ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Աւանդական եւ արդի հայ ընտանիքը քննութեան առած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ չորս աշխատակիցներ՝ Միհրան Գալստեանը, Ռուբէն Օհանճանեանը, Թամար Զաքարեանն ու Գայիանէ Յակոբեանը: Անոնք համատեղ հրապարակած են «Արդի հայ ընտանիքը՝ փոխակերպուող հասարակութենէն ներս» գիրքը: Վերջերս մեր սեղաններուն յայտնուած այս գիրքին մէջ կը քննարկուին աւանդական եւ արդի հայ ընտանիքի կառուցուածքին, ներընտանեկան յարաբերութիւններուն, կիներու եւ տղամարդոց կարգավիճակներուն եւ դերերուն, ընտանիքին եւ ամուսնութեան մասին պատկերացումներուն, սերունդներուն միջեւ արժէքային համակարգին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ առկայ հարցերը:

Այդ հիմնախնդիրներուն բացայայտման նպատակով ուսումնասիրութեան հեղինակները 2016-2017 թուականներուն Երեւան քաղաքի եւ Շիրակի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Արմաւիրի, Արագածոտնի մարզերուն մէջ 384 ընտանիքներու յարկին տակ այդ կարգին նաեւ՝ հայաստանաբնակ սուրիահայ ընտանիքներու, իրականացուցած են ընկերաբանական հարցումներ:

Գիրքէն կը տեղեկանանք, որ խումբը ունի հետազօտական հարուստ փորձ եւ փոխակերպուող հասարակութեան մէջ հայ ընտանիքին նուիրուած եւ անոնց կազմած գիրքին մէջ ներկայացուած տեսակէտերը կրնան նպաստաւոր ըլլալ ընտանիքի զարգացման տանող նոր քաղաքականութեան մշակման:

«Արդի հայ ընտանիքը՝ փոխակերպուող հասարակութենէն ներս» գիրքի իր բաժնին մէջ գիտնական Թամար Զաքարեան խօսած է առհասարակ ընտանիքի փոփոխման միտումներուն մասին՝ համեմատելով խորհրդային եւ յետխորհրդային տարիները: Ինչպէս ան կը նշէ, հայոց մէջ դարերու ընթացքին մշակուած կանոնագիրքերն ու դատաստանագիրքերը եկեղեցւոյ անմիջական մասնակցութեամբ ընդունուած օրէնքներով փորձած են կանոնակարգել ծնողներուն եւ զաւակներուն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, ամուսնութեան եւ ամուսնալուծութեան հետ կապուած հարցերը: Մխիթար Գօշի Դատաստանագիրքէն զանազան յօդուածներով փորձած են կարգաւորել սերունդի աճին, ամուսնութեան, որդեգրութեան եւ խնամակալութեան, կիներուն իրաւական վիճակի, ժառանգական հարցերուն, երեխաներու դաստիարակութեան գործառոյթները:

Եկեղեցական կանոններով արգիլուած էր ազգականներու ամուսնութիւնը եւ ազատներու (ազնուականներու) ամուսնութիւնը՝ անազատներու հետ: Կաթողիկոս Ներսէս Ա. Մեծի նախախնամութեամբ կայացած հայկական առաջին կանոնադիր ժողովը արգիլած է մերձաւոր ազգակիցներու ամուսնութիւնը եւ բազմակնութիւնը, քանի որ աւանդական ընտանիքներուն մէջ ամուսնալուծութիւնները եզակի եղած են, ապա անոնք կը թոյլատրուէին միայն եզակի պարագաներուն:

Անդրադառնալով հայոց մէջ ընտանիքի պատմական զարգացման առանձնայատկութիւններուն, Թամար Զաքարեան կը նշէ, որ վաղ շրջանին հայ ընտանիքը ծանօթ էր «ընտանեկան համայնք», «գերդաստան», «մեծ ընտանիք», «տոհմ», «ցեղ» անուններով եւ հիմնուած էր հայրիշխանութեան աւագութեան իրաւունքին վրայ: Հեղինակը մանրամասնօրէն քննած է պատմական բոլոր փուլերուն ժամանակ ընտանիքին կառուցուածքը, ներընտանեկան յարաբերութիւնները, ծնողք-ամուսնացած զաւակ յարաբերութիւնները, ամուսնական զուգընկերներու ընտրութեան կարգը՝ հին ժամանակ եւ այսօր: Մանաւանդ վերջին կարգը շեշտակի փոփոխութիւններու ենթարկուած է հինէն մինչ այսօր՝ աւանդական աղջիկտեսէն մինչեւ համացանցի միջոցով կողակիցի ընտրութիւնը:

Ընթերցողը այս ուսումնասիրութեան միջոցաւ պատկերացում մը կը կազմէ նաեւ նախահարսանեկան արարողակարգերուն մասին, ընդհուպ մինչեւ հարսնիք, յետհարսանեկան արարողութիւններ, օժիտի նուիրաբերում եւ այլ սովորութիւններ:

Այսօր ամուսնութեան կնքման պայմանները կը սահմանուին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահ-մանադրութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտանեկան օրէնսգիրքով:

Գիրքին երկրորդ բաժինով գիտնական Ռուբէն Օհանճանեան կը քննէ ընտանեկան արժեհամակարգը, ընտանիքին, ամուսնութեան նկատմամբ վերաբերմունքը, երեխաներու մասնագիտութեան նախապատուութիւնը:

Առանձին գլուխով ան նկարագրած է ամուսինի եւ կնոջ դերերու բաշխումը ընտանիքներուն մէջ՝ հինէն մինչեւ մեր օրերը եւ այդ համաթեքսթին մէջ անդրադարձած է ընտանեկան բախումներուն եւ ամուսնալուծութիւններուն: Ռուբէն Օհանճեանեան կը նշէ, որ անկախացումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անդամակցելով միջազգային կառոյցներուն, իրականացուցած է բազմաթիւ արմատական քայլեր, որոնք կը նպաստեն համամարդկային արժէքներու տարածման: Կարեւոր արժէքներուն կարգին են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, որ յայտնուեցաւ օրէնսդրական դաշտի մշակման եւ կիրառման հետեւանքով հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնին: Այդ իրաւունքներուն կարգին կարեւորուեցաւ նաեւ կիներու եւ երեխաներու իրաւունքներուն դերը, որ մինչեւ վաղ անցեալը լուրջ հիմնախնդիր չէր ընկալուեր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր միացած է Երեխաներու իրաւունքներուն, Կիներու հանդէպ խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագրերուն: Անշուշտ, օրէնսդրական դաշտի ստեղծումը կարեւոր նախապայման մը կը նկատուի ընտանեկան բախումներու կանխարգիլման համար:

Գիրքին մէջ պատմաբան Միհրան Գալստեանի աշխատութենէն կը տեղեկանանք, որ վերջին երկու տասնամեակներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ արժէքային արմատական փոփոխութիւնները իրենց դրոշմը ձգած են արդի հայ ընտանիքին վրայ: Ասոնց իբրեւ հետեւանք կը նկատեն ամուսնութիւններու եւ ծնելիութեան նուազում, միւս կողմէ ալ՝ ամուսնալուծութիւններու աճ: Նուազած է նաեւ ընտանիքին՝ ընկերականացման ազգային արժէքներու պահպանողին եւ փոխանցողին դերը:

Ժամանակակից փոխակերպուող հասարակութեան մէջ ընտանիքը կը փնտռէ այնպիսի ուղիներ, որոնք աւելի կը համապատասխանեն ձեւաւորուած նոր յարաբերութիւններուն եւ այդ կառոյցին բովանդակային փոփոխութիւններուն:

Գիրքին հեղինակները մատնացոյց կ՚ընեն արեւմտեան հասարակութիւնները, որոնց մէջ զգալիօրէն աւելցած է պայմանագրային ամուսնութիւններու, համատեղ ապրող, սակայն պաշտօնապէս չարձանագրուած զոյգերու, կրկնակի ամուսնութիւններու, միասեռականներու, առանձին ապրողներու, ինչպէս նաեւ ընտանիքին կարեւորութիւն չտուող, սակայն երեխաներ ունեցողներուն թիւը: Նաեւ այս ամէն ինչը հասցուցած են ամուսնութիւններու թիւի կրճատման, ծնելիութեան անկման, արտամուսնական կապերէ երեխաներու թիւի բազմացման, կամաւոր անզաւակ ընտանիքներու քանակի աճին եւ այլն:

Համաշխարհայնացման եւ տեղաշարժերու գործընթացները, տեղեկատուական հոսքերը եւ նոր ձեւաւորուած կառոյցներու հետ շփումը իրենց ազդեցութիւնը ձգած են նաեւ հայ ընտանիքին վրայ: Հայաստանի մէջ աշխատանքային գաղթի եւ տեղաշարժի հետեւանքով մեծ տարածում ստացած է հեռաւորութեան վրայ ձեւաւորուած ընտանիքին ձեւը: Ընտանիքին գլխաւորը, նաեւ որոշ անդամներ, տարուան մէկ մասը կ՚անցընեն ընտանիքէն հեռու: Այս մէկը, ըստ ուսումնասիրողներուն, կը խախտէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն՝ մէկ յարկի տակ ապրելու դարաւոր սկզբունքը: Աշխատանքային ճամբորդութիւնը, տեղաշարժը բազում փոփոխութիւններ յառաջ բերած է ընտանիքի կազմին մէջ եւ ներընտանեկան յարաբերութիւններէն, արժէքային համակարգէն ներս:

«Արդի հայ ընտանիքը՝ փոխակերպուող հասարակութենէն ներս» գիրքին այս հատուածի հեղինակը՝ Միհրան Գալստան, այն եզրակացութեան յանգած է, որ ոչ միայն տղամարդիկ, այլ հայ կիները նոյնպէս ներգրաւուած են միջազգային տեղաշարժերուն մէջ եւ այդ հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութեան ժամանակ պէտք չէ անտեսել անոնց դերը: Ուսումնասիրութիւններուն համար հարցումներուն պատասխանողներէն կէսէն աւելին աշխատանքի համար դուրս մեկնելու հիմնական պատճառը նշած է Հայաստանի մէջ գործազրկութեան բարձր մակարդակը: Կան նաեւ երկրին մէջ մասնագիտութեամբ աշխատանք գտնելու հնարաւորութիւնը, ընտանեկան առաջնային կարիքները բաւարարելու համար անհրաժեշտ գումարի բացակայութիւնը, ինքնաշարժի, կահոյքի, տան շինարարութեան համար գումար շահելու ու այլ պատճառներ:

Աշխատանքի համար դուրս մեկնող ընտանիքներուն մէջ շատ են նաեւ ամուսնալուծութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ազգամիջեան ամուսնութիւնները:

Բոլոր ուսումնասիրութիւններուն՝ գիրքին մէջ կ՚ուղեկցին ընկերային հարցումներուն հիման վրայ կազմուած աղիւսակներ, վիճակագրական տուեալներ:

Գայիանէ Յակոբեան գրած է վերջին բաժինը, ուր անդրադարձած է Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայ ընտանիքներու ազգային-մշակութային առանձնայատկութիւններուն, քննած է սուրիահայերու ամուսնական ծիսական համակարգը, անոնց ընտանեկան արժեհամակարգը: Սուրիոյ պատերազմէն ետք բազմաթիւ սուրիահայեր ընտանիքներով կամ ընտանիքներու որոշ անդամներով հաստատուած են Հայաստանի մէջ: Գայիանէ Յակոբեան ուսումնասիրութիւն կատարած է, թէ ի՛նչ նպաստ բերած են անոնք Հայաստանի ընկերային, մշակութային, տնտեսական կեանքէն ներս: Ուսումնասիրութենէն պարզ կը դառնայ, որ սուրիահայեր աւելի հակուած են աւանդական ընտանիքի, սովորոյթներու պահպանման, եւ հակառակ իրենց բնակավայրերէն հեռու ըլլալուն, կը ջանան պահել բոլոր աւանդոյթները:

ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ

Տակաւին 1876 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» անմահ ստեղծագործութիւնը, որ շուտով կը բոլորէ իր հրատարակման 145-րդ տարին: Մօտ 145 տարի յետոյ ալ, այդ աշխատութիւնը տակաւին չէ կորսնցուցած իր այժմէականութիւնը: «Ժողովուրդ Հայոց, քեզ համար նկարեցի Դրախտի ընտանիքը. Կ՚աղաչեմ, որ իբրեւ հայելի դնես աչքիդ հանդէպ, հայիս ու տեսնես հիւանդ եւ հիւծեալ կերպարանքդ», գրած է Խրիմեան Հայրիկը:

Իր պատրիարքութեան շրջանին, ականատես ըլլալով հայ ընտանիքին վնաս հասցնող արատներուն՝ ան, պատրիարքական աթոռէն հրաժարելէ եւ ինքզինք գրական գործունէութեան նուիրելէ ետք անդրադարձաւ նաեւ հայ ընտանիքին: 18 գլուխներէ կազմուած գիրքին մէջ Խրիմեան Հայրիկ մեծ դեր կը վերագրէ հայ կնոջ՝ զայն կոչելով գերդաստանի ոգի: Խրիմեան Հայրիկ կը պարզաբանէ ընտանեկան կեանքի բազում հարցեր, ինչպէս՝ դաստիարակութիւն, խնայողութիւն, ընտանեկան կտակ եւ յիշատակ, մայր եւ դայեակ… Կարեւորելով հարսանեաց հանդիսութիւնները՝ ան կը խրատէ զերծ մնալ աւելորդ շռայլութենէ: Գլուխներէն մին կը կոչուի «Հարսի եւ փեսայի կոչումը», որու մէջ Խրիմեան Հայրիկ մեծ կարեւորութիւն կու տայ սուրբ խորանին առջեւ սուրբ պսակի խորհուրդին արժանացած հարսին եւ փեսային.-

ՀԱՐՍԻ ԵՒ ՓԵՍԱՅԻ ԿՈՉՈՒՄԸ

Այս կոչումը սուրբ է ու նուիրական. Արարչի տիրական օրէնքն է, դրախտի օրհնութեան ձայնն է, երկու զուգակիցներու միութեան հրամանն ու հրաւէրն է, որով հարսը մայրութեան կը կոչէ, փեսան՝ հայրութեան: Երկու պսակուածներն այս գորովալի ու խորհրդաւոր բարձր անունները նոր կը ստանան եւ մանաւանդ այն օրէն, երբ աշխարհին կ՚ընծայեն իրենց անդրանիկ զաւակը: Չկան աշխարհի մէջ այլ անուններ կամ զանազան վայելուչ եւ փառաւոր տիտղոսներ, որ հաւասարուին ու համեմատուին այս սքանչելի անուններուն հետ: Թագաւոր, կայսր, իշխան, ժողովուրդ, ազգ եւ այլ մեծափառ անուններն իրենց բարձրանշան տիտղոսներով հանդերձ ցած ու նուաստ են սիրելի ու պատկառելի հայր ու մայր կոչումներէն, որովհետեւ հայր ու մայր անունները բոլոր այլ անուններու նախասկիզբ արմատն են: Դուն նայէ, թէ քանի՞ յատկանիշ ու խորհրդաւոր նշանակութիւն ունին այդ աշխարհանազ անունները. սէր, ծնունդ, կեանք, գորով, գգուանք, գութ, որդեսիրութիւն, խնամք եւ այլն: Երկու նորապսակ ամուսինները մինչ այդ սոսկ իրենց մկրտութեան անունով իբրեւ զաւակ կը կոչուէին, իսկ այժմ այդ անուններուն կ՚աւելնան նաեւ հայր ու մայր կոչումները, զաւակ ծնելով՝ հասարակութեան կեանքին մէջ կը բարձրանայ իրենց կոչումն ու կը միանայ երկնային Հօր հետ, որ տիեզերքի հայրն ու հեղինակն է եւ Իր նորաստեղծ արարչութեամբ, իբրեւ մարդկութեան նախածնողներ, նախապէս դրախտէն ներս ծնաւ հայր Ադամն ու մայր Եւան: Ի՜նչ զարմանալի է. երկինքն ու երկիրը միասին կը մշակեն ամուսնական ու խորհրդաւոր դրախտը: Երկնքի Հայրը երկինքէն կ՚օրհնէ, ասոնք երկրի վրայ զաւակ կը ծնին ու կը մեծցնեն, բայց չեն գիտեր, թէ ինչպէս: Լո՛ւռ մնայ, բնագէ՛տ, դուն նոյնպէս չես գիտեր այն խոր ու անյայտ օրէնքները, թէ ինչպէ՞ս մանուկն իր մօր արգանդին մէջ կը ձեւաւորուի իբրեւ մարդ, եւ ո՞ր ձեռքն է, որ այդ չքնաղ պատկերը անհուն ձեւերով կը նկարէ: Ամէն ինչ բնական է, կ՚ըսես՝ բնական օրէնքով է, ու կը վճռես, թէ այդ օրէնքները հրաշք չեն մեր տգիտութեան դիմաց. կամ թէ այդ յաւիտենական օրէնքները ուղղորդող չկայ, օրէնքն է ինքնին հրաշագործում: Ո՛չ, այդպէս չէ, դուն եւս խոնարհէ՛ քու հպարտացող գիտութենէն, եւ մեզի հետ խոստովանէ՛ ու հաւատա՛, որ միայն Երկնքի Հօր ձեռքը մանուկներու փոքրիկ հասակները վեր կը քաշէ: Երկրի ծնողքը կաթն ու հացը կու տան, Երկնքի Հայրը՝ լոյսն ու հանճարը, ասոնք ձեռագործ ու շինովի հանդերձ կը պատրաստեն, ան՝ բնական գեղեցկութիւնով զարմանազան զարդարում, ասոնք մեծ աշխատասիրութեամբ ուսում ու գիտութիւն կը դասաւանդեն, ան՝ մանկան փափուկ ուղեղի մէջ խելքն ու հանճարը կը զետեղէ: Ահա այսպէս երկինքն ու երկիրը, միանալով մշտապէս, կ՚արարչագործեն մարդկութեան յարատեւող կեանքը: Եթէ դրախտի ընտանիքին մէջ պահ մը դադրին այս արարչագործ ու մշակող ձեռքերը, կեանքը կը մեռնի, ու մարդը կը վերանայ աշխարհքէն: Շատ կարճամիտ են անոնք, որ կը կարծեն, թէ ամուսնութիւնը սոսկ մարմնի հաճոյք է կամ խաղ ու զուարճանք, եւ կամ թէ բնաւ կարիք չկայ հայր ու մայր անուանումներու, աշխարհի մէջ սեփական տուն ու ընտանիք կազմելու, ամէն բան անխտիր անորոշ թող ըլլայ, զաւակները ժողովուրդինը համարուին, ժողովուրդը՝ մարդկութեանը, եւ մարդկութիւնն առհասարակ աշխարհին մէջ այնպէս մը ապրի, ինչպէս անտառի մէջ՝ անասունները ու երկինքին մէջ՝ թռչունները, որոնց համար չկայ ո՛չ տուն, ո՛չ ընտանիք, ո՛չ տոհմական սերունդ, ո՛չ սեփականութիւն եւ այլն: Նուաստ, ամբարիշտ են այդ մոլորամիտ մարդիկ, որ այդպէս կը կարծեն, կը դատեն: Ամուսնութեան, հայրութեան, մայրութեան ու ընտանեկան իրաւունքները ջնջել, վերացնել կ՚ուզեն մարդկային հասարակութենէն: Այնուհետեւ այլեւս զանազանութիւն չէր մնար խօսուն մարդոց ու անխօսուն անասուններուն միջեւ: Այդ թիւր կարծիքը մարդոց կեանքը կը հանէ բանականութենէն, կ՚արատաւորէ հասարակութիւնը, կը քանդէ քաղաքակրթութիւնն ու կը ձգէ, որ մարդը լոկ իր զգայական հաճոյքով շարժի ու ապրի: Եթէ մարդկանց կեանքը այդքան նուաստանար, չգիտնային հայրութեան ու մայրութեան պատիւը, չգիտնային, թէ ո՞րն է մարդոց կոչումը, հոգիի անմահութիւնն ու բանականութեան շնորհը, ուրեմն կանուխ էր անհրաժեշտ, որ երթային առիւծի անտառն ու աղուէսի որջը: Այլեւս հարկ չէր ըլլար տուն շինել, ընտանիք կազմել, քաղաք հիմնել, ընկերական կեանք վարել եւ այլն: Երկու նորապատ-ւաստ արմաւենիները պէտք է ամենայն խնամքով ու անբիծ սիրով ծրարեն զիրար, հարսն՝ իր համեստ քօղով, փեսան՝ իր բաց ճակատով: Եթէ մէկն արեւ է, իսկ միւսը՝ լուսին, երկուքն ալ առանց ստուերող բիծի պէտք է փայլին անարատ սիրոյ պարզ ճառագայթներով: Հարսի հաւատարիմ նշանաբանը եւ բուն բարոյական ու արժանաւոր օժիտը սէրն է միայն: Եթէ աշխարհի բոլոր ադամանդները, բոլոր զարդերու պերճանքները, հարստութեան բոլոր գանձերը նժարին դնես, ամուսնական սիրոյ հետ չեն հաւասարուիր: Այդ նիւթական օժիտը երբեք այն արժէքը չունի, որ գրաւէ բնական ու բարոյական սիրոյ օժիտի տեղը: Հարսի նուիրական պարտքն է, որ նիւթական օժիտէ աւելի հսկէ իր բարոյական սիրոյ օժիտը, երբեք զայն չկորսնցնէ, եթէ այն անգամ մը կողոպտուեցաւ, այնուհետեւ, շատ դժուար կ՚ըլլայ վերստին վերադարձնել: Նոր ամուսինները, իբրեւ բարոյական ճարտարապետ, պէտք է սիրոյ հիմքն ամուր դնեն, եթէ սկիզբէն եւեթ այն քանդուի, այլեւս հազար օժիտ չեն կարող հիմնել ու հաստատել: Ամուսնական սէրն անգին է, աննման ու մահէն զօրաւոր, իր կոչումը՝ սուրբ ու խորհրդաւոր, պատկերը՝ պարզ ու մաքուր: Հզօրագոյն է սէրը երկու ամուսնացած սիրելիներու միջեւ. երկու շունչով կը շնչեն, երկու ոգիով կ՚ապրին, երկու կեանքով կը զօրանան, եթէ մէկն ու մէկը չըլլայ, սէրը կը մեռնի, որովհետեւ սիրոյ կեանքը երկու սիրտերու միութիւնն է: Ուրեմն ամուսնացածներու մեծ կոչումն ու պարտաւորութիւններն այն են, որ սիրոյ միացնող վէմը երկուքն ալ անշարժ ու անբաժանելի պահեն: Ամուսնասէր փեսան, որ ընտանեկան համեստութեան ու հաւատարմութեան առաջին հսկող պահապանն է, եթէ ցանկայ, ազատ մնալ օձերու խորամանկութենէն, թող նախազգուշանայ՝ յիշելով դրախտի պատմութիւնը, որ դրդիչ օձն այն պահուն մօտեցած էր Եւային, երբ ան միայնակ կը շրջէր եւ կը զբօսնէր դրախտի ծառաստանին մէջ ու մէկ առ մէկ կը դիտէր գեղեցիկ ծառերուն պտուղները: Ան այն ժամանակ հրապուրուեցաւ, երբ նոր ծառի պտուղ մը տեսաւ, որ գեղեցիկ էր ու հաճելի նայող աչքերուն: Աշխարհն իրաւունք կու տայ փեսային, որ հսկելով շրջափակէ իր հարսի ճանապարհը, բայց եւ փեսայի ճանապարհն ու ոտքը պիտի գոցուի ու կապուի, երբ ան արձակ ու ազատ կը շրջի ամենուրէք: Հաւատարմութիւնը հաւասար է ամուսնական պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու մէջ, եւ արդարութիւնը կը բողոքէ, եթէ փեսան ինքը եւս պահապան չըլլայ իր անձին, չգոցէ իր աչքն օտար հրապուրանքէն ու կիրքի ծարաւով խմէ օտար աղբիւրի ջուրը՝ բաւական չհամարելով իր սեփական աղբիւրը, ինչպէս կը խրատէ Սողոմոնի առակը: Ամուսնական հաւատարմութեան սուրբ պարտականութիւններն ամենայն հաւատարմութեամբ պահելու համար բաւական չեն միայն աչքն ու հսկողութիւնը, առաւել եւս անհրաժեշտ են մաքուր խիղճ, պատուի զգացում, ապագայի ամօթ ու չարաղէտ հետեւանքներէ խուսափում եւ այլն: Եւ որո՞նք են այդ ընտանեկան աղէտաբեր հետեւանքները. գնա՛ դատարան ու կը տեսնես, որ մինչեւ հոն կը հասնի այդ ամօթալի գործերուն վախճանը, որ պատահելուն երկու ամուսիններու միջեւ սէրը կը մեռնի, միութիւնը՝ կը քանդուի, նախանձի կրակը կը խանձէ սիրտերն, ու անոնք միմեանց հետ կը վարուին անհաշտ ատելութեամբ: Այնուհետեւ ընտանեկան վէճ ու կռիվ կը սկսի. բողոք, դատաստան, մէկը մէկէն անպատկառ չարախօսութիւն ու երբեմն ալ՝ չար զրպարտութիւն, այն է՝ բնաւ չեն խնայեր ամուսնական պատիւն ու ակներեւ կը հանին ամէն ինչ՝ ընտանեկան քօղի տակ թաքնուած ամօթը եւ այլն: Յետոյ այս հանգամանքներու վախճանը կու գայ. պատիժ, տոյժ ու տունի բաժանում, որով ընտանեկան քաղցր ու խաղաղ կեանքը թէ՛ նիւթապէս, թէ՛ բարոյապէս ապերջանիկ կը դառնայ, բաժան-ւած ամուսիններու պատիւն ու վարկը կ՚աղարտուի հասարակութեան մէջ ու եկեղեցիի առջեւ: Թէեւ ամուսնական կեանքին մէջ կան ուրիշ դառնահամ հանգամանքներ, ինչպէս օրինակ՝ աղքատութիւն, թշուառութիւն, զրկանք, զաւակներու, երբեմն ալ անոնց կորուստ ու այլեւայլ փորձանքներ, որոնք շատ անգամ ընտանիքները կը կործանեն, բայց երբ ամուսիններու սէրը կենդանի է, քաղցր է, այդ ամէն դառնութիւնները կ՚անուշնան, թշուառ կեանքը դրախտ կը դառնայ, ապերջանկութիւնը՝ երջանկութիւն: Իսկ երբ մեռնի ու դառնանայ մտերիմ լծակիցներուն սէրը, այնուհետեւ աշխարհի քաղցրութիւնն ու երջանկութիւնն իրենց ամէն հանգամանքներով թէ միասին ալ գան, չեն կարող դառնացած սէրն անուշութեան փոխել:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2018