ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ՝ ՆՈՒՊԱՅԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Երեք հայ բժիշկներ մէկ ամիսով մեկնած էին ափրիկեան Նուպայի լեռները՝ փոխարինելու «Աւրորա» մրցանակի այս տարուան մրցանակակիր, ամերիկացի բժիշկ՝ Թոմ Քաթինան, որ տարիներէ ի վեր կը գտնուի Սուտան, Նուպայի լեռներուն մէջ գտնուող «Գթութեան մայր» հիւանդանոցէն ներս եւ քանի որ երբեք փոխարինող չէ ունեցած, ուրեմն առանց ծանրակշիռ պատճառի անցնող ինը տարիներուն չէ լքած հազարաւոր խնամեալները, որոնք իր կարիքը ունին: Բայց Տքթ. Քաթինան ձգեց հիւանդանոցը եւ Հայաստան եկաւ՝ մասնակցելու «Աւրորա»ի մրցանակաբաշխութեան, որուն ընթացքին ալ յաղթող յայտարարուեցաւ: Ան անցեալ տարի ալ մարդասիրական այս մրցոյթի յաւակնորդներէն էր, սակայն չէր եկած Հայաստան:

«Աւրորա»ի հերոսներուն մասին շատ գրած ենք: Այսօր խօսքը անոնց մասին չէ, այլ՝ Թոմ Քաթինային հայաստանեան այցին ընթացքին փոխարինելու գացած երեք հայ բժիշկներուն, որոնք գտնուելով վտանգներով, անկանխատեսելի իրադարձութիւններով լի, անծանօթ Նուպայի լեռներուն մէջ, նուազ հերոսութիւն չըրին այդ օրերուն, երբեք գիտցած չըլլալով, թէ հեռաւոր Սուտանի նոյնքան հեռաւոր այդ լեռներուն մէջ ինչ կը սպասէ իրենց այն պարագային, երբ Սուտանի հարաւը գտնուող Նուպա լեռներուն շրջանը 2001 թուականէն ի վեր կը համարուի աշխարհի թէժ կէտերէն մին եւ անորոշ ապագայով պատերազմական գօտի մը: Պատերազմին ու տեղահանութեան յաջորդած են սովը եւ հիւանդութիւնները, զորս մարդիկ կը կրեն աշխարհի ուշադրութենէն դուրս մնացած երկրագունդին այդ անկիւնը: Ապշիլ կարելի է, թէ ինչպէ՛ս Թոմ Քաթինան, միս-մինակ կ՚ընդունի եւ կը բժշկէ այդքան հիւանդներ, միեւնոյն ատեն ըլլալով թէ՛ վիրաբոյժ, թէ՛ ծնունդներ ընդունող բժիշկ, թէ՛ մորթաբան եւ թէ հոգեբան, որ նեցուկ ու սատար է հազարաւոր մարդոց: 750 հազար բնակչութիւն ունեցող այս շրջանի միակ այս բժիշկը տեղացիները կոչած են՝ Նուպայի «Յիսուս Քրիստոս»: Հիւանդները յաճախ ոտքով կը ճամբորդեն հասնելու «Գթութեան մայր» հիւանդանոցը: Մէկ ամիս այդ հիւանդանոցին մէջ անոնք իրենց գանգատներն ու ցաւերը ներկայացուցին ոչ թէ իրենց սիրելի Քաթինային, այլ՝ երեք հայ բժիշկներուն, զորս սիրեցին հաւասարապէս այնքան, որքան կը սիրեն իրենց սիրելի տոքթորը:

Ռազմական բժիշկներ՝ Երեւանի Կեդրոնական քլինիքական հիւանդանոցի վիրաբուժութեան բաժնի ղեկավար, շուրջ քսանըերեք տարի Հայաստանի զինեալ ուժերու մէջ ծառայող փոխ-գնդապետ՝ Գէորգ Ոսկանեանը եւ նոյնպէս զինուորական բժիշկ, մայոր՝ Հայկ Յովհաննիսեանը Սուտան մեկնած են Հայաստանէն: Անոնք, «Աւրորա»ի գրասենեակէն ստանալով այս առաջարկը, երկար մտածելու պէտք չունէին, անմիջապէս համաձայնեցան կատարելու մասնագիտական այս ուղեւորութիւնը։ Անոնք «Եթէ պէտք է, ուրեմն, պէտք է», սկզբունքով մեկնեցան Սուտան, ուր անոնց միացաւ կնախտաբան՝ Արմինէ Բարխուտարեան, որ արդէն իսկ կը գտնուէր Ափրիկէի մէջ: Վերջինս անցեալ տարուան Դեկտեմբեր ամսուընէ ի վեր կ՚աշխատի Քենիայի Մալինտի քաղաքի հիւանդանոցին մէջ: Երիտասարդ բժշկուհի՝ Արմինէ Բարխուտարեան աւարտած է Ռուսաստանի Սեչենովի անուան Բժշկական ակադեմիան, ուրկէ եկած է Երեւան, սակայն շուտով որոշած է զբաղիլ միսիոնարութեամբ եւ մեկնած է Ափրիկէ, ուր բազմաթիւ երկիրներու մէջ չեն դադրիր պատերազմներն ու բախումները, ուր կան սով, համաճարակ, աղքատութիւն եւ անոնցմէ բխած առողջապահական մեծ հարցեր: Ամենէն շատ բժիշկներու, վիրաբոյժներու կարիքը ունին այսօր մարդիկ թերեւս այդ տարածութեան մէջ, ուր բնակչութիւնը արագօրէն կը բազմանայ, սակայն զարգացման պայմանները շատ ետ են ժամանակակից չափանիշներէն:

Նմանատիպ վայր մըն է Սուտանի Նուպայի լեռները, ուր մարդիկ փախուստ տուած են ռմբակոծութիւններէ եւ կը բնակին վախի եւ կարիքի մէջ ապաստանելով:

*

Մէկ ամիս ամերիկացի Թոմ Քաթինան փոխարինող հայ բժիշկները ընթացիկ օրերուն վերադարձան Հայաստան եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) գրասենեակին մէջ «ՀԲԸՄ զրոյցներ» նախագիծի շրջանակներէն ներս ասուլիսի մը հրաւիրուելով պատմեցին իրենց աննախադէպ փորձառութեան մասին: Նուպայի լեռներ տանող ճանապարհը դժուար ճամբայ մըն է, որ հայ բժիշկները յաղթահարած են վեց օրերուն ընթացքին:

Փոխ-գնդապետ Գէորգ Ոսկանեան նախ ըսաւ, որ Նուպայի մէջ աշխատանքային, ինչպէս նաեւ կենցաղային պայմանները համեմատելի չեն Հայաստանի եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ունեցած պայմաններուն հետ: Այնտեղ կեանքի, ապրուստի, մտածողութեան այլ օրէնքներ կը գործեն եւ խիստ տարբեր էր կլիման, ուր բնակեցան հայ բժիշկները մէկ ամիս:

*

«Մենք միայն շարժանկարներու մէջ տեսած ենք մրջիւններու այդպիսի բարձր բոյներ, այդ տեսակի կարիճներ: Հոն մրցանակ սահմանած էինք, թէ մեզմէ ո՛վ ամենէն շատ կարիճ կը սպաննէ եւ Արմինէն ամենէն շատը սպաննեց», որպէսզի պատկերացում կազմենք միջավայրին մասին, այսպիսի դէպք մը յիշեց հայ բժիշկը:

«Այս մէկը իմ առաջին առաքելութիւնս չէ: Ես երկու անգամ առաքելութեան մասնակցած եմ հայկական խաղաղապահ զօրքերու անձնակազմին մէջ, առաջինը՝ Աֆղանիստան 2010 եւ 2013 թուականներուն էր», պատմեց միւս բժիշկը՝ Հայկ Յովհաննիսեան, որ նոյնպէս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան Կեդրոնական քլինիքական հիւանդանոցի վիրաբուժութեան բաժնին մէջ պաշտօն կը զբաղեցնէ, ինչպէս Գէորգ Ոսկանեանը: Երկուքն ալ նշեցին, որ բժիշկի մը գործունէութեան մէջ շատ կարեւոր կողմ մը կայ, որ մարդասիրութիւնն ու խաղաղութեան հաստատման մաս կազմելն է: Այս բժիշկները երբեք բաւարար չեն նկատեր հանգիստ, խաղաղ պայմաններու մէջ աշխատիլ, մանաւանդ, երբ կը տեսնեն, թէ ինչպէս այլ մարդիկ իրենց կեանքը վտանգելով կը ծառայեն մարդկութեան:

Արմինէ Բարխուտարեանին համար ոգեշնչող եղած է իր կեանքը վտանգած այդ-պիսի բժիշկի մը՝ Թոմ Քաթինայի պատմութիւնը: Երբ անցեալ տարի դիտած է «Աւրորա»ի մրցանակաբաշխութիւնը, մանաւանդ Թոմի գործունէութիւնն է, որ շատ տպաւորած է հայ երիտասարդ բժշկուհին, որմէ ետք է, որ ան որոշած է լքել խաղաղ պայմանները, նուիրուիլ բժշկական առաքելութեան ու մեկնիլ Ափրիկէ: Իսկ երբ առաջարկ ստացած է ժամանակաւորապէս փոխարինել զինք ոգեշնչող հերոս Քաթինան, երջանիկ զգացած է եւ առանց երկմտելու տուած է իր համաձայնութիւնը:

Գէորգ Ոսկանեան նշեց, որ Արմինէն մէկ ամսուան ընթացքին կիներ բժշկած, ծննդաբերութիւններ կատարած է եւ հիմա լուրեր ունին, որ այդ կիները արդէն իսկ կարօտցած են հայ բժշկուհին:

«Մենք պատրաստ ենք կրկին վերադառնալու Նուպա եւ օգնելու Թոմ Քաթինային»: Այս եղաւ երեք հայ բժիշկներուն միասնական խօսքը:

Անոնք մինչ այդ պատմեցին նաեւ ծանր դէպքերու մասին, մահերու մասին, որոնց ականատես եղած էին:

*

Կրկնելով «Աւրորա»ի դափնեկրին խօսքերը՝ հայ բժիշկները ըսին, որ շատ դժուարութիւններ ունեցած են, բայց ամենէն դժուարը իրենց համար եղած է անշուշտ հիւանդներուն մահը տեսնել, որմէ չեն կրցած խուսափիլ: «Առաջին ամենէն անհրաժեշտ բժշկական գործիքը, որ կը բացակայի Նուպայի մէջ, արհեստական շնչառութիւն ապահովող գործիքն է, որու չգոյութեան պատճառով ես հիւանդ մը կոր-սընցուցի, ապա երեք օր տանջուեցայ», ըսաւ Գէորգ Ոսկանեան, նշելով, որ Թոմ Քաթինային խոստումը, թէ «Աւրորա»ի ժամանակ ստացած իր գումարը պիտի ներդնէ Նուպայի հիւանդանոցի կարիքները հոգալու համար, շատ բան պիտի փոխէ: Թոմ Քաթինան, իրաւ, Երեւանի մէջ մրցանակը ստանալէ ետք ըսաւ, որ իրեն տրուած 100 հազար տոլար պարգեւը պիտի ծախսէ իր հիւանդներուն խնամքը բարելաւելու համար: Ատկէ ետք, ինչպէս բժիշկները վստահեցուցին, Քաթինայի կեանքին մէջ իրապէս տեղի կ՚ունենան մեծ փոփոխութիւններ, որովհետեւ անհնար է աշխատիլ առանց ժամանակակից գործիքերու, անոր ըրածը հերոսութիւն որակեցին մրցանակաբաշխութեան միջոցին: «Թոմը իրական սուրբ է: Մենք այսօր կը գտնուինք սուրբերու կողքին եւ չենք գիտակցիր այդ մէկը: Ես Թոմը կը նմանցնեմ Ճուզեփփէ Մոսքաթիին՝ «Ամոքիչ սէր» գիրքի հեղինակին… Մենք երբ հոն կը գտնուէինք իրապէս կը վախնայինք, որովհետեւ մեր մէջ նուազ է Աստուծոյ գոյութիւնն ու հաւատքը Իրեն հանդէպ, եթէ շատ ըլլար՝ մենք չէինք վախնար», ըսաւ Գէորգ Ոսկանեան:

Ասուլիսին օրը երեք բժիշկներուն տեսակապով միացաւ Արցախի մէջ գտնուող Ռուբէն Վարդանեան, որ հաստատեց «Աւրորա»ի հիմնադիրներուն սկզբունքը՝ «Հակառակ մեր ունեցած դժուարութիւններուն, պէտք է օգնութեան ձեռք մեկնել նաեւ ուրիշներուն»: «Հակառակ անոր, որ մենք կը բնակինք ոչ շատ դիւրին պայմաններու մէջ, մեր առջեւ շատ չլուծուած հար-ցեր ունինք, մենք մեր մէջ կը գտնենք ուժ եւ համոզուած ենք, որ այդ է կարեւորը, ոչ թէ միայն ապրինք մեզի համար, այլ նաեւ՝ աշխարհին», ըսաւ Ռուբէն Վարդանեան:

Իսկ պատերազմական Սուտանէն վերադարձող բժիշկները ըսին, որ երբեք իրենք զիրենք հերոս չեն սեպեր, նշեցին նաեւ, որ լաւ գործ ընելու համար պայման չէ Ափրիկէ հասնիլ, հոս ալ ծառայելու շատ վայրեր կան:

ԵՐԵՔ ԲԺԻՇԿ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՂ

Նուպայի լեռները մեկնած են նաեւ երկու հայ վաւերագրողներ, որոնք շարժանը-կարներ նկարահանած են Թոմ Քաթինային եւ հայ բժիշկներուն մասին: Հայաստանի մէջ գործող «Պարս մետիա»ի հիմնադիր, բեմադրիչ՝ Վարդան Յովհաննիսեան «Աւրորա»ի մրցանակաբաշխութենէն առաջ մեկնած է Սուտան, ուր տեսաժապաւէն մը նկարահանած է Թոմ Քաթինայի մասին, որ ցուցադրուեցաւ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին: Հայ վաւերագրող Վարդան Յովհաննիսեան տարուան վեց ամիսը կը բնակի Ափրիկէ, հակամարտութեան գօտիներուն մէջ նկարահանելու մեծ փորձ ունի ան, ինչ որ առիթ հանդիսացած է, որ «Աւրորա»ի գրասենակին կողմէ ընտրուի եւ գործուղղուի Սուտան: Թոմ Քաթինայի մասին տեսաժապաւէնը ան նկարահանած է Ապրիլին իր գործընկերուհի՝ Խանէ Պօղոսեանի հետ: Խանէն Ապրիլէն ետք մնացած է Սուտան՝ շարունակելու համար նկարահանումները, այս անգամ հոն մեկնած հայ բժիշկներուն մասին վաւերագրութիւն մը ստեղծելու:

Վարդան Յովհաննիսեան կը պատմէ, որ դիւրին չէ հասնիլ Նուպայի լեռները, նախ անհրաժեշտ է քանի մը կառոյցներէ մուտքի թոյլտուութիւններ ստանալ, որոնցմէ մէկը՝ Քենիայի եպիսկոպոսէն է, որու թեմին մէջ ընդգրկուած է «Գթութեան մայր» հիւանդանոցը, ուր կը ծառայէ Թոմը: Այլ թոյլտուութիւն մըն ալ անհրաժեշտ է ստանալ Հարաւային Սուտանի կառավարութենէն, որ սովորաբար լրագրողներուն հանդէպ բարեացակամ չեն, ինչպէս նաեւ արտօնութիւններ պէտք է ստանալ ՄԱԿ-էն եւ Նուպայի լեռներու կուսակցականներէն: Այդ երկար գործընթացը որեւէ պահու կրնայ խափանուիլ եւ ճամբորդութիւնը վայրի մը մէջ ձախողութեան մատնուիլ, ինչպէս եղած է իր առաջին ճամբորդութեան ընթացքին՝ Վարդան Յովհաննիսեան ետդարձի ճանապարհին ստիպուած եղած է մնալ փախստականական ճամբարին մէջ: Մարդոց տեղաշարժը կը խանգարեն նաեւ այդ վայրերուն մէջ տեղացող յորդառատ անձրեւները, որոնց պատճառով ժամերով ճամբաներ կը գոցուին, խոչընդոտ են նաեւ երկրին մէջ տեղի ունեցող զինուորական փոփոխութիւնները, որոնց հետեւանքով կրակահերթեր կը սկսին եւ չուերթները կը յետաձգուին: Այդ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարած հայ վաւերագրողներն ու բժիշկները կատարած են իրենց գործը:

Վարդան Յովհաննիսեան պատմելով Նուպայի ժողովուրդի կեանքին մասին կը նկարագրէ, որ նուպացիք հպարտ ժողովուրդ են, որ պատրաստ են ամէն վայրկեան երախտապարտ ըլլալու իրենց ձեռք մեկնողներուն, սակայն միեւնոյն ատեն կ՚ուզեն նաեւ աշխարհի հետ զգալ հաւասարը հաւասարի պէս: Այդ երկրին մէջ փտածութիւնը, յետամնացութիւնը այնպիսի չափերու հասած է, որ ըստ հայ վաւերագրողին, բոլորովին այլ, մեզի անծանօթ օրէնքներ, բարքեր կը գործեն: Հարաւային Սուտանի մայրաքաղը՝ Ճուպայի մէջ բոլորը զինուած եւ քաղցած են, բանակը մէկ տարի ամսաթոշակ չէ ստացած, բայց աննախադէպ թիւով հրամանատարներ ունի: Քաղաքին մէջ ելեկտրականութիւն, կոյուղի եւ այլ անհրաժեշտ միջոցներ չկան, ժամը եօթէն ետք արտակարգ ժամ կը գործէ եւ բնակիչները ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն գոյատեւելու եւ ողջ մնալու համար:

Նուպայի լեռներուն մէջ ապաստանած ժողովուրդին հնագոյն սովորոյթներէն է նաեւ ամուսնացող աղջկայ մը համար փեսացուէն կենդանիներ ստանալ: Նոյն ձեւով անոնք վարուած են նաեւ Թոմ Քաթինայի՝ իրենց միակ բժշկին հետ: Մէկ տարի առաջ Քաթինան խնդրած է իրեն հետ աշխատող նուպացի սեւամորթ բոյժ-քոյրի ձեռքը եւ ստիպուած եղած է երկար սպասել, քանի որ հարսնցուին բոլոր եղբայրները կարգով իրենց համաձայնութիւնը պիտի յայտնէին:

Բարքերուն համաձայն, Քաթինան կնոջ՝ Նասիմայի ընտանիքին վճարած է 7 կով, 15 այծ: Իր վաւերագրութիւնը նկարելու ժամանակ Վարդան Յովհաննիսեան բնակած է Թոմ Քաթինայի եւ վերջինիս կնոջ հետ, պարզ կաւաշէն տան մը մէջ, ուր չկան հոսող ջուր, ելեկտրականութիւն, կոյուղի եւ ամէնուր կարիճներ կը վխտան:

Այդ անսովոր աշխարհին մասին շուտով աւելի մանրամասնօրէն կը տեղեկանանք պատրաստուող շարժանկարներէն, իսկ մինչ այդ, Վարդան Յովհաննիսեան մամուլին տրամադրած է լուսանկարներ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017