ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԺՈՂՈՎՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ (Ե.)

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Չորրորդ ու Հինգերրորդ դարերուն Մեծ Հայքի Տարօն գաւառի Աշտիշատ աւանը Եկեղեցւոյ ժողովներուն գլխաւոր վայրն էր դարձած։ Փաւստոս Բիւզանդի վկայութեամբ՝ «Ներսէս Մեծ գնաց հասաւ Տարօն գաւառի կողմերը եւ իր մօտ հաւաքեց հայոց աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսները։ Հաւաքուեցան Աշտիշատ գիւղը, ուր առաջին անգամ Եկեղեցի էր շինուած, որովհետեւ հոն էր Մայր Եկեղեցին եւ նախնեաց եկեղեցական ժողովներու վայրը»։

Ա) ԱՇՏԻՇԱՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Ներսէս Ա. Մեծ հազիւ նոր օծուած ու գահ բարձրացած՝ եռանդուն ոգիով ձեռնարկեց բարեկարգչական աշխատանքի։ Հրամայեց բոլոր եպիսկոպոսներուն հաւաքուիլ Աշտիշատի մէջ՝ ժողով գումարելու համար։ Թէ ինչ հարցեր քննուած են ժողովի ընթացքին, յայտնի չէ, պատմիչները ոչ մէկ տեղեկութիւն կու տան։

Բ) ԱՇՏԻՇԱՏԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ

Աշտիշատի ժողովներուն գլխաւորը։

Ներսէս Մեծ, երկորդ անգամ ըլլալով ուզեց ժողով գումարել դարձեալ Աշտիշատի մէջ, 356 թուին։ Ժողովին մասնակցեցան եպիսկոպոսներ եւ իշխաններ, հոգեւորականներ ու աշխարհականներ, ինչպէս նաեւ հայոց Արշակ Բ. (350-368) թագաւորը։ Սոյն ժողովը առաջինը կը նկատուի որպէս խառն՝ ազգայիններու եւ հոգեւորականներու ժողով։ Ասկէ առաջ այս տեսակ ժողովի գումարում մը յիշուած չէ։ Մինչեւ Ներսէս Կաթողիկոսի շրջանը Եկեղեցին զբաղած էր վարդապետական ու դաւանաբանական «ըսի-ըսաւ»ներով։ Գործնական բարեկարգութեան աշխատանքի ձեռնարկող մը չկար։ Ներսէս ի՛նք եղաւ առաջին անձը, որ գործնական բարեկարգչական աշխատանքի լծուեցաւ։ Լաւագոյն կրթութիւն ստացած ըլլալով՝ Բիւզանդիայի մէջ ուզեց այնտեղի բարեկարգութիւնները ներմուծել նաեւ Հայաստան։ «Ներսէս Բիւզանդիայէն Կեսարիա վերադառնալով՝ եկաւ Հայաստան եւ իր հայրերու բոլոր ուղղութեան կարգերը նորոգեց, եւ աւելին եւս, որովհետեւ ինչ բարեկարգութիւններ որ ան տեսաւ Յունաստանի մէջ, մանաւանդ թագաւորանիստ քաղաքը, նոյնը սահմանեց նաեւ մեր երկրին մէջ», կը վկայէ Խորենացի։ Ժողովին Ներսէս Կաթողիկոս վեց հիմնական կանոններ հաստատեց։

Պատմութիւնը գեղեցկօրէն կը գնահատէ ու կ՚արժեւորէ իւրաքանչիւր բարեկարգիչի դերը եւ ըստ այնմ յարմար կոչում մը կու տայ անոնց։ Սկզբնական շրջաններուն Գրիգոր Լուսաւորիչ հաւատքի լոյսը տարածելուն համար կոչուեցաւ «Լուսաւորիչ հոգւոց»։ Երկրորդական շրջանին Ներսէս Մեծ, բարեկարգչական կանոններուն անխոնջ աշխատողը ըլալլուն համար՝ կոչուեցաւ «Լուսաւորիչ սրտից»։ Վերջապէս Սահակ Պարթեւ Հայրապետ հայ գիրի ու դպրութեանց սկիզբ դնելով եւ զայն զարգացնելուն համար կոչուեցաւ «Լուսաւորիչ մտաց»։

Գ) ԱՇՏԻՇԱՏԻ ԵՐՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ

Երրորդ ժողովը գումարուեցաւ 435-ին Սահակ Ա. Պարթեւ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի նախաձեռնութեամբ, Եփեսոսի Գ. Տիեզերական Ժողովի (431) որոշումները պաշտօնապէս քննելու ու վաւերացնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տարածուող նեստորականութեան առաջքը առնելու համար։ Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները Եփեսոսէն իրենց հետ բերած ըլլալով ժողովին կանոնները, ընդունեցին անոր դաւանական որոշումներն ու վերջնականօրէն կնքեցին հաստատուած վեց կանոնները։ Նոր կանոններ հաստատած ըլլալը չի յիշուիր։

Արդէն վերեւ յիշեցինք, որ նեստորականութիւնը տարածուած էր նաեւ Հայաստանի մէջ, որոնց գլխաւորներն էին Թէոդորոս Տարսոնցին եւ Թէոդորոս Մոպսուեստացին։ Աշտիշատի 435-ի ժողովը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի մէջ՝ նեստորականութիւնը պաշտօնապէս մերժելու եւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի դաւանութեան հետեւելու առումով։

Դ) ՇԱՀԱՊԻՎԱՆԻ ԺՈՂՈՎԸ

Շահապիվանի ժողովը հայոց ամենափառաւոր ժողովներէն մէկը նկատուած է։ Շահապիվանը կը գտնուէր Բագրեւանդ գաւառի մէջ, Մասիսի ստորոտին, որ այդ ժամանակ թագաւորներուն բանակատեղին էր։ ժողովը գումարուած է 444 թուին Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսութեան սկզբնական շրջանին։ Առաջին ազգային ժողովն է, որուն գործերը եւ որոշումները ամբողջական մեզի հասած են։ Ժողովին մասնակցած են ազգայիններ եւ եկեղեցականներ, քառասուն եպիսկոպոսներ, երէցներով ու սարկաւագներով, ներկայ եղած են նաեւ Վասակ Սիւնեաց մարզպանը, Վահան Ամատունի հազարապետը եւ Վարդան Մամիկոնեանը։ Մասնակցած են բազմաթիւ աշխարհականներ, գաւառապետներ, բռնաւորներ, զօրագլուխներ, կուսակալներ եւ այլն։ Ժողովի ընթացքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Մեծն Ներսէսի, Սահակի եւ Մեսրոպի հաստատած կանոնները վերահաստատուած են, ինչպէս նաեւ այդ կանոններուն վրայ նոր յաւելեալ կանոններ աւելցուած են։

Սոյն ժողովին յատկանշական իրադարձութիւնները հետեւեալներն են.

Ա) Ժողովը հրաւիրեց կաթողիկոսը, որուն նախագահն էր ինք։

Բ) Ժողովին մասնակցեցան աշխարհականներ ու հոգեւորականներ։

Գ) Վերահաստատուեցաւ իրենցմէ առաջ եղած բոլոր ժողովներու եւ հայրապետներու կանոնները։

Դ) Բոլորովին տարբեր գոյն ունեցող կանոններ հաստատուեցան, որոնցմէ էր մարմնապատիժը։

Ե) ԴՈՒԻՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Պէտք է նշել, որ այդ ժամանակ սովորութիւն էր պարբերական ժողովներ գումարել Եկեղեցւոյ ընթացիկ խնդիրները քննելու եւ բարեկարգական պէտքերը կարգաւորելու համար, եւ ասոնցմէ մէկն էր սոյն ժողովը։ Ուստի, հայոց բացառիկ ժողովներէն մէկը կարելի չէ համարել, այլ պարզապէս պաշտօնական ու կանոնական ժողով մը։

Ժողովը գումարուած է 506 թուին, Բաբգէն Ա. Ոթմսեցիի նախագահութեամբ, որպէսզի քննուին դաւանական խնդիրներ, մասնաւորաբար նեստորականութիւնը եւ քաղկեդոնականութիւնը։ Ժողովին մասնակցեցան 20 եպիսկոպոսներ, վանականներ, երէցներ, 14 նախարարներ, մարզպան Վարդ Մամիկոնեան (505-509), Սիւնեաց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ վրաց եւ աղուանից եկեղեցիներու կաթողիկոսներն ու եպիսկոպոսները։ Պահուած է միայն մէկ ժողովական թուղթ՝ «Թուղթ Հայոց Ի Պարսս, առ ուղղափառս» վերնագրով, որ գրուած է Բաբգէն Ոթմսեցի Կաթողիկոսին կողմէ։

Երբ ժողովը գումարուեցաւ, արդէն Սիմէոն Բեթ-Արշամացիի գլխաւորութեամբ Պարսկաստանի քրիստոնեայ ուղղափառ ասորիները Հայ Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրած էին, միաժամանակ փափաքած էին, որ հայոց կաթողիկոսը գիրով հաստատէ, թէ ո՞րն է ճշմարիտ դաւանութիւնը։ Որովհետեւ նեստորականները կ՚ըսէին, թէ հայեր, յոյներ, վրացիներ եւ աղուաններ եւս իրենց դաւանանքին կը հետեւին։ Ընդգծենք, որ ասորիները յատկապէս Սելեւկիայի 499-ի ժողովէն յետոյ հալածանքի ենթարկուած էին նեստորականներուն կողմէ։

Բաբգէն Ա. Ոթմսեցին նամակով կը պատասխանէ այս խնդրանքին՝ հաստատելով, որ Հայ Եկեղեցին Նեստորի եւ անոր կողմնակիցներուն վարդապետութիւնը բացարձակապէս կը նզովէ եւ կը մերժէ։ Գրուած է այլ նամակ մը եւս՝ «Պայման նամակ»ը, որ սակայն մեզի չէ հասած, ուր լռելեայն կը դատապարտուի եւ կը մերժուի Քաղկեդոնի ժողովն ու Լեւոնի տոմարը։

Դուինի Առաջին Ժողովը ի՞նչ արժէք ունի

Դուինի Ա. Ժողովը երեւոյթ մըն է Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութեան յստակացման, ինչպէս նաեւ նեստորականներուն ու քաղկեդոնականներուն դէմ խիստ դիրքորոշման առումով։ Դուինի Ա. ժողովը, առաջին ժողովն է, ուր Հայ Եկեղեցին դաւանական պայքարներ կը մղէ բոլոր տարբեր հոսանքներուն դէմ, միաժամանակ կը ներկայացնէ Հայ Եկեղեցւոյ հաստատ դիրքորոշումը։ Այդ շրջանին Հայաստանի շուրջ գտնուող զանազան փոքր Եկեղեցիներ այս ժողովէն ետք, ճանչցան Հայ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր դերը Արեւելեան Եկեղեցիներու մէջ, որոնք ճիգ թափեցին անոր հովանաւորութեան տակ մտնելու եւ անոր դաւանանքը ընդունելու։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018