ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԻ ՀԱՄԵՐԳ, ԲԱՅՑ ՈՒ՞Ր…

Երբ դաշնամուրի համերգի մասին խօսինք, անմիջապէս մեր երեւակայութեան պաստառին վրայ կը պարզուի համերգասրահ մը եւ կամ ալ բացօթեայ վայր մը՝ ինչպիսին են Նիւ Եորքի կեդրոնական զբօսավայրը եւ Լոս Անճելըսի «Hollywood Bowl»ը։

Սրահին առաւելութիւնը այն է, որ արդիական ջեռուցումի միջոցներով՝ ան ամառը զով կ՚ըլլայ եւ ձմեռն ալ տաքուկ։ Իսկ բացօթեայ վայրին առաւելութիւնը այն է, որ համերգէն առաջ կանուխ կրնաս երթալ հոն եւ փիքնիքի ձեւով, սեղան մը սարքելով կերուխում կազմակերպել։

Սակայն մեր այսօրուան համերգը տեղի կ՚ունենայ վերոյիշեալ վայրերէն բոլորովին տարբեր տեղ մը, ուր ո՛չ ջեռուցում գոյութիւն ունի եւ ոչ ալ կերուխում։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Արդարեւ, իտալացի դաշնակահարուհի եւ լեռնագնաց Էլիզա Թոմելլինի բարձրացած է Monte Rosa, որ կը գտնուի այն գագաթին վրայ՝ ուր Զուիցերիան եւ Իտալիան իրար կը միանան։ Իսկ իր դաշնակը ինքնաթիռով բարձրացած է հոն, ուր արուեստագիտուհին ելոյթ ունեցած է։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ վերոյիշեալ գագաթը կը գտնուի 4.267 մեթր բարձրութեան վրայ, իսկ օդի ջերմութիւնն է՝ -15C աստիճան։ Գալով Էլիզային՝ ան պաղէն պաշտպանուելու համար բուրդէ շատ հաստ ձեռնոցներ հագած է, ինչպէս կը տեսնէք։

Երբ Էլիզային հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ ձեռնարկած է այսպիսի վտանգաւոր սխրագործութիւն մը։ Ան պատասխանած է, թէ իր կեանքի երկու կիրքերը՝ լեռնագնացութիւնն ու դաշնամուր նուագելը, ուզած է միացնել՝ որպէսզի մարդիկ աւելի լաւ հասկնան աշխարհի գեղեցկութիւնը։

Էլիզա որոշած է նաեւ իր եզակի այս առաքելութեան նիւթական հասոյթը ամբողջովին յատկացնել Նեփալի տնանկ երեխաներու համար կառուցուած բնակարանին։

Ասկէ աւելի մարդասիրական եւ նուիրական ձեռնարկ մը կարելի՞ է երեւակայել քսանմէկերորդ դարու մէջ, ուր դրամը կը տիրէ եւ մարդկութիւնը հեռու կը մնայ մեր միտքերէն ու սրտերէն…

ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ԵՒՍ, ԲԱՅՑ ԻՆՉԻ՞ ՄԷՋ…

Վերջերս «Guiness World Records»ը ողողուած է նոր մրցանիշներու հաստատումով։ Առ ի տեղեկութիւն յիշեմ, որ 1955-1999-ը, տարին մէկ անգամ հրատարակուած՝ մրցանիշներու այդ գիրքը կը կոչուէր «The Guinness Book of Records».

Ինչ որ է, հիմա գանք մեր բուն նիւթին։ Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքէն, ուր կ՚ապրի մեր հերոսը՝ Ռամիրօ Ալանիս։ Իսկ ի՞նչ է անոր սխրագործութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։

Ուրեմն, այս տարօրինակ մարդը (տես նկարը), նոյն ֆիլմը՝ «Spider-man: No Way Home»ը 292 անգամ դիտած է դեկտեմբեր ամսուան կէսերէն մինչեւ մարտ ամսուան կէսերը… Այդ ընթացքին՝ պատահած է, որ ան օրական հինգ անգամ դիտած է նոյն ֆիլմը։

Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ, որ Ռամիրօ՝ ընդհանուր առմամբ 720 ժամ վատնած է այդ ֆիլմը դիտելու համար, որ կը հաւասարի 30 օրուան։ Իսկ այդ արկածախնդրութեան համար՝ ան ծախսած է 3.500 տոլար։ Բայց ինչո՞ւ այս բոլորը, որպէսզի իր սխրագործութիւնը արձանագրուի «Guinness World Records»ի մէջ։

Որպէսզի յաջողի իր առաքելութեան մէջ, Ռամիրօ՝ ֆիլմը դիտած պահուն, զրկուած էր հետեւեալ անհրաժեշտ կարիքները գոհացնելէ։ Ան չէր կրնար քունի անցնիլ, բջիջային հեռախօսը գործածել եւ նոյնիսկ արտաքնոց երթալ։ Մէկ խօսքով՝ ան բաւական զիջումներու ենթարկուած է յաջողութիւնը ապահովելու համար, չէ՞ք խորհիր։

Ան վերջապէս հասած է իր նպատակին։ Ինչո՞ւ վերջապէս ըսի, որովհետեւ 2019 թուականին ան փորձած է մրցանիշ հաստատել, սակայն ձախողած է։ Այդ թուականին՝ անոր սխրագործութիւնը եղած է 191 անգամ դիտել՝ «Avengers: Endgame» ֆիլմը։

Ես պիտի ըսէի «Կամենալը՝ կարենալ է», բայց ի գին ինչի՞!

ԿԱՄԵՆԱԼԸ՝ ԿԱՐԵՆԱԼ Է…

Կրնա՞ք երեւակայել, որ կոյր պարմանուհի մը՝ պասքեթպոլի գնդակը նետէ եւ ճշգրտօրէն զամբիւղին մէջ զետեղէ։ Այս դէպքը պատահած է Միշիկըն նահանգի Զիլընտ քաղաքին մէջ։

Արդարեւ 17-ամեայ Հուկլընտի առիթ տուած են՝ իրենց դպրոցի պասքեթպոլի խաղի աւարտին, որ գնդակը նետէ զամբիւղին մէջ։ Անոր առաջին փորձը ձախողած է, սակայն երբ երկրորդ փորձը յաջողած է՝ մարզասրահը թնդացած է 2 հազար 5 հարիւր հանդիսատեսներու ծափերով եւ ուրախութեան աղաղակներով։

Բայց ի՞նչ է ասոր գաղտնիքը։ Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։

Հուկլընտ երեք տարեկանին կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը, սակայն իր կուրութիւնը երբեք պատճառ չէ հանդիսացած՝ որ ան զրկուի իր սիրած բաներէն։

Ուրեմն վերոյիշեալ խումբի մարզիչը՝ երկար ձողով մը կը զարնէ զամբիւղին, որպէսզի կոյր պարմանուհին անոր ձայնով առաջնորդուի եւ գիտնայ զամբիւղին վայրը։ Այսպէսով կ՚ապահովուի յաղթանակը։

Արեւմտեան քաղաքակիրթ երկիրները կը քաջալերեն անկարները, որպէսզի մասնակցին իրենց սիրած մարզական խաղերուն։ Այսպէս՝ ամէն չորս տարին անգամ մը տեղի կ՚ունենայ ողիմպիական խաղեր (փարալիմփիք), անկարներու համար։

Երբ այս դէպքին մասին կը խորհրդածէի, միտքս ինկաւ բանաստեղծին հետեւեալ տողերը, որոնք առընչութիւն ունի մեր պատմութեան հետ։

Աշխատանք, կամք ու կորով՝
Երեք ձիրքեր են որով,
Մարդ՝ երկնի վրայ թէ երկրի,
Անպայման կը յաջողի։

Յաջողութիւնը՝ որեւէ գործի մէջ, կամքի եւ յարատեւ աշխատանքի արդիւնք է։ Հիմա խօսինք օրինակներով։

Իտալացի նշանաւոր երգիչ Անտրէա Պոչելլի 12 տարեկանին բոլորովին կուրացած է, սակայն անոր կուրութիւնը երբեք արգելք չէ հանդիսացած, որ ան իր ձայնով գրաւէ աշխարհի ուշադրութիւնը եւ յաջողի իր ասպարէզին մէջ։

Ամերիկացի նշանաւոր հեղինակ Հելէն Քելլըր 19 ամսուան մանկիկ մը եղած ժամանակ թէ՛ կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը եւ թէ իր լսողութիւնը։ Սակայն այս բոլորը պատճառ չեն հանդիսացած, որ ան իր հրատարակած գիրքերով դառնայ նշանաւոր։

Ուրեմն եզրակացնելով՝ կրկնեմ, թէ «Կամենալը, կարենալ է»։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2022