«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՌՀԱՍԱՐԱԿ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ

«Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ,
որպէսզի քու օրերդ երկայն ըլլան
այն երկրին վրայ, որ քու
Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի», (Ելք 20.12)

Հինգերորդ պատուիրանը կը հրամայէ կատարել այն պարտաւորութիւնները, որոնք որդիները ունին իրենց հայրերուն եւ մայրերուն նկատմամբ: Այս խօսքերուն մէջ՝ «պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քու օրերդ երկայն ըլլան», կ՚ամփոփուին բոլոր պարտաւորութիւնները՝ հօր, մօր եւ բոլոր մարդոց նկատմամբ, որոնք ծնողներու պէս են: Այս պարտաւորութիւնները կարելի է չորսի բաժնել.-

ա) Յարգանք:

բ) Սէր:

գ) Հնազանդութիւն:

դ) Օգնութիւն:

ա) Յարգանքը, ծնողական իշխանութիւնը ճանչնալն է, մտադրութիւն դարձնել անոնց վրայ, երախտագէտ ըլլալ, անոնց բարի զգացումներ յայտնել, անոնց հետ քաղցրութեամբ, հեզութեամբ եւ խոհեմութեամբ վարուիլ, անոնց խրատներն ու խորհուրդները ընդունիլ, անոնց հետ պարկեշտ եւ պատուաուոր խօսքերով խօսիլ, վարքով միշտ բարի ըլլալ եւ ծնողներուն վաստահութիւնն ու սէրը բնա՛ւ չչարաշահել, ծնողներէն տեսածներն ու լսածները երբեք չհրապարակել, գերդաստանին մէջ ծնողական պատիւը մի՛շտ պահել, որ անոնք՝ թուլութեան, ծերութեան եւ ընդունակութեան նուազելուն պատճառով, կրնան ուրիշ տեղ մը կորսնցնել: Գերդաստանին մէջ այս յարգանքը պէտք է, որ միշտ անփոփոխ ու ամբողջական մնայ:

Զաւակները պարտաւոր են յարգել իրենց ծնողները, որոնք, Աստուծմէ ետք, իրենց առաջին տէրը կը կոչուին, որովհետեւ ծնողներուն ալ գրեթէ տրուած է Աստուծոյ իշխանութեան նման իշխանութիւն, եւ որդիներուն համար ամենէն մեծ եւ սուրբ կը համարուին իրենց հայրն ու մայրը: Հին ազգերը բարեպաշտութիւն ըսելով Աստուծոյ երկիւղը եւ որդիական յարգանքը ծնողներուն նկատմամբ կը հասկնային, որովհետեւ երկուքն ալ նոյն ծագումը ունին: Ան որ երկնաւոր Հայրը կը պատուէ, միթէ՞ չի սարսափիր անարգել այն անձերը, որոնք աշխարհին վրայ զԱստուած կը ներկայցնեն: Մովսէսին օրէնքը մահով կը պատժէր այն զաւակները, որոնք կ՚անիծէին կամ կը հարուածէին իրենց ծնողները, կամ կ՚ապստամբէին անոնց դէմ. «Եթէ մարդ մը ստամբակ ու անհնազանդ տղայ մը ունենայ, որ իր հօրն ու մօրը խօսքը բնաւ մտիկ չ՚ըներ ու երբ զանիկա խրատեն անոնց չի հնազանդիր, այն ատեն անոր հայրն ու մայրը զանիկա բռնելով, քաղաքին ծերերուն ու անոր բնակած տեղին դուռը պէտք է հանեն եւ քաղաքին ծերերուն ըսեն. «Այս մեր տղան ստամբակ ու անհնազանդ է, մեր խօսքը մտիկ չ՚ըներ, որկրամոլ ու գինեմոլ է». այն ատեն անոր քաղաքին բոլոր մարդիկը քարերով քարկոծեն զանիկա, որպէսզի մեռնի ու չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի», (Բ.Օր 21.18-21): Նոյի որդիներէն Քամը Աստուծոյ անէծքին տակ ինկաւ, որովհետեւ իր հօր վրայ ծիծաղեցաւ: Ծնողներուն պակասութիւնը զաւակներուն իրաւունք չի՛ տար, անոնց պատիւը անարգելու: Զաւակները պարտաւոր են համբերել ծնողներու պակասութիւններուն, ներել զանոնք եւ ծածկել անոնց թերութիւնները ինչքան որ հնարաւոր է: Իսկ եթէ ստիպուած ըլլան խօսիլ անոնց պակասութիւններուն վրայ, պարտաւոր են քաղցրութեամբ եւ պատուով խօսիլ, միշտ աղօթելով անոնց համար եւ վայելուչ խոնարհութեան մէջ մնալով:

Զաւակները ինչ վիճակի եւ կացութեան մէջ ալ որ գտնուին, երբեք պէտք չէ, որ իրենց ծնողներուն մեծութիւնը մոռնան, որ բնութեան եւ կրօնի օրէնքներուն վրայ հաստատուած է: Զաւակներուն հարստութիւնն ու պատիւը չեն կրնար ծնողներուն մեծութիւնը ոչնչացնել: Յովսէփ Գեղեցիկը Եգիպտոսի մէջ իշխանութեան հասնելով, իր ծնողներուն պատիւը երբեք չմոռցաւ, յարգեց իր հայրը՝ Յակոբը, որ պարզ հովիւ մըն էր եւ զայն դիմաւորելու ելաւ. «Ու Իսրայէլ ըսաւ. «Ես չէի յուսար, որ քու երեսդ պիտի կրնամ տեսնել եւ ահա Աստուած քու սերունդդ ալ ցուցուց»», (Ծն 48.11):

Որդիական սէրը ծնողներուն հանդէպ՝ սրտանց անոնց երջանկութիւնը ցանկալն է, որպէսզի անոնց վրայ ողորմութիւն եւ գթութիւն սփռէ, դէպի իրեն գրաւէ անոնց սէրը եւ հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ ուժով աշխատիլ անոնց բարելաւութեան համար, հեռանալ ամէն բանէ, որ կրնայ անոնց տխրութիւն պատճառել, չձեռնարկել այնպիսի գործ, որով ծնողները կրնան վշտանալ: Որդիական սիրոյ այսպիսի օրինակ մը մենք կը տեսնենք, երբ Յակոբի որդին՝ Յուդան, Յովսէփէն կը խնդրէ, որպէսզի Բենիամինը արձակէ, որպէսզի իր հօր նեղութիւն չպատճառէ. «Ուստի հիմա կ՚աղաչեմ քեզի, տղուն տեղ ծառադ իմ տիրոջս ծառայ թող ըլլայ եւ տղան իր եղբայրներուն հետ թող ելլէ. քանզի եթէ տղան ինծի հետ չըլլայ, ինչպէ՞ս ելլեմ իմ հօրս. չըլլայ որ իմ հօրս գալու փորձանքը տեսնեմ», (Ծն 44.33-34):

Ծնողները սիրելը այնպիսի մեծ պարտաւորութիւն է, որ զաւակները ինչքան յարգեն եւ պատուեն, դարձեալ չեն կրնար լիուլի վճարել երախտագիտութեան պարտքը: Անոնք չեն կրնար այն գորովն ու սիրոյ զեղումը ունենալ, որ ծնողները ունին իրենց զաւակներուն նկատմամբ: Երբ մտածենք անգամ մը մեր ծնողներուն կրած հոգերուն, նեղութիւններուն, ամէն տեսակի համբերութիւններուն, խնամքին եւ ծանր աշխատանքներուն մասին՝ մեզ մեծցնելու համար, կը նկատենք, որ անհուն կերպով պարտաւոր ենք սիրել եւ պատուել մեր ծնողները: Որդիական սէրը այնքան բնական եւ ճշմարիտ է, որ անառակ որդիները, ծնողները չպատուող որդիները միշտ հրէշներ համարուած են: Այն որդին, որ կը մոռնայ իր հայրն ու մայրը՝ Աստուծմէ կարգուած իր առաջին բարերարները, այդպիսին երբեք չի կրնար վայելել Աստուծոյ բարութիւնը, որ միայն ծնողասէր զաւակներուն խոստացուած է:

Ծնողներուն խստութիւնը եւ վատ սովոկըկըրութիւնը, երբե՛ք իրաւունք չեն տար որդիներուն չսիրելու իրենց ծնողները.

ա) Որովհետեւ, որդիական սիրոյ պարտաւորութիւնը ծնողական քացրութեան վրայ հիմնուած չէ, այլ՝ գլխաւորաբար անոնց բարերարութեան վրայ, որ հնարաւոր չէ երբեք ոչնչացնել:

բ) Եթէ ծնողները խստութիւն ունին, այս խստութենէն կարելի չէ գուշակել, որ անոնք իրենց զաւակները չեն սիրեր: Այս պակասութիւնը կրնայ յառաջ գալ նեղ վիճակէ կամ թուլութենէ մը, որու համար զաւակները պարտաւոր են համբերել:

գ) Շատ անգամ այս խստութիւնը կը ծագի վատ բնաւորութենէն կամ թերութիւններէն որդիներուն, որոնք կարգի բերելու համար ծնողները կը ստիպուին խիստ եւ սաստիկ միջոցներու դիմել:

դ) Եթէ հայրը [մայրը] բնակ:

Որդիական հնազանդութիւնը ծնողներուն նկատմամբ՝ անոնց կամքին համաձայն վարուիլն է, իւրաքանչիւր գործ անոնց խորհուրդով եւ հրամանով կատարել եւ անոնց արգիլած բաներէն հեռանալ: Կը նշանակէ նաեւ, առանց ծնողներուն համաձայնութեան ձեռնամուխ չըլլալ այնպիսի գործերու, որոնք ուղղակիօրէն գերդաստանի բարելաւութեանը կը վերաբերին, ինչպէս են՝ ամուսնութիւն, եւ այլն: Որդիական հնազանդութիւնը նոյն սահամնը ունի, ինչ որ ունի հայրական իշխանութիւնը, այսինքն՝ երկուքն ալ պէտք է արդարութեան վրայ հիմնուած ըլլան, աստուածային կամքին համաձայն. «Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը», (Եփ 6.1): Երբ երեխան չափահասութեան տարիքին հասնի եւ պարտաւորուի իր խիղճին համոզմամբ ծնողներուն չհնազանդիլ, պարտաւոր է հեզութեամբ եւ քաղցրութեամբ ներկայացնել անհնազանդութեան առիթ հանդիսացող պատճառները, սակայն միշտ յարգելով եւ երբեք չխոտորելով ուրիշ իրողութիւններու մէջ ունեցած հնազանդութենէն: Թէեւ որդիական յարգանքը իւրաքանչիւր տարիքի պէտք է որ նոյնը ըլլայ, սակայն հնազանդութիւնը՝ ի հարկէ, մանկութեան տարիներուն աւելի է, քան թէ չափահասութեան: Չափահասութեան հնազանդութիւնը բանականութեան ծնունդ ըլլալով, աւելի քաղցր է, քան երկիւղը: Այս հասակին մէջ աշխարհային կամ քաղաքական օրէնքը զաւակները կ՚ազատէ ծնողական իշխանութենէն, բայց անոնք դարձեալ պարտաւոր են ձեւով մը ենթակայութիւնը պահել, շարժուած ըլլալով աւելի ուժեղ զգացողութեամբ՝ քան թէ աշխարհային օրէնքը: Պարտաւոր են միշտ խորհուրդ հարցնել, անոնց հաճութիւնը ստանալ, անոնց կամքին հակառակ չվարուիլ՝ վիշտ պատճառելով: Եսաւին ամուսնութիւնը Իսահակին եւ Ռեբեկային սիրտը վշտացուց. «Եսաւ քառասուն տարեկան էր, երբ իրեն կին առաւ Քետացի Բէերիի աղջիկը Յուդիկը ու Քետացի Ելօնի աղջիկը Բասեմաթը: Ասոնք Իսահակին ու Ռեբեկային սրտի ցաւ եղան», (Ծն 26.34-35): 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

•շար. 12

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018