Հայաստանի Հմայքը՝ Vogue Ամսագրին Մէջ

Նո­րա­ձե­ւու­թեան եւ ո­ճի բնա­գա­ւա­ռի հե­ղի­նա­կա­ւոր հան­դէս­նե­րէն մէ­կուն՝ Vogue-ի ռու­սա­կան տար­բե­րա­կի խմբագ­րու­թիւ­նը Victoria’s Secret ըն­կե­րու­թեան «հրեշ­տակ» Սթե­լլա Մաք­սուէ­լի հետ ար­շաւ  կազ­մա­կեր­պած է Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Vogue Russia-ի խում­բը ե-րեք օ­րուան ըն­թաց­քին հա­զա­րա­ւոր լու­սան­կար­ներ նկա­րած է:

Խմբագ­րու­թիւ­նը դի­մած է ա­մե­րի­կա­հայ լու­սան­կա­րիչ Տէյ­վիտ Մու­շե­ղեա­նին՝ ազ­գա­յին հա­գուստ­նե­րով յա­տուկ նկար­նե­րու շարք ի­րա­կա­նաց­նե­լու ա­ռա­ջար­կով: Մու­շե­ղեան խոր­հուրդ տուած է մեկ­նիլ Հա­յաս­տան ու այն­տեղ լու­սանկ­րա­նե­րու շարք ը­նել: Իսկ ա­յս մէկը գլխա­ւոր հե­րո­սու­հին Սթե­լլա Մաք­սուէլն է, որ աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն բնոր­դու­հի­նե­րէն մէկն է:

Կը նշուի, որ ազ­գա­յին ո­ճով լու­սան­կար­նե­րու շար­քը ի­րա­կա­նա­ցած է Ե­րե­ւա­նի Վեր­նի­սա­ժի, Գառ­նիի եւ Կիւմ­րիի մէջ, ինչ­պէս նաեւ նկար­չու­հի Լու­սիկ Ա­գու­լե­ցիի տան մէջ:

Որ­պէս ժա­մա­նա­կա­կից Հա­յաս­տա­նի «հե­րոս»՝ ամ­սա­գի­րը կը ներ­կա­յաց­նէ տու­տու­կի վար­պետ Ճի­ւան Գաս­պա­րեա­նը, որ բոնր­դու­հիին հետ նկա­րա­հա­նուած է լու­սանը-կար­նե­րու շար­քին մէջ:

 Յօ­դուա­ծի ա­ւար­տին կը նշուի, որ օ­դա­կա­յա­նի ճա­նա­պար­հին Մաք­սուէլ խնդրած է կանգ­նիլ, ու  փունջ մը հայ­կա­կան դաշ­տա­յին կա­կաչ­ներ  քա­ղած է ու տա­րած է հե­տը: Ան նշած է, որ կար­միր գոյ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­նա­ցիու­թեան խորհր­դա­նիշ է:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015