ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿԱՅԻ՞Ն, ԹԷ ԲՆԱԿԱՆ

Մարդկութեան ամենավառ եւ փառաւոր ժամանակաշրջանները, իրականութեան մէջ, ամենաարիւնալի, ամենամութ ժամանակներու նախապատրաստութիւնն էր: Նախայարձակութիւնը բնազդ մըն է՝ ինչպէս սնանիլը ու բազմացումը: Բռնի նախայարձակումը բնութեան մէջ չի նկատուիր՝ բացի մարդկութենէ: Բռնութիւնը տեղի կ՚ունենայ միայն մարդկային կեանքի մէջ: Այդ իսկ պատճառով, բնութեան մէջ միայն մարդն է «բռնաւոր էակը», որ կը յառաջացնէ ու կը ստեղծէ բռնութիւն:

«Այստեղ պատերազմական բռնութիւն կայ». մեր նշածին նման բոլոր իրադարձութիւններու մէջ բռնութիւն տեղի կ՚ունենայ ո՛չ թէ որպէս բուն իրադարձութիւն, այլ որպէս անոր յատկանիշը։ Ո՞ւր կը գտնենք բռնութիւնը:

Բռնութիւնը նախայարձակման յատկանիշ մըն է: Հետեւաբար, նախայարձակութիւնը պէտք է տեսնել բոլոր կենդանի էակներու մէջ: Այնուամենայնիւ, թէեւ բոյսերու մէջ կան տարբեր տեսակներու նախայարձակութեան ցուցանիշներ, սակայն բռնութիւն չի նկատուիր: Կենդանիներու նախայարձակ վարքը կը դրսեւորուի պաշտպանութեան, սնունդի եւ սեռականութեան պատճառով, բայց մենք չենք կրնար յայտնաբերել, որ այդ վարքը բռնութիւն կը պարունակէ:

Ի՞նչ դէպքերու պարագային կրնանք ըսել «այստեղ բռնութիւն կայ»։ Բռնութիւնը որոշելու համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրել ակրեսիւ վարքագիծը։ Աշխարհի իւրաքանչիւր էակ կը մեծնայ եւ կը բազմանայ յաջորդականութեամբ: Եթէ ​​միայն մէկ տեսակի պարագային վերարտադրման ուժը չկանխուի, ապա այդ կենդանի արարածը կրնայ տարածուիլ ամէն տեղ։ Նոյն կենսական ուժը կայ իւրաքանչիւր կենդանի արարածի մէջ եւ այստեղէն ալ կը յառաջանայ կենդանի էակներու միջեւ գոյատեւման պայքարը։ Այդ պայքարը մղելով իւրաքանչիւր կենդանի արարած կը յարձակի թէ՛ ուրիշները ոչնչացնելու եւ թէ զինք պաշտպանելու համար։

Գոյատեւման պատերազմը թոյլերու նկատմամբ հանդուրժողականութիւն չունի: Բնութիւնը շարժող հաւասարակշռութեան վիճակ մըն է եւ այդ հաւասարակշռութիւնը ձեռք կը բերուի, երբ գոյատեւման համար պայքարող ուժերը կը բախին իրարու: Բնական ընտրութիւնը, ուժեղներու գոյատեւումը եւ տեսակներու միջեւ հաւասարակշռութիւնը կը պահպանուին նախայարձակութեան միջոցով: Եթէ չըլլար նախայարձակութիւնը՝ յարձակման ու պաշտպանութեան տեսքով, խնդիր կը յառաջանար բնութեան գոյութեան պարագային։ Ակրեիւ վարքով նկատելի է բռնութիւն յիշեցնող յատկանիշներ, որոնցմէ անդրադառնանք «վայրի» եւ «վայրենութիւն» հասկացութիւններուն։

Նախ պէտք է նշեմ իրավիճակ մը. կարելի չէ ըսել, որ «վայրենութիւնը» բռնութիւն է եւ դաժանութիւն կը պարունակէ։ Օրինակ՝ առիւծներու որսալն ու եղջերուն լափելը դաժանութիւն չեն, այլ բնութեան օրէնքներն են։ Չարլզ Տարուին բնութեան մէջ որսալու եւ սպանութեան հիմնական բնութագրերը կը ներկայացնէ հետեւեալ կերպով.

• Անոնք շարունակական չեն։ Կենդանին երբ կուշտ է ու ընտանեօք բաւարարուած սնունդով, ո՛չ կ՚որսայ, ո՛չ ալ կը սպաննէ:

• Վախի տեղ չկայ։

• Մահը արագ կ՚ըլլայ։ Օրինակ՝ առիւծը սկիզբին կը յարձակի եւ կը սպաննէ իր զոհը եւ արագօրէն վերջ կու տայ անոր կեանքին։

• Կը մնան ամենաուժեղները, ամենաառողջներն ու ամենաերջանիկները։

• Ներտեսակային ընտրութիւն չկայ:

Բնութեան մէջ, բացի մարդոցմէ, չկայ սեփական տեսակի անդամներու դէմ կազմակերպուած համակարգուած, կանոնաւոր սպանութիւն:

Բնութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, որոնք մեզի դաժան կը թուին կամ մենք կը նկարագրենք որպէս վայրենութիւն, տեղի կ՚ունենան բնութեան կարգի համաձայն եւ կապուած են տեսակներու, բնութեան պահպանութեան, շարունակականութեան եւ կենդանի էակներու շարժման հետ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2023