«ՍՐԲՈՅՆ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆՈՒ ՈՍ­ԿԵ­ԲԵ­ՐԱ­ՆԻ՝ ԿՈՍ­ՏԱՆԴ­ՆՈՒՊՈԼ­ՍՈՅ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈ­ՍԻ ՀԱ­ՏԸՆ­ՏԻՐ ԳԻՐՔ ԵՒ ՃԱՌՔ ԵՒ ՆԵՐ­ԲՈ­ՂԵԱՆՔ»

Ս. ՈՍԿԵԲԵՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՃԱՌԸ, ԵՐԲ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՒ

ԱՐԴԱՐԱՊԷՍ ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Արդեօք ճշմարի՞տ է այն ինչ որ մեզի պատահեցաւ, իսկապէս կատարուա՞ծ է սա, խաբկանքի մէջ չե՞նք, գիշեր չէ՞, եւ պատահածները երազ չե՞ն, ցերեկ է, եւ բոլորս արթո՞ւն ենք։

Ո՞վ կը հաւատայ, որ ցերեկով, երբ բոլոր մարդիկը արթուն եւ սթափ վիճակի մէջ են,  չնչին ու նուաստ երիտասարդ մը իշխանութեան այս բարձունքը բարձրացաւ, որովհետեւ գիշերով [երազի մէջ] անգամ այսպիսի բանի մը չես հանդիպիր։ Որովհետեւ խեղուած մարմին ունեցող եւ անհրաժեշտ կերակուրներուն կարօտող որոշ մարդիկ իրենց երազին մէջ կը տեսնեն, որ իրենք կատարեալ ու գեղեցիկ մարմին ունին եւ արքայական սեղանէն կը վայելեն։ Սակայն այդ բոլորը քուն ու խաբկանք են։ Այդպիսին է երազներու բնոյթը՝ աննիւթական ու սքանչալի, զարմանալի բաներով ուրախացնող։ Իսկ այսպիսի բան ոչ ոք ցերեկով եւ արթուն վիճակի մէջ կրնայ տեսնել։ Սակայն այդ հիմա պատահեցաւ, եղաւ, կատարուեցաւ, եւ դուք այդ տեսաք։ Գործեր, որոնք աւելի անհաւատալի են, քան՝ երազները։

Ահա մեծ ու բազմամարդ քաղաքը, եւ հիացած ու խուռնընթաց բազմութիւնը մեր փոքրութենէն կ՚ակնկալէ մեծ ու ազնիւ բաներ լսել։ Եթէ նոյնիսկ մշտնջենաւոր ջուրի պէս հոս էի եւ իմ բերանէս խօսքի աղբիւրներ բխէին, այսքան մեծ բազմութեան առջեւ վտակը ահէն կանգ կ՚առնէր եւ ետ կը շրջէր։ Իսկ երբ ոչ թէ գետեր կամ աղբիւրներ են, այլ փոքրիկ կաթիլ, ինչպէ՞ս չենք վախնար, որ ան կը պակսի՝ վախէն ցամքելով եւ կը պատահի այն ինչ որ մեր մարմնին հետ կը պատահի։ Իսկ մեր մարմինը ի՞նչ կ՚ըլլայ։ Յաճախ կը պատահի, որ մեր ձեռքերուն մէջ բան մը կը բռնենք եւ մեր մատներով կը սեղմենք, բայց վախէն երբ ջիղերն ու մարմնին զօրութիւնը կը թուլնան, անիկա մեր ձեռքէն կ՚իյնայ։  Այդ նոյն երկիւղը ես ունիմ. այսօր չըլլայ թէ նոյնը մեր հոգիին մէջ պատահի, եւ այն ինչ որ մեծ չարչարանքով մեր մտքին մէջ ամբարեցինք (թէեւ քիչ ու չնչին չափով), պէտք չէ մեր տագնապներուն պատճառով մոռցուի ու անհետանայ՝ մեր միտքը լքելով եւ մեր ունկնդիրներուն առջեւ զայն ամայի թողելով։

Ուստի, կ՚աղաչեմ ձեզի՝ իշխաններուդ ու իշխանութեան տակ գտնուողներուդ, որքան մեր մէջ տագնապ յառաջացուցիք՝ շտապել տալով որ մեզ լսէք, նոյնքան ալ թող ձեր աղօթքները քաջալերեն մեզ՝ Անոր աղերսերով, որ խօսք կը դնէ զօրութեամբ քարոզողներու բերնին մէջ, որպէսզի մեզի ալ խօսք տայ՝ մեր բերանը բանալու համար։ Կատարելահասակ մարդոց համար խնդրելը դժուար բան մը չէ, որ վախէն թուլցած պատանի մը վերստին ամրանայ։ Արդարացի է, որ դուք մեր խնդրանքը կատարէք, որովհետեւ ձեզի համար եկանք ու վտանգի մէջ ինկանք, ձեր եւ ձեր սիրոյն առջեւ անփորձս խօսելու դրդուեցաւ եւ քաջալերուեցաւ՝ վարդապետութեան ասպարէզ մտնելու համար։ Թէեւ նախապէս այդ ասպարէզին մէջ չենք եղած, այլ միշտ ունկնդիրներու կարգին եղած ենք եւ վայելած անզբաղ լռութիւնը։ Բայց ո՞վ է այն անզգամ ու անընտել մարդը, որ հաւաքուածներդ լռութեամբ արհամարհէ  եւ տեսնելով ունկնդրութեան ջերմեռանդ փափաքողները՝ չխօսի, նոյնիսկ եթէ բոլոր մարդոցմէ անխօս ըլլայ։

Արդ, կը պատրաստուիմ Եկեղեցւոյ մէջ խօսիլ եւ կը փափաքիմ երախայրիքներէն առաջինը նուիրել այս լեզուն Տուողին՝ Աստուծոյ։ Եւ այդպէս պէտք է ընել, որովհետեւ Աստուծոյ պէտք է տալ ո՛չ միայն կալի եւ հնձանի, այլ նաեւ խօսքերու պտուղը։ Եւ խօսքերու պտուղը  աւելի պէտք է տալ, քան՝ խուրձի, որովհետեւ այս պտուղը մեզի աւելի ընտանի է, իսկ փառաւորեալ Աստուծոյ համար՝ աւելի ընդունելի։

Երկիրը իր ծոցէն ողկոյզն ու խաղողը կը հանէ, անձրեւները անոնց համար սնունդ են, հողագործներու ձեռքերը զանոնք կը մշակեն, իսկ հոգիի բարեպաշտութիւնը աստուածային օրհնութիւններ կը ծնի, բարի մտածողութիւնը կը սնի, իսկ Աստուած երկնային շտեմարանին մէջ կ՚ընդունի զանոնք։ Հետեւաբար, որքան հոգին հողէն աւելի վեհ է, նոյնքան ալ այս ընծան այդ ընծայէն աւելի պատուական է։

Այդ պատճառով ալ մարգարէ մը, սքանչելի եւ մեծ մարդ մը, որուն անունը Ովսէ է, այս մասին կը պատուիրէ։ Խօսքը կ՚ուղղէր անոնց, որոնք Աստուծոյ ընդդիմացած էին եւ կ՚ուզէր զանոնք հաշտեցնել Անոր հետ, զանոնք կը խրատէր, որ իրենց հետ ո՛չ թէ արջառներու նախիրներ բերեն, ո՛չ թէ այս կամ այն չափի նաշիհ, ո՛չ թէ տատր, աղաւնի կամ նման այլ բան մը։ Իսկ ի՞նչ։ «Խօսք բերէ՛ք ձեզի հետ» (Ովս 14.6)։ Իսկ ինչպիսի՞ ընծայ է խօսքը, թերեւս մէկը կը հարցնէ։ Շատ մեծ է եւ գերապայծառ, սիրելի՛, եւ աւելի պատուական։ Ատիկա ո՞վ կ՚ըսէ։ Ան, որ բոլորէն աւելի հասու եղաւ անոր՝ խոհեմ ու մեծ Դաւիթը։ Երբ պատերազմի մէջ յաղթանակի համար շնորհակալութեամբ պատարագ կը մատուցէր Աստուծոյ, այսպէս ըսաւ. «Օրհնութեամբ պիտի օրհնեմ իմ Աստուծոյ անունը եւ գովաբանութեամբ պիտի մեծարեմ զԱյն» (Սղ 68.31)։ Եւ ապա, մեզի ցոյց տալով այս ընծայի առաւելութիւնը, կ՚աւելցնէ՝ ըսելով. «Այդ Աստուծոյ մատաղցու հորթէն աւելի հաճելի կ՚ըլլայ, որ եղջիւրներ ու կճղակներ ունի» (Սղ 68.32)։

Արդ, ես նոյնպէս կ՚ուզէի նոյն զոհը մատուցել եւ այս հոգեւոր սեղանը թրջել այդ ընծայի արեամբ։ Բայց ի՞նչ ընեմ. իմաստուն մարդը բերանս կը փակէ եւ կը զարհուրեցնէ զիս՝ ըսելով. «Օրհնութիւնը գեղեցիկ չէ մեղաւորի բերանին մէջ» (Սիրաք 15.9)։

Ինչպէս որ պսակ կազմելու ժամանակ ոչ միայն ծաղիկները պէտք է անարատ ըլլան, այլ նաեւ զանոնք բոլորող ձեռքերը, այդպէս ալ աստուածային օրհնութիւններու մէջ ոչ միայն խօսքերուն բարեպաշտութիւն պէտք է, այլ նաեւ հոգիին, որ այդ բոլորը կը յօրինէ։ Բայց մերը անսուրբ է, անվստահ եւ բազմաթիւ մեղքերով լեցուն։ Այսպէս կաշկանդուածներու բերանը ոչ միայն ինք կը փակէ, այլ նաեւ մէկ ուրիշը, որ անկէ առաջ էր եւ անկէ առաջ ասիկա սահմանեց. մեզի այս մասին կը յայտնեն Դաւիթի զոհաբերութեանց մասին ըսած խօսքերը. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն, օրհնեցէ՛ք զԱյն բարձունքներէն» (Սղ 148.1-2) եւ քիչ անց դարձեալ կ՚ըսէ. «Օրհնեցէ՛ք զԱյն երկրէն»։ Երկու խօսքերուն մէջ ալ արարածները հրաւիրելով, որ երկնքի մէջ են եւ այստեղ՝ վարը, զգալիները եւ իմանալիները, երեւցողներն ու աներեւոյթները, երկնքէն վեր եւ երկրէն վար գտնուողները, անոնցմէ խումբ մը կազմելով՝ հրամայեց տիեզերքի Արքան փառաբանել։ Որեւէ տեղ երբեւէ մեղաւորին հրաւէր չկարդաց, այլ այստեղ եւս անոր առջեւ դռները փակեց։

Բ) Որպէսզի ձեզի համար ըսածները պարզ ըլլան, դարձեալ ընթերցեմ Սաղմոսը. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն, օրհնեցէ՛ք զԱյն բարձունքներէն։ Օրհնեցէ՛ք զԱյն, անոր բոլո՛ր հրեշտակները, օրհնեցէ՛ք զԱյն, անոր բոլո՛ր զօրութիւնները» (Սղ 148.1-2)։ Կը տեսնե՞ս օրհնաբանող հրեշտակները, կը տեսնե՞ս հրեշտակապետները, կը տեսնե՞ս սերովբէները ու քերովբէները, երկնային զօրութիւնները (որովհետեւ երբ կ՚ըսէ՝ անոր բոլոր զօրութիւնները, նկատի ունի առհասարակ երկնային զօրքերը)։ Դուն այնտեղ մեղաւորը կը տեսնե՞ս։ Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է երկնքի մէջ տեսնել զինք, ոեւէ մէկը կը հարցնէ։ Լա՛ւ, ուրեմն եկուր քեզ այստեղ՝ երկիր իջեցնենք՝ տեղափոխելով դէպի այդ խումբի միւս կէսը։ Այստեղ ալ զինք չես գտներ. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրի վրայէն, վիշապնե՛ր եւ բոլո՛ր անդունդներ, գազաննե՛ր եւ ամէն տեսակի անասուննե՛ր, սողուննե՛ր եւ ամէն տեսակի թեւաւոր թռչուննե՛ր» (7, 10)։

Զուր եւ անխորհուրդ չէր, որ այս ըսելով՝ լռեցի. քանի որ մտքերս տագնապեցուցին զիս, եւ ահա դառնապէս կու լամ ու սաստիկ կ՚ողբամ։ Ի՞նչը աւելի ողորմելի է, ըսէ ինծի։ Ահա կարիճները, իժերն ու վիշապները իրենց Արարիչը բարեբանելու կը հրաւիրուին, եւ միայն մեղաւորն է, որ դուրս կը վռնտուի այս սրբազան խմբերգութենէն։ Որովհետեւ մեղքը չար ու ամեհի գազան է։ Ան իր չարութիւնը ծառայակից մարմիններու վրայ ցոյց չի տար, այլ իր դառն թոյնը տէրունական փառքին վրայ կը թափէ։ «Ձեր պատճառով, կ՚ըսէ, իմ անունս հեթանոսներու մէջ կը հայհոյուի» (Ես 42.5)։ Նոյն պատճառով մարգարէն մերժեց, դուրս հանեց զինք աշխարհէն՝ իբրեւ աստուածային գաւառէն, եւ զինք անոր սահմաններէն դուրս բնակեցուց։ Ինչպէս որ լաւ երաժիշտը վատ հնչող լարը կը կտրէ, որպէսզի միւսներու ձայներու ներդաշնակութիւնը չխանգարէ, նոյնպէս ալ լաւ բժիշկը փտած անդամը կը կտրէ, որպէսզի ախտը միւս առողջ անդամներուն չվարակէ։ Այդպէս ըրաւ նաեւ մարգարէն, երբ իբրեւ անմիաբան լար եւ իբրեւ ախտաւոր անդամ՝ բոլոր արարածները ամբողջութենէն կտրեց, մեղաւորը դուրս հանեց։

Այսուհետեւ ի՞նչ պիտի ընենք։ Որովհետեւ մերժուեցանք ու դուրս դրուեցանք, որովհետեւ կտրուեցանք, հեռացուեցանք, պէտք է լռենք։ Լռե՞նք, միթէ՞ ձեզմէ ոչ ոք մեզի թոյլ չի տար՝ մեր Տէրը փառաբանելու, ըսէ՛ ինծի։ Ուրեմն, զո՞ւր տեղ ձեր աղօթքները խնդրեցինք, զո՞ւր տեղ ձեր հովանիին տակ ապաստանեցանք։ Ո՛չ ի զուր, չըլլայ որ այդպէս ըլլայ։ Որովհետեւ գտայ, գտայ փառաբանութեան մէկ այլ եղանակ, որովհետեւ ձեր խնդրանքը իմ այս վարանման, իբրեւ մառախուղի մէջ, լոյսի պէս շողաց. իմ ծառայակիցս կը գովեմ։ Որովհետեւ պէտք է մեր ծառայակիցները գովել, իսկ երբ զանոնք կը գովես, փառքը դէպի Տէրը կը բարձրանայ։ Եւ այդ միջոցաւ [Տէրը] կը փառաւորուի։ Քրիստոս կը յայտնէ՝ ըսելով. «Ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է»։ (Մտ 5.16)։  Ահա այժմ փառաբանութեան այլ եղանակ մը, որ կրնայ մեղաւորը կատարել եւ օրէնքը չխախտել։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

•շար 1.

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018