ՀԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ԿԱՐՕՏՈՎ

-Մեր գիւղէն կար երիտասարդ մը, որուն շատ կը հաւնէի, ան ալ զիս: Շատ ուշիմ եւ համեստ էր: Ի սկզբանէ ծնողքս դէմ չէր մեր յարաբերութեան: Սակայն երբ այլեւս ան որոշեց, ինչպէս որ հարկն է գալ մեր տուն ու խնդրել իմ ձեռքը, մայրս որոշումը փոխեց. «Նամակ մը գրէ եւ ըսէ, որ այլեւս քեզ չեմ ուզեր», ըսաւ ինծի:

Մօրս անգութ խօսքերէն ներաշխարհս տակնուվրայ եղաւ, սակայն չհամարձակեցայ այդ մասին բարձրաձայնելու:  Լուռումունջ գացի ու նամակ գրեցի: Գրելու ընթացքին իմ աչքերէն այնքան շատ արցունք յորդեցաւ, որ թուղթի վրայ հետքերն ակներեւ էին. թանաքն ամբողջութեամբ լղոզեր էր:

Սիրեցեալս եւ իր ընտանիքը եղան ապշահար: Քանի մը օր վերջ անոր հայրն ու մայրը զարմանքէն քարացած յայտնուեցան մեր դրան առջեւ. կ՚ակնկալէին բացատրութիւն: Մօրս յորդորով արցունքն կոկորդս խեղդած ըսի, թէ մտափոխուած եմ:

Մեր բաժանումէն վերջ անցուցի ծածուկ՝ տամուկ աչքերով անքուն գիշերներ: Թէպէտ մօրս որոշումը բնաւ իմ սրտով չէր, սակայն չհամարձակեցայ հակառակելու: Ամօթ էր: Իմ ու մայրիկիս յարաբերութիւնները երբեք սիրառատ չէին: Մայրս պաղ կին էր, խիստ ու սակաւախօս: Չեմ յիշեր, որ օր մը ան զիս գուրգուրած կամ փաղաքշած ըլլար: Բաց աստի, ան բացէ ի բաց կը զանազանէր իր մանչ եւ աղջիկ երեխաները:

«Զաւակն իմն է, իսկ աղջիկը ուրիշինը», այս մտածելակերպով առաջնորդուելով՝ ան ինձ ու երկու քոյրերուս վերաբերած էր օտարի պէս: Չնայած սա նրբութիւններուն՝ մեր ընտանիքին մէջ միշտ կը տիրէր ներդաշնակութիւն ու խաղաղութիւն:

Որոշ ժամանակ անց ի յայտ եկաւ նոր թեկնածու մը, որուն ես բնաւ չէի հաւնէր, հակառակ, որ վերջինս յաջողած էր շահելու իմ ընտանիքի համակրանքը: Ճարահատ էի, մերոնք ընտրած էին, կ՚ամչնայի մերժելու, մինչեւ որ…

Օր մը, սա ինքնահաւան ու անդաստիարակ երիտասարդը համարձակեցաւ անթեւ շապիկով մը յայտնուիլ  իմ հօր դիմաց: Սա տեսքով անամօթաբար մեր թթենիի ծառի ճիւղին թառած թութ կ՚ուտէր: Ես վերջնականապէս հիասթափուեցայ: Իմ մէջ համարձակութիւն գտայ մօրս հետ խօսելու. «Ես չեմ կրնար ամուսնանալ այնպիսի մէկու մը հետ, որ չի գիտեր մեծը յարգել»:

-Տատիկ, իսկ ի՞նչ եղաւ այն երիտասարդի հետ, որուն դուն այնքան շատ կը հաւնէիր:

-Այդ երիտասարդի կեանքի թելը կանուխ կտրեցաւ. երեսունն անց տարիքին մահացաւ:

Սա պատմութիւնը՝ իմ խնդրանքով բազմիցս լսած եմ տատիկիս շուրթերէն: Մեր խաղաղ երեկոներու կամ միջօրէներու հոլովոյթին յաճախ յարմարաւէտ կը տեղաւորուէի մեծ մօրս անկողինին մէջ ու կը խնդրէի ինծի համար կարդալ հեքիաթ մը, կամ պատմել որեւէ պատմութիւն իր կեանքէն:

Տատիկս միշտ խորունկ շունչ մը կ՚առնէր ու կը սկսէր իր հերթական պատմութեան: Այնքան հետաքրքրական ու տպաւորիչ կը պատմէր այդ ամէնը, որ դէպքերն ու դէմքերը կը կենդանանային իմ աչքի առջեւ:

Ամենէն շատ կը սիրէի հետեւել, թէ ինչպէս  մեծ մօրս հայեացքը պատմելու ընթացքին կը խորասուզուէր անցեալի հորիզոնի մէջ... Կը սիրէի հետեւիլ անոր բարակ շուրթերու շարժին, ուրկէ կը ոստային անաղարտ հայերէնով բառեր ու իմաստուն մտքեր:

Այսօր այդ պատմութիւնները ես կը յիշեմ աղօտ ու կցկտուր:

Երանի՜ թէ քովս ըլլար եւ իր անուշ ձայնով թարմացնէր իմ  յիշողութիւնը...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2020