ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄՔ ՍՈՐԻՆ

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր կը կարծուի, թէ քննադատութեան ժամանակաշրջան է, մինչ այնքան քիչ են մեր օրերուն քննադատները, գրաքննադատները, որոնց կարիքը աւելի քան անհրաժեշտ ու էական է մեր օրերուն: Բնականաբար խօսքը ո՛չ թէ ատելութեան ախտով, չկայացած ու չհասունցած քննադատներուն մասին է, այլ՝ առողջ մտածելակերպ ու դատողութիւն, շինիչ գաղափարներ ու առաջարկներ ունեցող քննադատներու մասին է:

Քննադատութիւնը արուեստ մըն է, մշակոյթ մը, եւ որպէս այդպիսին ամէն մարդ չէ՛, որ կրնայ քննադատ ըլլալ: Քննադատ ըլլալու համար մարդ նախ պէտք է ազնիւ ու նուրբ հոգի մը ունենայ, սուր աչք եւ դատողութիւն, ըմբռնելու եւ տրամաբանելու լայն հորիզոն, եւ ամենէն կարեւորը բարոյականի տէր, ատելութենէ ու նախանձէ զուրկ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ ինչպէս Ինտրան կը գրէ՝ «քննադատութիւնը, գրական սեռ մըն է, որ գրական երկերու բացատրութիւնն ու դատաստան է: Կը պահանջէ հմտութիւն մատենագրութեանց պատմութեան, գրական եւ գեղարուեստական ճաշակ, ծանօթութիւն այլեւայլ ուսմանց, եւ պարկեշտ, արդար, բարեկիրթ բնաւորութիւն, ինչպէս նաեւ ողջմտութիւն, դատողութիւն, եւ այլն»:

Ոմանք կը հարցնեն հիմա, ի՞նչ կապ ունի քննադատութիւնը բարոյականին հետ. շա՜տ սերտ կապ ունի, որովհետեւ եթէ քննադատին նպատակը սխալ մը սրբագրելն է, թերութիւն մը վերցնելն է, սեւ կէտ մը սպիտակեցնելն է, ապա այդ կրնայ իրականութիւն դարձնել մի՛ միայն բարոյական հիմքերով: Այսօր, օրինակ, մեր հայ իրականութեան մէջ «քննադատ»ներու մի քանի նմոյշներ կան, որոնք սակայն շա՜տ հեռու են քննադատ ըլլալէ, շատ պարզ պատճառով մը, քանի որ անոնց նպատակը ո՛չ թէ սրբագրութիւն մը կատարելն է, այլ՝ ինքնահաստատուիլը, կայանալը, ամենագիտուն երեւալը, որով իրենց նպատակին հասնելու համար ամէն տեսակի քայլերու կը դիմեն, հայհոյելէն ու անպատուելէն սկսելով ու հասնելով մինչեւ ծնողներ ու զաւակներ անարգելը… Երեւոյթ մը, որ արդէն ակամայ քննադատութեան ենթարկուողը հեռու կը պահէ կարդալէ կամ լսելէ իր մասին եղած քննադատութիւնը, որովհետեւ ո՛չ ոք կը փափաքի, որ հրապարակային կերպով անպատուուին իր սրբութիւններն ու արժէքները: Անդին, այդ նմոյշ «քննադատ»ները կրնան բարձր վկայականներու տիրացած ըլլալ, կրնան ահաւոր գիտելիքներ ամբարած ըլլալ, բայց երբ բարոյականութենէ զուրկ են եւ իրենց քննադատական խօսքը քննադատութիւն ըլլալէ աւելի անբարոյականութեան քարոզ է, բնակաբար իրենք իրենց իսկ ձեռքով իրենց այդ բարձր վկայականներն ու ամբարած գիտելիքները աղբամանին մէջ թափած կ՚ըլլան: 

Այսօր, մենք նմանատաիպ քննադատներու կարիքը չէ՛ որ ունինք, որովհետեւ անոնց շնորհիւ այսօր ունինք ահաւոր ահռելի պատկեր մը, երբ իւրաքանչիւր գրիչ շարժող ինքզինք գրող կը համարէ ու կը սկսի «ստեղծագործել», եւ այդ նմոյշներուն լիրբ ու անկիրթ արձագանգները կարդալով ու լսելով, իրենք ալ կը սկսին նոյն այդ ոճով «արտադրել», որով այսօր ունինք այն ինչ որ ունինք: Յարգելի ընթերցողը յանկարծ չմտածէ, թէ այս տողերը գրողը ի՛նք, գրող մըն է, կամ քննադատ, քաւ լիցի, այս տողերը գրողը շա՜տ հեռու է ինքզինք այդպիսին կարծելէ, կամ նկատելէ…: 

Այսօր մենք կարիքը ունինք իրա՛ւ քննադատներու, առողջ դատողութեամբ եւ մտածելակերպով, որոնց շնորհիւ մերօրեայ գրողները, մտաւորականները՝ յատկապէս երիտասարդները, պիտի կարենան իրենց ճանապարհը ճիշդ կերպով ընթանալ՝ հակառակ ամէն տեսակի արգելքներու ու խոչընդոտներու: Քննադատ մը պէտք է վայելէ իր իսկ քննադատած գործը: Այս մասին կ՚արժէ կարդալ Գրիգոր Շահինեանի գրածը Նիկոլ Աղբալեան քննադատին մասին. «Հակառակ իր ափսոսանքին, բնաւ ցաւալի չէ, որ Աղբալեան չէ եղած սոսկական մասնագէտ՝ բառի ընթացիկ ըմբռնումով: Եղած է քննադատ, մատենագիր, բանասէր, բայց որպէս սիրող. հետեւաբար մի՛շտ ալ մնացած է հաւատարիմ իր խորունկ իսկութեան: Ու քննադատ Աղբալեանը բան մը աւելի է պարզ քննադատէն: Վայելո՛ղն է ան միտքի եւ հոգիի գեղեցկութիւններուն եւ իր վայելքը հանրութեան մատուցողը: Ա՛յս ալ կոչում մըն է. բացառիկ կերպով գեղեցիկ կոչում մը»: Այս տողերը կու գան համոզել մեզ անգամ մը եւս, որ քննադատութիւնը ատելութեան, նախանձի, ոխի ու անբարոյականութեան դաշտ չէ:

Պահ մը կարդանք մեր հիները ու կարդանք մեր նորերը… եւ փորձենք համեմատական մը կատարել: Լեռ ու ձոր տարբերութիւն կայ հինին ու նորին մէջ գրեթէ բոլոր առումներով: Այսօրուան մեր ունեցածը շատ աղքատ է անցեալի մեր ունեցածին նկատմամբ, այսօրուան մեր միտքը շա՜տ մերկ է ու ոտաբոպիկ անցեալին հետ բաղդատած, այսօրուան մեր դրամով շահածը [խօսքը դրամով բանաստեղծ ու մտաւորական «դարձած»ներուն մասին է] այնքան անարժէք ու անհամ է, անցեալի բնատուր եւ ինքնաբուխ ձեռք բերուածին համեմատ: Բնականաբար այս բոլորը ունին իրենց պատճառները, սակայն պատճառները արդարացումներ չեն այսօրուան անշուքութեան ու խեղճութեան: Այդ պատճառները, ընդհակառակը, պէտք է միջոց դառնան ինքնասրբագրութեան, ինքնաճանաչողութեան ու ինքնազարգացումի: Ահաւասիկ, այս բոլորին մէջ մեծ դեր ունին իրա՛ւ քննադատները, որոնք իրենց առողջ ու շինիչ քննադատութիւններով պիտի նպաստեն մաքուր, հարուստ եւ զօրաւոր միջավայր մը ստեղծելու, միջավայր մը, ուր մարդիկ առանց վախի ու հաշիւներու պիտի փափաքին մուտք գործել եւ իրենց ձիրքերը փորձեն կեանքի կոչել:

Իրա՛ւ քննադատութիւնը շատ յաճախ միջոց կը դառնայ այնպիսի տաղանդներու յայտնագործումին, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով մութին մէջ մնացած են: Աւելի՛ն, առողջ քննադատութիւնը այնքա՜ն մեծ հրաշքներ կրնայ գործել, որ դարերով կրնայ ապրիլ, գոյատեւել եւ արարելու դրդապատճառ ըլլալ:

Շատ յաճախ ոմանք կը կարծեն, թէ քննադատութիւն մը կարդալը կրնայ ամբողջական պատկերացում մը տալ գրութեան մը մասին: Այդպիսիները կ՚անգիտանան սակայն, որ քննադատութիւնը ստեղծագործութիւն չէ, այլ կատարուած ստեղծագործութեան մը քննարկումը, գնահատումը, եւ այլն: Ստեփաննոս Մալխասեանցի համաձայն, «քննադատութեան նպատակն է երեւան հանել գրուածքի լաւ կամ վատ կողմերը, սխալ կամ ուղիղ տրամադրութիւնները: Քննադատութիւնը առաջնորդ կը հանդիսանայ ընթերցողին եւ միեւնոյն ժամանակ ուղեցոյց հեղինակին»: Իսկ Դանիէլ Վարուժան այսպէս կը գրէ. «Մի կարծէք որ երկ մը ճանչնալու համար կը բաւէ մատենագրութիւն կամ գրախօսական կարդալ, ոչ մէկ գրական քննադատութիւն ընթերցման տեղը կը լրացնէ, վասնզի գրուածքի մը դարձուածքները, ոճին կառուցուածքն ու ձեւերն են, որ ճիշդ եւ օգտակար գաղափար մը կրնայ տալ ձեզի անոր մասին: Քննադատը չի կրնար ցոյց տալ զանոնք պէտք եղածին պէս»:

Այս գրութիւնը կ՚աւարտեմ Արշամ Տատրեանի հետեւեալ հատուածով.

«Լուրջ, խորաթափանց, ուղղամիտ եւ ուղղահայեաց քննադատութեան մը պակասը, մեր ժամանակակից գրականութեան դժբախտութիւններէն մէկն է եւ գլխաւորը։ Այս պակասին հետեւանքն է արժէքներու շփոթութիւնը ու անորոշութիւնը, ուստի գրական ճաշակի մը, հասկացողութեան մը կազմաւորումին անկարելիութիւնը։ Նոյնպէս մեր գրականութեան մէջ տիրող անիշխանութիւնը հետեւանքն է նոյն այս քննադատութեան բացակայութեան։ Պիտի ըսեմ դեռ աւելին. - Այսպիսի քննադատութիւն մը միայն կարող է գիրքերուն եւ մարդերուն յարակցութիւնները, զգացումներուն եւ գաղափարներուն հանգիտութիւններն ու ընդդիմութիւնները, փոխադարձ ազդեցութիւններն ու հակազդեցութիւնները երեւան բերելու, անոնց միջեւ կարգ մը հաստատելու, մեր գրականութեան հաստատուն իրականութիւն մը տալով նոյն այս կարգին մէջ, մեզի տալու գիտակցութիւնը այս գրականութեան, իր արժէքին ու նշանակութեան։ Մեր գրագէտներն ու իրենց գիրքերը միացնելու եւ միաւորելու, աւելի ճիշդը, անոնց պարփակած ինքնաբուխ միութիւնը գտնելու, պարզելու եւ ցուցայայտնելու կարող է։ Մինչդեռ ներկայիս, եւ ճիշդ այս լայնահայեաց ու լայնախոհ քննադատութեան բացակայութեան պատճառաւ, մեր գրագէտները, ու իրենց նման իրենց գիրքերն ալ, կը մնան իրենց ցուրտ, տխուր եւ յուսաբեկ մինակութեան, կղզիացումին մէջ։ Եւ ոչ միայն իրենց թաքնագոյ այլ բացայայտ արժէքներուն մէջ իսկ անոնք կ՚անցնին աննշմար, կը մնան աննշմար։ Ու գիտակից գրագէտը, աւելի քան ոեւէ մարդկային ուրիշ էակ մը, ամէն բանէ առաջ կ՚որոնէ, կը սպասէ, կ՚ակնկալէ հասկցուիլ, որովհետեւ կը հաւատայ իր գրածին գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան, եւ այս ճշմարտութիւնն ու գեղեցկութիւնը հացի մը պէս բաժնել կ՚ուզէ, բոլոր մարդոց հետ։ Արուեստը, ըլլալով մեծ «բարեկամութիւն մը», ինչպէս քանի մը տեղ կ՚ըսէ ու կը շեշտէ Վ. Թէքէեան, գրագէտը տեւականօրէն կ՚որոնէ մարդոց բարեկամութիւնը։ Եւ ո՛չ միայն դասակարգ մը մարդոց, այլ բոլոր մարդոց։ Հայ գրագէտը, ներկայիս, օդին, հացին ու ջուրին նման իրենց կենսական եւ անհրաժեշտ եղող այս բարեկամութենէն զրկուած մարդ մըն է։ Ու քննադատութիւնը՝ որուն մասին կը խօսիմ, այս բարեկամութեան ծնունդին աջակցող եւ զայն սնուցանող զօրութիւն մըն է։ Նոյն այս քննադատութիւնը միայն ատակ է յայտնաբերելու հեղինակներուն եւ գիրքերուն պարունակած կարելիութիւնները, իրե՛նց եւ մեզի, ուստի անոնց աճումը ապահովելու, ճի՛շդ ու ճիշդ զանոնք մօտեցնելով, կցելով իրարու եւ այս կցումով իսկ անոնց իրական նշանակութիւնն ու արժէքը ի յայտ բերելով։ Ինչպէս որ մարդը մարդուն առջեւ, դէմ եւ հետ մարդ մըն է, նոյնպէս գրագէտը գրագէտին դէմ, առջեւ եւ հետ գրագէտ մըն է ու գիրքը գիրք՝ գիրքին դէմ, մօտ ու հետ։ Ու ինչպէս որ տրուած մարդու մը սկզբնաւորութիւնն ու վախճանաւորութիւնը, ուստի անհրաժեշտութիւնը, նշանակութիւնն ու արժէքը համայնքին մէջն են միայն, նոյնպէս, գրագէտին ու գիրքին սկզբնաւորութիւնն ու վախճանաւորութիւնը, սկզբնավայրն ու վախճանավայրը, ուստի եւ անհրաժեշտութիւնը, նշանակութիւնն ու արժէքը գրականութեան մէջ են միայն։ Տեսնելու եւ ըմբռնելու համար այս ճշմարիտ իրականութիւնը կամ իրական ճշմարտութիւնը, պայման է տեսնել եւ ըմբռնել մարդոց անխորտակելի առընչութիւնը, ինչպէս ընդոծին առընչութիւնը գրագէտներուն եւ գիրքերուն։ Ու գիտեմ թէ հայ-մարդուն համար դժուար է, եւ շատ դժուար, այս՝ ինչպէս այլ առընչութիւններ տեսնելն ու հասկնալը։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ հայ միտքին մեծագոյն թերութիւններէն մէկն է, նոյն իսկ կը տարուիմ ըսելու մեծագոյն թերութիւնն է, բնական առընչութիւնները տեսնելու եւ ըմբռնելու իր բնական անկարողութիւնը։ Այս սարսափելի հաստատումին յստակ ու անառարկելի ապացոյցը մեր լեզուն իսկ է, մեր լեզուին բառամթերքն է ու իր շարահիւսութեան օրէնքը։ Ու մեր միտքին իսկութեան մարմնացումը՝ հայ լեզուն եւ իր շարահիւսութիւնը։ Ու դարձեալ կը տարուիմ մտածելու եւ գրելու իսկ. - վերոյիշեալ քննադատութեան բացակայութիւնը թերեւս իր բնածին պատճառը ունի հայ միտքին այս բնական անկարողութեան մէջ իսկ, որովհետեւ այս քննադատութիւնը առընչութիւններու քննադատութիւնն է։ Ու քննադատութիւն կը նշանակէ քննել եւ դատել, քննելով դատել, քննելէ վերջ դատել։ Արդ, բան մը կարելի է քննել յարաբերաբար ուրիշ բանի մը։ Գրագէտը՝ յարաբերաբար այլ գրագէտներու եւ գիրքը՝ այլ գիրքերու։ Ու առանց յարաբերութեան՝ առընչութիւն չկայ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2021