ՂԵՒՈՆԴ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԴՈՒՐԵԱՆԻ «ՊԱՐԶ ՔԱՐՈԶՆԵՐ»Ը՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ հրատարակուած է Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի «Պարզ քարոզներ»ու Ե. հատորը՝ արեւելահայերէնով:
Այս տարեսկիզբին անդրադարձած էինք, որ Երեւանի մէջ վերահրատարակուած է «Դպրեվանքեան քարոզներ»ը, որ կը պարունակէ Արմաշի եւ Երուսաղէմի դպրեվանքերուն մէջ հայ հոգեւորական գործիչ, բանաստեղծ, բանասէր, Պոլսոյ (1909-1910թթ.) եւ Երուսաղէմի (1921-1930թթ.) Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանին աշակերտած հոգեւորականներու հատընտիր քարոզները, որոնք 1929 թուականին համադրած է Մանչսթըրի հայոց հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեան: Գիրքը լոյս տեսած է նախաձեռնութեամբ Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Քահանայ Գրիգորեանի:
Օրերս տեղեկացանք, որ Տ. Գրիգոր Քահանայ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ իրերայաջորդ կը հրատարակուին նաեւ Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի «Պարզ քարոզներ»ը, որուն Ե. հատորը դրուեցաւ ընթերցողի սեղանին: Գիրքը հրատարակուած է ի հայրապետութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի, օրհնութեամբ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանի եւ բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Գարեգին եւ Արմինէ Միքայէլեաններու, որ ստանձնած են հրատարակութեան մեկենասութիւնը, ի յիշատակ իրենց ծնողքին: Հատորները արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէնի կը փոխադրէ Գէորգ Սարկաւագ Կարապետեան:
«Պարզ քարոզներ»ը «Ժողովրդային պարզ քարոզներ» խորագրով հրատարակուելու սկսած են տակաւին 1907-ին՝ Պոլիս: Միւս հատորները արդէն լոյս կը տեսնեն Փարիզ, երբ Ղեւոնդ Արք. Դուրեան Մանչսթըրի մէջ հոգեւոր ծառայութեան կոչուած էր:
Ան «Պարզ քարոզներ»ուն շարքը հրատարակած է իր ուսուցիչի եւ հոգեւոր ծնողի՝ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի թելադրութեամբ եւ հետեւելով Սուրբ Գիրքի ողջամիտ մեկնիչներու բացատրութիւններուն եւ քարոզչական ասպարէզի մէջ առաջնորդ նկատուած ականաւոր գործիչներու հեղինակութեան:
«Պարզ քարոզներ» երկասիրութենէն զատ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս Դուրեան հրատարակած է նաեւ «Փոքր քարոզգիրք ի պէտս ժողովրդեան», «Չորս աւետարաններու ծագումն ու վաւերականութիւնը», «Մկրտութեան խորհուրդը» աշխատութիւնները:
Ղեւոնդ Արք. Դուրեան (աշխարհիկ անուն-մականունով՝ Գառնիկ Զըմպայեան) ծնած է Սկիւտար՝ 1879-ին: Եղած է համեստ արհեստաւորի մը որդին, աշակերտած է նախ Ս. Խաչի թաղային վարժարանը, ուրկէ փոխադրուած է Պէրպէրեան վարժարանը, որուն մինչեւ Երէց կարգը յաճախած է:
Արմաշի դպրեվանքին մէջ յաջողապէս աւարտելով իր ուսման ընթացքը՝ 1901-ին տասը ընկերներով վարդապետ կը ձեռնադրուի: Տարի մը յետոյ կը կանչուի Պոլիս՝ Օրմանեան Պատրիարքի անձնական քարտուղարութեան եւ ապա կ՚ընտրուի պատրիարքական փոխանորդ. պաշտօն՝ զոր կը վարէ Օրմանեան, Իզմիրլեան, Դուրեան, Արշարունի պատրիարքներու եւ տեղապահ Մանկունի Սրբազանի օրով:
Քանիցս եղած է անդամ Կրօնական ժողովի եւ վարած է նաեւ Գատըգիւղի քարոզիչի պաշտօնը:
1912-ին ընտրուած է առաջնորդ Ադրինապոլսոյ, որու վրայ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, 1914-1919 վարած է Պուլկարիոյ առաջնորդութիւնը, իսկ 1920-1922-ին՝ Իզմիրի առաջնորդութիւնը, ուրկէ հազիւ կրցած է կեանքը ազատել, ապա մինչեւ 1930 թուականը Մանչսթըրի մէջ հոգեւոր հովուութիւն ըրած է եւ Ամերիկայի առաջնորդ ընտրուած: Այդ տարին աշնան ստանձնած է առաջնորդական աթոռը Նիւ Եորքի մէջ, ուր մինչեւ 1933 պաշտօնավարելէ ետք դեկտեմբեր 24-ին ոճիրի մը զոհ երթալով դաշունահար եղած է Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ՝ արարողութեան պահուն: Իբրեւ ոճրագործներ՝ դատարանը մէկէ աւելի անհատներ բանտարկած է ցմահ:
Դուրեան Սրբազանի աճիւնները 1938-ին Ս. Խաչ եկեղեցին կը փոխադրուին:
Նշենք նաեւ, որ Դուրեան Սրբազան կապ ունեցած է նաեւ հայ մամուլին հետ. Իզմիրի մէջ խմբագրած է «Դափնի թերթ»ը (1921-1922), խմբագիր-վարիչ եղած է Պոլիս հրատարակուող «Տաճար» շաբաթաթերթին եւ ատեն մը «Լոյս» կրօնաթերթին: «Հանդէս ամսօրեայ»ի մէջ ունի ուսումնասիրական յօդուածաշարք մը՝ «Սուրբ Գրոց բնապատմական բառարան» խորագրով:
Ամերիկա անցնելէ ետք եւս աշխատակցած է մանաւանդ Ռամկավար թերթերուն:
Դուրեան Սրբազան մասնակցած է Եկեղեցական միջազգային համաժողովներու եւ արժանաւորապէս ներկայացուցած է Հայ Եկեղեցին:
«Պարզ քարոզներ»ու հատորները արժանացած են օրուայ մամուլի ուշադրութեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը նոյնպէս 1920-ականներուն գրախօսականներ տպագրած է ժողովրդային այս պարզ քարոզներուն մասին: Հատորներէն մէկուն մէջ Ղեւոնդ Արք. Դուրեան իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ արձագանգներուն համար՝ յիշատակելով նաեւ անդրադարձ կատարած թերթերուն անունները:
Ան նաեւ նշած է, թէ վստահ է, որ իր հատորները կրնան հանրութեան բարոյականին օգտակար ըլլալ եւ անոր հոգեւոր զարգացման նպաստել:
Երեւանի մէջ արեւելահայերէնի փոխադրուած հատորները նոյն նպատակը ունին, ինչ որ օրին ունեցած է ինք՝ հեղինակը: Նոր լոյս տեսած Ե. հատորէն կը մէջբերենք զբօսանքին նուիրուած բաժինը:
ԶԲՕՍԱՆՔԸ
Մեր մարմնոյ առողջութիւնը կամ մեր հոգեկան առաքինութիւնները, մեր մտքին ուշիմութիւնը, վերջապէս կեանքի երջանկութիւնը միայն աշխատութիւնով կարելի չէ ապահովել: Յիրաւի, թէեւ աշխատութիւնը կեանքի օրէնքներէն առաջինը եւ գլխաւորն է, զբօսանքն ու զուարճութիւնն ալ կեանքի համար կենսական ու առաջնագոյն կարեւորագոյն պայմաններէն են: Մարդուն համար առողջապահական բացարձակ անհրաժեշտութիւն մըն է իր սովորական աշխատութիւններէն դուրս զբօսնուլ, զուարճանալ, ուրախանալ, ցնծալ, պարել եւ այսպէսով կազդուրել իր մարմինն ու միտքը, եւ դիտուած է, որ երբ կեանքի այս երկու կարեւոր օրէնքները եւ պայմանները մարդ չի կրնար գնահատել կամ մէկը միւսէն կը գերադասէ, անիկա չի կրնար իր մարդկային պարտականութիւնը կատարել իր սահմանեալ շրջանակին մէջ, որովհետեւ այն որ աշխատութեան աւելի նախապատուութիւն տալով գիշեր ու ցորեկ կ՚աշխատի, անփոփոխ անընդհատ տաժանելիօրէն կը գործէ, անիկա հետզհետէ կը կորսնցնէ մարմնոյն առուգութիւնը, մտքին եռանդը, խանդը եւ ուշ կամ կանուխ զինքը կը շրջապատէ մեղկութիւնն ու թուլութիւնը: Անշուշտ, երբ աշխատութենէ վերջ ժամանակ մը յատկացուի զուարճութեան, զբօսանքի կամ ուրախութեան, յայնժամ՝ աւելի առողջ, աւելի կայտառ եռանդով, համարձակ ու զուարթ պիտի փարի մարդ իր աշխատութեանց:
Միշտ աշխատելով եւ երբեք չզուարճանալով, մարդ ապուշ կը դառնայ ի վերջոյ. չափաւոր զուարճութիւնները, երգերը, թատրոնները, հաճոյքներն ու ուրախութիւնները քրիստոնէական կրօնի բարոյական սկզբունքներուն հակառակ են. խստակրօն եւ մոլեռանդ կրօնաւորներու հնարած վարդապետութիւնն է այդ: Սխալ մեկնաբանուած քրիստոնէութեան վնասները այդպիսի կրօնականներու կողմէ մարդկութիւնը շատ կրած է: Տիեզերքի բովանդակութեան մէջ ոչ միայն աշխատութիւնը, այլեւ զբօսանքը, ուրախութիւնն է որ կը տեսնենք ամէն կողմ։ Հոն ո՛չ միայն ընդունակ կը տեսնենք ամէն բան աշխատութեան եւ գործելու, այլեւ՝ զբօսնելու, խայտալու, ցնծալու եւ զուարճանալու:
Հինէն անմեղ եւ չափաւոր զուարճութիւնները նոյնիսկ կը կարծուէր, թէ չի համապատասխաներ քրիստոնէական կրօնի սկզբունքներուն եւ բարոյականի, բայց այդպէս կարծողները չափազանց սխալեցան: Հին աւանդութեան մը համեմատ կը պատմուի, որ Յիսուսի սիրեցեալ աշակերտը Յովհաննէս, Եփեսոսի մէջ երբ անգամ մը բլրակի կուշտը նստած աղաւնի մը կը շոյէր, որսորդ մը տեսաւ Առաքեալին աղաւնիով զբօսնուլը եւ զարմանքով ըսաւ.
-Ո՜վ սուրբ Առաքեալ, դուն որ տեսած ես Յիսուսը, դուն, որ Առաքելութեան մէջ ծերացած ես, ինչպէս պիտի յարմարէր քեզի զբօսնուլ թռչունի հետ:
Առաքեալը առանց պատասխանելու որսորդին, հետեւեալ հարցումը ըրաւ.
-Ինչո՞ւ միշտ լարուած չես պահեր աղեղդ:
-Վասնզի,- ըսաւ որսորդը,- եթէ միշտ լարուած պահեմ՝ լարը իր առաձգականութիւնը կը կորսնցնէ:
-Նոյնը ես կ՚ընեմ,- պատասխանեց Առաքեալը,- եթէ մտքիս աղեղը միշտ լարուած ըլլայ իմ լուրջ զբաղումներով, օր մը անխուսափելիօրէն կ՚աւրուի:
Մարդկային գործունէութեան աղեղն ալ չի կրնար միշտ լարուած եւ ձգտեալ մնալ, պէտք է թուլցնել զայն մերթ ընդ մերթ, որպէսզի պահէ իր առաձգականութիւնը:
Ֆրանսայի Լուտովիկոս Թ. թագաւորը, որ պատմութեան մէջ ամենէն գեղեցիկ եւ ուշագրաւ դէմքերէն է, օր մը իր պալատին պատշգամին վրայ նստած սատրիճ կը խաղար իր բարեկամներէն միոյն հետ, հարցուեցաւ իրեն՝ թէ եթէ այդ պահուն հրեշտակ մը գար ծանուցանելու, թէ մահուան վայրկեանն հասած է, ի՞նչ պիտի ընէր.
-Խաղս պիտի շարունակէի նոյն աշխոյժով եւ նոյն եռանդով,- պատասխանեց: Խաղս խաղալով Աստուծոյ կամքն է, որ կը կատարեմ:
-Այսպէս ուրեմն զուարճութիւնները պարկեշտ եւ չափաւոր սահմանի մէջ՝ նախախնամական օրէնքներու եւ կանոններու համաձայն են, եւ անհրաժեշտ մաս կը կազմեն կեանքի: Անուրանալի պարագայ մըն է, թէ զբաղուած, խոնջեալ, պարտասեալ մարմինը, ինչպէս յոգնած միտքը, պէտք ունի հանգստի, զբօսանքի եւ զուարճութեան, բայց շա՞տ, թէ՞ քիչ, ահա բուն ուշադրութեան առնելիք կէտը:
Եթէ երբեք բացարձակ կերպով արգիլեալ ըլլար զուարճութիւնը, հաճոյքը, անշուշտ, քրիստոնէութիւնը պիտի արգիլէր զայն, մինչդեռ ընդհակառակը պէտք մը ըլլալը կը շեշտուի, միայն թէ պէտք է դնենք անոր մէջ զգուշութիւն եւ չափաւորութիւն:
Կեանքը պահպանելու համար բժիշկները իբր դեղ տեսակ-տեսակ թոյներ կու տան մարդուն, բայց ոչ թէ առանց յանձնարարութեան, այլ կշիռով, չափով, համեմատութեամբ, որպէսզի դեղը որ թոյն է, մարդուն վնաս չպատճառէ: Այսպէս նաեւ զուարճութիւնը չափով, համեմատութեամբ պէտք է ըլլայ: Այդ չափը ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ: «Այսուհետեւ ուրախ լերուք ի Տէր» կ՚ըսէ առաքեալը: Ահա իր յանձնարարութեան մէջ յատկապէս կը յիշէ. «Ուրախ ըլլալ ՏԻՐՈՋՄՈՎ»:
«Տէրը» որ Աստուած է, մեր ուրախութիւնն ու զուարճութիւնն ալ Անով ու Անոր շուքի տակ պէտք է ըլլայ պարկեշտութեամբ, չափաւորութեամբ եւ համեստութեամբ: Կեանքի մէջ, երբ ամէն բանի չափ մը դրուած է եւ սահման մը գծուած, երբ ամէն բանի պայման մը որոշուած է, պէտք է ուրեմն մեր ուրախութիւններն ու զբօսանքներն ալ պայման մը ունենան: Մեր կեանքի մէջ մեզի հանդիպող շատ մը ձախորդութիւններ եւ կերպ-կերպ վնասներ այս կամ այն սխալանքին, այս ինչ կամ այն ինչ հաճոյքներու երեսէն չեն, այլ այդ ուրախութիւնները չարաչար գործածելնուս հետեւանքէն է. կը նուիրուինք չափազանց ծայրայեղ հաճոյքներու, այսինքն այն բանը որ իբր դեղ պէտք էինք գործածել, իբր սնունդ կը գործածենք: Մեր կեանքը դեղով կրնա՞նք սնուցանել, ապրեցնել, եթէ սովորական սնունդը չըլլայ, այն ատեն ի՞նչ կրնանք ընել միայն դեղով: Դեղը զօրութիւն կու տայ մարմնին, կը կազդուրէ, կը նորոգէ եւ կը մաքրէ մարմինը, բայց անով չէ, որ կը սնանինք: Հաճոյքը, ուրախութիւնը միշտ պէտք է նկատենք իբրեւ դեղ եւ ոչ թէ իբրեւ սնունդ: Սխալը այն ատեն կ՚ըլլայ, հաճոյքը որ պիտի գործածէինք իբրեւ դեղ, ընդհակառակը իբրեւ սնունդ կը գործածենք, առանց չափի, առանց կշիռի, առանց համեմատութեան ու պայմանի: Այս ընթացքն է, որ կը սխալեցնէ մեզ եւ միշտ զբօսանքի, հաճոյքի, զուարճութեան վայրերուն մէջ բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս կը սահինք, կ՚իյնանք: Այդ հաճոյքի վայրերուն գետինը լպրծուն է ու սահեցնող եւ ուր ինկողը մեծ դժուարութեամբ ինքզինքը կը գտնէ: Չափ մը ու կանոն մը պէտք է, հակառակ պարագային հաճոյքները կը վատթարացնեն մեր կեանքը եւ կը վնասեն անոր: Մենք միշտ կը կարծենք, թէ անմեղ զբօսանք մըն է այս ինչ կամ այն ինչ ըրածնիս, բայց որովհետեւ գծուած կանոն մը ու որոշ չափ մը չունինք, մեր անմեղ նկատած զբօսանքները կ՚ըլլան մեղանչական:
Չափազանց հաճոյքները ոչ միայն բարոյականին, այլեւ մարմնին, մտքին, պատիւին կը վնասեն: Կիկերոն կ՚ըսէ. «Մարդ անուան արժանի չէ այն, որ յօժար է ամբողջ օր մը վատնել զուարճանալով»: Չափազանց զուարճասէր եւ հաճոյասէր կենդանին մեռած կը նկատուի: Միայն խաղի եւ զուարճութեան յատկացուած կեանքը կեանք չէ բնաւ, այնպիսին անօգուտ է մարդկանց առջեւ, մեղապարտ Աստուծոյ առջեւ: Չափաւոր, բանաւոր, պարկեշտ հաճոյքները, զբօսանքները կ՚ազնուացնեն եւ կը կատարելագործեն մարդուն մտաւոր, հոգեկան եւ բարոյական բարեմասնութիւնները եւ ինչպէս աշխատութենէն կը հասկցուի ժողովուրդի մը նկարագիրն ու յառաջդիմութիւնը, նմանապէս եւ իր զբօսանքներէն եւ զուարճութիւններէն կը հասկցուի իր բարոյական մեծութիւնը, նկարագիրը եւ ընդունակութիւնը, վասնզի զբօսանքները ժողովուրդի բարոյական մեծութեան, նկարագրի եւ յառաջդիմութեան հայելին կը համարուին:
Դժբախտաբար մեր մէջ զբօսանքներն ու զուարճութիւնները չափազանցութեան տարուած են, օրինակի համար պարերը: Ես չեմ այն խստակրօն եւ մոլեռանդ եկեղեցականներէն, որ կը դատապարտեն պարերը իբրեւ անբարոյացուցիչ եւ քրիստոնէական ոգւոյն հակառակ: Պարերը այնքան հին են, որքան մարդկութեան ծագումը, վայրենիներէն սկսեալ մինչեւ ամենէն քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ պարեր գոյութիւն ունին, ոչ այսչափ միայն, այլեւ կրօնական արարողութեանց մէջ իսկ պարեր ընդունուած են: Եթովպական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համեմատ, պատարագի սկզբնաւորութեան եկեղեցականներ խորանին շուրջ պար կը բռնեն «Ծափս հարէք ամենայն հեթանոսք աղաղակեցէք առ Աստուած ի ձայն ցնծութեան» սաղմոսը երգելով: Պարերը կարելի չէ բառնալ ընկերութեանց մէջէն եւ պէտք չէ բառնալ, քանի որ պարերու, ոստումներու, ծածանումներու, կայթումներու միջոցաւ է, որ մարդ իր ուրախութիւնը, եռանդն ու ցնծութիւնը կ՚արտայայտէ: Սակայն երբ պարերու մէջ ազնուացում չկայ, երբ լկտի, խենէշ եւ անազնիւ պարերը կը նախապատուեն՝ հոն բարոյական անկում եւ քայքայում անխուսափելի է: Այդպիսի պարերը պէտք է խափանուին եւ շնորհալից եւ գեղեցկագիտական պարեր պէտք է ընդհանրացուին, որոնք չեն յուզեր անազնիւ տրամադրութիւններ:
Դժուար է զբօսանքներու համար որոշ եւ յայտնի կանոններ դնել եւ ցուցանակներ պատրաստել այն զուարճութեանց եւ զբօսանքներու, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ: Ոմանք փորձած են թուել եւ դասաւորել շնորհալից եւ գեղեցկագիտական զբօսանքները եւ զուարճութիւնները, ինչպէս եւ լկտի, անազնիւ զբօսանքները, բայց չեն յաջողած, վասնզի զբօսանք մը որ մէկուն համար կրնայ անազնիւ տրամադրութիւններ յառաջ բերել, ուրիշի մը համար որեւէ գայթում կամ անկում չի պատճառեր:
Զբօսանքի եւ զուարճութեան մէջ ճշմարիտ առաջնորդ պէտք է ունենանք Պօղոս առաքեալի սա պատուէրը. «Վերջապէս, եղբայրներ, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութիւնով եւ ինչ որ գովութիւն է, այն բաները խորհեցէք եւ գործեցէք»:
Այսպէս ուրեմն մեր բոլոր գործերուն մէջ՝ ըլլայ աշխատութեան մէջ, ըլլայ զբօսանքի կամ ուրախութեան մէջ, պէտք է վարուինք ուղղութեամբ՝ առանց սուտի եւ խարդախութեան, պէտք է ամչնանք մեր այն ընթացքներէն, որոնք դուրս են պարկեշտութեան սահմաններէն, պէտք է ջանանք անուննիս մաքուր պահելու եւ բարի համբաւ մը ունենալու եւ ինչ որ գործենք, խօսինք, զբօսնունք, պէտք է գովասանքի արժանի ըլլանք թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մարդկութեան առջեւ:
Արդ՝ քանի որ կրօնքը եւ Եկեղեցին երբեք նպատակ չունին մեր հաճոյքները եւ զբօսանքները արգիլելու, հետեւինք, ուրեմն, Իմաստունին եւ Առաքեալին այն պատուէրներուն, որոնք մեր բնաբանն ընտրեցինք եւ ըստ այնմ՝ «Տիրոջմով» անարատ վարքով ու չափաւորութեամբ՝ ուրախութիւններու եւ զուարճութեանց մէջ նպաստենք մեր կեանքի առողջութեան եւ բարօրութեան, հետեւաբար եւ յառաջդիմութեան եւ յաջողութեան, հակառակ պարագային գիտնանք, թէ «Աստուած մեզ դատաստանի պիտի բերէ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 10/07/2024
- 10/07/2024