ԱՆՄԱՀ ԵՐԱԺԻՇՏ ՌՈՄԱՆՈՍ ՄԵԼԻՔԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ

Այսօր կը լրանայ հայ մեծանուն երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար, մանկավարժ, հայ դասական սիրերգի ստեղծող, Հայաստանի Պետական երաժշտանոցի առաջին տնօրէն Ռոմանոս Մելիքեանի 140-ամեակը: Մեծ եղած է անոր դերը մեր երաժշտութեան, երաժշտագիտութեան, խմբավարական արուեստի, երաժշտական կրթական ասպարէզի ստեղծման գործին մէջ: Միաժամանակ այս տարի կը լրանայ «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի հիմնադրման 100-ամեակը, որու ստեղծման իր անմիջական մասնակցութիւնը ունեցած է Ռոմանոս Մելիքեան:

Ան Հայաստան չէ ծնած, բայց երբ 1920 թուականին, Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգեր հաստատուելէ յետոյ հրաւէր կը ստանայ իշխանութիւններէն, անմիջապէս կը տեղափոխուի Հայաստան եւ կը լծուի երաժշտական արուեստի զարգացման գործին:

Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած էր Հայաստանի մէջ սկիզբ դնել երաժշտական արհեստավարժ կրթութեան, հիմնել երաժշտական հաստատութիւններ ստեղծելու կեդրոն։ Այդ գործը կը յանձնարարուի Ռոմանոս Մելիքեանին։ Ան կը հիմնէ սթուտիօ, որու հիմքի վրայ ալ 1923 թուականին կը ստեղծուի երաժշտական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը՝ երաժշտանոցը: Աւելի ուշ՝ 1946 թուականին երաժշտանոցը կը կոչուի Կոմիտասի անունով: 1923 թուականին Ռոմանոս Մելիքեան երաժշտանոցին կից կը հիմնէ նաեւ երաժշտական ուսումնարան, որն ալ 1954 թուականին ի՛ր անունով կը կոչուի. «Ռոմանոս Մելիքեան» երաժշտական ուսումնարանը այս տարի նոյնպէս իր 100-ամեայ յոբելեանը կը նշէ:

Ռոմանոս Մելիքեան ծնած է Ռուսական կայսրութեան Տաղիստանի Ղզլար քաղաքին մէջ՝ Յովակիմ Մելիքեանի յարկին տակ։ Մելիքեաններու երեք երեխաներու աւագն էր: Հիւսիսային Կովկասի այդ փոքր քաղաքին մէջ ալ կ՚անցնի անոր մանկութիւնը:

Ապագայ երաժիշտի երաժշտական հակումներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ, յայտնի է միայն, որ անոր այգեգործ հայրը շատ սիրած է երաժշտութիւն եւ յաճախ ընտանեկան շրջանակին մէջ երգած է հայ ժողովրդական երգեր։ Ռոմանոս Մելիքեանի քոյրը աւելի ուշ գրած է, որ արդէն դպրոցական տարիներուն Ռոմանոս մեծ սէր դրսեւորած է երաժշտութեան հանդէպ, հաւաքած է իր քրոջ ընկերուհիները եւ երգեր սորվեցուցած անոնց: Մելիքեաններու տանը եղած է կիթառակ՝ մանտոլին, եւ ատիկա առաջին երաժշտական գործիքն էր, որով նուագել սորված է Ռոմանոս, բայց շարունակ երազած է դաշնամուր ունենալու մասին: Ընտանիքը, սակայն այդպիսի թանկարժէք գործիք գնելու հնարավորութիւն չէ ունեցած:

Հօր մահէն յետոյ մայրը Ռոմանոսը ղրկած է Նոր Նախիջեւան՝ թեմին կից դպրոցին մէջ ուսանելու համար, ուր ալ սկսած են անոր առաջին յաջողութիւնները: Թեմական դպրոցին մէջ ապագայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, այդ ժամանակ՝ Նոր Նախիջեանի մէջ կար կրթական գործիչ Գէորգ Չէօրէքճեանի ղեկավարութեամբ գործող երգչախումբ մը, որ ելոյթներ կ՚ունենար Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցական երգերէն, շարականներէն զատ երգչախումբի երգացանկին մէջ եղած են նաեւ աշխարհիկ երգեր՝ հայ ժողովրդական, գեղջկական, ազգային-հայրենասիրական: Այդ խումբին մէջ ալ երգած է Ռոմանոս Մելիքեան:

Կարճ ժամանակ անց ան իր երաժշտական ընդունակութիւններու շնորհիւ արժանացած է Չէօրէքճեանի ուշադրութեանը եւ որոշ ժամանակ անց սկսած է օգնել իր ուսուցչին՝ խումբը ղեկավարելու գործին մէջ։ Ապագայ երաժշտահանը մեծ յարգանքով խօսած է Չէօրէքճեանի մասին. «Ես անկէ շատ բան սորվեցայ, շատ գիտնական մարդ է»։

1900 թուականի ամրան ծննդավայր Ղզլարի մէջ Մելիքեան կու տայ իր առաջին համերգը՝ տեղացի հայերէ կազմուած երգչախումբի ուժերով։ Յետագային ան այդ համերգը իր երաժշտական արհեստավարժ գործունէութեան սկիզբը նկատած է: Եւ արդէն ատկէ ետք սկսած է ինքնուրոյն երաժշտական գործունէութեան, նշանակուած է Ս. Գէւորգ եկեղեցւոյ երգչախումբի դեկավար եւ այդ խումբի ուժերով համերգներ ունեցած է նաեւ եկեղեցիէն դուրս։

1902 թուականին աւարտելով Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը՝ Մելիքեան կ՚ընդունուի Ռոսթովի երաժշտական ուսումնարանը։ Ուսումնառութեան այդ տարիներուն լրջօրէն կ՚ուսումնասիրէ դասական երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները։

1905-1906 ուսումնական տարեշրջանին փորձ կը կատարէ ընդունուիլ Մոսկուայի երաժշտանոց, բայց չի յաջողիր եւ մասնաւոր դասեր կ՚առնէ նշանաւոր երաժիշտներէ, կրկին կը փորձէ մուտք գործել երաժշտանոց, բայց այս անգամ երաժշտանոցը դժուար կացութեան մէջ կ՚ըլլայ եւ անվճար տեղերը սակաւաթիւ կ՚ըլլան: Այդ ընթացքին Մոսկուայի մէջ կը բացուի ժողովրդական երաժշտանոց, ուր կ՚ընդունուի ան: Այդ տարիներուն Ռոմանոս Մելիքեան մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձնէ ժողովրդական երգերու մշակումներուն: Այդ մշակումներէն են «Վարդ կօշիկս», «Արազը հեշտացել է», «Գնաց գարուն», «Մանիր, մանիր» եւ այլն։ Երգերու մէկ մասը կ՚երգէր նաեւ իր ղեկավարած երգչախումբը, համերգներ կ՚ունենար: Նոյն այդ շրջանին ալ ան կը գրէ իր առաջին սիրերգերը՝ հայ բանաստեղծներու խօսքերով:

Նիւթական ծանր վիճակի եւ պարբերաբար կրկնուող հիւանդութիւններու պատճառով Ռոմանոս Մելիքեան ստիպուած Մոսկուայէն կը տեղափոխուի Նոր Նախիջեւան, ապա կարճ ժամանակ անց՝ Թիֆլիզ: 1908 թուականին ան ու Ազատ Մանուկեան Թիֆլիզի մէջ կը նախաձեռնեն «Երաժշտական լիկա» կազմակերպութեան հիմնումը, որու նպատակն էր դպրոցներուն համար ստեղծել գեղարուեստական բարձր արժէքներով, պարզ ու մատչելի մանկական երգեր, կանոնաւորել երաժշտութեան դասաւանդումը։ Թիֆլիզի մէջ Ռոմանոս Մելիքեան հանդիպում ունեցած է Կոմիտասի հետ։

«Երաժշտական լիկա»ն, ընդարձակելով իր գործունէութեան սահմանները, 1912 թուականին կը վերաձեւաւորուի եւ կը դառնայ «Թիֆլիզի հայոց երաժշտական ընկերութիւն»։ Այդ ընթացքին երաժտահանը կը շարունակէ երգեր գրել:

1910 թուականի ամրան Ռոմանոս Մելիքեան Հայաստան կ՚այցելէ, կը շրջի գիւղերուն մէջ, կը լսէ ժողովրդական երգիչներուն եւ բանասացներուն։ Նոյն թուականի տարուայ վերջին կը մեկնի Փեթերսպուրկ, կը ստանձնէ հայոց եկեղեցւոյ խմբավարի պաշտօնը, որու շնորհիւ կը բարելաւուի անոր նիւթական վիճակը: Ան կը վերադառնայ Թիֆլիզ, համերգներ կ՚ունենայ, նոր երգեր կը գրէ եւ կը մշակէ:

Թիֆլիզի մէջ գտնուելու տարիներուն Ռոմանոս Մելիքեան սերտ կապեր հաստատած է Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տերեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Միքայէլ Մանուէլեանի, Օվի Սեւումեանի, Աթաբէկ Խնկոյեանի եւ ուրիշներու հետ:

1916 թուականին երաժիշտը, կարգ մը այլ մտաւորականներու հետ կը գործուղուի Վան՝ օգնութիւն ցոյց տալու համար պատմական Հայաստանի հայութեան: Այդ այցը շատ կ՚ազդէ անոր հոգեկան աշխարհին վրայ: Ան կը լսէ վանեցիներու կեանքի պատմութիւնները, կը մխիթարէ անոնց, կը բարեկամանայ: Անոր խնդրանքով մարդիկ կը պատմեն նաեւ զանազան հեքիաթներ, զրոյցներ, հաւատալիքներ, կ՚երգեն ժողովրդական երգեր։ Շատ վանեցիներ, մանաւանդ ծերունիները, փոխանցած են իրենց գիտցած երգերը եւ Մելիքեանը գրի առած է ատոնք: Յատկանշական է, որ վանեցիները, իրենց տխուր կեանքի մասին երգելէ զատ, երգած են նաեւ սիրային, երազային, օրօրոցային երգեր։

Թիֆլիզ վերադառնալէ յետոյ Ռոմանոս Մելիքեան զատուած է գործընկերներէն եւ իր խզած կապերը՝ երաժշտական աշխարհին հետ. հաւանաբար Վան այցը ազդած է անոր եւ ան ժամանակ կ՚ուզէր՝ կրկին վերադառնալու բնականոն կեանք:

1920 թուականը արդէն բեկումնային էր Ռոմանոս Մելիքեանի կեանքին մէջ: Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը Հայաստան կը հրաւիրէր ամէն մարզի մէջ լաւագոյն մասնագէտները, որոնք դուրսը կը բնակէին: Հայաստանը խորհրդայնացած էր եւ երկրին զարգացման հետ մեծ յոյսեր կը կապէին մտաւորականները, կ՚ընդունէին հրաւէրները եւ կը փութային Հայաստան: Ռոմանոս Մելիքեան նոյնպէս, Խորհրդային Հայաստանի զարգացմամբ խանդավառուած, ամէն ինչ կ՚ընէ՝ հոն երաժշտական կեանքը բարելաւելու, կանոնակարգելու, ուսումնական կեդրոններ հիմնելու համար: Եւ ինչ առաջարկ որ կ՚ընէ՝ կառավարութիւնը անխօս միջոցներ կը տրամադրէ: Առաջին երաժշտական սթիւտիոն կազմակերպելու գործին մէջ ան կը ներդնէ իր ողջ եռանդը, բեռնակիրներուն հետ ոչ միայն մանր իրեր, այլեւ դաշնամուր, սեղաններ ու աթոռներ կը տանէր դպրոց եւ կարճ ժամանակ անց արդէն այդ սթիւտիոյի տնօրէնը դառնալով՝ զայն դարձուց ամենաօրինակելի ուսումնական հաստատութիւնը Երեւանի մէջ կահաւորումով, մաքրութեամբ ու կարգապահութեամբ։ Իր գրադարանը կը նուիրաբերէ կեդրոնին, երաժշտական գործիքներ կը հայթայթէ բնակիչներէն: Մայրաքաղաքին մէջ երաժշտական սթիւտիօ հիմնադրուելու լուրը շատ արագ արձագանգ կը գտնէ բնակչութեան մէջ։ Առաջին ուսումնական տարին հոն կ՚ընդունուի մօտաւորապէս հարիւր ուսանող։

Յաջորդ տարին սթիւտիոյի ուսանողներուն թիւը կը հասնի 184-ի։ Հաստատութեան մէջ կը բացուի նաեւ երգչախումբ՝ Ռոմանոս Մելիքեանի ղեկավարութեամբ։ Ան ուսումնական հաստատութիւն հրաւիրած էր որակաւոր մասնագէտներ, եւ արդէն երաժշտական սթուտիոյի հիման վրայ 1923 թուականին Երեւանի մէջ կը բացուի հայկական առաջին ազգային երաժշտանոցը։ Իբրեւ առաջին տնօրէն, ան կառավարութեան առջեւ կը դնէ երաժշտանոցի մը համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցներու հայթայթման նախագիծը եւ կը ստանայ աջակցութիւն: Սակայն երաժշտանոցի աշխատանքները այնքան շատ կ՚ըլլան, որ ան, նախ ժամանակ չ՚ունենար ստեղծագործելու եւ յետոյ իր տկարացած առողջութամբ զբաղելու, ուստի կը ձգէ գործը եւ որոշ ժամանակ հանգիստ կ՚ընէ:

1925 թուականին Ռոմանոս Մելիքեան կը մեկնի Ստեփանակերտ՝ երաժշտական ու-սումնարան մըն ալ հոն հիմնելու համար:

1926-1927 թուականներուն երաժիշտը կրկին Թիֆլիզի երաժշտական կեանքի զարգացման գործին կը վերադառնայ, կ՚աշխատի Թիֆլիզի Հայարուեստի տան երդիքին տակ, կը կազմակերպէ ժամանակի նշանաւոր երգահաններու համերգները:

1927 թուականի կէսէն Երեւան կը վերադառնայ, ուր երաժշտական կեանքը աննախադէպ վերելք ապրած էր: Առանձնակի մտերմութիւն կ՚ունենայ Ալեքսանտր Սպենդիարեանի հետ, միասին կը ստեղծագործեն, նոյնիսկ որոշ շրջան մը միասին կը բնակին:

Սպենդիարեանի մահէն յետոյ Մելիքեան զգալի աշխատանք կը տանի՝ անոր կիսատ ձգած աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար:

Ռոմանոս Մելիքեան մտերիմ յարաբերութիւններ ունեցած է նաեւ Աւետիք Իսահակեանի, Ալեքսանդր Թամանեանի, Մարտիրոս Սարեանի հետ։

Կը կարեւորուի նաեւ Մելիքեանի դերը՝ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի ստեղծման մէջ: Այդ գործին մէջ կը ներգրաւուի իբրեւ խորհրդական եւ կը դառնայ թատրոնի առաջին գեղարուեստական ղեկավարը։ Մելիքեան եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ երաժշտական գրականութեան հրատարակչութեան գործի կազմակերպիչներէն մէկը:

Խօսելով հայ երգարուեստի մէջ ունեցած անոր անփոխարինելի դերին մասին, առանձնակի կը շեշտուի նաեւ այն հանգամանքը, որ Ռոմանոս Մելիքեան հետաքրքուած է նաեւ այլ ազգերու ժողովրդական երաժշտութեամբ, մասնակցած է քրտական երաժշտական բանահիւսութիւնը հաւաքելու համար 1931 թուականին կազմակերպուած արշաւին: Անոր արխիւին մէջ պահպանուած են գրառումներ, որոնցմէ պարզ կը դառնայ, որ երաժիշտը հետա-քըրքրուած էր տաճկական ժողովրդական երաժշտութեան հետ կապուած տեսական հարցերով։

Իր երգերու հիմնական մասը Ռոմանոս Մելիքեան բաժնած է երկու մասին՝ «Մանկական երգեր» եւ «Նոր օրերու երգեր», եւ այդ բաժանումներուն վրայ ալ մինչեւ կեանքի վերջին տարիները շարունակած է աշխատել։ «Մանկական երգեր» շարքէն շատեր դարձած են նաեւ մեծահասակներու սիրուած երգեր եւ ընդգրկուած են հայ երաժշտական գրականութեան ոսկեայ ֆոնտին մէջ։

Մեծ երաժշտահանը, հայ երաժշտութեան նուիրեալը մահացած է 1935 թուականին՝ 52 տարեկանին, ուժերու ծաղկման շրջանին, Թիֆլիզ քաղաքին մէջ, բայց իր հանգրուանը գտած է Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնի մէջ՝ հայ մեծերու կողքին։

Ռոմանոս Մելիքեանի անձնական իրերը կը պահուին «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:

Այդ նիւթերուն մէջ կան հետաքրքական դրուագներ ո՛չ միայն երաժշտութեան վերաբերեալ, այլ հոն կը պահուին նաեւ անոր որսորդական եւ ձկնորսական իրերը: Ան եղած է որսորդութեան եւ ձկնորսութեան սիրահար: Աշնան եւ ամրան ամիսներուն շաբաթը քանի մը անգամ ան որսի դուրս կ՚ելլէր: Ունէր Նեմրութ անունով շուն մը, որուն հետ կ՚երթար Գառնի կամ Արարատեան դաշտ՝ թռչուններու եւ մանր գազաններու որսի ու երբեք պարապ ձեռքով չէր վերադառնար: Թանգարանին մէջ այսօր կը պահուին անոր որսորդական հրացանն ու փամփշտակալը, ինչպէս նաեւ՝ ձկնորսական իրերը: Ան մեր երգարուեստի հետաքրքրական դէմքերէն եղած է, որուն յիշատակը այսօր ալ վառ կը պահուի արուեստի աշխարհին մէջ: Իր անունով երաժշական ուսումնարանէն զատ, կայ նաեւ անուանակոչուած փողոց, դպրոց մը՝ Ալավերտիի մէջ:

«Ռոմանոս Մելիքեան» ուսումնարանի 100-ամեակին ընդառաջ մշակոյթը արժեւորող հովանաւորներու աջակցութեամբ վերանորոգուած է ուսումնարանի նկուղային դահլիճը՝ անուանակոչուելով «Ռոմանոս Մելիքեան» համերգասրահ: Նորորգուած է նաեւ ցուցադրութեան համար նախատեսուած սրահը, ուր նախատեսուած է ներկայացնել Մելիքեանի արխիւային նիւթերը: Միաժամակ, իր անունը կրող ուսումնարանին մէջ կայ նաեւ իր անունով երգչախումբ:

Մեր ազգային երաժշտութեան նորագոյն մշակի յոբելեանը կը նշանաւորուի նաեւ Թիֆլիզի մէջ, որու երաժշտական կեանքի զարգացման գործին մէջ նոյնպէս մեծ է անոր դերը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2023