ՓԱԹԹՈՒԻԼ՝ ԱՐՈՒԵՍՏ ԲՈՒՐՈՂ ԿԵՐՊԱՍՆԵՐՈՎ

Ճնճղազգիներու ընտանիքին պատկանող փոքրիկ, կլոր փորիկով երգեցիկ թռչուն մըն է արտոյտը: Այս սիրուն թռչունին անունը իրենց ինքնատիպ գործին համար որդեգրած են խումբ մը հայեր, որոնց կատարածը, պիզնըս ըլլալէ առաջ, հիացում կը պատճառէ: Տօնական այս օրերուն Երեւանի մէջ, քանի մը բարձր խաւի տօնավաճառներուն մէջ, անպայման ներկայ էին «Արտոյտ» ընկերութեան մետաքսեայ ուսնոցները, որոնց կողքէն անտարբեր անցնիլը անհնար է:

«Արտոյտ»ը երկու տարի առաջ ստեղծուած եւ համաշխարհային շուկայ մուտք գործած հայկական ընկերութիւն մըն է, որ արուեստը համադրած է ձեռնարկատիրութեան հետ եւ ստացած բարձր արդիւնքներ:

Մետաքսեայ բոլոր շալերուն վրայ կան արուեստի գլուխ գործոցներ, որոնք ընտիր մետաքսին վրայ տպուած են բարձր որակով եւ պատկերի պարզութեամբ: Հայկական շուկային մէջ «Արտոյտ»ին կողքին այսօր նաեւ կայ «Արդեան» հայկական ընկերութիւնը, որ իր արտադրած շալերուն եւ կտորներուն վրայ պատկերացուցած է հայկական հնագոյն, միջնադարեան արուեստին եւ ժամանակակից ստեղծագործողներուն գործերը:

Նոր չէ, որ արուեստը եւ նորաձեւութիւնը համադրութեան մէջ են: Համաշխարհային նորաձեւութեան հարթակին վրայ բազմաթիւ դէպքեր ծանօթ են, երբ նորաձեւութեան հսկաները, ճանաչում ունեցող ձեւագէտները արուեստը ներդրած են իրենց գործին մէջ եւ այդպէսով նաեւ աւելի հռչակ վայելած: Անշուշտ, արուեստին եւ նորաձեւութեան աշխարհներուն արժէքները երբեք նոյնը չեն, բայց վարպետօրէն համադրուելով ի յայտ եկած են ցնցիչ արդիւնքներ: Սալվատոր Տալիի, Ժան Կակտոյի եւ ձեւագէտ Էլզա Սքիափարելլիի ծանօթութիւնը անցեալ դարուն էր, որ աղմկայարոյց հաւաքածոյ մը յառաջացուց: Ծանօթ է նաեւ Dolce & Gabbana աշխարհահռչակ ընկերութեան կողմէ ստեղծուած նրբաճաշակ հաւաքածոն, ուր կան Բիւզանդական միջնադարեան խճանկարային արուեստին ու հագուստին ժամանակակից մօտեցումներ, զորս մեծ գնահատանքով ընդունած են նորաձեւութեան սիրահարները: Նմանապէս, մեծ ճանաչում ունեցող նկարիչներուն գործերը իրենց գծած հագուստներուն վրայ թողարկած են նորաձեւութեան անուանի տուները:

«Արտոյտ» եւ «Արդեան» ընկերութիւններուն գործունէութիւնը մօտաւորապէս շարունակութիւնն է անցեալ դարու կիսուն սկսած համաշխարհային նորաձեւութեան մէջ ի յայտ եկած եւ յետագային յաջողութեամբ շարունակուած այդ ուղղութեան, բայց նորութիւն է այն առումով, որ առաջին անգամ հայ նկարիչներուն գործերը, հին ժամանակներէն մեզի հասած բարձրարժէք զարդանախշերը, դրուագումները եւ հայկական բնաբանով նիւթերը ներկայացուած են բարձրորակ արտադրութեան վրայ:

«Արտոյտ» ապրանքանիշին հիմնադիրը՝ Արեւիկ Առաքելեան չի թաքցներ, որ ինք այդ գաղափարով վարակուած է աշխարհի կարգ մը թանգարաններուն մէջ արուեստի գործերով ստեղծուած իրեր տեսնելէ ետք եւ ամէն անգամ հետաքրքրուած է, թէ ինչու հայկական նիւթեր չկան հագուստներու կամ իրերու վրայ:

Այսպիսի փորձեր եղած են հայ անհատներու կամ ընկերութիւններու կողմէ, բայց անոնք չեն ընդարձակած եւ մնացած են եզակի օրինակներ կամ ընդամէնը Վերնիսաժի մէջ վաճառուող տեսականի: Եզակի օրինակներ էր նաեւ, երբ «Էրմէս» ընկերութիւնը հայոց այբուբենի տառերով եւ Նոյեան տապանի պատկերով շալեր հրապա-րակ հանեց…

«Արտոյտ»ը եւ «Արդեան»ը իրարմէ անկախ հիմնուած եւ իրարմէ զատ գործող ընկերութիւններ են, բայց անոնց հիմնադիրները որոշած են մեծածաւալ գործի ձեռնարկել եւ հայկական արուեստը աշխարհին ծանօթացնել:

«Արտոյտ»ը նախ իր շալերուն վրայ թողարկած է հայ ժամանակակից նկարիչ Միհրան Աւետիսեանի նկարները եւ անոր եօթ նկարներու արտապատկերմամբ ստեղծուած շալերով մտած է շուկայ: Միհրան Աւետիսեան աշխոյժ ստեղծագործական ընթացքի մէջ գտնուող արուեստագէտ մըն է, որ ծնած է 1957 թուականին՝ Պաքու եւ ուսանած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարանին մէջ, ապա յաճախած է Երեւանի Գեղարուեստաթատերական համալը-սարանը: Նկարիչը ցուցահանդէսներ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Հայաստանի Նկարիչներու եւ «Մոմիկ» մշակութային միութիւններուն անդամ է:

Յետագային «Արտոյտ»ին ստեղծած ագուցիկներուն վրայ տեղ գտած են տաղանդաւոր գեղանկարիչ, 60-ականներու սերունդին պատկանող ճանչցուած արուեստագէտ Կարէն Սմբատեանի ու ժամանակակից նկարչուհի Տաթեւ Ղամբարեանի գեղանկարները:

Տաթեւ Ղամբարեան կը բնակի Ֆրանսա։ Իր աշխատանքները պարբերաբար կը ցուցադրուին Էքս ան Փրովանս քաղաքի արուեստի ցուցասրահներէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ «Bils and Rye» ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ (Անգլիա), ուր այս տարի տեղի կ՚ունենայ նաեւ անգլիացի քանդակագործ Ֆիլիփ Ուէյքհամի հետ իր համատեղ ցուցահանդէսը։ Աշխարհի մէջ արուեստի զարգացման ուղղութիւն մըն է նաեւ նշանաւոր թանգարաններէ ներս գործող յուշանուէրային խանութներուն առկայ գործերուն պատկերներով իրեր վաճառելու աւանդութիւնը, որ Հայաստանի մէջ զարգացած չէ եւ նոր սկսած է յառաջանալ: Արդէն հայկական թանգարանները սկսած են թողարկել յուշանուէրներ իրենց նմոյշներուն նկարներով, իսկ «Արտոյտ»ի հիմնադիր Արեւիկ Առաքելեան եւ իր գործընկերները գացած են աւելի հին ժամանակներ. որոշած են սկսիլ Մեսրոպ Մաշտոցի Մատենադարանէն, դիմած են այն ժամանակուան տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանին, որ սիրով ընդունած է հայ երիտասարդ ձեռներէց կնոջ առաջարկը: Այսօր «Արտոյտ»ին արտադրած շալերուն վրայ պատկերուած են 12-16-րդ դարերէն մեր օրերը հասած մատեաններու պատեաններուն քանդակուած զարդանախշեր ու թռչնագրեր: Մասնայատուկ Մատենադարանի թանգարան-խանութին համար «Արտոյտ»ը նաեւ ստեղծած է շալերու առանձին շարք մը: Անոնք կը ներկայացնեն հայկական միջնադարեան դրոշմազարդեր, 16-րդ դարէն Երուսաղէմի մէջ պահպանուած, 17-րդ դարէն Եւդոկիայէն մեզի հասած եզակի զարդատարրեր, որոնք ակնառու են նուրբ եւ ներդաշնակ գունային անցումներով եւ եզակի բուսական, երկրաչափական զարդագօտիներով: Մատենադարան այցելող հարիւրաւոր օտարներ այդ շալերը, գեղեցիկ ծրարաւմամբ, Հայաստանէն իրենց հետ կը տանին՝ փաթթուելով հայկական արուեստով:

Հաւասարապէս չքնաղ են նաեւ «Արդեան» ընկերութեան հոգեւոր թեմաներով նկարուած գեղեցիկ շալերը:

«Արդեան»ը, որ Հայաստան հայրենադարձած ամերիկահայ ճարտարագէտ Վազգէն Բրուտեանը հիմնած է «Թումօ» կեդրոնէն ներս, այսօր արհեստավարժ ընկերութիւն մըն է, որ Երեւանի մէջ ունի իր խանութը եւ արտադրանքն ալ կ՚արտահանէ: «Արդի» բառէն ստեղծուած եւ Երեւանի կեդրոնը՝ Աբովեան փողոցի վրայ դասական ուղղագրութեամբ գրուած ցուցանակը, յիրաւի հինի եւ նորի ինքնատիպ միաձուլում մը կը ստեղծէ խանութէն ներս: Սանահինի ու Տաթեւի, Գառնիի ու Սեւանի հայկական ճարտարապետութեան եւ մանրանկարչութեան դարաւոր աւանդոյթները 21-րդ դարուն նոր շունչ ստացած են «Արդեան» ձեւագիտական սթիւտիոյի կողմէ՝ իրերու եւ տան պարագաներու տեսքով:

Այսօր բարձր խաւի եւ արուեստասէր ընտանիքներու բնակած տուներուն մէջ նորաձեւ են «Արդեան»ի բարձերը, ընկերութեան կողմէ արտադրուած կտորով պատրաստուած եւ վրան հայկական նիւթերով իրեր, սպասք՝ հայկական բնաբանով, պաստառներ պատերուն՝ հայերէն տառերով, որոնք «Արդեան»էն ներս ձեւաւորուած են: «Արդեան»ի հաւաքածոներուն մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն մետաքսեայ եւ քաշմիրեայ փողկապներն ու շալերը՝ համեմուած միջնադարեան զարդանախշերով, Կուտինայի յախճապակեայ սալիկներու եւ սափորներու գծապատկերներով: Կայ շալ մը, որու վրայ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին յախճակապակեայ նախշերը զետեղուած են, ինչպէս նաեւ՝ հատուածներ «Ուրբաթագիրք»էն։

Հայ մշակոյթին մէջ միշտ իր ուրոյն տեղը ունեցած է հայերէն առաջին տպագիր գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»ը, որ, ինչպէս յայտնի է, միջնադարեան բժշկարանի տեսակ է, զգալի մասով՝ նաեւ հմայիլ (թալիսման), որ գիրքին տէրը զերծ կը պահէր չար ոգիներէն, կախարդանքներէն, չար աչքերէն։ Հմայիլ համարուած են նաեւ զարդերը։ Այս աւանդոյթը եւ հայկական նրբագեղ զարդերը միահիւսելով «Արդեան» ստեղծած է «Հմայիլ» շալը, ստեղծողները հաւատացած են, որ ան իր խորհուրդով ուժ եւ կորով կը նուիրէ կրողին։ «Արդեան»ի շալերուն համար հիմք հանդիսացած ուրիշ պատկերներ կը ներկայացնեն Վանայ լիճի մօտակայքը գտնուող Սիփան լեռը իր առեղծուածային պատմութեամբ, ինչպէս նաեւ շալին վրայ ներկայացուած են հայ մշակոյթին մէջ անբաժան մաս կազմող գորգերէն հաստուածներ։

Կան նաեւ Գօշավանքի խաչքարերէն, քանդակներէն եւ Գօշի առակներէն հատուածներով նկարուած արդի շալեր, միջնադարեան տաղերգութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկուն՝ Կոստանդին Երզնկացիի տողերով եւ զարդարուած խաչ յիշեցնող ասեղնագործ նախշերով։ Կիլիկիոյ հայոց թագուհի Զապէլը պատմութեան ծանօթ է որպէս վերածնունդի թագուհի։ Ոգեշնչուելովիր կերպարէն՝ նորաստեղծ ընկերութիւնը ստեղծած է քաշմիրեայ հպումով շալ մը՝ ողողուած Ս․ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներով եւ կեանքի խորհրդանիշ՝ կենաց ծառով։

Հայոց թագուհիները միշտ եղած են մշակութային արժէքներու տարածողներ։ Ոգեշնչուելով անոնց ազնուական եւ պերճաշուք հմայքէն՝ «Արդեան»ի մէկ այլ վզկապ նուիրուած է Վանուհի թագուհիին եւ անոր մէջ արտացոլուած են Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բուժիչ ու պաշտպանիչ գրուածքները։

Ի տարբերութիւն «Արդեան»ի, «Արտոյտ» մուտք գործած է նաեւ թանգարաններ: Ոչ միայն Մատենադարանի հաւաքածոյի, այլ նաեւ երկու այլ մշակութային կեդրոններու՝ Երուանդ Քոչարի տուն-թանգարանի եւ Փարաճանովի տուն-թանգարանի մէջ ցուցադրուող արուեստի գործերու հիման վրայ ստեղծած է շալեր եւ անոնք կը վաճառուին նոյն թանգարաններու յուշանուէրային խանութներու մէջ: Փարաճանովի թանգարանի հետ համագործացութիւնը «Արտոյտ»ի համար շատ նշանակալի դարձած է. Փարաճանովեան շունչով յագեցած՝ «Արտոյտ»ը «հասած է» Իտալիա: Մեծ արուեստագէտ Սերկէյ Փարաճանովի գործերէն նախապէս ընտրուած հինգ համադրութիւններով հայկական արտադրութեան յիսուն շալերը ամիսներ առաջ ցուցադրուած են Միլանոյի մէջ կայացած նորաձեւութեան շաբաթուայ ժամանակ: Ցուցադրութեան ներկայացուած շալերու համար ընտրուած է լաւագոյն մետաքսը՝ silk-twill, որ կը գործածէ Hermes ընկերութիւնը: Իտալիոյ մէջ ալ կազմակերպուած է արտադրութիւնը: Ցուցադրուած բոլոր նմոյշները արտադրուած են Moschino ընկերութեան մատակարար ընկերութիւններէն մէկուն կողմէ: Ճիշդ այս որակն է, որ կ՚ակնկալէ միջազգային շուկան եւ հայ մասնագէտները, կարելի է ըսել՝ հասած են այդ որակին: «Արտոյտ»ը առայժմ խանութ չունի, եւ արտադրանքը կը վաճառէ ելեկտրոնային առեւտուրի միջոցաւ:

Խօսելով հայկական նիւթը նորաձեւութեան մէջ դնելու հայ ձեւագէտներու մասին, կարելի չէ մոռնալ նաեւ հայաստանցի ձեւագէտ Վահան Խաչատրեանի «Հայաստանի գանձեր» հաւաքածոն, որ ստեղծուած ըլլալով տարիներ առաջ, կրկին հմայած է եւրոպացի բարձրաճաշակ գնահատողները եւ այս անուններու կողքին պէտք է նշել նորէն հայաստանցի ձեւագէտ Արամ Նիկոլեանի «Ուրֆա. Վերածնուած արժէքներ» հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը, որու հիմքին կան հայկական տարազներ, Ուրֆայի ոսկեթել-արծաթաթել ասեղնագործութիւնը:

Մարդկութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին մարդը միշտ ալ իր կեանքի մէջ փոփոխութեան ու նորութեան ձգտած է եւ միշտ ստեղծած է նորը: Այսօր առաւել եւս, ժամանակակից մարդը խոյս կու տայ միանմանութենէն ու կրկնութենէն եւ կը փորձէ ըլլալ ինքնատիպ: Մարդու այս պարզ ձգտումն ու ցանկութիւնն է, որ ձեւագէտներ իրենց ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքին մէջ կը փորձեն բաւարարել:

Առհասարակ, աշխարհի մէջ նորաձեւութիւնն ու արուեստը նաեւ կը միաւորեն զանազան ձեւագէտներու եւ նորաձեւութեան տուներու վարած ռազմավարութիւնը: Ճարտարապետ Ֆրեկ Կերրի տակաւին 2010 թուականին Louis Voitton-ի (LV Foundation) ընկերութեան կողմէ հրաւէր ստացած է նոյն ընկերութեան համար շինութիւն մը կառուցելու համար: Louis Voitton ապրանքանիշը վաղուց յառաջատար կը նկատուի՝ բարձրակարգ իրերու թողարկման բնագաւառէն ներս: Այդ իրերու վրայ պատկերուած են արուեստի գործեր եւ կը ցուցադրուին ու կը վաճառուին ճարտարապետի կառուցած շէնքին մէջ: Իսկ ահա Միուչա Փրատան իր ապրանքանիշի անունով կառուցած է հսկայական ցուցասրահ մը՝ (Prada Foundation), որուն մէջ կը կազմակերպուին միջազգային ցուցահանդէսներ, քննարկումներ եւ այլ մշակութային իրադարձութիւններ: Այս պարագային կարեւոր է յայտնի համադրողներու եւ նորաձեւութեան աշխարհին մէջ ծանօթ դէմքերու համագործակցութեան փաստը: Արդիւնքին «Փրատա»ն այժմ ոչ միայն նորաձեւութեան տուն է, այլ նաեւ՝ կազմակերպութիւն, որ մեծ ազդեցութիւն ունի համաշխարհային արուեստի զարգացման վրայ: Ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւն կը կրէ նաեւ նորաձեւութեան տան նկատմամբ վերաբերմունքը, քանի որ այնպէս կը ստացուի, որ, գնելով զոյգ մը «Փրատա» ապրանքանիշի կօշիկ, գնորդը իր ներդրումը կ՚ունենայ ժամանակակից արուեստի խթանման գործին մէջ:

ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՀԱԿԱՄԻՏՈՒՄՆԵՐ

Շան տարին սկսած է, սակայն համաձայն արեւելեան օրացոյցին՝ 2018 թուականի Փետրուարի 16-ին միայն Կարմիր Կրակէ Աքաղաղը իր գահը կը յանձնէ Դեղին Հողէ Շան: Շունը անհանգիստ կենդանի է, եւ ըստ աստղագուշակներու, ան ամբողջ տարին կը պահպանէ մեր երջանկութիւնն ու հանգստութիւնը, կը հսկէ մեր անդորրը: Թէպէտ շունը փոփոխութիւններ չի սիրեր, չի սիրեր փոխել իր բոյնը, բայց 2018-ին հնարաւոր է, որ բազմաթիւ մարդիկ բարելաւեն իրենց կենցաղային պայմանները, ունենան նոր տուն: Կարեւոր պայմանն է՝ հաւատալ հրաշքներու եւ Դեղին Շան հաւատարմութեամբ սպասել:

Շունը երբեք փոխարէնը ոչինչ չի պահանջեր, առանձնակի յարմարաւէտութեան կարիք չի զգար, բայց տարուայ խորհրդանիշ կենդանին երջանիկ կ՚ըլլայ, եթէ շրջապատուած ըլլաք այնպիսի իրերով, ինչպէս վայել է թագաւորներուն եւ թագուհիներուն:

Նորաձեւութեան տեսաբանները եւ ձեւագէտները խորհուրդ կու տան առանց խիղճի խայթի, վազել գնումներու՝ ձեռք բերելով շքեղ հագուստներ:

Նորաձեւութեան հայ փորձագէտ, ձեւագէտ Անահիտ Ղազարեան յայտնած է, թէ դեղին, ոսկեգոյն եւ հրաշէկ գոյները կրնան ուղեկցիլ ամբողջ տարուայ ընթացքին. այս գոյնի ընտրութիւնը պատահական չէ, քանի որ 2018 թուականի խորհրդանիշը դեղին, խարտեաշ շունն է, եւ այդ գոյնը այժմէական կ՚ըլլայ ոչ միայն տօնական օրերուն, այլ ամբողջ տարուայ ընթացքին:

«Ժամանակակից պիտի ըլլան փետուրները, ժանեակը, դեղձանի երանգներով մորթիները, իրերը, 50, 60, 80-ականներու ոճերը։ Ասոր մասին կը վկայեն նաեւ եւրոպական եւ ամերիկեան նորաձեւութեան տուներու ցուցադրութիւնները: Կիներու համար նորաձեւ կ՚ըլլան նաեւ տղամարդու համար նախատեսուած կտրուածքով բաճկոններու, տաբատներու համադրութիւնը՝ նուրբ կտորներու հետ, օրինակ՝ կաշիի գործածումը՝ ժանեակի, մետաքսի կամ քաշմիրի հետ։ Արհեստական կաշիի համադրութեամբ կերպասները 2017-ին նորաձեւ էին, այս տարի եւս նորաձեւ են, ուղղակի աւելի կոպիտ տարբերակով։ Մշտական նորաձեւ են նաեւ ծաղկաւոր կերպասները, ան երբեք դուրս չի մնար նորաձեւութենէն, այս տարի ծաղկաւորի հետ մրցակցութեան դուրս կու գան նաեւ պուտաւոր կտորները եւ տպագրուած գործուածքները: Շատ արդիական են բարձր գօտկատեղով մատիտ կիսաշրջազգեստները, որոնք կարելի է կրել կարճ վերնաշապիկներով: Ազատ ոճի հագուստները եւս նորաձեւ կ՚ըլլան, այն կիները, որոնք կը սիրեն թաքնուիլ հագուստի մէջ, այս տարի վստահաբար լայն ընտրութեան հնարաւորութիւն կ՚ունենան», մամուլի միջոցաւ յայտնախ է ձեւագէտ Անահիտ Ղազարեան:

Մէկ այլ հայ ձեւագէտ՝ Արմէն Գալեան, աւելցուցած է, որ 2018-ի գոյներէն կ՚ըլլան մանիշակագոյն, զմրուխտի կանաչը՝ իրենց ամենատարբեր նրբերանգներով, ինչպէս նաեւ՝ լրջաներկի գոյները՝ բաց կաթնագոյնէն մինչեւ մարած ճերմակը: Ինչ կը վերաբերի պայուսակներուն ու կօշիկներուն, ձեւագէտը առանձնացուցած է «մեծ մամայի հին պայուսակները» եւ ցածակրունկ ու սուր քիթով կօշիկները: Ան կիներուն, մանաւանդ՝ նորաձեւութեան հետեւող կիներուն խորհուրդ տուած է չմոռ-նալ նաեւ մարմնի կազմուածքի, մորթի ու մազերու գոյնի մասին, քանի որ ամէն նորաձեւ կրնայ չվայելել ամէն մարդու։ «Հագուստ ընտրելու ատեն պարտադիր պէտք է նկատի առնել արտաքին տեսքը, կազմուածքը, որովհետեւ, օրինակ՝ որքան ալ նորաձեւ ու գեղեցիկ են լանջաբացուածքները կամ բաց թեւերը, ատոնք ամէն կին չի կրնար կրել: Իսկ ովքեր կազմուածքի խնդիր ունին, անոնք կրնան սեւ, թոյլ գործուածքով զգեստ կրել, ան միշտ նորաձեւ է», յաւելած է ձեւագէտը:

Նմանատիպ խորհուրդներ կու տան նաեւ նորաձեւութեան համաշխարհային տուները: ELLE-ը Նիւ Եորքի, Միլանոյի, Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ ցուցադրութիւններ կազմակերպած է, որոնցմէ կարելի է ենթադրել, որ այս տարի հագուստները կը շեշտեն կանացիութիւնը, փետուրները, փափուկ յաւելումները եւ նուրբ գործուածքները պարտադիր են հագուստի ընտրութեան ժամանակ:

Ձեւագէտները խօսած են նաեւ այն տարածուած հագուստներու մասին, որոնք այլեւս նորաձեւ պիտի չըլլան այս տարի եւ կը նկատուին հակաժանր: Ատոնցմէ են պատռած ճինզը, լայնեզր գլխարկները, սովորական պայուսակներուն փոխարինած տնտեսական պայուսակները, կեղծ ձեւագիտական նշաններով իրերը, սրունքները պինդ գրկած տաբատները:

Ձեւագէտները խօսած են նաեւ կրծքազարդերու, գլխարկներու, օղերու մասին, որոնք նորաձեւ պիտի ըլլան այս տարի։ Ասոնց բոլորի վրայ անոնք խորհուրդ տուած են ամրացնել փետուր, խարտեաշ մազմզուկներ, աղուամազերով հիւսուածք փնջիկներ: Նորաձեւ են նաեւ ծոպերը, նրբաթելերը, թափանցիկ հիւսուածքները:

Ուսումնասիրող ձեւագէտները առիթը չեն ձգած խօսելու նաեւ այն հագուստներու եւ իրերու մասին, որոնք պարզապէս վնասակար են առողջութեան։ Ատոնցմէ են ծանր զարդերը, որոնք վիզի պրկումներու պատճառ կը դառնան, կոշտ երկաթեայ զարդերը, որոնք կրնան զգայունութիւն եւ մորթի վնասուածներ յառաջացնել, առանց ետեւի կօշիկները, ծամակալի բարակութեամբ կրունկները, որոնք ալ ոտքի պրկումի եւ ձեւախախտումի աղբիւր են: Այլեւս արդիական չէ այն համոզումը, թէ գեղեցկութիւնը զոհեր կը պահանջէ եւ շատ քննադատական է այն մօտեցումը, երբ կիներ յաճախ նորաձեւութեան սահմաններու մէջ կը մնան՝ մեծ նեղութիւններ պատճառելով իրենց մարմնին, յատկապէս՝ քսակին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2018