ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ. ԱՌԱԿՆԵՐ

Վարդան Այգեկցին (ծննդեան թիւը անյայտ, մահացած է 1250թ.) Մխիթար Գօշի կրտսեր ժամանակակիցն է, միջնադարեան հայ աստուածաբան, մատենագիր, առակագիր, քարոզիչ, հասարակական գործիչ:

Ապրած է 12-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 13-րդ դարու սկիզբը: Ծնած է Հայոց Միջագետքի Տլուք գաւառի Մարաթա հայաբնակ գիւղին մէջ, կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին, ապա՝ Կիլիկեան Հայաստանի Արքակաղին (Արքակաղանի) վանքին մէջ: Ուսումը աւարտելէն ետք ձեռնադրուած է վարդապետ եւ զբաղած է քարոզչութեամբ: Այնուհետեւ ապաստանած է Կիլիկեան Հայաստանի եւ Սեւ լեռներու Տոսխ կոչուած ձորին վրայ կառուցուած Այգեկ վանքին մէջ, ուրկէ ստացած է Այգեկցի մականունը: 1198 թուականին մասնակցած է Լեւոն Բ. Մեծագործի թագադրութեան հանդէսին: Վախճանած է 1250 թուականին:

Այգեկ վանքին մէջ ան գրած է 22 ճառ, խրատական 5 թուղթ, կազմած է «Արմատ Հաւատոյ» ժողովածոն: Վարդան Այգեկցի իր խրատներով ու քարոզներով կը պայքարէր դրամասիրութեան, գողութեան, ամբարտաւանութեան, ոխակալութեան, որկրամոլութեան, հարբեցողութեան, մարդկային այլ արատներուն դէմ, կը քարոզէր սէր եւ համերաշխութիւն:

Ըսելիքը աւելի հասկնալի դարձնելու համար ան քարոզները կը համեմէր իր իսկ յօրինած, արդէն յայտնի, զանազան առակներով ու զրոյցներով: Ան գրած է աւելի քան 30 առակ: Այգեկցին սկիզբ դրած է առակաւոր ճառի տեսակին: Իր խրատական ճառերը վերամշակած է, օգտագործած է Եզովբոսի եւ այլ գրաւոր առակներ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովրդական առակները եւ զրոյցները, որոնք գրի առած է Այգեկցին եւ այլ մատենագիրներ, նովելներ, զուարճալի անեքդոտներ եւ խրատական փոքրիկ պատմութիւններ: Իր մշակած եւ հեղինակած առակները եւ զրոյցները հաւաքած է առանձին ժողովածոներու մէջ։

Ի տարբերութիւն Մխիթար Գօշի առակներուն, անոնք ներկայացուած են առանց որեւէ դասակարգման եւ չունին բարոյախրատական եզրակացութիւններ: Այգեկցիի առակներէն շատերը հիմք դարձած են յետագայ հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն: Այգեկցիին հետեւորդները, մինչեւ 17-րդ դար, անոր առակներուն մատեանը հարստացուցած են՝ աւելցնելով նորանոր առակներ, նորավէպեր եւ անեքդոտներ: Այդպէս յայտնուեցաւ «Վարդանեան Առականին», որ կը պարունակէր շուրջ 500 առակ:

Ձեռագիր մատեաններուն մէկ մասը պահպանուած եւ հասած է մեզի «Աղուէսագիրք» ընդհանուր անունով: «Աղուէսագիրք»ին կոչումը բազմաթիւ առակներու հերոս աղուէսէն կու գայ: Ան հրատարակուած է 1668 թուականին, Ամսթերտամի մէջ: «Աղուէսագիրք»ը թարգմանուած է վրացերէնի, արաբերէնի, ռուսերէնի: Առակները կարճ են, կը պարունակեն այն ժամանակաշրջանի հասարակութեան ընկերական կեանքին նկարագիրը:

ԻՄԱՍՏՈՒՆՆ ՈՒ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐԸ

Կար աշխարհակալ իշխանաւոր մը, եւ ան ունէր խիստ գեղեցիկ տղայ մը:

Եւ իշխանաւորն ըսաւ. «Գեղեցիկ աղջիկ առնեմ, որ կին ըլլայ իմ որդուս եւ ունենամ գեղեցիկ թոռներ՝ ժառանգ իմ գահիս»:

Եւ գնաց բերաւ գեղեցիկ հարս մը եւ տակաւին թոռ չէր ունեցած, երբ որդին մահացաւ, եւ հարսը մնաց: Եւ ինք կամեցաւ հարսը առնել եւ հարցուց իմաստուններուն, թէ կա՞յ իրաւունք: Եւ անոնք ըսին, թէ չկայ իրաւունք, որ հայրն առնէ հարսը:

Եւ չկամեցաւ լսել անոնց եւ գտաւ ուրիշ իմաստուն մը, որ իր սիրելին էր, եւ այդ իմաստունը ըսաւ իշխանաւորին. «Աշխարհի երեսին եօթանասուներկու ազգ կայ եւ անոնցմէ ոչ մէկուն կը հասնի ատիկա, բայց քեզի կը հասնի»: Եւ իշխանաւորը հարցուց, թէ ինչո՞ւ աշխարհի եօթանասուներկու ազգին չի հասնիր այդ, իսկ իրեն կը հասնի:

Իմաստունը ըսաւ. «Կը վախնամ պատճառը ըսել, որովհետեւ պիտի սպաննես զիս»: Եւ ան երդում ըրաւ չպատժել, եթէ պատճառը ըսէ:

Այն ժամանակ իմաստունը ըսաւ. «Որովհետեւ դուն ամէն ազգէն դուրս ես, եւ քու վրադ չկայ իշխանութիւն, եւ ինչ կամենաս կարող ես ընել»:

ԵԶՆ ՈՒ ՁԻՆ

«Եզը եւ ձին խօսեցան իրարու հետ: Եզը ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես կամ ինչի՞ պէտք ես»:

Ձին ըսաւ. «Ես ձի եմ եւ զիս թագաւորները, իշխանները եւ պարոնները կը զարդարեն ոսկիով, արծաթով եւ կը բազմին իմ վրաս»:

Եզը ըսաւ. «Ամբողջ աշխարհի բարեկեցութիւնն եմ ես, որովհետեւ ես կը վաստկիմ եւ կը չարչարուիմ եւ կը յոգնիմ, իսկ դուն եւ քու թագաւորդ կ՚ուտէք: Եւ բոլոր մարդիկ կ՚ուտեն իմ վաստակս եւ եթէ չվաստկիմ, դուն ալ քու թագաւորդ ալ իսկոյն կը մեռնիք։ Եւ դուն երախտամոռ մի ըլլար»:

ՋՐԱՂԱՑ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻ

«Եկեղեցին պարծեցաւ իւր սրբութեամբը եւ ըսաւ, թէ ես եմ տաճարն Աստուծոյ եւ դէպի ինծի կու գան քահանաները եւ ժողովուրդը աղօթք մատուցանելու Աստուծոյ եւ պատարագ, եւ կը հաշտուի Աստուած աշխարհին հետ եւ մեղքերուն թողութիւն կ՚ըլլայ: Այն ժամանակ ջրաղացը ըսաւ եկեղեցիին, թէ ինչ որ կ՚ըսես, արդար է եւ ճշմարիտ, բայց դուն իմ երախտիքս մի մոռնար, որ գիշեր, ցերեկ կ՚աշխատիմ եւ կը դատեմ այն, ինչ որ կ՚ուտեն քահանաները եւ ժողովուրդը եւ ապա քեզի կու գան աղօթելու եւ երկրպագելու Աստուծոյ»:

ԿՏԱԿ ՎԱՍՆ ԳԱՆՁԻ

«Իմաստուն եւ աղքատ մարդ մը ունէր ծոյլ որդիներ։ Մահուան ժամին ան կանչեց որդիները եւ ըսաւ. «Ով զաւակներ, իմ նախնիներս շատ գանձ թաղած են մեր այգիին մէջ, եւ ես ցոյց պիտի չտամ անոր տեղը: Այդ գանձը կը գտնէ ան, որ շատ աշխատի եւ խորը փորէ»։

Եւ հօր մահէն ետք որդիները սկսան աշխատիլ մեծ եռանդով եւ խոր կերպով կը փորէին, որովհետեւ ամէն մէկը կը ջանար, որ ինք գտնէ գանձը։ Եւ այգին սկսաւ աճիլ եւ զօրանալ եւ առատ բերք տուաւ եւ զանոնք հարստացուց գանձերով:

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԶԻՆՈՒՈՐ

Իմաստուն զինուոր մը պատերազմի կ՚երթար, ան երկու ոտքով կաղ էր:

Զինուորներէն մէկը անոր ըսաւ. «Ով ողորմելի, ո՞ւր կ՚երթաս: Քեզ իսկոյն կը սպաննեն, որովհետեւ չես կրնար փախչիլ»:

Զինուորը ըսաւ. «Ով անմիտ, ես պատերազմի չեմ երթար՝ փախչելու, այլ կռուելու եւ յաղթելու»:

ԱՌԻՒԾԸ, ԳԱՅԼԸ ԵՒ ԱՂՈՒԷՍԸ

Առիւծը, գայլը եւ աղուէսը եղբայրացան եւ որսի ելան. գտան խոյ մը, ոչխար մը եւ գառ մը: Ճաշի ժամուն առիւծը ըսաւ գայլին.

-Բաժնէ՛ մեր մէջ այդ որսը:

Եւ գայլը ըսաւ.

-Ո՜վ մեծ թագաւոր, Աստուած արդէն բաժնած է, խոյը քեզի, ոչխարը ինծի եւ գառը աղուէսին:

Եւ առիւծը բարկանալով ապտակ զարկաւ գայլի ծնօտին, եւ դուրս թռան գայլին աչքերը:

Եւ դարձեալ ըսաւ առիւծը աղուէսին.

-Բաժնէ՛ որսը մեր միջեւ:

Եւ աղուէսը ըսաւ.

-Ո՜վ թագաւոր, Աստուած արդէն բաժնած է, խոյը քեզի՝ ճաշին, մաքին քեզի՝ հրամէնքին եւ գառը քեզի ընթրիքին:

Եւ առիւծը ըսաւ.

-Ո՜վ խորամանկ աղուէս, քեզի ո՞վ սորվեցուց այդպէս ճիշդ բաժնել:

Եւ աղուէսը ըսաւ.

-Ինծի սորվեցուցին գայլին աչքերը, որ դուրս թռան:

ԳԻՆԻԻՆ ՎՆԱՍԸ

Երեք ճգնաւոր անապատի մը մէջ կ՚աղօթէին: Մանուկ էին, երբ անապատ տարուած էին եւ չէին գիտեր աշխարհին ինչ ըլլալը: Եւ օր մը ձգեցին աղօթքն ու ճգնութիւնը եւ նստած հարցուցին իրարու, թէ ի՞նչ է փառքն աշխարհի։ Առաջինը ըսաւ, թէ գինին կը գովեն, որովհետեւ ան սիրոյ օրինակն է։ Միւսը ըսաւ, թէ միսը կը գովեն բոլոր կերակուրներուն մէջ։ Երրորդը ըսաւ, թէ պոռնկութիւնը կը գովեն։ Եւ ձգելով հոգեւոր մշակութիւնը, առաջինը ըսաւ՝ երթամ գինի խմելու, գիտնամ, թէ գինին ինչ հաճոյք կամ բնոյթ ունի։ Երկրորդը ըսաւ՝ միս պիտի ուտեմ եւ գիտնամ անոր համն ու բնոյթը: Միւսը ըսաւ՝ ես կ՚երթամ կնոջ մօտ եւ մեղքի համը առնեմ: Եկան քաղաք։ Ան, որ ըսաւ միս պիտի ուտեմ, գնաց խոհակերանոց եւ հոտած միսին գարշ հոտը առաւ ու ըսաւ.- Թէ այս է միսը, որ կը գովեն, ասիկա ինծի համար չէ,- ու դարձաւ անապատ։ Ան, որ գնաց կնոջ մօտ, տեսաւ, որ կիներ ու տղամարդիկ առանց ամօթի ու պատկառանքի չար գործ կ՚ընեն, ըսաւ.

-Մեղք ձեր կեանքին, որ անցաւոր կեանքի համար կը զրկուիք անանց փառքէն,- եւ դժոխքի հոտն առնելով փախաւ։

Ան, որ ըսաւ գինի պիտի խմեմ, գնաց գինետան դուռը, տեսաւ՝ շատ գեղեցիկ երիտասարդներ նստած մեղաց գինին կ՚ըմպեն։ Սիրով մեծարեցին զայն եւ երբ գինովցաւ, միս կերաւ եւ երբ փորը լեցուց միսով ու գինիով, գնաց շնացաւ։ Այսպէս այն երկուքը ազատուեցան, իսկ գինեխումը կործանուեցաւ: Պարզ է, որ գինին է բոլոր մեղքերուն մայրը եւ բոլոր մեղքերը գինին գործել կու տայ:

ՏԳԵՂ ԿԻՆԸ

Մարդ մը տգեղ կին մը ունէր։ Օր մը տեսնելով, թէ կինը անտրամադիր է հարցուց.

-Ինչո՞ւ տրտմած ես։

 -Այսօր հայելիին նայեցայ,- կը պատասխանէ կինը,- տգեղութեանս պատճառաւ անտրամադիր դարձայ։ -Դուն մէկ անգամ նայելով այդչափ տրտմած ես,- չի համբերեր ամուսինը,- ես ամէն օր տխուր եմ, որովհետեւ ամէն օր կը տեսնեմ երեսդ…

ԹԱԳԱՒՈՐՆ ՈՒ ԾԵՐՈՒՆԻՆ

Բաբելոնի թագաւորը մեծ զօրաբանակով քաղաք մտնելու ընթացքին տեսաւ ծերունի մը, որ արմաւենի կը տնկէր։

-Ով ծերունի,- կ՚ըսէ թագաւորը,- ինչո՞ւ կը տնկես: Չէ՞ որ ան քառասուն տարի յետոյ պտուղ պիտի տայ, իսկ դուն այսօր-վաղը կ՚երթաս։

-Թագաւո՛ր,- կը պատասխանէ ծերունին,- մարդ մը տնկած էր արմաւենին, ես վայելեցի պտուղը, ես ալ կը տնկեմ, որ մէկ ուրիշը վայելէ:

-Տուէ՛ք անոր հազար դրամ,- կը հրամայէ թագաւորը իր ենթականերուն,- որովհետեւ բարի ու լաւախոհ մարդ մըն է: Վերցնելով դրամը, ծերունին գոհ եղաւ ճակատագիրէն։

-Ինչո՞ւ գոհ եղար,- կը հարցնէ թագաւորը։

-Որովհետեւ,- կը պատասխանէ ծերունին,- ամէն ծառ տնկող քառասուն տարին լրացնելէ յետոյ կը վայելէ, իսկ ես այսօր վայելեցի։

-Դարձեալ տուէ՛ք անոր հազար դրամ,- կը հրամայէ թագաւորը: Ծերունին նորէն կ՚արտայայտէ իր գոհունակութիւնը:

-Ինչո՞ւ կրկին գոհունակութիւն յայտնեցիր,- կը հարցնէ արքան։

-Գոհ եղայ ճակատագիրէն, որովհետեւ ամէն տունկ տարին անգամ մը պտուղ կու տայ, իսկ իմ ծառը այսօր երկու անգամ պտուղ տուաւ։

Թագաւորին հաճելի կը թուի ծերունիին պատասխանը։

ԹԱԳԱՒՈՐՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ

Թագաւոր մը, վէճ ունենալով սահմանակից երկրի թագաւորին հետ, որոշեց համարձակ ու հմուտ դեսպան մը ուղարկել անոր մօտ, որպէսզի իր կողմէ յանդիմանութիւն ու սպառնալիք կարդայ անոր։ Ընտրութիւնը կանգ առաւ իմաստուն մարդու մը վրայ, որ իր ուսուցիչը եղած էր ու հաւատարիմ անձ մըն էր։ Թագաւորը յայտնեց անոր իր դիտաւորութիւնը եւ այն բոլոր յոխորտանքները, որոնք պիտի հաղորդուէին։ Ուսուցիչը, որ շատ լաւ գիտէր հակառակորդ թագաւորի ցասկոտ բնաւորութիւնը եւ անզուսպ վարքը՝ հրաժարեցաւ։

-Խնդրեմ, արքայ, ազատէ զիս այդ դեսպանութենէն, հակառակ պարագային ան գլուխս կտրել կու տայ։

-Բոլորովին մի՛ վախնար,- քաջալերելով զայն ըսաւ թագաւորը,- եթէ ան քու գլուխը կտրէ, ես կը խոստանամ, այստեղ իմ տէրութեան մէջ գտնել անոր բոլոր հպատակները եւ գլխատել:

-Ճիշդն ըսած, արքայ, կը հաւատամ քեզի, որ կարող ես ընել այն, ինչ որ կ՚ըսես,- կը պատասխանէ ուսուցիչը,- բայց կ՚աղաչեմ հաւատալ, որ անոր հպատակներու այդքան կտրուած գլուխներու մէջ չես կրնար գտնել այնպիսի գլուխ մը, որ այնքան յարմար ըլլայ իմ անձին, ինչպէս իմ գլուխը։

ԷՇԻՆ ԹՈՌ ԾՆԱՒ

Էշին աւետիս տուին՝ թէ ցնծայ եւ ուրախ եղիր եւ մեծ ընծայ պարգեւէ, որովհետեւ թոռդ ծնաւ: Եւ էշը ըսաւ. «Վա՜յ ինձ, բարեկամներ, եթէ հարիւր թոռ ալ ծնի, չեն թեթեւցներ ծանրութիւնը իմ մէջքի բեռան»:

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԴԱՏԱՒՈՐԸ

Մարդ մը ունէր չար կին մը, որ կռուեցաւ անոր հետ եւ ըսաւ. «Դուն կը կարծես, թէ քու երեք որդիները քեզմէ են: Մէկը քեզմէ է, իսկ երկուքը՝ բիճ են»: Եւ ան հարցուց, թէ ո՞րն է իրը, եւ կինը չըսաւ: Եւ երբ հայրը կը մեռնէր՝ ըսաւ. «Իմ ամբողջ կայքը թող ըլլայ իմ հարազատ որդիին»: Եւ եղբայրները կը կռուէին իրարու հետ. մէկը կ՚ըսէր, թէ ես եմ հարազատ որդին եւ միւսը՝ թէ ես եմ: Եւ գացին իմաստուն դատաւորի մը մօտ: Եւ դատաւորը հրամայեց իրենց հայրը հանել գերեզմանէն եւ անոր վրայ նետ արձակել: Ով որ հայրը զարնէր նետով, եւ նետը ծակէր հօր մարմինը, ան էր հարազատ որդին: Եւ երկու որդիները զարկին հայրը, իսկ ճշմարիտ որդին դանակը քաշեց, որպէսզի սպաննէ եղբայրները եւ լացաւ դառն արտասուքով եւ թաղեց հօր մարմինը: Եւ իմացան, որ ան էր հարազատ որդին եւ անոր տուին հայրենի կայքը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020