Հայաստան Կը Մասնակցի ԵՐԵՔ Մարզիկով

Հոկ­տեմ­բե­րի 23-25 թո­ւա­կան­նե­րուն, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ա­պու Տա­պիի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ աշ­խար­հի ժու­տո­յի ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­խո­յե­նու­թիւ­նը, ո­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ նաեւ Հա­յաս­տան՝ ե­րեք մար­զի­կով:

Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­կա­նը այժմ Ա­բո­վեա­նի մար­զա­հա­մա­լի­րին մէջ կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի այս ա­խո­յե­նու­թեան: Կազ­մը Ա­պու Տա­պի կը մեկ­նի 21 Հոկ­տեմ­բե­րին:

Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քա­կա­նի ա­ւագ մար­զիչ Մար­տին Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կե­լով նշեց. «Աշ­խար­հի ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­խո­յե­նու­թեան կը մեկ­նինք ե­րեք մար­զի­կով: 55 քկ. դա­սա­կար­գին մէջ Հա­յաս­տա­նը կը ներ­կա­յաց­նեն Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յե­նու­թեան պրոն­զէ մե­տայ­լա­կիր­ներ՝ Վա­հագն Յով­սէ­փեան եւ Շա­հէն Ա­պա­ղեան, իսկ 60 քկ. դա­սա­կար­գին մէջ՝ 2014-ի Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յե­նու­թեան փոխ-ա­խո­յեան Ար­սէն Ղա­զա­րեան: Ա­խո­յե­նու­թեան կը մաս­նակ­ցինք փոքր կազ­մով: Ին­ծի հա­մար այս կազ­մը ա­մե­նէն ար­դիւ­նա­ւէտն է: Ա­նոնք ե­րեքն ալ լաւ մար­զա­վի­ճա­կի մէջ են եւ բո­լո­րէն ալ ակն­կա­լիք­ներ ու­նիմ»:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015