ՔԻՄ ՊԱՔՇԻԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Մոսկուայի մէջ, վերջերս, մահացաւ հայագէտ, ռուսաստանցի գրող՝ Քիմ Պաքշի: Անոր անունը լսած ենք մեր պատանութեան տարիներուն, երբ Պաքշի ռուսական ամսագրերուն եւ թերթերուն մէջ յօդուածներ կը գրէր հայ ժողովուրդի, հայկական մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան մասին։ Այդ յօդուածները, թարգմանուելով, կը տպագրուէին նաեւ Հայաստանի մամուլին մէջ: Անոր անունը կը լսէինք հեռատեսիլէն, կը դիտէինք Հայաստան անոր հերթական այցին մասին պատմող տեսանիւթեր, որոնց մէջ ան սիրով կը խօսէր հայ ժողովուրդի մասին՝ ռուսական աշխարհին պատմելով իրեն համար այնպիսի երկրի մը մասին, ուր ջերմութեան պակաս չէր զգար:

Բայց հայութեան մէջ Քիմ Պաքշին աւելի ծանօթ էր իբրեւ Մատենադարանի վերաբերեալ քսան մասերէ բաղկացած հեռատեսիլային ժապաւէնի բեմագիր եւ համահեղինակ: «Մատենադարան» խորագրով այս շարժապատկերային շարքին բեմադրիչը Հովիկ Հախվերտեանն է եւ իբրեւ բեմագիր ան ընտրած էր Քիմ Պաքշին:

Պաքշի բազմաթիւ գիրքեր գրած է հայկական նիւթերով՝ «Արծիւն ու սուրը», «Ճակատագիրն ու քարը», «Սուրբ Ղազարոսի յարութիւնը», «Մենաստանէն՝ սիրոյ մասին», «Մեր աշխարհը անիւի կը նմանի», «Սառեցուած ժամանակը» եւ այլն: Այդ գիրքերուն մէկ մասը թարգմանուած է հայերէնի, բայց ընդհանրապէս, տարած-ւած է Ռուսաստանի մէջ եւ հետաքրքրութեան արժանացած, հակառակ անոր որ շատեր չէին հասկնար, թէ ինչո՛ւ Ռուսաստան ծնած եւ ապրած գրողը, իր երկրին հոգերը ձգած՝ հայերուն մասին կը գրէ:

Հետաքրքրութիւնը հայերուն հանդէպ, յառաջացած է իր մասնագիտութեան՝ լրագրութեան բերումով, երբ ան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է Եղեռնի 50-ամեակի տարելիցէն առաջ: Այդ ժամանակ ան ռուսական «Օկոնեոք» ամսագրի գիտական բաժնի ղեկավարն էր եւ գործուղուած էր Հայաստան՝ պատրաստելու համար Եղեռնին առընչուող նիւթ, որուն մասին նոյնիսկ Հայաստանի մէջ շատ չէր խօսուեր այդ տարիներուն: Իր յիշողութիւններուն մէջ Քիմ Պաքշի կը նշէ, որ այդ ժամանակ ինք ոչինչ գիտէր Հայաստանի մասին, միայն գիտէր, որ Հայաստանը արեւոտ երկիր մըն է, ուր հիանալի քոնիաք կ՚արտադրեն: Այդ օրուընէ մինչեւ իր մահը Քիմ Պաքշին սիրահարուած էր Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՝ վաստակելով հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ բնորոշումը: Հայաստանեան նիւթով իր գրութիւններուն մէջ Պաքշի միշտ այնպէս ներկայացուցած է Հայաստանը, որ անիկա սիրելի դառնայ օտարներուն եւ շուրջ տասը տարի առաջ հերթական անգամ ելոյթ ունենալով Երեւանի մէջ ըսած է.

«Կարծես ես Քոլումպոս մըն եմ, որ յայտնագործած է մշակոյթի այդ մայրցամաքը:

«Հայաստանի մասին, առաջին կարգին, կը գրեմ սրտանց: Կը գրեմ այն ժողովուրդին համար, որուն մէջ ես կը բնակիմ եւ կը կարծեմ, որ այն հոգեւոր արժէքները, այն հարստութիւնները, որոնք կան հայ ժողովուրդին մէջ, հայոց պատմութեան մէջ, պէտք է ըլլան ընդունելի, հասկնալի ու պէտք է ընդունելի ըլլան նաեւ իմ ժողովուրդիս։ Ես կը փափաքէի, որ հայ ժողովուրդին շատ յատկանիշները ընդօրինակէր նաեւ մեր ժողովուրդը, քանի որ ես միշտ վստահ եղած եմ, որ հայ ժողովուրդը շատ աշխատասէր է, կիրթ ու հոգեւոր»։

Պաքշի մեծ բարեկամութիւն ունէր հայ արուեստագէտներու, մտաւորականներու, գրողներու հետ: Մեծ էր իր կապուածութիւնը հայ դերասան Սօս Սարգսեանին, որ կը կարդայ «Մատենադարան» շարժապատկերին թեքստը: Այսինքն «Մատենադարան»ը ոչ միայն Պաքշիի, այլ նաեւ ուրիշ մեծերու մասնակցութեամբ ստեղծուած շարք մըն է: Մտերիմ էր նաեւ Սիլվա Կապուտիկեանին եւ ամէն անգամ, երբ Երեւան գար եւ իր անցեալի բարեկամներէն մին հեռացած ըլլար կեանքէն, ան մեծ վիշտ կ՚ապրէր: Սիլվա Կապուտիկեան, իր կարգին, կը գնահատէր հայութեամբ տարուած ռուս գրողը, անոր «Ճակատագիրը եւ քարը» գիրքին մասին գրած է հետեւեալը.

«Քիմ Պաքշին խորաթափանց պատմաբանի, մշակոյթի մեծ գիտակի եւ ոգեշնչուած բանաստեղծի մը պէս կը ներթափանցէ մեր ժողովուրդի յարատեւութեան առեղծուածին մէջ: Եւ ամենէն կարեւորը այն է, որ մեծ սիրով կ՚ընէ այդ մէկը: Սէր՝ որ ակնթարթային չէ. սէր՝ որ ներծծուած է անոր հոգիին մէջ եւ դարձած անոր միսն ու արիւնը»:

Հայաստան իր առաջին այցելութեան ժամանակ, ինչպէս ընդունուած է, հիւրը տարած են Հայաստանի տեսարժան վայրերը. Պաքշի այցելած է նաեւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին, որ այդ ժամանակ նոր եկած էր Ռումանիայէն, եւ գրողը անոր հետ հաղորդակցած է ֆրանսերէնով: Վեհափառը զուիցերական ժամացոյց մը նուիրած է Պաքշիին, որ գրողը, որպէս յիշատակ, պահած էր մինչեւ վերջ: Այցելած է նաեւ Մատենադարան եւ այդ այցը փոխած է Պաքշիին յետագայ կեանքը: Ան ինքզինք նուիրած է հայ ժողովուրդի ձեռագիր ժառանգութիւնը աշխարհին ներկայացնելու գործին, գրած է շարժանկարի բեմագրութիւնը եւ հետեւած, որ քսան մասով նկարահանուի հանրայայտ ժապաւէնը: Նկարահանումներուն ընթացքին ան եղած է աշխարհի գրեթէ բոլոր վայրերուն մէջ, ուր կան հայկական ձեռագիր մատեաններ. այցելած է Փարիզ, Լոնտոն, Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան, Սուրիա, Իրան, ուր հայկական կեդրոններու, գրադարաններու եւ եկեղեցիներու մէջ կը պահուին ձեռագիրները: Անոնց պատմութիւնները եւ աշխարհի մէջ սփռուելու ոդիսականը ներկայացուցած է իր ժապաւէնին մէջ։ «Այնքա՜ն արժէքներ տեսած եմ, հայկական հին ձեռագրեր, գունապատկերներ, կաշիէ եւ մետաղադրուագ կազմեր, ոսկեհուռ մանրանկարներ, զարդանախշ, նրբագեղ մագաղաթներ, շնչած եմ անոնց հոտը, զգացած եմ նուրբ ու բարդ երանգները: Այդ գանձերուն ու հարստութեան մասին ես պարտաւոր եմ պատմել, այդ յոյզերը ես պարտաւոր եմ վերածել գրականութեան», ըսած է ան՝ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ տեսած հայկական ձեռագիրներուն մասին:

Պաքշիի վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգած է Սուրբ Ղազարը եւ հոն պահուող հայկական ժառանգութիւնը: Իր գիրքերէն մէկն ալ ան գրած է Սուրբ Ղազարի մասին:

Օրին Պաքշի ափսոսանք յայտնած էր, որ «Մատենադարան» շարժանկարին մէջ տեղ չէ գտած Երուսաղէմը՝ նկարահանող խումբին չէ յաջողած նկարահանումներ կատարել հոն. մինչդեռ, նշած է, որ Երուսաղէմի հայկական ձեռագիրներու հաւաքածոն նոյնպէս բացառիկ է, եւ ինք իր աչքով տեսած է զանոնք: Իր առաջին Հայաստան այցելութենէն յետոյ Պաքշի գրած է «Արծիւ եւ սուր» գիրքը։

«Զիս հետաքրքրած է հայ ժողովուրդի բներերեւոյթը. չէ՞ որ անիկա աշխարհի մէջ ամենահիներէն է, Ասորեստանի ու Բաբելոնի ժամանակակիցն է, եթէ չհաշուենք Հին Յունաստանն ու Հռոմը: Եւ ինչո՞ւ այնպէս եղած է, որ չկան այլեւս ո՛չ Ասորեստանը, ո՛չ Բաբելոնը, ո՛չ այն փառաւոր երկիրներն ու ազգերը, որոնք ժամանակին աշխարհը կը ցնցէին: Իսկ հայերը տակաւին կան ու չեն անհետացած:

«Ես համոզուած եմ, որ մենք անոնցմէ սորվելու շատ բան ունինք: Օրինակ՝ ամէն հայ անպայման պատկերացում մը ունի իր պատմութեան մասին, նոյնիսկ եթէ սխալ է այդ պատկերացումը: Ան կարող է մանրամասնօրէն նկարագրել, թէ ի՛նչ հին ազգէ կը սերի ու ի՛նչ հանճարեղ սպարապետներ ունին. կը յիշէ Տիգրան Մեծը, որուն գահակալութեան ժամանակաշրջանին Հայաստանը ծովէ ծով կ՚երկարէր: Ճիշդ է, որ այդ մէկը երկար չէ տեւած եւ հռոմէացիները, ուշքի գալով, խիստ ճնշում գործադրած են: Բայց ատոր մասին հայերը չեն ալ ուզեր գիտնալ, անոնք կը հպարտանան իրենց Տիգրանով ու կը հպարտանան Կասպից ծովէն մինչեւ Սեւ ծովը երկարած Հայաստանով:

«Սկիզբը անձնական ինքնաշարժովս կ՚երթայի Հայաստան: Այն ժամանակ տակաւին կարելի էր անցնիլ Ատրպէյճանէն կամ սեւծովեան ափէն: Երեւանի մէջ գրեթէ չեմ ապրած, ընկերներէս մէկուն հետ կ՚երթայի անմիջապէս քաղաքներէն դուրս: Կը գիշերէինք ընտանիքներու յարկին տակ՝ սովորական տուներու մէջ, այնպէս որ շատ բաներու մասին անձամբ տեղեկացուած եմ: Կը տեսնէի կիներուն հանդէպ յարգալից վերաբերմունքը՝ սեղանին շուրջ միշտ կիներ կային նստած, յատկապէս՝ տարեց: Անոնք մասնայատուկ դեր կը ստանձնէին, ամէն ինչ կը ղեկավարէին:

«Ի դէպ, սեղաններէն խօսելով նշեմ, որ կը պաշտեմ հայկական խոհանոցը: Որպէս աղ ես միշտ միայն հայկական աղ կը գործածեմ՝ սխտորով, խոտերով, բուրումնաւէտ: Առաւօտեան զայն կը ցանեմ հնդկաձաւարով շիլայիս վրայ: Շատ կը սիրեմ հայկական խորովածը. իւրայատուկ է, կը տարբերի վրացականէն: Խաշլաման կը սիրեմ, որ շատ համեղ խաշուած միս է: Խաղողի տերեւով տոլման կը սիրեմ եւ ի հարկէ նաեւ օղին: Ռուսական օղի շատոնց չեմ գործածեր, միայն՝ հայկական: Շուտով ընկերներս խաշի կը կանչեն, այդ ժամանակ ոչ մէկ կենաց կ՚ըսեն, միայն կը զարնեն գաւաթները ու կ՚ըսեն՝ «Բարի լո՜յս»:

«Հայերը ընդհանրապէս աչքի կ՚իյնան անով, որ կը սիրեն իրենց հայրենիքը, որ արեան գինով տրուած է իրենց: Անոնք անյիշելի ժամանակներ ապրած են տարածքի մը վրայ, որուն մէջէն բոլոր ժողովուրդները անցած են: Հին յոյներն էին, յետոյ՝ պարսիկները, որոնք Յունաստանի հետ ճակատամարտի կը մեկնէին: Ես առանց որեւէ գինի ստացած եմ իմ հայրենիքս՝ Մոսկուա ծնած եմ: Ես ու ընկերներս ռազմաճակատի մէջ չյայտնուեցանք տարիքի պատճառով՝ քանի մը տարի միայն չբաւեց: Մենք կը բարձրանայինք տանիքներն ու հրկիզուող ռումբեր կը մարէինք ու կը հրճուէինք, վտանգ չէինք զգար: Այդպէս հրդեհներէն քանի մը բնակավայր փրկեցինք:

«Մենք ուրիշներու պէս չենք բանտարկուած, այլախոհներ չենք եղած, չենք աքսորուած: Բայց ես ռուս մտաւորականութեան այն շրջանակէն էի, որ դէմ էր խորհրդային կարգերուն: Իմ գիրքերուս, յօդուածներուս մէջ երբեք չեմ գովաբանած այն կարգերը: Եւ ատոր համար ես մեծապէս պարտական եմ Հայաստանին: Հայաստանն է, որ օգնած է ինծի խիղճս մաքուր պահելու», Հայաստանի մասին իր յուշերուն մէջ, վերջին տարիներուն, գրած է Քիմ Պաքշի:

Շատերը հետաքրքրած է, որ ռուսական եւ կարայիմական ծագումով այս մարդը ինչպէ՞ս արիւնակցական կապի պէս կապուած է Հայաստանին: Անոր մայրը ռուս էր, իսկ հայրը կարայիմներու փոքր ազգութենէն, որուն մասին ան կը պարզաբանէր, որ թրքալեզու ժողովուրդ մըն է, որ յուդայականութիւն ընդունած է: Պաքշի ինքն ալ ինքզինք կարայիմ կը նկատէր, սակայն հաւատքով ուղղափառ էր, մեծ սէր եւ ակնածանք ունէր քրիստոնէական ժառանգութեան հանդէպ: Համալսարանին մէջ, լրագրութեան մասնագիտութիւն ստանալէ ետք, ան անմիջապէս գիւղ մեկնած է եւ հողագործութեամբ զբաղած, վարած հողը մշակող ինքնաշարժներ, այդտեղէն ալ թղթակցած է թերթերուն եւ ամսագիրներուն: Լրագրող դառնալու որոշումին վրայ ազդած է թերեւս իր հօրը օրինակը, որ նոյնպէս թերթի մէջ կ՚աշխատէր:

Պաքշիի վերջին գիրքերէն մէկը «Արցախի հոգեւոր գանձերը» գիրքն է. գրողը ըսած է, որ Արցախը աշխարհի մէջ իր տեսած ամենագեղեցիկ վայրն է։ «Արցախի հոգեւոր գանձերը» գիրքը նուիրուած է Արցախի եկեղեցիներուն, ամրոցներուն. գիրքին մէջ կը խօսուի այն հնագոյն ձեռագիրներուն մասին, որոնք կապուած են Արցախի հետ եւ կը պահպանուին Փարիզի, Լոնտոնի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Արցախեան հետքերը գտնելու ճանապարհին ան Միացեալ Նահանգներու մէջ գտած է Գանձասարի Կարմիր Աւետարանը, եւ այն քիչերէն մին դարձած է, որուն հնարաւորութիւն ընձեռնուած է զայն ուսումնասիրել, նկարել եւ զետեղել Արցախի մասին գիրքին մէջ։ «Բան մը կայ, որ գիրքին մէջ չեմ գրած, բայց պէտք է ըսեմ՝ արցախցիներուն կարելի չէ յաղթել, անոնց ոգին, տոկունութիւնն ու կամքի ուժը ոչ ոք կարող է խլել», խոստովանած է գրողը: Այս գիրքը Պաքշիի երկար տարիներու աշխատանքին արդիւնքն է: Հակառակ 75-ը անցած ըլլալուն, Պաքշի մագլցած է Արցախի լեռները, գտած է անտառներուն մէջ թաքնուած եկեղեցիներ, գիշերած է ամենէն խուլ գիւղերուն մէջ: Անոր ուղեկցած է լուսանկարիչ Յակոբ Պէրպէրեան եւ լուսա-նըկարներով հարուստ գիրք մը ձեռք ձգած է ճանապարհորդութեան հետեւանքով:

Հայութեան նուիրուած իր գործունէութեան, հայ մշակոյթը եւ հայերու պատմութիւնը տարածելու համար Պաքշի Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն, հայկական եւ օտար կազմակերպութիւններու կողմէ բազմիցս պարգեւատրուած է՝ արժանանալով պետական, Երախտագիտութեան եւ այլ մրցանակներու: Հայաստանեանէն իր առաջին պետական մրցանակը ստացած է խորհրդային տարիներուն՝ 1988 թուականին, իսկ անկախութենէն ետք՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանի եւ այլ մրցանակներու արժանացած է: Գրողը նաեւ «Կարպիս Փափազեան» յատուկ հիմնադրամի (Վիեննա), Թէքէեան մրցանակի, ՀԲԸՄ-ի, մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսէնի միջազգային մրցանակի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Յովհաննէս Թումանեան» մրցանակներու դափնեկիր է:

Պաքշի մահացած է 88 տարեկանին, իր չորս ամուսնութիւններէն ձգելով երեխաներ, թոռներ, բայց անոնց բոլորին միշտ ըսած է՝ իմ սիրտը Հայաստանի մէջ է: Քիմ Պաքշիի կտակին համաձայն, իր աճիւնէն մաս մը կը սփռուի Հայաստանի կամ Արցախի մէջ։ Կտակին մէջ ան նախընտրած է Գառնիի կիրճը կամ Շուշին: Պաքշիին հրաժեշտ տուած են Մոսկուայի Քոսմայի եւ Տամիանի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ:

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԱՄԸ

Պաքշիի մահուան առթիւ ցաւակցութիւն յայտնած են «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը.

Ցաւով եւ ափսոսանքով լսեցինք Մատենադարանի մեծ բարեկամ ու հայ մշակոյթի դեսպան Քիմ Պաքշիին կեանքէն հեռանալուն լուրը: Գրող, շարժապատկերագիր, հայագէտ Քիմ Պաքշի տարիներ շարունակ իր ուսումնասիրութիւններուն առարկան դարձնելով Մատենադարանէն ներս պահուող միջնադարեան ձեռագիրներն ու հայկական մշակոյթի գանձերը, եղած է այն հազուագիւտ հետազօտողներէն, որ յաջողած է ճանչնալ եւ ընկալել հայկական ձեռագիրներու աշխարհին ամբողջ խորութիւնը, բանալ հայ միջնադարեան գրականութեան եւ մանրանկարչութեան ներքին շերտերն ու հայ ազգին ոգին։ Անոր ծանօթութիւնը Հայաստանի հետ, անոր մեծ սէրը մեր երկրին ու մշակոյթին հանդէպ, կարելի է ըսել, որ սկիզբ կ՚առնէ Մատենադարանէն ու այնտեղ պահուող ձեռագիրներէն: Այդ սիրոյ հետեւանքով ան ստեղծած է «Արծիւ եւ սուր», «Ճակատագիր եւ քար», «Սուրբ Ղազարոսի յարութիւնը» եւ կարգ մը այլ գիրքեր, գրած է քսան մասէ բաղկացած «Մատենադարան» հեռատեսիլային շարժապատկերի բեմագրութիւնը, որ կոչուած էր հայ ժողովուրդի հոգեւոր գանձերը հռչակելու Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Ինչ որ ըրած է Քիմ Պաքշին հայ ժողովուրդի բազմադարեան մշակոյթին տարածման տեսակէտէն, յիրաւի, արժանի է ամենաբարձր գնահատականին: Ան իր գործով մնայուն հետք ձգած է քանի մը սերունդներու գիտակցութեան մէջ:

Քիմ Պաքշիին անունն ու գործը ոսկի տառերով գրուած են Մատենադարանի պատմութեան էջերուն մէջ, իբրեւ այդ հաստատութեան մեծ սիրահար ու մեծագոյն նուիրեալ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019