Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Պոսթընի Մէջ

Հայ մշա­կոյ­թի բա­րե­կամ­նե­րու հիմ­նար­կը (Friends of Armenian Culture Society), Պոս­թը­նի Ար­դի նուա­գախմ­բա­յին ծրագ­րին (Boston Modern Orchestra Project) պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի «Ռե­քուիէմ»ը, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բեր 18-ին, կէ­սօ­րէն ետք ժա­մը 3-ին, Նիւ Ինկ­լըն­տի ե­րաժշ­տա­նո­ցի («New Enland Conservatory») հան­րա­ծա­նօթ «Ճոր­տըն Հոլ» սրա­հին մէջ:

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին նուի­րուած այս ձեռ­նար­կին նաեւ պի­տի մաս­նակ­ցին Հար­վրտ-Ռատք­լի­ֆի ե­րաշ­տա­նոցն ու Պոս­թը­նի հա­մալ­սա­րա­նի «Մարշ» երգ­չա­խում­բը: Խմբա­վարն է Պոս­թը­նի ար­դի նուա­գախմ­բա­յին ծրագ­րի մաէսթ­րօ Ճիլ Ռազ: Պոս­թը­նի ար­դի նուա­գախմ­բա­յին ծրա­գի­րը, յատ­կա­պէս ար­դի ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծեր ներ­կա­յաց­նող նուա­գա­խումբ մըն է, որ կը գոր­ծէ 1996 թուա­կա­նէն ի վեր:

Սոյն ձեռ­նար­կին պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի նաեւ Ա­լան Յով­հան­նէ­սի հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի քիչ ունկդ­րո­ւած գոր­ծե­րէն «Խրի­մեան Հայ­րիկ»ը: 1944 թո­ւա­կա­նին պատ­րաս­տո­ւած է այս գոր­ծը յա­տուկ փո­ղի (թրոմ­փէթ) եւ նո­ւա­գա­խում­բի հա­մար է: Յայ­տագ­րին մաս կը կազ­մեն Կո­մի­տա­սէն գոր­ծեր եւ Տմիթ­րի Շոս­թա­քո­վի­չի դաշ­նա­կի ա­ռա­ջին «քոն­չեր­թօ»ն՝ ­մաս­նակ­ցու­թեամբ Նա­րէ Ա­ղա­մեա­նի:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015