ԱՂԱՆԴ՝ ԶԱՏՈՒՄ
Իմ կեանքի վաղնջական ժամանակներէն սկսեալ յատուկ ակնածանք կը տածեմ սփիւռքահայոց հանդէպ: Մշտապէս մեծ ակնածանքով վերաբերած եմ անոնց հանդէպ: Իսկ արեւմտահայերէնը ինծի համար կենարար աղբիւր մըն է՝ հոգեթովիչ, զգլխիչ: Չեմ կշտանար արեւմտահայ խօսքէն:
Մեր դրացիներէն մին սուրիահայ է: Տղայ մը ունին՝ շատ անուշիկ: Զաւէնէն քանի մը տարի մեծ է, երբեմն միասին կը խաղան, սակայն մտերիմ ընկերներ չեն: Կը սիրեմ այդ ընտանիքը: Անցեալ ամառուընէ սկսեալ մտերմացանք: Զիրար ջերմ կը բարեւենք, որպիսութեամբ կը հետաքրքրուինք, երբեմն ալ կ՚այցելենք: Նախապէս ինծի կը թուէր, թէ շատ պիտի մտերմանանք, սակայն իմ կանխազգացումը ի չիք դարձաւ: Պատճառը... Պատճառը թերեւս աղանդն է:
Աղանդ բառը կը նշանակէ բաժանում: Աղանդներն ալ մայր եկեղեցիներէն զատուած կառոյցներ են: Անշուշտ, աղանդաւորական կառոյցները կը փորձեն ներկայանալ որպէս բողոքական եկեղեցի, սակայն փաստն այն է, որ անոնք որեւէ աղերս չունին Լիւթերի եւ անոր սկսած շարժումին հետ:
Իմ սիրելի դրացիները նոյնպէս աղանդաւոր են: Կը յարեն կեանքի խօսք աղանդաւորական շարժումին: Վերջերս խոստովանեցաւ: Տխրեցայ: Աղանդաւորները Հայաստանի մէջ կը վխտան: Անոնց թիւը օրէ օր կը բազմանայ: Անոնք ամէնուր են: Հայատանի մէջ անոնց թիւը կը հասնի շուրջ 500 հազարի: Այսինքն մեր ազգաբնակչութեան ամէն հինգերորդ, վեցերորդ անհատը աղանդաւոր է:
Երեկոյ մը միասին անցուցինք մեր դրացիներուն հետ: Մինչ Զաւէնիկը կը խաղար, մենք անկեղծ զրոյցի բռնուեցանք: Ան յաճախ կը յիշատակէ Աստուծոյ անունը: Հարեւանուհիիս հայրիկն ալ մեզի պէս ամէն կիրակի կը մասնակցի Սուրբ եւ Անմահ պատարագներուն: Երբեմն թոռնիկն ալ իրեն հետ կը բերէ: Ես բազմիցս առաջարկած էի որդին մեզի հետ տանիլ, սակայն անոնք ամէն անգամ քաղաքավարութեամբ կը մերժէին: Իմ մտքի ծայրէն անգամ չէր անցներ, որ մերժումի պատճառը աղանդաւոր ըլլալն է: Հայկական աւանդապաշտ ու հաւատաւոր ընտանիքի մէջ մեծցած մէկը ի վերջոյ կրնա՞յ շեղիլ ճշմարիտ ուղիէն: Այս մէկը ինծի համար նորագոյն բացայայտում մըն է: Երբ ան խոստովանեցաւ, ինծի համար ամէն բան պարզ դարձաւ: Հասկցայ, թէ ինչու մենք չկրցանք մտերմանալ: Շատ տխրեցայ: Հիասթափութիւն մըն ալ ապրեցայ, երբ սորվեցայ՝ դասընկերուհիիս աղանդաւոր ըլլալու մասին:
Ըստ Սուրբ Գիրքի՝ Եկեղեցին ունի չորս յատկանիշ՝ մի է (Յովհ. 10.16), ընդհանրական (Ա Կորնթ. 1.10), առաքելական (Եփ. 2.20-22) եւ սուրբ (Եփ. 5.25-27): Աշխարհի մէջ կան բազում եկեղեցիներ եւ «ով Հայ Առաքելական չէ, ան աղանդ է», սկզբունք մը գոյութիւն չունի: Սակայն կան նաեւ աղանդները, որոնք մայր եկեղեցիներէն զատուած կառոյցներ են:
Առաջին դարուն հրեաները քրիոտոնէութիւնը կը կոչէին աղանդ (Գործք 24.5), սակայն առաքեալները ի սկզբանէ կը շեշտէին, որ մեր եկեղեցին ոչ թէ հրէական կրօնքի մէջ որոշակի բաժանում մըն է, այլեւ բոլորովին նոր կրօնք ու յայտնութիւն մը:
Երբ Պօղոս գնաց Հռոմի մէջ քարոզելու, Պետրոսը այստեղ հիմնադրած էր եկեղեցի: Կրնաք խորհիլ, որ Պօղոսը երթար, Հռոմի մէկ ուրիշ փողոցի մը մէջ հիմնադրէր եկեղեցի մը: Եւ ըսէր Պետրոսին՝ հարկա՛ւ մենք նոյնն ենք, ոչ մէկ տարբերութիւն կայ: Դուք այնտեղ, մենք՝ այստեղ, նոյն գիրքերը կը կարդանք, իրարու կ՚ըսենք հաճելի խօսքեր, սակայն դուք այնտեղ, մենք՝ այստեղ: Ո՛չ, առաքեալները դէմ էին այդ ամէնուն, եւ յստակ կը հարցնէին. «Իսկ արդ, միթէ՞ բաժնուած է Քրիստոս», (Ա Կորնթ. 1.13): Ոչ, ուրեմն մենք ալ պիտի ըլլանք մի:
Եւ կարեւոր է, որ այդ միութիւնը ըլլայ առաքելական հիմքի վրայ: Եկեղեցին խանութ մը, գործարան մը չէ, որ քանի մը հոգիով հաւաքուինք ու բանանք:
Հարկաւ, մշտապէս եղած են մարդիկ, որոնք կը խորհէին, թէ առաքեալներու գործը կիսատ է: Անոնք ալ պէտք է հիմնէին նորանոր եկեղեցիներ: Այդ մարդոց հիմնադրածը մարդու կողմէ ստեղծուած կազմակերպութիւն մըն է, որ նպատակ մը ունի՝ բաժնել, փոքր խումբերով մասնատել Քրիստոսի միասնական համայնքը: Սակայն մենք պէտք չէ ընկճուինք, մտահոգուինք ու վախնանք: Ընդհակառակը, առաքեալը կը յորդորէ. «Պէտք է, որ հերձուածներ ալ ըլլան ձեր մէջ, որպէսզի մեր մէջէն անոնք, որ ընտիր մարդիկ են, երեւան», (Ա Կորնթ. 11.19):
Աղանդաւորները կային ու պիտի ըլլան, որպէսզի Եկեղեցին զօրեղանայ, առողջանայ, զտուի:
Աստուած պահապան բոլորիս:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան