ԱՆԳԻՆ ՈՒ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՆՈՒԷՐ

Երեխաները մեր կեանքի մեծագոյն նուէրն են: Անոնք՝ իրենց պարզութեամբ, մաքրութեամբ ու անկեղծութեամբ մեր օրը կը լեցնեն խինդ ու ծիծաղով: Այդ մաքրամաքուր փոքրիկ էակները ունին յատկութիւն վարակելու՝ առանց յօգութեան ու մաքրութեամբ:

Ընկղմելով մանուկներու հրեշտակային հոգիներու, ներաշխարհի մէջ, ակամայ մեր վրայ կ՚իջնէ խաղաղութեան ու բարութեան զգացում մը: Երեխան սպեղանի է՝ բալասան, զոր կրնայ վճիտ հայեացքով մը բուժել անբուժելի վէրքեր, հոգիներ ու սիրտեր: Ի զուր չէ, որ անոնք իրենց ծնունդէն սկսեալ կը ստիպեն աշխարհին դառնալու իրենց շուրջ: Անոնք գլխիվայր կը փոխեն մեր կեանքը ու կը դառնան աշխարհակեդրոն՝ մեր աշխարհի կեդրոնը:

Այլեւս մնացին համրուած օրեր: Զաւէնիկը անհամբեր կը սպասէ իր եղբօր ծնունդին: Տիրոջ կամօք մեր ընտանիքի մէջ կը սպասուի համալրում: Աստուած կրկին օրհնեց մեր ընտանիքը, պարգեւելով մեզի մեր կտուրէն ներս երկրորդ անգամ վայելելու մանկան ճիչը, իսկ ինծի վերապրելու մայրութեան բերկրանքը: Փառք քեզ Տէր իմ, օրհնեալ ըլլաս Դուն:

Գիտենք, որ ան կայ, գոյութիւն ունի եւ այստեղ է իմ սրտի տակ: Ժամ առ ժամ կը մեծնայ եւ կը յիշեցնէ իւր մասին՝ իր փխրուն ոտիկներով ու թաթիկներով զարնելով, խաղալով, դառնալով, անսպասելի շարժումներ կատարելով: Զաւէնը օրը քանի մը անգամ կու գայ եւ կը հարցնէ.

-Մամա, քոնին փորիկին մէջ ի՞նչ կայ, -այսինքն՝ մայրիկ, քու փորիկին մէջ ո՞վ կայ:

-Դանիէլը,- ամէն անգամ սիրառատ ժպիտով կը պատասխանեմ:

Վերջերս ալ նոր հարցեր սկսաւ տալու.

-Մամա, դուն քանի՞ տղայ ունիս:

-Երկու:

-Մամա, քոնին պեծ տղանին անունը ի՞նչ է,- մայրիկ, քու մեծ որդիին անունը ի՞նչ է:

-Զաւէն:

Իմ պատասխանին անմիջապէս կը յաջորդէ երկրորդ հարցը.

-Մամա, քոնին փոքր տղանին անունը ի՞նչ է...

Երբեմն կը փորձեմ հակառակը պատասխանել, սակայն Զաւէնիկը անմիջապէս կ՚ուղղէ զիս.

-Ո՛չ, քոնին պեծ տղանին անունը Զաւէն է, փոքր տղանին անունը՝ Դանիէլ:

Ամէն անգամ երբ փողոցի մէջ, հեռատեսիլով կամ ինչ-որ տեղ նորածին մը կը տեսնէ, անմիջապէս ուրախութեամբ կ՚արձագանգէ.

-Մամա, տե՛ս, Դանիէլն է:

Ամիսներ առաջ հերթական բժշկական քննումին երկուքով գացինք: Բժիշկի սենեակէն դուրս գալէն անմիջապէս վերջ Զաւէնը սկսաւ լալու, պահանջելով՝ թող Դանիէլը հիմա մեզի տան: Ինձմէ բաւական մեծ ջանքեր պահանջուեցան երեխան հանգստացնելու ու համոզելու համար, որ պէտք է սպասել:

Ոչ մէկ մանկական խանութի քովէն կ՚անցնի անտարբեր. կը պահանջէ ներս մտնել ու Դանիէլի համար որեւէ բան գնել՝ օրօրոց, հագուստ, խաղալիկ... Զաւէնը այլեւս ինքզինքին համար բան մը չ՚ուզեր, անոր բոլոր փափաքները կապուած են Դանիէլի հետ: Շատեր կը  շուարին ու գովեստի կ՚արժանացնեն իմ փոքրիկ հրեշտակի հոգատար ու սիրառատ վերաբերմունքը տակաւին լոյս աշխարհ չեկած իր եղբօր նկատմամբ:

Երբեմն ինծի կը թուի, թէ Դանիէլը ամենէն շատ կը զգայ, կը պատկերացնէ Զաւէնիկը: Պէտք է խոստովանիմ, որ ես ու Արին գիտենք անոր գոյութեան մասին, սակայն զինքը տակաւին չենք կրնար պատկերացնել: Տակաւին չենք պատկերացներ, թէ վաղը ինչպէս չորսով պիտի պառկինք մեր անկողինի մէջ կամ սեղան նստինք: Կամ Դանիէլը ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ պիտի մտցնէ մեր կեանքին մէջ... Առանց զինքը տեսնելու այլեւս շատ կը սիրենք ու համբերատար կը սպասենք մեր երկրորդ անգին ու թանկագինին:

 Գիտակցիլն ու ընկալելը բոլորովին տարբեր բաներ են: Նոյն զգացումը ունեցած ենք նաեւ մեր առաջնեկի ժամանակ: Մինչեւ որ մեր գիրկը չառինք, չհաւատացինք անոր գոյութեան: Փոքրիկ ու փխրուն մարդուկի շունչն ու սրտի բաբախը զգալէ վերջ, մնացինք ստուերի տակ: Այդ վայրկեանէն ան դարձաւ մեր օդն ու ջուրը: Բոլոր մտքերու, նպատակներու, ծրագրերու, երազներու մէջ ինքնըստինքեան աւելցաւ ընդամէնը 48 սանթիմեթր հասակով, 3 քիլօկրամ եւ 90 կրամ քաշ ունեցող Զաւէնիկը: Ան դարձաւ մեր աշխարհակեդրոնը:

Զաւէնիկի ծնունդը փոխեց մեր կեանքը: Այդ փոքրիկ հրեշտակը մեր կեանքը լեցուց նոր գոյներով ու զգացումներով, որոնցմէ ամենակարեւորը՝ պատասխանատուութեան ու պարտաւորուածութեան զգացումն է, ինչ որ հետզհետէ ա՛լ աւելի զգացնել կու տայ իր մասին:

Այժմ ալ կը սպասենք մեր երկրորդ աստուածային պարգեւին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021