ԿԱԽԱՐԴԸ

Աշխարհի չորս ծագերուն լայն արձագանգ ստեղծած շարժանկարներու եւ հեռուստաշարերու արտադրութեան ընկերութիւնը՝ Netflix, վերջին տարիներուն կը թողարկէ աշխարհահռչակ եւ կամ դասական գիրքերու նիւթերու հիման վրայ նկարահանուած հեռուստաշարեր, որոնց իւրաքանչիւրը ունին միջազգային երկրպագուներու մեծ բազմութիւն։ Շարժանկարային արուեստի մէջ մեծ արժէք ներկայացնող շարժապատկերներն ու հեռուստաշարերը արժանացած են նաեւ քննադատներու գնահատանքին։ Հարկ է յիշեցնել, որ ընկերութեան կողմէ արտադրուած շարժանկարներն ու հեռուստաշարերը հասանելի են միայն սեփական յաճախորդներուն։ 

Netflix-ի կողմէ արտադրուած ուշագրաւ հեռուստաշարերու շարքին իր անունը ոսկեայ տառերով արձանագրել տուած է «Կախարդը», որ թողարկուեցաւ 2019 թուականի վերջաւորութեան մօտ՝ 20 դեկտեմբերին։ Լեհաստանցի գրող Անճէյ Սափքովսքիի կողմէ հեղինակուած նոյնանուն վիպաշարի հիման վրայ նկարահանուած հեռատեսիլային այս դիպաշարը երեւակայական (ֆանթասթիք) սեռի սիրահարներուն հետաքրքրութեան արժանացած է առաջին ցուցադրումէն իսկ։ Գլխաւոր դերերը մարմնաւորուած են Հենրի Քեւիլի (ռիւիացի Կերըլտ), Անիա Շալոթրայի (Ենեֆէր) եւ Ֆրէյա Էլընի (Սիրի) կողմէ։ 

Սափքովսքիի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնը համարուող «Կախարդը»ի մէջ կը լուսաբանուի Ռիւիացի Կերըլթի պատմութիւնը։ Ան հրէշներ ոչնչացնող փոխուած ծինատիպով (մութանթ) մարդ մըն է, որ կը փորձէ գոյատեւել աշխարհի մը մէջ, ուր պարզաբանուած է, թէ ամենավատ արարածներն են մարդիկ։ Հեռուստաշարերու մէջ ընթացող կարգ մը դէպքեր նշանակալիօրէն կը տարբերին գիրքերու իրադարձութիւններէն, սակայն թէ՛ գիրքերու եւ թէ հեռուստաշարի մէջ յաջողութեամբ պատկերուած է միջնադարեան Եւրոպան։ Հետաքրքրական է, որ Սափքովսքի հեռուստաշարի համար յօրինած է էլֆերէն կոչուած յատուկ լեզու մը, որու ստեղծման համար օգտագործուած են անգլերէն, ֆրանսերէն, վալլիերէն, իրլանտերէն եւ լատիներէն լեզուները։ 

2017 թուականի մայիսին Netflix-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ յայտնուած էր, թէ Անճէյ Սափքովսքիի վերոյիշեալ վիպաշարի հիման վրայ արտադրուելիք հեռուստաշարի վրայ արդէն լուրջ աշխատանքի լծուած են։ 2018 թուականին յայտնի դարձաւ, թէ «Կախարդը»ի առաջին եթերաշրջանը պիտի կազմուի ութ բաժինէ։ Կեդրոնական Եւրոպայի գեղեցիկ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած են նկարահանումները, որոնք աւարտին հասած են 2019 թուականի մայիսի վերջաւորութեան։ Իսկ նոյեմբերին լոյս տեսած է առաջին ծանօթացման տեսահոլովակը, որ ունեցաւ մօտաւորապէս 16 միլիոն դիտում։ 

Ինչպէս ծանօթ է, HBO հեռուստաալիքի «Գահերու խաղը»ի վերջին եթերաշրջանը երկու տարուան դադարէ մը ետք ցուցադրուած էր անցեալ տարի, սակայն մանաւանդ վերջին բաժինը մեծ յուսախաբութիւն պատճառած էր իր հետեւորդներուն ու դիտողներուն մօտ։ Դիտողները մեծ ակնկալութիւններով, անհամբերութեամբ կը սպասէին վերջին եթերաշրջանին, սակայն ան չարդարացուց իրենց սպասումները։ Վերջերս յայտարարուեցաւ, թէ «Կախարդը»ի երկրորդ եթերաշրջանի սփռումը կը նախատեսուի 2021 թուականի գարնան։  Շատեր յոյս ունին, թէ իրենց սպասումները պիտի արդիւնաւոր-ւին, սակայն կան նաեւ մարդիկ՝ որոնք կը մտահոգուին դարձեալ յուսախաբութիւն ապրելու մասին։ Դիտողներու մեծ մասը յայտնած են, թէ հեռուստաշարի գրաւիչ յատկութիւններէն մին է դէպքերու անկանխատեսելիութիւնը, որ կը զարմացնէ զանոնք։

2007 թուականին «Կախարդը»ի նիւթի հիման վրայ ստեղծուեցաւ համակարգչային խաղ մը՝ CD Project Red ընկերութեան կողմէ։ Խաղը կարճ ժամանակի ընթացքին փայլուն նուաճում արձանագրեց եւ լայն ճանաչում գտաւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Ան առաջնակարգ տեղ գրաւեց բոլոր ժամանակներու ամենայաջող խաղերու ցանկին մէջ։ Խաղի երկրորդ բաժինը թողարկուեցաւ 2011 թուականին, իսկ 2015 թուականին՝ երրորդ ու վերջին բաժինը։ Իւրաքանչիւր խաղի մէջ կը տեսնենք ռիւիացի Կերըլթի կեանքի դարձակէտը հանդիսացող շրջաններէ դէպքեր եւ դէմքեր։

Հատորներու մէջ պատմուած վայրեր, յօրինուած իշխանութիւններ ու կերպարներ աներեւակայելի եւ անհուն տիեզերք մը կը կազմեն ու այս անզուգական տիեզերքի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնով ողողուած են խաղերը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020