ՓԱՅԼՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ

Նիւ Եոր­քի «Վլա­տի­միր Քո­չա­րեան» թա­տե­րա­խում­բը ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուց «Հո­գիս ձեզ­մով կը խայ­տայ» ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քը։ Յայտ­նի գրող Քե­մալ Եալ­չը­նի հա­մա­նուն գոր­ծին հի­ման վրայ բե­մադ­րուած է այս շար­քը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Կիւմ­րիի, Վա­նա­ձո­րի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Վլա­տի­միր Քո­չա­րեան» թա­տե­րա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն է Կա­րի­նէ Քո­չա­րեան, ո­րու մա­կա­նին ներ­քեւ այս ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քը ար­ժա­նա­ցաւ թա­տե­րա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

«Հո­գիս ձեզ­մով կը խայ­տայ» ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քը Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, «Սթա­նիս­լաւս­քի» թատ­րո­նի եր­դի­քին տակ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015