպիտը երեսին վրայ. կը դառնայ ետ, եւ կ՚երթայ անդարձ։ Ո՞ւր է. ոչ ոք գիտցաւ այնուհետեւ։

Ս. Մ. կը գրէ. «Ազնիւ Տիկին, պարոն Ֆարհատը, զոր յանձնարարական գրով ղրկել էիք, կարելի չեղաւ ընդունել իբրեւ սան Ճեմարանում։ Ես սրտանց ցաւում եմ։ Ասացի նրան որ մեկնելէ առաջ ինձ տեսնէ. օր ու ժամ էլ որոշեցի։ Իմ դիտաւորութիւնս էր մի բան սարքել եւ մի քիչ դրամով իր հայրենիքն ուղարկել. բայց նա չերեւաց, իր խօսքը դրժեց վատութեամբ։ Ոչ ոք գիտէ թէ ո՞ւր է գնացել…»։ Սրբազանը ներկայ գտնուած էր այս նամակին. եւ անոր ժպիտներուն տակ գրուած էին այս տողերը։

Ո՞ւր ես, Ֆա՛րհատ։

Հրանդ. Ամ­բող­ջա­կան եր­կեր
Ա. «Պան­դուխ­տի կեան­քէն»
Փա­րիզ, 1931

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019