ՀՌՉԱԿԱՒՈՐՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍ

Սուրիան իր մայրաքաղաքով, աշխարհագրական դիրքով, պատմութեամբ ու հնութիւններով, գեղեցկութեամբ ու հիւրընկալութեամբ միշտ դարձած է երազային ու երանելի այն վայրը, զոր ուզած են մարդիկ այցելել աշխարհի չորս կողմերէն:

Մայրաքաղաք Դամասկոսը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մին է, որ առաջին անգամ յիշատակուած է Քրիստոսէն առաջ 2500 թուականին։ Եղած է Օմայեան խալիֆայութեան մայրաքաղաքը՝ 661-750 թուականներուն։ Հին քաղաքը յայտնի է եօթ դռներով, որոնց մեծ մասը պահպանուած եւ վերանորոգուած են։ Սուրիոյ տարածքին տեղակայուած էին աշխարհի ամենահին քաղաքակրթութիւնները՝ Ասորեստանեան, խեթական թագաւորութիւնը, Բաբելոնեան, Պարսից կայսրութիւնը, Ալեքսանդր Մակեդոնացիի իշխանութիւնը: Այս երկիրը գրաւուած է Հռոմէական կայսրութեան, Բիւզանդիոնի, արաբական խալիֆայութեան, խաչակիրներու, մոնղոլներու, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

1920 թուականին երկիրը դարձած է Ֆրանսայի գաղութ եւ ֆրանսական տիրապետութենէն անկախացած է 1946 թուականին, ուստի Դամասկոս այցելողները, մանաւանդ մայրաքաղաքին մէջ, հնագոյն եւ նորագոյն պատմութեան միահիւսումն է, որ կը ջանան տեսնել:

Վերջին աւելի քան տասն տարիներու պատերազմին պատճառով այսօր թերեւս խամրած է քաղաքին հռչակն ու փայլքը, բայց Դամասկոսի անցեալի փառքը երբեք չի մարիր:

Արաբական կայքէջերէն մին անդրադարձած է այս հինաւուրց քաղաքը այցելած հանրաճանաչ քաղաքական գործիչներուն, արուեստագէտներուն, գրողներուն եւ ներկայացուցած է հին լուսանկարներ, որոնց մէջ պատկերները թերեւս այնքան յստակ չեն, բայց անոնց արժէքը անգնահատելի է: Աղբիւրը, որ կը ներկայացնէ Սուրիա այցելած միջազգային համբաւ վայելող նշանաւորները՝ կը նշէ, որ անոնցմէ շատեր նախքան հռչակ ունենալը կատարած են այդ այցելութիւնները:

ԻՇԽԱՆ ՖԻԼԻՓ

Վերջերս Էտինպուրկի դուքս՝ իշխան Ֆիլիփի մահուան առթիւ, հրապարակուած են լուսանկարներ, որոնք կ՚ամփոփեն իր կեանքը: Շատեր նկատած են, որ անոնցմէ ամենէն ուշագրաւներէն է իշխանին Դամասկոս այցելութեան լուսանկարը, ուր միատեղ հաւաքուած են գեղեցիկ տարազներով առաջնորդներ:

Ի դէպ, Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփ այցելած է Սուրիա, երբ Բրիտանիոյ Ճորճ Զ.-ի փեսան էր եւ անոր կինը՝ Էլիզապէթ տակաւին թագուհի չէր պսակադրուած: Ան եղած է Բրիտանական նաւատորմի խումբին մէջ: Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին՝ Սուրիոյ նախագահ Հաշէմ ալ Ատասի, կառավարութեան ղեկավար Նազըմ ալ Քուտսի, պաշտպանութեան նախարար Ֆաուզի Սլօ եւ զօրավար՝ Ատիպ Շիշէքլի:

ԹԷՈՏՈՐ ՌՈՒԶՈՒԵԼԹ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահը Թէոտոր Ռուզուելթ (1858-1919թթ.) Դամասկոս այցելած է, երբ երիտասարդ էր: 19-րդ դարու եօթանասունականներուն ան արեւելքի այդ անկիւնը հասած է՝ յայտնաբերելու համար աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մին: 1908 թուականին, Ռուզուելթի նախագահութեան շրջանին, Ուաշինկթընի մօտ Օսմանեան կայսրութեան դեսպանի՝ Մուհամմէտ ալ Ապէտի ընդունելութեան ատեն, Սպիտակ տունէն ներս, երբ ան գիտցած է, թէ դեսպանը Դամասկոսէն է, անմիջապէս սկսած է պատմել իր դամասկոսեան արկածախնդրութեան ու յուշերուն մասին:

ՄԱՐՔ ԹՈՒԷՅՆ

Ամերիկացի ամենայայտնի գրողներէն Մարք Թուէյն (1835-1910թթ.), որ հեղինակն է «Թոմ Սոյըր» վէպին, 1867 թուականին այցելած է Դամասկոս, որպէս լրագրող Գալիֆորնիա նահանգի թերթերէն մէկուն: Ան Դամասկոսի մասին իր տպաւորութիւնները նկարագրած է հետեւեալ տողերով. «Աշխարհի մէջ չկայ արձանագրուած դէպք մը, որ հասած չըլլայ Դամասկոս: Խորհրդաւոր անցեալի բոլոր անցուդարձերուն մէջ Դամասկոսը ներկայ է: Տարիները Դամասկոսի համար պարզապէս պահեր են, իսկ տասնամեակները՝ թռչող ակնարկներ: Այնտեղ ժամանակը չի չափ-ւիր օրերով, ամիսներով ու տարիներով, այլ կայսրութիւններով, զորս Դամասկոս տեսած է, թէ ինչպէս կը հիմնուին, կը բարգաւաճին ու ապա անկում կ՚ապրին»:

ՀԷԼԷՆ ՔԵԼԼԸՐ

Ամերիկացի ուրիշ գրող մը Հէլէն Քելլըր (1880-1968թթ.), որ կոյր էր, Դամասկոս այցելած է  1952 թուականի ապրիլին, ուսումնասիրելու համար համրերուն ու խուլերուն վիճակը Սուրիոյ մէջ: Դամասկոսի մէջ ան ելոյթ ունեցած է ֆրանսական ակումբի երդիքին տակ, այցելած է քաղաքի թանգարանը: Հակառակ որ գրողը նաեւ խուլ էր (մանուկ հասակին հիւանդութեան մը պատճառով), բայց ունէր հաղորդակցութեան նշաններ, զորս կը գործածէր իր ելոյթներու ժամանակ: Ան նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերած է Սուրիոյ համրերուն ու խուլերուն: Գրողին կենսագրութեան մէջ շատ հետաքրքրական դրուագներ կան, բայց հեռաւոր Դամասկոս ճամբորդելն ու հոն ելոյթ ունենալը միշտ կը յիշուի անոր կենսագիրներուն կողմէ:

ՉԱՐԼԻ ՉԱՓԼԻՆ

Աշխարհի առաջին կատակերգակ աստղը Չարլի Չափլին (1889-1977թթ.) Դամասկոս այցելած է՝ Դամասկոսէն դէպի Եգիպտոս ուղեւորութեան ընթացքին: Շատ բան չէ արձանագրուած այս այցելութեան մասին, բացի այն, որ գացած է «Ալմարժէ» հրապարակին վրայ գտնուող «Զահրա» շարժանկարի սրահը, ներկայ գտնուելու իր իսկ շարժապատկերին՝ «Քաղաքին լոյսերը» ներկայացման:

Հակառակ որ շարք մը լուսանկարներ կան Չափլինի Եգիպտոս այցելութենէն, բայց Սուրիայէն որեւէ լուսանկար չկայ: Այս այցելութիւնը յիշատակուած է ամերիկացի հետազօտող՝ Էլիզապէթ Թամսընի 1999 թուականին հրատարակած՝ «Գաղութներու քաղաքացիները» գիրքին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՔԵՄԱԼ ԱԹԱԹԻՒՐՔ

Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք (1881-1938թթ.), թրքական բանակի սպան, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիրն ու հանրապետութեան առաջին նախագահը այցելած է Դամասկոս 1905 թուականին, երբ երիտասարդ սպայ մըն էր: Մէկ տարի ապրած է Սուրիա՝ տարին անցընելով Հալէպի եւ Դամասկոսի միջեւ: Այդ ընթացքին ծանօթացած է շարք մը սուրիացիներու ու թուրքերու, որոնք դէմ էին Սուլթան Համիտ Բ.-ին:

ԻՐԱՆԻ ՇԱՀԸ

Իրանի Մուհամմէտ Ռըզա Փեհլեւի շահը (1919-1980թթ.), որ գահազուրկ եղած է 1979 թուականին Իսլամական յեղափոխութեամբ, այցելած է Դամասկոս երիտասարդ տարիքին՝ 1939 թուականին, երբ Եգիպտոս կ՚ուղղուէր ամուսնանալու համար Եգիպտոսի թագաւոր Ֆարուքի քրոջ՝ իշխանուհի Ֆաուզիէին հետ: Այն ատեն Դամասկոսի մէջ զինք դիմաւորած է Սուրիոյ նախագահ Հաշէմ ալ Ատասին:

ՇԱՐԼ ՏԸ ԿՈԼ

Ֆրանսայի մեծագոյն քաղաքական եւ ռազմական գործիչներէն, Ֆրանսայի 1959-1969 թուականներու նախագահը՝ Շարլ տը Կոլ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին այցելած է Դամասկոս, որպէս ֆրանսական ուժերու հրամանատար: Լիբանանի Շթորա գիւղաքաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաշէմ ալ Ատասիին հետ՝ վերջինէս խնդրելու, որպէսզի վերադառնայ իշխանութեան, սակայն ան մերժած է: Հետեւաբար Տը Կոլ նախագահութիւնը յանձնած է շէյխ Թաժ ալ Տին ալ Հիւսնիին, որուն հետ ալ լուսանկարներ ունի Դամասկոսի փողոցներուն մէջ:

ՀԱՄՖՐԻ ՊՈԿԱՐԹ

Ամերիկացի դերասան Համֆրի Պոկարթ (1899-1957թթ.), որ «Քազապլանքա» շարժապատկերին հերոսն էր, 1950 թուականին այցելած է Դամասկոս, պատրաստուելու համար իր յաջորդ շարժապատկերին՝ «Սիրոքքօ»ին, որուն դէպքերը կը կատարուէին Դամասկոսի մէջ՝ 1925 թուականի մեծ յեղափոխութենէն ետք:

ԻԼԻԱՆՈՐ ՌՈՒԶՈՒԵԼԹ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին՝ Իլիանոր Ռուզուելթ (1884-1962թթ.), որ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզուելթի կողակիցն էր, նոյնպէս հիացած է Դամասկոսով: Միջին Արեւելք այցելութիւններուն ծիրէն ներս, որոնց նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ պաղեստինցի փախստականներու վիճակին, ան այցելած է նաեւ Դամասկոս՝ 1953 թուականի մարտին: Իլիանոր Ռուզուելթ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ իսկական առաջնորդին՝ Ատիպ Շիշէքլիին եւ նախագահ՝ Ֆաուզի Սլոյին հետ, նախագահական նստատեղիին մէջ:

Ըստ աղբիւրին, սուրիացի լրագրող Ամին Սաիիտ գրած է 2004 թուականին հրատարակուած գիրքին մէջ, թէ 1945 թուականին, նախագահ Շիւքրի Քուաթլի հրաւիրած էր նախագահ Ֆրանքլին Ռուզուելթը այցելելու Դամասկոս, սակայն վերջինս, հիւանդութեան պատճառով, չէր կրցած գալ:

ՃԱՈՒԱՀԱՐԼԱԼ ՆԵՀՐՈՒ

Հնդկաստանի առաջնորդ եւ առաջին վարչապետ Ճաուահարլալ Նեհրու (1889-1964թթ.) Դամասկոս այցելած է երկու անգամ. առաջինը՝ 1956 թուականին, երբ կ՚ուղղուէր դէպի Նիւ Եորք, ներկայ գտնուելու ՄԱԿ-ի ժողովին, իսկ երկրորդը՝ Սուրիա-Եգիպտոս միաւորման ժամանակ: Դամասկոսի մէջ փողոց մը կոչուած է իր անուամբ: Նախագահ Շիւքրի ալ Քուաթլիի հրաւէրով, մեծ ընդունելութեամբ դիմաւորած են զինք նախագահական նստատեղիէն ներս: Անոր երկրորդ այցելութեան, շատ պնդած է այցելել իր հիւանդ ընկերոջ՝ Ֆարէս Ալխուրիին, իր հետ եղած է նաեւ դուստրը՝ Անտիրա Կանտին:

Կը պատմուի, թէ երբ Հնդկաստանի առաջնորդը կուրծքին կարմիր վարդ մը զետեղած ներկայացած է ՄԱԿ-ի ժողովին, բոլորը գիտցած են, թէ այդ Դամասկոսի վարդ է:

Դամասկոսեան հռչակաւոր վարդը բոլոր Դամասկոս այցելողներուն ուշադրութիւնը գրաւած է: Հոն Դամասկոսի վարդով կը պատրաստուին անմահական անուշներ, թէյեր, օշարակներ, անուշահոտեր, օճառներ, կենարար հեղուկներ, բալասաններ: Երկու տարի առաջ այս նուրբ հոտով եւ գոյնով վարդը ներառուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ:

ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ԱԼԻ

Աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ, մարդասէր ու հասարակական գործիչ Մուհամմէտ Ալի (1942-2016թթ.) 1972 թուականին այցելած է Դամասկոս, դէպի Մեքքէ ուղեւորութեան ճանապարհին: Ան հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Հաֆըզ ալ Էսատին հետ: Տարիներ ետք կրկին այցելած է Դամասկոս՝ այս անգամ հանդիպելու համար հանրապետութեան իսլամական հոգեւոր առաջնորդ՝ միւֆթի շէյխ Ահմէտ Քըֆթարոյին հետ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուելու կրօնական եւ սուֆիական հարցերով:

ՏԻԶԻ ՃԻԼԵՍՓԻ

Ամերիկացի ճազ նուագող Տիզի Ճիլեսփի (1917-1993թթ.), որ կը համարուի ճազի թիւ երկուն Լուիզ Արմսթրոնկէն ետք, 1956 թուականին այցելած է Դամասկոս, ուր ելոյթ ունեցած է Դամասկոսի միջազգային 3-րդ ցուցահանդէսին: Ան զարմացուցած է ժողովուրդը, երբ յարգելով քաղաքի սովորութիւնները, փակած է վարագոյրը՝ էզանի ընթացքին:

ՆԻՔՈԼ ՔԻՏՄԸՆ

Հոլիվուտի գեղեցկուհի, օսքարակիր աշխարհահռչակ աստղ Նիքոլ Քիտմըն  Դամասկոս գացած է 1994 թուականին ամուսինին՝ Թոմ Քրուզի մօր հետ: Անոնք պտոյտ կատարած են Դամասկոսի հին շուկաներուն մէջ, այցելած են Փալմիր (Թըտմոր) հնագիտական քաղաքը: Այցելութիւնը յայտարարուած չէ եղած: Հանդիպած են կարգ մը ուսանողներու հետ:

ԿԼՈՐԻԱ ԿԷՅՆԸՐ

Ամերիկացի աշխարհահռչակ երգչուհի Կլորիա Կէյնըր (1943թ.), որ  «I will survive» երգի հեղինակն է, մեծ համբաւ վայելած տարիներուն գտնուած է Դամասկոսի մէջ՝ 1980 թուականին եւ ելոյթ ունեցած է «Մերիտիըն» պանդոկին մէջ:

ՇԱՆ ՔԱՆԸՐԻ

Շան Քանըրի (1930-2020թթ.)՝ Ճէյմըս Պոնտի կերպարը ներկայացնող դերասանը այցելած է Դամասկոս 2004 թուականին, սուրիացի համաշխարհային բեմադրիչ՝ Մուսթաֆա Աքքատի ընկերակցութեամբ: Իգնատիոս Դ. Պատրիարք Հեզիմի հրաւէրով, ան հանդիպում մը ունեցած է ուղղափառ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Մարիամեան եկեղեցւոյ մէջ:

Աշխարհի հնութիւնները գնահատողները նշած են, որ զուարճանքի եւ այլ անցողիկ հաճոյքներու համար նախատեսուած զբօսաշրջային վայրերը երբեք համեմատելի չեն պատմութիւն, մշակոյթ եւ աւանդութիւն ունեցող այնպիսի անուններու հետ, ինչպէս Դամասկոսն է: Ան այսօր աշխարհի պատերազմական կէտերուն վրայ կեցած է իր հազարամեակներու պատմութեամբ եւ մշակոյթով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021