Արցախի Մէջ Յունիսին Տեղի Պիտի Ունենայ «Թութի Փառատօն»

Յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 27-ին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան վար­չու­թեան եւ «Ա­րե­նի փա­ռա­տօն» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ա­մա­րաս վան­քի յա­րա­կից տա­րած­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի Թու­թի փա­ռա­տօն:

Ար­ցա­խի եօթ շրջան­նե­րէն եւ Հա­յաս­տա­նէն կազ­մո­ւած տա­ղա­ւար­նե­րուն մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին թու­թէն ստա­ցո­ւած բա­րիք­նե­րը՝ թու­թի օ­ղին, ռու­պը, չա­մի­չը, ա­նու­շը: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան վար­չու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան փո­խանց­մամբ՝ փա­ռա­տօ­նին պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին ար­ցա­խեան թու­թի օ­ղիի եւ ռու­պի պատ­րաստ­ման ա­ւան­դա­կան ե­ղա­նակ­նե­րը, թու­թի օ­ղիի թոր­ման մշա­կոյ­թը ե­ւայլն:

Միւս կող­մէ, մշա­կու­թա­յին ծրա­գի­րը եւս կը խոս­տա­նայ ա­ռատ ու հե­տաքրքրական ըլ­լալ: Փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին պի­տի հնչէ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից երգ ու ե­րաժշ­տու­թիւն:

Ա­րո­ւես­տի ան­կիւ­նին մէջ այ­ցե­լու­նե­րը պի­տի ծա­նօ­թա­նան ար­ցախ­ցի տա­ղան­դա­ւոր նկա­րիչ­նե­րու, վար­պետ­նե­րու, կա­ւա­գործ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն հետ: Փա­ռա­տօ­նին պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի նաեւ մե­տաք­սա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ մե­տաք­սի մշակ­ման ա­րո­ւես­տը: Փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կերպ­ման ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ­նե­րէն են՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման խթա­նու­մը, տե­ղա­կան ար­տադ­րու­թեան զար­գա­ցու­մը, ար­ցա­խեան խո­հա­նո­ցի հան­րահռ­չա­կու­մը, ինչ­պէս նաեւ հա­մայնք­նե­րու մշա­կու­թա­յին կեան­քի աշ­խու­ժա­ցու­մը: Թու­թը եւ ան­կէ ստա­ցո­ւած բա­րիք­նե­րը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին ար­ցախ­ցի­նե­րուն հա­մար։ Այդ մէ­կը կը վկա­յէ թթե­նի­նե­րու բազ­մա­թիւ այ­գի­նե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը ամ­բողջ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին:

Փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը պի­տի փոր­ձեն ըստ հնա­րա­ւո­րու­թեան օգ­տա­գոր­ծել ար­ցախ­ցի­նե­րու հա­մար կա­րե­ւոր այդ բնու­թեան բա­րի­քի խոր­հուր­դը ամ­բողջ փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին: Պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին ա­ւան­դա­կան խա­ղեր, թթե­նի­նե­րու թափ տա­լու մրցոյթ­ներ, հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ բազ­մա­թիւ այլ ժա­ման­ցա­յին ձեռ­նարկ­ներ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015