ԿԱՆԱՆՑ ԶԳԵՍՏԱՊԱՀԱՐԱՆԷՆ

Կը սիրեմ իմ ծննդեան տարեթիւը՝ 1990 թիւ:

Մոխրագոյնի յիսուն երանգներով ներկուած մութ ու ցուրտ տարիներ, սակայն միեւնոյն ժամանակ լեցուն  յոյսով  ու հաւատքով: Այդ յոյսն ու հաւատքն է, որ մեզի ընծայեց յաղթանակ: Այդ սրբագոյն զգացումներու շնորհիւ է, որ այսօր մենք կ՚ապրինք ու կ՚արարենք խաղաղ երկինքի տակ:

Արիւնով ներկուած այդ թուականներուն անցաւ իմ մանկութիւնը՝ կեանքիս լաւագոյն ու անհոգ ժամանակաշրջանը, թէպէտ ես երբեք ալ անհոգ չէի, մշտապէս կը գտնէի նիւթ մը ուղեղս ծանրաբեռնելու համար: 1990-ական թուականներու սկիզբներուն փոքրիկ արեւհատիկի մեծագոյն խնդիրը տաբատ կամ կիսատաբատ (շորթ) կրելն էր:

Այսօրուայ պէս վճիտ կը յիշեմ այդ օրը, երբ չորս կամ հինգ տարեկան երեխայ էի, մայրս ու մեծ մայրս կը փորձէին զիս համոզել կիսատաբատ կրելու համար։ Անասելի ամօթխածութիւն կը զգայի: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ եթէ փէշս հանեմ եւ փոխարէնը տաբատ կրեմ, մանչու պիտի նմանիմ: Հոգեբանական ծանր հարուած մը ստացած էի այդ օրը, զոր յաւերժ դաջուեցաւ իմ յիշողութեան մէջ: Ի վերջոյ, մեծ դժուարութեամբ, հոնգուր-հոնգուր լալով կրեցի այդ կիսատաբատը ու այլեւս երբեք չհանեցի: Ամէն օր, մեծ սիրով զայն կրելու սկսայ: Իսկ այսօր տաբատ կամ կիսատաբատ կրելը մեզմէ շատերու համար վերածուած է յարմարաւէտութեան, մեծագոյն հաճոյքի ու սովորութեան: Այն ինչ, որ մօտաւոր անցեալին կը պահանջէր մեծ համարձակութիւն:

Նորաձեւութեան մասին կանացի ամսագրերէն մէկու՝ Vogue.ru կայքէջը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ կանայք սկսան կրել տաբատ, տաբատով տարազներ:

Այսօր գործնական հանդիպումներու, երեկոյեան սրճարաններու մէջ տաբատով տարազներ կրած ժամանակ մեզմէ քիչեր կը պատկերացնեն, թէ տակաւին քանի մը տասնամեակ առաջ սա հագուստը կը կրէին միմիայն համարձակները: Իսկ աւելի ուշ ան դարձաւ ֆեմինիստական դիրքորոշում արտայայտելու միջոց մը:

Այլեւս 18-19-րդ դարերուն տարազներ կը կրէին բարձր եւ միջին խաւի կիները, սակայն խօսքը փէշով ու բաճկոնով լրակազմութեան մասին է՝ կարուած նոյն գործուածքէն: Իսկ տաբատի ու բաճկոնի լրակազմութիւնը յայտնուեցան 1930-ական թուականներուն, երբ բարձրաշխարհիկ կին ներկայացուցիչներ սկսան կրել տաբատներ: Չնայած այն հանգամանքին, որ արդէն 1933 թուականին Vogue նորաձեւութեան մասին կանացի ամսագիրի էջերուն մէջ կարելի էր տեսնել բնորդուհիներ, որոնք կը կրէին տաբատով տարազներ, սակայն փողոցներու մէջ նոյնիսկ ամենահամարձակները տակաւին չէին կրեր զանոնք: 1950-ական թուականներուն տաբատով տարազ կրելու համար կիները նոյնիսկ կրնային ձերբակալել՝ տղամարդ ձեւանալու մեղադրանքով:

1966 թուականին Իվ Սեն-Լորան հանրութեան կը ներկայացնէ smoking-ը, նրբաճաշակ տաբատով տարազ երեկոյեան կրելու համար: Այս շրջանին այլեւս յայտնը-ւեցան համարձակներ, որոնք կը փորձէին սրճարաններ այցելել տաբատով տարազներով, սակայն յաճախ զանոնք մուտքէն ներս չէին թողներ այդ հագուստով:

1970-ական թուականներուն տաբատով տարազները դարձան կանանց ազատութիւնը խորհրդանշող հագուստ: Սակայն վերաբերմունքը հագուստի այս տեսակի նկատմամբ տակաւին միանշանակ չէր. այն կը համարուէր գռեհիկ, իսկ զանոնք կրող կիները յաճախ կ՚ենթարկուէին քննադատութեան:

Տաբատի ու բաճկոնի համադրութեան ընդհանրացման օժանդակած է 1977 թուականին ճերմակ պաստառ բարձրացած «Annie Hall» շարժանկարի մէջ դերասանուհի Տայէն Քիթընի կերպարը՝ տաբատով, «ժիլէ»ով, փողկապով:

Ամէն պարագայի նոյնիսկ 1980-1990-ական թուականներուն տաբատով տարազներու դաւադրական համբաւը տակաւին ազդու էր: Մինչեւ 1993 թուականը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի շէնքերուն մէջ կանանց մուտքը տաբատով արգիլուած էր: Ի հարկէ, այդ չգրուած օրէնք մըն էր: Ամէն բան փոխուեցաւ, երբ երիտասարդ ծերակուտական Քերըլ Մոզլի-Պրաուըն Քոնկրէսի պալատ մտաւ իր սիրելի տաբատով ու բաճկոնով:

2000-ական թուականներուն տաբատով տարազները, կը թուէր, թէ դուրս մղուեցան նորաձեւութեան աշխարհէն, ձեռք բերելով ոչ-նորաձեւ ու չափազանց պահպանողական հագուստի համբաւ: Սակայն այլեւս 2010-ական թուականներու կէսերուն նորաձեւութեան տուները (Chanel, Bottega Veneta), նոր թափով իրենց հաւաքածոներու մէջ սկսան ներառել տաբատով տարազներ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2020