ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ԿԱՈՒՏԻԻ ԱՇԽԱՐՀԸ

Քորոնաժահրի համաճարակը կը շարունակէ զբաղեցնել ամբողջ աշխարհի օրակարգը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցները ողողուած են քորոնաժահրի մասին լուրերով՝ առողջապահական, տնտեսական վերլուծութիւններով։ Թէեւ համաճարակի թափը անկում արձանագրած է կարգ մը երկիրներու մէջ, սակայն համաճարակի ստեղծած խուճապն ու վախը կը շարունակէ տարածուիլ ամէնուրեք։ Մարդիկ «բանտարկուած» են իրենց բնակարաններուն մէջ եւ սկսած են վախնալ նոյնիսկ իրենց տան դուռը բանալու։ 

Համաճարակի հետեւանքով իրենց նախկին «երանգ»ը կորսնցուցած են աշխարհի կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ու ամենազբօսաշրջային քաղաքները, որոնց գրեթէ բոլորը դարձած են «ուրուականներու քաղաք»ներ։

Մեր ապրած ժամանակամիջոցը քանի որ փորձագիտութեան դար կը համարուի, մենք ալ մեր բոլոր կարիքները կը փորձենք դիմագրաւել համացանցէն։ Տնային պայմաններու ներքեւ շատեր կը դիմեն համացանցի, գոնէ մասամբ յագեցնելու համար իրենց սորվելու եռանդը։ Ճամբորդել փափաքողներ ալ միայն առցանց հարթակներու վրայով ակամայ «կը շրջագային» զբօսաշրջային վայրերու մէջ։ 

Համացանցի շնորհիւ կարելի է ծանօթանալ արուեստի իւրայատուկ նմոյշներուն, տաղանդաւոր երաժիշտներու, բանաստեղծներու ու գրողներու ստեղծագործութիւններուն, նաեւ ճարտարապետներու իւրայատուկ հրաշալիքներուն։

Ճարտարապետութեան ոլորտին մէջ «տաղանդաւոր» բառը շատ աւելի քիչ գործածական է, հետեւաբար այս կոչումը ստանձնելը շատ աւելի դժուար է, քան միւսները։ «Տաղանդաւոր ճարտարապետներ»ու շարքին դասուած ամենավառ ներկայացուցիչներէն է Անթոնի Կաուտին, որու գլուխ-գործոցները դարեր շարունակ հիացուցած են հազարաւոր մարդիկ։ 

Յայտնի ճարտարապետ Անթոնի Կաուտի ծնած է 25 յուլիս 1852 թուականին, Քաթալոնիոյ Ռէոս քաղաքին մէջ։ Ան կը համարուէր քաթալոնական ժամանակակից բարձրագոյն ճարտարապետը։

Կաուտիի մանկութեան երազն էր ճարտարապետ դառնալ։ Ան փոքր տարիքէն կը տառապէր յօդացաւէ։ Այս հիւանդութիւնը արգելք կ՚ըլլար փոքրիկ Կաուտին քայլել երկար ժամանակ։ Օրուայ մեծ մասը կ՚անցըներ իր տանը պարտէզին մէջ, ուր արթնցաւ իր բնութեան նկատմամբ սէրը։ Բնութեան նկատմամբ ունեցած այդ սէրը դարձաւ ստեղծագործելու գլխաւոր ներշնչանքը։ 

1870-1882 թուականներու միջեւ Կաուտին որպէս գծագրող կ՚աշխատի Էմիլիօ Սալայի եւ Ֆրանսիսքօ Վիլիարայի հետ՝ իրականացնելով բազմաթիւ մանր աշխատանքներ: Եւրոպայի մէջ այդ ժամանակաշրջանին կը տարածուէր նոր կոթական ոճը եւ երիտասարդ Կաուտին կլանուած կը հետեւէր այդ ոճի նշանաւոր ներկայացուցիչներէն՝ ֆրանսացի ճարատարապետ եւ գրող Վիոլէ լը Տիւքայի գաղափարներուն։

Կաուտիի առաջին նախագիծերէն են «Վիսենսի տունը» եւ «Էլ Քափրիչօ»ն: Պարսելոնայի միջին դասակարգին համար կառուցած է իւրաքանչիւրը աննման բնակարաններ, որոնցմէ են Միլայի տունը (Casa Mila), Պալոյի տունը (Casa Batllo)՝ որ յայտնի է նաեւ որպէս «ոսկորներու տուն»: 

Անթոնի Կաուտին իր ժամանակի ամենանորարարական ճարտարապետներէն մէկն էր: Ան, անկասկած, հզօր գեղարուեստական հանճար մըն էր ու իր ստեղծագործական վաղ շրջանէն սկսեալ ունէր սեփական անկրկնելի ոճ։ Թէեւ Կաուտին կը համարուի արդիական ոճի ճարտարապետ, սակայն ան նոր ճամբայ բացած է ճարտարապետութեան աշխարհէն ներս եւ ստեղծած է իր ուրոյն ոճը։ Իր ճարտարապետական կոթողներուն վրայ կան արտասովոր կառուցուածքային ձեւեր, քանդակներ, գեղանկարչութիւն, խճանկար, նաեւ պատկերուած են մարդիկ ու կենդանիներ, երեւակայական արարածներ, ծառեր, ծաղիկներ:

Կաուտին թողած է ճարտարապետական հսկայական հարստութիւն, սակայն անոր արուեստի գլուխ-գործոցը կը հանդիսանայ Պարսելոնայի նշանաւոր Լա Սակրատա Ֆամիլիա տաճարը, որու շինարարական աշխատանքները մինչ օրս չեն աւարտած։ Լա Սակրատա Ֆամիլիայի շինարարութիւնը սկսած էր 1882 թուականին, իսկ Կաուտին 1883 թուականին կը ստանձնէ շինարարութիւնը լրացնելու պաշտօնը։ Ճարտարապետը իր կեանքը նուիրած է այս գործին, սակայն, բախտ չէ վիճակած իրեն տեսնել տաճարի վերջնական տեսքը։ 

Անթոնի Կաուտի, 73 տարեկան հասակին, երթեւեկի արկածի հետեւանքով կը փոխադրուի հիւանդանոց, ուր կ՚ենթարկուի վիրահատութեան։ Կաուտիի առողջական վիճակը այնքան կը վատթարանայ, որ նոյնիսկ լաւագոյն բուժումը անբաւարար կը մնայ։

Կաուտի կեանքէն հրաժեշտ կ՚առնէ արկածէն միայն երեք օր անց ու մարմինը կ՚ամփոփուի Լա Սակրատա Ֆամիլիայի գետնայարկի դամբարանին մէջ։ 

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2020