«Զանգեր, Ղօղանջէ՛ք»… Հայ Դպրոցին Համար

Այս տո­ղե­րը ծնունդ են սփիւռ­քեան ընդ­հան­րա­կան ցա­ւի մը, որ կը կո­չուի ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԴՊՐՈՑ­ՆԵ­ՐՈՒ ՓԱ­ԿՈՒՄ։

Ան­մի­ջա­կան ցա­ւը կը բխի Լոս Ան­ճե­լը­սի եւ Պոս­թը­նի մէջ հայ­կա­կան եր­կու վար­ժա­րան­նե­րու փակ­ման լռիկ-մնջիկ ո­րո­շում­նե­րէն, ո­րոնք այ­լա­պէս հա­մա­ցան­ցա­յին է­ջե­րու վրայ ա­ռիթ տուած են տե­ղին ու (ա­ռա­ւե­լա­բար) ան­տե­ղի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու։ Իսկ ա­ւե­լի տա­րա­ծուն մոր­մո­քը կը ծո­րի վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն (նե­րա­ռեալ Կիպ­րո­սը) մին­չեւ եւ­րո­պա­կան ոս­տան­ներ, մին­չեւ ա­մե­րի­կեան ա­փեր դան­դա­ղօ­րէն տա­րա­ծուող «քաղց­կեղ»էն, որ,  կրկնենք, կը կո­չուի ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԴՊՐՈՑ­ՆԵ­ՐՈՒ ՓԱ­ԿՈՒՄ։

Ո­րե­ւէ թիւ­րի­մա­ցու­թեան ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար, ան­մի­ջա­պէս ը­սենք, որ այս տո­ղե­րը չենք ար­ձա­նագ­րեր ոե­ւէ մէ­կը քննա­դա­տե­լու, ար­հա­մար­հե­լու կամ ան­տե­սե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ (քննա­դա­տե­լը ա­մե­նէն դիւ­րին ձեւն է…). բա­ւա­կան ծա­նօթ ենք հայ­կա­կան Սփիւռ­քի կեան­քին մէջ տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ տա­րա­ծուող նա­խան­ձախն­դիր աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնք ի­րա­գոր­ծուած են ան­հատ­նե­րու, կազ­մա­կեր­պու­թեանց-միու­թեանց, յա­րա­նուա­նա­կան եւ ու­սում­նա­կան վար­չու­թեանց ու մար­մին­նե­րու կող­մէ, նոյ­նինքն մեր վար­ժա­րան­նե­րու էու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րող տնօ­րէն­նե­րու եւ դաս­տիա­րակ­նե­րու ճակ­տին քրտին­քով, գործ­նա­պէս գնա­հա­տուած՝ ազ­գա­յին բա­րե­րար­նե­րու եւ բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց կող­մէ։ Դպրոց հիմ­նող­նե­րուն ու ա­նոնց վա­ռած ջա­հը վառ պա­հող ե­րախ­տա­ւոր­նե­րուն մա­սին կաս­կա­ծի նշոյլ մը ան­գամ հա­մա­զօր է վա­տու­թեան։

Այս տո­ղե­րը չենք ար­ձա­նագ­րեր նաեւ այս կամ այն դպրո­ցի փակ­ման ան­մի­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րուն ո­րոն­ման տրա­մա­բա­նու­թեամբ. ա­տի­կա պի­տի են­թադ­րէր  հե­տա­խու­զա­կան տե­ղե­կագ­րում (Investigative Reporting), ու­րեմն եւ՝ հե­տամտու­թիւն՝ թե­րա­ցող­նե­րու եւ թե­րա­ցում­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման, տնտե­սա­կան-նիւ­թա­կան հիմ­քե­րու պե­ղու­մի, ի­րո­ղու­թեանց ու ակն­կա­լու­թեանց հետ վար­չա­կան կամ կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու ան­յա­րիր վի­ճա­կի, հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու փա­ղան­գի նօս­րաց­ման այ­լա­պէ՛ս դառն ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին խորհր­դա­ծու­թեանց։ Նման մօ­տե­ցում­ներ (հա­ւա­նա­բար ոչ ան­տե­ղի) կրնան պատ­ճառ դառ­նալ ու­շադ­րու­թեանց այս կամ այն ման­րա­մաս­նու­թեան վրայ կեդ­րո­նա­ցու­մին (որ այ­լա­պէս կա­րե­ւոր է), սա­կայն նաեւ պի­տի յան­գի… ստեղ­ծուած տագ­նա­պին ճղճի­մաց­ման, ա­նոր մաս­նա­կիի դի­մակ հագց­նե­լու եւ հար­ցին էու­թե­նէն շե­ղե­լու։

Այս­տեղ, մենք Պա­րոյր Սե­ւա­կի զան­գե­րը փոխ կ՚առ­նենք՝ ա­հա­զանգ հնչեց­նե­լու հա­մար ի տես եւ ի լուր այն դառն ի­րա­կա­նու­թեանց, ո­րոնք պատ­ճառ կ՚ըլ­լան 100-ա­մեա­կի հանգ­րուա­նին հայ­կա­կան կրթօ­ճախ­նե­րու փակ­ման, ա­ռանց մոռ­նա­լու եւ լու­սանց­քայ­նաց­նե­լու այն նա­խըն­թաց­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ ա­ւե­լի քան տա­սը տա­րի­նե­րուն յու­զած են սփիւռ­քեան զան­գուած­նե­րը։

Ե­ղեռ­նին յա­ջոր­դող տաս­նա­մեակ­նե­րուն, վե­րապ­րող սե­րունդ­նե­րը ի­րենց էու­թեան մէջ կը զգա­յին ՀԱՅ ԴՊՐՈ­Ցին կե­նա­րար զօ­րու­թիւ­նը՝ մեր գո­յա­տեւ­ման ու լի­նե­լու­թեան դի­տան­կիւ­նէն։ Հա­լէ­պէն մին­չեւ Պէյ­րութ, Կիպ­րոս, Յոր­դա­նան, Ե­գիպ­տոս եւ, ա­ւե­լի ուշ՝ ա­րեւ-մըտեան ա­փեր, տե­սիլք ու­նե­ցող ան­հատ­ներ ու խմբակ­ներ, նիւ­թա­կան եւ մարդ­կա­յին գրե­թէ ան­կա­րե­լի պայ­ման­նե­րու մէջ ստեղ­ծե­ցին դպրոց ու կրթօ­ճախ, տա­րուէ տա­րի ու տաս­նա­մեա­կէ տաս­նա­մեակ ծա­ւա­լե­ցին դպրոց­նե­րուն ցան­ցե­րը (չենք մոռ­ցած, որ եւ­րո­պա­կան ոս­տան­նե­րու մէջ ե­ղեռ­նէն ա­ռաջ ալ կա­յին հայ­կա­կան կրթօ­ճախ­ներ, ինչ­պէս էր պա­րա­գան Պոլ­սոյ, Մոս­կուա­յի, Թի­ֆ­լի­զի մէջ եւ այ­լուր), դժուար պայ­ման­նե­րու մէջ ա­պա­հո­վե­ցին բա­րե­րար­ներ ու գո­յա­ցու­ցին նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ, որ­պէս­զի… ի՞նչ, այ­սօր, նիւ­թա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան շատ ա­ւե­լի նպաս­տա­ւոր պայ­ման­նե­րու մէջ, ի­րա­րու ե­տե­ւէ դպրոց­նե՞ր փա­կենք այս կամ այն «տրա­մա­բա­նա­կան» պատ­ճառ­նե­րով։

Կը կրկնենք. չենք ու­զեր մտնել ո­լո­րապ­տոյ­տին մէջ նիւ­թա­կան նա­հան­ջի, ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւի նուազ­ման, սխալ տնօ­րի­նում­նե­րու եւ նմա­նօ­րի­նակ հա­րիւր ու մէկ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը, նեղ սահ­ման­նե­րու մէջ ա­ռած, կրնան հիմ­նա­ւո­րեալ նկա­տուիլ եւ բա­ցատ­րել կա­ցու­թիւ­նը։ Հար­ցը հոն չէ։ Տագ­նա­պը հոն է, որ 100-ա­մեա­կի նա­խօ­րեա­կին եւ ա՛յս հանգ­րուա­նին, երբ ողջ հա­յու­թիւ­նը, հա­ւա­սա­րա­պէս հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մէջ, կ՚ապ­րի (եւ կը տես­նենք, թէ ինչ­պի­սի՜ կեն­սու­նա­կու­թեամբ կ՚ապ­րի) ընդ­հա­նուր զար­թօնք, դէ­պի հայ­կա­կա­նու­թեան երթ եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն, ան­դին, նո՛յն այս մթնո­լոր­տին մէջ, կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ քա­նի մը դպրոց­նե­րու (ո­րոնց­մէ մէկ քա­նին պատ­մա­կան հան­գա­մանք ու­նին) փա­կու­մը կը ստեղ­ծէ այն սխալ տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ մեր խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը, մեր դա­տին ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ շար­ժում­նե­րը պար­զա­պէս փրփուր են, ո­րով­հե­տեւ այլ ի­րա­կա­նու­թիւն մը կ՚ը­սէ, որ հայ­կա­կա­նու­թեան ու քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի հնոց­նե­րէն մէկ քա­նին կը քայ­քա­յուին։

Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը դառն է, դա­ժան ու ցաւց­նող։

Հայ Դպրո­ցը, ինչ­պէս ե­րէկ, այ­սօր ու վա՛ղն ալ ու­նի վսեմ ու բազ­մա­ճիւղ ա­ռա­քե­լու­թիւն, ո­րուն բո­լոր ծալ­քե­րուն ծա­նօթ ենք, ա­նոնց տուած ենք դա­ւա­նան­քի խորք ու ար­ժէք։

Մեր ցաւն ու մտա­հո­գու­թիւ­նը չենք ու­զեր բաժ­նեկ­ցիլ միայն այս կամ այն միա­բա­նու­թեան, այս կամ այն միու­թեան, կու­սակ­ցու­թեան ու յա­րա­նուա­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րու հետ։ Սա ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ, ԸՆԴ­ՀԱՆ­ՐԱ­ԿԱՆ ՏԱԳ­ՆԱՊ է, հրա­մա­յա­կան կը դարձ­նէ բո­լո՛ր ու­ղեղ­նե­րուն (եւ կը հա­ւա­տանք հա­յու հնա­րա­միտ միտ­քի ան­ժա­ման­ցե­լիու­թեան) եւ ճի­գե­րուն՝ նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեանց հա­մա­տեղ­ման։ Նկա­տի չու­նինք միայն ա­մե­րի­կեան ա­փե­րը, այլ աչ­քի առ­ջեւ ու­նինք ամ­բողջ Սփիւռ­քի տա­րած­քը, ո­րուն հա­մար, ե­րախ­տա­շատ գործ կ՚ը­նեն (թէեւ ոչ մար­տահ­րա­ւէ­րին պա­հան­ջած կշռոյ­թով) հոս-հոն ստեղ­ծուած «Պաշտ­պան յանձ­նա­ժո­ղով­ներ ու մար­մին­ներ», եր­բեմն ո­րո­նե­լով ի­տէա­լա­կան-վե­րա­ցա­կա­նէն ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու հող տե­ղա­փո­խուե­լու ու­ղի­ներն ու մի­ջոց­նե­րը…

Վե­րի տո­ղե­րուն մէջ բա­ցա­յայտ հրա­ւէր մը ար­ձա­նագ­րե­ցինք բո­լոր նա­խան­ձախն­դիր­նե­րուն, ո­րոնք, կը հա­ւա­տանք, այ­սօ՛ր ալ կան, ինչ­պէս որ կա­յին եւ ե­րէկ։ Օ­տա­րին ձգենք «բո­լո­րին վե­րագ­րուած գոր­ծը ոչ ո­քի գոր­ծը կ՚ըլ­լայ» (Everybody՚s business is nobody՚s business) տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, որ ո­րոշ մօ­տե­ցու­մով ու տար­բեր ո­լոր­տի մէջ կրնայ ճիշդ ըլ­լալ։ Մեր պա­րա­գա­յին, պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած է։

Սփիւռ­քեան մեր օ­ճախ­նե­րը թի­ւով ու նիւ­թա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով աճ ու բա­րե­լա­ւում կ՚ապ­րին. կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ, քա­ղա­քա­կան ու ա­պա­հո­վու­թեան ան­տա­նե­լի կա­ցու­թիւն­ներ, մեր կամ­քէն ան­կախ, «ար­տա­գաղթ­ներ»ու պատ­ճառ դար­ձած են, մինչ­դեռ խա­ղա­ղու­թիւն վա­յե­լով շրջան­ներ ու­նին բո­լո­րո­վին այլ՝ շեշ­տա­կիօ­րէն նպաս­տա­ւոր վի­ճակ­ներ։ Մենք մեզ չխա­բենք, չպա­հուը­տինք մեր մատ­նե­րուն ե­տին։ Հա­ւա­նա­բար ու­շա­ցած ենք որ­դեգ­րե­լու կարգ մը մի­ջո­ցա­ռում­ներ, ո­րոնք Հայ Դպրո­ցը պի­տի դնէին ա­ւե­լի՛ ինք­նավս­տահ կա­ցու­թեան մէջ, սա­կայն ճիշդ գործ ը­նե­լու հա­մար, ո՛չ մէկ պահ ուշ է։ Կը մնայ, որ տագ­նա­պը դի­մագ­րա­ւենք իր էու­թեան մէջ, հրա­ժա­րինք «ա­սի­կա մեր ի՞նչ գործն է» կրա­ւո­րա­կա­նու­թե­նէն, ո­րով­հե­տեւ ստեղ­ծուած ըն­թաց­քը, իր վախ­ճա­նա­կան պատ­կե­րին մէջ, «Դա­մոկ­լեան սուր»ի տակ կը դնէ բո­լորս։

Ա­ւե­լի՛ն, տագ­նապ­նե­րը միշտ ալ ծնունդ կու տան հնարք­նե­րու, ո­րով­հե­տեւ «Կա­րի­քը մայրն է բո­լոր հնարք­նե­րուն» խօս­քը ան­ժա­ման­ցե­լի է ու ճշմա­րիտ։ «Զան­գեր, Ղօ­ղան­ջէք»ը կը հնչեց­նենք ան­կու­մը կա­սեց­նե­լու եւ դրա­կան շար­ժու­մի մը ա­ռա­ջաց­ման ո­գիով։

Այս տագ­նա­պին դէմ յան­դի­ման կանգ­նող­ներս ի­րա­ւունք չու­նինք աչք փա­կե­լու դառն ի­րա­կա­նու­թեանց վրայ, մար­տահ­րա­ւէ­րը չդի­մագ­րա­ւե­լու ճա­կա­տէն. ի­րա­ւունք չու­նինք չհա­գուե­լու այն կօ­շիկ­նե­րը, ո­րոնք մե­զի ա­ւանդ թո­ղած են դպրոց հիմ­նող­նե­րը, բա­րե­րար­նեն ու Հայ Դպրո­ցի ջա­հը վառ պա­հող­նե­րը, մա­նա­ւանդ որ օժ­տուած ենք նիւ­թա­կան, ուս­ման եւ մաս­նա­գի­տա­կան ան­նա­խըն­թաց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, պայ­մա­նաւ, որ զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծենք հայ­կա­կա՛ն տրա­մա­բա­նու­թեամբ եւ ոչ թէ տե­ղա­կան «պար­տադ­րանք­նե­րը» հա­լած իւ­ղի պէս կլլե­լու «ար­դի մօ­տե­ցու­մով»։­

Այս մօ­տե­ցու­մով ալ, մենք մե­զի, նաեւ ո՛չ մէ­կուն ի­րա­ւունք կու տանք հրա­ժա­րե­լու լա­ւա­տե­սու­թե­նէ, շեշ­տը դնե­լով այս բա­ռին «տես» ար­մա­տէն բխած «տե­սիլք» երզ­րին վրայ…

Ս. Մահսէրէճեան

16 Օգոստոս, 2015

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015