ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՇԱՐԺՆ Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ (Գ.)

Յօդուածաշարքի վերջին այս մասով ահա կ՚անցնիմ դէպի Հայաստան խնդրոյ առարկայ շարժի ֆիզիքական երեսակին, ի մասնաւորի գրելու համար Երեւանի մէջ մշտական կամ երկարաժամկէտ բնակութիւն հաստատած Թուրքիացի հայերու մասին։

Նախ, երեւոյթն այս պէտք է տարանջատել նախորդ թիւի մէջ նկարագրուած քաղաքացիութեան դիմումներու գործընթացէն։ Հայաստանի մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող պոլսահայ փոքր համայնքը, ըստ ներքին անպաշտօն տուեալներու միայն երեք հարիւրի մօտ թիւ մը կազմող, երկքաղաքացիութեան առընչուող այդ շարժէն աւելի վաղեմի է։ Այլ խօսքով, թէեւ կան վերջին տարիներուն Հայաստան եկածներ, քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք կամ անոր զուգահեռ, շատ ուրիշներ, այնուամենայնիւ, եկած են նախքան 2016-ը, որ, ինչպէս նախորդիւ ըսինք, ձեւով մը քաղաքացիութեան դիմումներու գործընթացի անկիւնադարձային պահն էր։ Զրուցակիցներէս ոմանք, օրինակ, եկած են նոյնիսկ Հայաստանի անկախացումէն առաջ, 1988-ին, 1989-ին. ուրիշներ եկած են 1990-ական տարիներուն, ոմանք 2000-ականներուն, իսկ նորագոյն ալիք մըն ալ նկատելի է վերջին հինգ տարիներու ընթացքին։

Տեղափոխման հիմնական պատճառը, ինչպէս քաղաքացիութեան դիմումի պարագային, եղած է Թուրքիոյ մէջ կեանքի պայմաններէն դժգոհութիւնը։ Ոմանց պարագային զուտ անհատական պատճառներու բերումով, ուրիշներու պարագային՝ առնուազն մասամբ հայ ինքնութեան եւ անոր հետեւող անհանգստութիւններու կրողն ըլլալու հանգամանքէն մեկնած, մարդիկ ուզած են հեռանալ Թուրքիայէն։ Արդարեւ, Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին հայոց արտագաղթը գրեթէ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած երեւոյթ մըն է։ Հայաստանի ընտրութիւնը, շատերու պարագային, եղած է այլընտրանքի բացակայութեան արդիւնք. «Եթէ Գանատա կամ Ամերիկա երթալ կարենայի Հայաստան չէի գար»։ Ուրիշներ սակայն եկած են յատկապէ՛ս Հայաստան՝ իրենց ինքնութենական-մշակութային հետաքրքրութիւններուն ընթացք տալով. մէկը՝ հայագիտութեան մարզէն ներս ուսում ստանալու համար, միւսը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ իր ճամբան շարունակելու նպատակով, մէկ այլը՝ հայ երաժշտութեան մէջ մասնագիտանալու մտադրութեամբ։

Յատկանշանականն այն է, որ գրեթէ բոլոր զրուցակիցներու մօտ կարելի է տեսնել Հայաստանի մէջ իրենց փորձառութենէն դժգոհութեան որոշ չափ մը, երկու հիմնական պատճառաբանական ուղղութիւններով. առաջին՝ խտրական կամ բացասական վերաբերմունքի ենթարկուելու, երկրորդ՝ մշակութային բախում-ցնցումի առումով։

Հայաստան տեղափոխուած Թուրքիոյ քաղաքացի հայերուն առաջին դժգոհութիւնը յաճախ կը վերաբերի այն երեւոյթին, թէ տեղի հանրութիւնը զիրենք, այսինքն պոլսահայ համայնքը, չի ճանչնար։ Այս նկատելի է առաւելաբար հին ժամանակներուն տեղափոխուածներու յիշողութիւններուն մէջ։ Միհրան, օրինակ, կը մտաբերէր թէ ինչպէս, 1990-ականներու սկզբնաւորութեան, մարդիկ կը զարմանային լսելով, թէ ինք Պոլիսէն եկած է, բացարձակապէս տեղեակ իսկ չըլլալով այնտեղ հայութեան գոյութեան ու համայնքի գործունէութեան մասին։ «Կը կարծէին, որ բոլոր հայերը ոչնչացուած են, որ ո՛չ դպրոց մնացած է, ո՛չ եկեղեցի»։ Ուրիշ մը վիրաւորուած կ՚ըսէր, թէ «Պոլիս» անունն իսկ անծանօթ է Հայաստանի մէջ շատերու համար, ալ ու՛ր մնաց այնտեղի հայութեան պատմութիւնն ու կեանքի պայմանները։ Կարեւոր է նկատի ունենալ այս հանգամանքը խտրական կամ բացասական վերաբերմունքի երեւոյթին անդրադառնալէ առաջ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ հայոց պատմական փորձառութեան մասին տեղեկացուածութեան բացակայութիւնն է նաեւ, որ մարդոց կ՚արտօնէ այդպիսի վերաբերմունք։

Ցնցող ու ակնառու օրինակ է մականուններու հարցը. այն, որ Թուրքիոյ հայերէն շատեր քաղաքական պայմաններու բերումով եւ յաճախ ստիպողաբար կորսնցուցած են իրենց մականուններու «-եան» վերջածանցը, երբեմն ոչ միայն չի հասկցուիր տեղացիներու կողմէ, այլ ուղղակի պարզունակ-մանկամիտ ծաղրի դուռ կը բանայ։ Հանդիպած եմ նոյնիսկ մէկ օրինակի, երբ ներգաղթեալը ստիպուած եղած է զաւկին մականունի թրքական «-օղլու»ն պաշտօնապէս փոխել «-եան»ի, զայն ազատելու համար դասընկերներու կողմէ անվերջ ճնշումներէ։ Այլ ակնբախ երեւոյթներ են թրքերէն լեզուի օգտագործման հանդէպ որոշ տեղացիներու անհանդուրժողականութիւնը, ինչպէս նաեւ ներգաղթողներու մէջ Թուրքիոյ գործակալ կամ լրտես տեսնելու կասկածամտութիւնը։ Այս պայմաններու մէջ մարդիկ յաճախ կը նշեն, թէ երկսայրի խտրականութեան մէջ կը գտնուին. «Այնտեղ մեր հայկական անունն էր մեր կեանքը դժուրացնողը, այստեղ մեր թրքական մականունը», «Այնտեղ մենք որպէս Հայաստանի կամ հայութեան լրտեսներ կ՚ընկալուէինք, այստեղ՝ Թուրքիոյ»։

Վերջապէս, նոր միջավայրի մէջ համարկման խոչընդոտ հանդիսացող այս արտաքին, այսինքն տեղացի բնակչութեան կողմէ եկող, գործօններու կողքին, կայ նաեւ ներքին խանգարող գործօն մը։ Խօսքը, այստեղ, ներգաղթողներու մօտ մշակութային բախում-ցնցումի փորձառութեան մասին է։ Թէեւ ամենաերեւելին լեզուական պարագան կրնայ ըլլալ, այսինքն արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ որոշ պատնէշները, որոնք յաճախ աւելի շեշտուած են Թուրքիոյ հայոց մօտ, սակայն կան աւելի խորքային դժուարութիւններ եւս։ Խօսքը յատկապէս կենցաղային եւ արժեհամակարգային տարբերութիւններու մասին է, երբեմն նաեւ դասակարգային բախման իր երեսակը ունեցող. սկսելով սովորական վարքուբարքէն, հասնելով գործընկերային կամ մինչեւ իսկ կին-տղամարդ յարաբերութիւններ, Պոլսէն ներգաղթող հայերը յաճախ դժուարութիւն կ՚ունենան հասկնալու տեղի խաղի կանոնները, եւ յատկապէս ընդունելո՛ւ զանոնք։ Այստեղ իրե՛նք են, որ երբեմն վերամբարձ ու արհամարհական մօտեցում կը դրսեւորեն տեղացիներու հանդէպ։

Շարժն այս, չնայած վերոյիշեալ դժուարութիւններուն, այնուամենայնիւ գոյութիւն ունի. աւելին, ականատեսն ենք անոր շարունակականութեան մինչեւ մեր օրեր։ Այստեղ պէտք է ամփոփել թերեւս նշելով, որ, նաեւ ըստ զրուցակիցներուն, ժամանակի գործօնն ունի իր դրական ազդեցութիւնը։ Երկու հայկական հասարակութիւններու միջեւ թէկուզ դանդաղ զարգացող շարժը կ՚աւելցնէ փոխադարձ տեղեկացուածութիւնն ու հասկացողութիւնը, մէկզմէկու համար երբեմն անընդունելի կամ անըմբռնելի տարբերութիւնները նուազ նկատելի-նեղացուցիչ դարձնելով։

Թէ ի՛նչ զարգացում կ՚ունենայ այս գործընթացը մեր նոր տասնամեակի ընթացքին եւ անկէ անդին, առաւելաբար կախեալ պիտի ըլլայ երկու երկիրներու մէջ եւ շուրջ ընթացող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերամշակութային զարգացումներէն։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021