ԱՄԵՆԷՆ ԴԺՈՒԱՐ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Մարդ արարածը իր Աստուծմէ ստացած ազատ կամքին, իմաստութեան ու բանականութեան շնորհիւ, դարերու ընթացքին յառաջացուցած է բազմաթիւ արհեստներ ու արուեստներ, որոնցմով ճոխացուցած է իր կեանքը, անոր տալով իւրայատուկ փայլք մը ու հետաքրքրութիւն մը:

Մարդկային կեանքը ճոխացնող արուեստները, սակայն, ունին իրենց կողմերը՝ դիւրին արուեստներ, դժուար արուեստներ, հաճելի արուեստներ, տաժանակիր արուեստներ, եւ այլն: Բայց եթէ պահ մը փորձենք հասկնալ, թէ ո՞րն է այդ արուեստներուն մէջ ամենէն դժուարը, երեւի մեզմէ շատեր պիտի գան նոյն եզրայանգումին, թէ մարդկային կեանքին մէջ ամենէն դժուար արուեստը՝ լռութիւնն է, որ ծնունդ կ՚առնէ դիմացինին լսելու ունակութենէն:

Այսօր, մեր կեանքի ընթացքին յաճախ կ՚ունենանք այնպիսի պարագաներ ու կը յայտնուինք այնպիսի իրավիճակներու մէջ, որոնց հիմնական եւ միակ պատճառը մեր չլսելն է: Չլսել՝ Աստուծոյ, մեր ծնողներուն, մեր ամուսիններուն կամ կիներուն, մեր հարազատներուն, մեր մտերիմներուն, մեր ընկերներուն ու բարեկամներուն, մեր առաջնորդներուն ու ղեկավարներուն (թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ աշխարհիկ), մէկ խօսքով՝ մեր նմաններուն: Իսկ այդ չլսելուն հետեւանքները շատ յաճախ անդառնալի ու կորստաբեր կ՚ըլլան:

Հոգեւոր գետնի վրայ, երբ մարդ ականջ չի դներ ու չի՛ լսեր Իր Արարիչին պատուէրներն ու թելադրութիւնները, բնականաբար իր կեանքը եթէ նոյնիսկ առ երեւոյթ «խաղաղ» ու «օրինակելի» երեւի մարդոց, բայց իրականին մէջ այդպիսին չէ, որովհետեւ առանց Աստուծոյ պատուիրաններուն, պատուէրներուն, խրատներուն ու թելադրութիւններուն օգտագործումին, մարդուն կեանքը անովասիս անապատի մը կը նմանի, ուր կենդանութեան ո՛չ մէկ յոյս ու նշոյլ կարելի է գտնել կամ տեսնել:

Մարդկային փոխյարաբերութեան մէջ վէճերուն ու գժտութիւններուն հիմնական ու գլխաւոր պատճառը եւս զիրար չլսելն է, զիրար լսելու եւ լռելու ունակութենէն զուրկ ըլլալն է: Արդարեւ, եթէ մարդ փոքր տարիքէն ձեռք ձգէ լռելու արուեստին գաղտնիքները եւ ճիշդ կերպով սորվի իր դիմացինին, իր նմանին լսելու արուեստը, այդ պարագային իր կեանքը հնարաւորինս հեշտ ու հեզասահ կ՚ընթանայ:

Աշխատանքային ոլորտին մէջ դարձեալ զիրար չլսելն ու լռելու ունակութենէն զուրկ ըլլալը, պատճառ կը դառնան ահաւոր վնասներու ու կորուստներու, թէ՛ հաստատութեան մը, իշխանութեան մը, կառոյցի մը տնօրինութեան, ղեկավարութեան համար, եւ թէ՛ ալ աշխատողներուն, այդ ոլորտները ոտքի պահող մարդուժերուն: Հետեւաբար, մարդուն տարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութեան հասնելու գլխաւոր բանալին ճիշդ ժամանակին լռել գիտնալն է եւ կարելի եղածին չափ դիմացինին լսելն է:

Օրին մէկը ամուսիններ իրարու հետ կը վիճաբանին եւ չեն կրնար զիրար հասկնալ: Բարկութեան այդ պահին, ամուսինը դառնալով իր կնոջ՝ կ՚ըսէ.

-Ա՛ռ ամենէն թանկագին բանը քեզի համար այս տունէն եւ ծնողքիդ տունը գնայ։

Կինը զգալով ու հասկնալով, որ բարկութեան այդ պահուն, զիրար պիտի չկարենան հասնկալ ու հասկցուիլ, առանց հակադարձելու իր ամուսինին ըսածին, գլուխը խոնարհեցնելով մէկ կողմ կը քաշուի: Ձեւով մը, սակայն, կը յաջողի թմրեցնել իր ամուսինը եւ հնազանդելով անոր ըսածին, թէ՝ «ա՛ռ ամենէն թանկագին բանը քեզի համար այս տունէն եւ ծնողքիդ տունը գնայ», տունէն դուրս եկած ժամանակ կ՚առնէ իր ամուսինը, որ թմրեցուցած էր, ու իր ծնողքին տունը կ՚երթայ։

Մի քանի ժամ ետք, երբ ամուսինը թմրած վիճակէն ուշքի կու գայ, զարմացած իր չորս կողմը կը նայի ու կը հարցնէ իր կնոջ, թէ ի՞նչ պատահած է:

Կինը հանգստութեամբ կը բացատրէ իր ամուսինին պատահածը ու կ՚աւելցնէ, թէ դուն ինծի ըսիր, որ ամենէն թանկագին բանը ետ բերեմ ծնողքիս տուն, իսկ այս կեանքին մէջ ինծի համար քեզմէ աւելի թանկագին բան չկայ…։

Արաբերէնէ թարգմանուած այս կարճ պատումը շատ բան կը սորվեցնէ մեզի եւ զօրաւոր դաս մը կու տայ իւրաքանչիւրիս համար, թէ ինչպէս պէտք է վարուինք, որպէսզի մեր կեանքին մասնիկը եղող վէճերուն պատճառով մեր կեանքը կորուստի չմատնենք, այլ՝ ընդհակառակը, այդ վէճերուն ընդմէջէն ա՛լ աւելի հասուն դառնանք ու կեանքին եւ մարդկային մեր փոխյարաբերութիւններուն աւելի լրջութեամբ մօտենանք:

Սաղմոսագիր Դաւիթ թագաւորը կ՚ըսէ. «Բարկանայք եւ մի՛ մեղանչէք, զոր ինչ ասէք ի սիրտս ձեր, յանկողինս ձեր զղջացարուք» (Սղ 4.4): Բարկանալը մարդուն ունեցած յատկութիւններէն մէկն է, այսինքն՝ մարդը իր կեանքին մէջ յաճախ կը յայտնուի այնպիսի իրավիճակներու մէջ, ուր չբարկանալը անհնար կը դառնայ, բայց Սաղմոսերգուն կու գայ մեզի պարզելու յստակ ճշմարտութիւն մը, որով կը թելադրէ մեզի բարկութիւնը մեղքի չվերածել, այսինքն՝ այնպէս ընենք, որպէսզի մեր բարկացած պահուն կարողանանք մենք մեր տէրը մնալ եւ թոյլ չտալ բարկութեան, որպէսզի իշխէ կամ կառավարէ մեզ:

Ըսուած է՝ «լռութիւնը ոսկի է». այո՛, ոսկի է մանաւանդ այն ատեն, երբ այդ լռութիւնը կը ծառայէ մեր եւ մեր նմաններու հոգիներու փրկութեան, շինութեան ու բարօրութեան: Մեզմէ իւրաքանչիւրը տէրն է ինքն իր գործերուն, խօսքերուն եւ արտայայտութիւններուն, որոնց համար ալ վերջին դատաստանին հաշիւ պիտի տայ, արդարեւ, ինչքան կարողանանք լռութիւնը ճիշդ ձեւով օգտագործենք եւ հասկնանք, թէ ե՛րբ պէտք է լուռ մնանք ու ե՛րբ խօսինք, այդքանով աւելի հեզասահ կ՚ընթանայ մեր կենաքը:

Սուրբ Եփրեմ Ասորին կ՚ըսէ. «Բարի խօսքը արծաթ է, իսկ լռութիւնը՝ ոսկի». այս կարճ նախադասութիւնը իր մէջ ունի այնքան խոր իմաստ, որով խօսելու եւ լռութեան արժէքները կը պարզէ մեզի։ Սուրբը կ՚ըսէ, թէ բարի խօսքը, այսինքն՝ այն խօսքը որուն մէջ վատութիւն, նենգութիւն, շողոքորթութիւն, ստախօսութիւն եւ այլն չկայ, արծաթ է, արծաթի կը նմանի, արծաթի արժէք ունի, իսկ լռութիւնը՝ ոսկի է, այսինքն՝ լռութիւնը միշտ աւելի՛ն է քան խօսիլը, լռելու արժէքը շատ աւելին է քան խօսիլը. անշուշտ այս պէտք է դիտարկենք մարդկային մեր փոխյարաբերութեան կեանքին մէջ, միւս կողմէ նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ. հոգեւոր մեր կեանքին մէջ յառաջանալու, զարգանալու, աճելու համար կարիք ունինք լսելու, լսելու եւ յաճախ լսելու: Շատ յաճախ մենք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ խորանալու համար կը կարծենք, որ պէտք է շատ խօսինք, հարցումներ տանք, եւ այլն, այո՛, հարցումներ պէտք է տանք, բայց շատ հարցումներ տալը յաճախ մեզ կը տանի շատախօսութեան, որով ոչինչով կրնանք օգտուիլ, այլ՝ ընդհակառակը, կը տուժենք: Մեր հոգեւոր կեանքին վերաբերող հարցումները ինչքան քիչ ըլլան, այնքան մեզի համար օգտակար կ՚ըլլայ, որովհետեւ մեր հոգեւոր կեանքին շինութեան համար այնքան կարեւոր ու էական չեն մեր ունեցած հարցումները, որքա՛ն Աստուծոյ լսելը, մեր հոգեւոր կեանքի աճումին ու խորացումին համար պիտի սորվինք զԱստուած լսելու նուրբ արուեստը: Այս ուղղութեամբ կ՚արժէ կարդալ Շնուտա Գ. Հայրապետին հետեւեալ կարճ մտածումը. «Միտքիս մէջ շատ խօսքեր կան, սիրտիս մէջ ալ շատ խօսքեր կան, սակայն կը նախընտրեմ լուռ մնալ՝ որպէսզի Աստուած խօսի»:

Անյայտ հեղինակ մը կը գրէ. «Լռութիւնը, նստիլդ է առանձինն դուն քեզի հետ, իմաստութեամբ եւ Աստուծոյ երկիւղով ու հոգիիդ պարապումն է, ընդդէմ այրող եւ տոչորող մտածումներու». այլ խօսքով՝ լռութիւնը Աստուծոյ հետ խօսելու ամենէն զօրաւոր ու արդիւնաւէտ միջոցն է: Այս ուղղութեամբ կ՚արժէ Մայր Թերեզային հետեւեալ տողերը կարդալ. «Մենք զԱստուած գտնելուն կարիքն ունինք, սակայն անաղմուկութեան եւ խառնաշփոթութեան մէջ կարելի չէ գտնել զԻնք։ Աստուած լռութեան բարեկամն է։ Տեսէ՛ք թէ բնութիւնը՝ ծառերը, ծաղիկները, խոտը ինչպէս լռութեամբ կ՚աճին։ Տեսէ՛ք թէ աստղերը, լուսինն ու արեւը ինչպէս լռութեան մէջ կը շարժին։ Հոգիները յուզելու համար մենք լռութեան կարիքն ունինք»:

Գալով մարդկային մեր փոխյարաբերական կեանքին, ամէն օր բազմաթիւ իրավիճակներու մէջ կը յայտնուինք կամ բազմաթիւ ապրումներ ու զգացումներ կ՚ունենանք՝ դրական կամ ժխտական: Անդին, դարձեալ մեր առօրեային մէջ յաճախակի կերպով վիճաբանութիւններ կ՚ունենանք, տարբեր-տարբեր հարցերու վերաբերեալ: Երբմեն ընտանեկան, երբեմն աշխատանքային, երբեմն ընկերական մակարդակներու վրայ, բայց շատ յաճախ գաղափարական ու համոզմունքերու վերաբերեալ:

Շատ ատեն, մեր դիմացինին կամ դիմացիններուն արտայայտած միտքերուն, գաղափարներուն կամ համոզումներուն կրնանք համաձայն չգտնուիլ, ինչ որ շատ պարզ ու բնական է մարդկային փոխյարաբերական կեանքին մէջ, որովհետեւ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին ազատ կամք շնորհած է եւ բանականութիւն, եւ պայման չէ, որ բոլորս ալ նոյն ձեւով մտածենք, կամ նոյն համոզումներն ու գաղափարները ունենանք: Շատեր, զանց ընելով այս հանգամանքը, ամէն կերպով կ՚աշխատին իր ունեցած համոզումները, գաղափարները եւ մօտեցումները պարտադրել դիմացինին, առանց յարգելու անոր ազատ կամքն ու բանականութիւնը. նման պարագաներու ոմանք լաւապէս ճանչնալով իրենց խօսակիցը, կը նախընտրեն լուռ մնալն ու չհակառակիլը, որպէսզի այդ անցաւոր բաներուն պատճառով ընկեր չկորսցնեն, բայց շատ յաճախ այդ մօտեցումը շատերուն կողմէ կը նկատուի որպէս թուլութիւն, տկարութիւն կամ անզօրութիւն, այն ինչ մարդկային կեանքի ամենէն դժուար արուեստին նուրբ կողմն է այդ մէկը, լռել՝ երբ գիտես, որ խօսելովդ դիմացինիդ ո՛չ մէկ օգուտ պիտի ունենաս, ընդհակառակը լարուածութեան եւ վէճի դուռ պիտի բանաս. եւ այս պարագային լռելը, դիմացինին պարզապէս լսելը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, դիմացինդ որպէս ընկեր պահելն ու չկորսնցնելը, հակառակ այն բոլոր վիրաւորանքներուն ու անարգալից խօսքերուն ու արտայայտութիւններուն, որոնք կրնաս լսել նոյնինքն այդ դիմացինէդ՝ նմանէդ. բայց այդ քու լռութեամբդ վստահ եղիր, որ դուն քու ներքին աշխարհիդ խաղաղութիւնը շահած կ՚ըլլաս, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Եփրեմ Ասորին, թէ՝ «չե՛ս կրնար վիրաւորանքներուն տոկալ, լռէ՛ եւ կը հանդարտիս», միւս կողմէ ալ լռելովդ, քեզի վիրաւորանք հասցնողը կորսնցուցած չես ըլլար եւ այդ արարքովդ՝ լռելովդ, իրեն շատ աւելի օգուտ տուած կ՚ըլլաս քան վնաս:

Լռել եւ մեր նմանին լսելու ունակութիւն ունենալ, զէնքեր, որոնցմով իւրաքանչիւր մարդու կեանքը կ՚առաջնորդեն խաղաղութեամբ ու հանգստութեամբ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 յունիս 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020