ՀԵՔԻԱԹ՝ ՅՈԳՆԱՏԱՆՋ ԿՆՈՋ ՄԱՍԻՆ

Կար ու չկար Յոգնատանջ Կին մը կար։ Ամէն առտու ան կ՚արթննար ձեւով մը. ամբողջ օրը կը ստիպէր ինքզինքին աշխատիլ ու երեկոյեան ուժասպառ՝ կը մտնէր անկողին։ Ան այլեւս չէր յիշեր, թէ վերջին անգամ երբ ինքզինքը կը զգար հանգչած, ուժով լի եւ ապրելու փափաքով։

Եւ այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ այն ժամանակ, մինչեւ այն պահը, երբ Յոգնատանջ Կնոջ ստուերը բաժնուեցաւ իրմէ։ Ամառնային տաք օր մըն էր, երբ անհրաժեշտ էր ընել հերթական կարեւոր գործը, քանզի. «վաղուան մի՛ ձգեր այն, ինչ որ կարելի է ընել այսօր», «առանց ջանքի լիճէն ձուկ ալ չես կրնար որսալ», «ով աշխատի, ան կ՚ուտէ»։ Ահաւասիկ, այս է, որ կինը հասցուցած է գերյոգնածութեան։ Անոր ստուերը սկսաւ հեռանալ իրմէ, իր ուժասպառ տիրուհին թողուլ նստած գրասենեկային աթոռի մը վրայ։

Կինը կ՚աղաչէր իր ստուերին.

-Խնդրեմ, վերադարձիր իմ մօտ։ Եթէ դուն երթաս, քեզի հետ ալ կը հեռանան իմ բոլոր ուժերը…

Ստուերը պատասխանեց.

-Այո, ճիշդ ես, ես եմ քու եռանդի պահապանը։ Սակայն, ես այլեւս չեմ կրնար օգնել քեզի։ Դուն անխնայօրէն սպառած ես գրեթէ քու բոլոր ուժերը։ Դուն ամբողջութեամբ մաշեցուցիր ինքզինքդ։ Լաւ մը խորհէ, թէ ինչո՞ւ այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ քեզի հետ։

-Առանց քեզ ես դժուար թէ կրնամ այդ հասկնալ։ Խնդրեմ, օգնէ ինծի։

Քիչ մը խոկալէ վերջ, ստուերը համաձայնեցաւ.

-Շատ բարի, սակայն՝ միայն այն պայմանաւ, որ դուն պիտի անցնիս քու եռանդի վրայի կախարդանքը անէացնող՝ երեք փորձութիւն։ Համաձա՞յն ես։

-Ի հարկէ։

-Ուրեմն մտիկ ըրէ։ Առաջադրանք առաջին. զգա՛ քու կըռ-նակդ, քու ուսերդ։ Արդեօք կը զգա՞ս անտանելի բեռ մը։

Յոգնատանջ Կինը համաձայնեցաւ։ Ան ինչպէ՞ս կրնար չզգալ այդ մէկը։ Քանի տարիէ ի վեր ան կը կրէ անտեսանելի ծանր պարկեր։

-Ուրեմն, ուրիշի բաժին բեռը վերադարձո՛ւր իր տիրոջը։ Այդ մարդոց վերադարձո՛ւր ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԸ։ Ասոնք իրենց դասերն են, իրենց յաղթանակներն ու զարգացումները։ Իսկ քու բաժին բեռը թո՛ղ մնայ քեզի։ Միայն այդպէս դուն պիտի կրնաս ապրիլ քու կեանքով։

Կնոջ համար որքան դժուար էր խոստովանիլ ինքզինքին, թէ ինք կը կրէ իրեն համար չնախատեսած բեռ մը։ Սակայն ան այլեւս ի զօրու չէր կրելու ծանրութիւն, որ կը քամէր իր եռանդը. ընկերներուն, ամուսնոյն ու ծնողներուն հոգերը։ Ան իր վրայ կը կրէր անոնց բոլոր խնդիրները, դժուարութիւնները եւ կը փորձէր լուծել բոլորը, սակայն ամէն բան հետզհետէ կը վատանար՝ ամէննուն համար։

Այլեւս վերջ, կը բաւէ։ Այսուհետեւ թող ամէն մարդ ապրի իր կեանքով։ Յոգնատանջ Կինը գոցեց աչքերը, պատկերացուց այն մարդիկը, որոնց բեռը ան ժամանակին իր «բարեացակամութեամբ» առաւ ուսերուն, եւ մտովի անոնց վերադարձուց իրենց բաժինը։

Երբ Յոգնատանջ Կինը ազատեցաւ զինք ճնշող բեռնէն, իր հեռաձայնը սկսաւ զանգել։ Կինը կը փնտռէին բոլոր անոնք, որոնք ժամանակին անոր ուսերուն վրայ ձգեցին այդ բոլոր ծանրութիւնը։

Յոգնատանջ Կինը վախցած նայեցաւ իր ստուերին.

-Ես ի՞նչ ընեմ։ Անոնք հիմա նորէն պիտի խնդրեն ինձմէ վերցնել իրենց բեռը։

Ստուերը մնաց անկոտրուն.

-Եթէ կ՚ուզես ըլլալ առողջ, եթէ դուն կ՚ուզես, որ այդ բոլոր մարդիկ ապրին լիարժէք կեանքով, չափսոսալով ոչ մէկ բանի համար, ուրեմն անցիր երկրորդ փորձութիւնը. սորվէ՛ «ոչ» ըսել՝ երբ անհրաժեշտ է։

Կինը համաձայնեցաւ, սակայն զգաց, որ երկրորդ փորձութիւնը առաջինէն աւելի խրթին է։ Ինչպէ՞ս մերժել. ի՞նչ պիտի խորհին իր մասին, իսկ եթէ յանկարծ խզեն իր հետ շփումը, իսկ եթէ զինք չսիրեն։ Ընելիք բան մը չկայ։

Ան պատասխանեց իր ընկերուհիի հեռախօսազանգին։ Զրոյցը ապարդիւն էր. ընկերուհին կը համոզէր վերջինս իրեն փոխարէն ընել բոլոր գործերը, իսկ Յոգնատանջ Կինը շարունակ կ՚արդարանար ու կ՚արդարանար։

Ստուերը մօտեցաւ իրմէ կախում ունեցողին ու կամացուկ մը յուշեց.

-Որպէսզի սորվիս «ոչ» ըսել, նախ պէտք է ձգես արդարանալը, թէ ոչ մարդիկ պիտի զգան, որ դուն հաստատակամ չես ու պիտի շարունակեն համոզել քեզ, մինչեւ որ դուն յանձնուիս եւ քու ուսերուն վրայ կրես անոնց հոգերը։

Կինը համաձայնեցաւ եւ իր ընկերուհիին հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը աւարտին հասցուց կտրուկ, յստակ եւ միեւնոյն ժամանակ տանջագին «ոչ»ով մը։ Այն սրտի լեզուով մօտաւորապէս հնչած է այսպէս. «Դուն ինծի համար շատ թանկ ես, այդ իսկ պատճառաւ կ՚ուզեմ, որ դուն ապրիս քու կեանքով, կը հաւաստիացնեմ, թէ միայն այդ պայմանաւ կրնաս ինքզինքդ զգալ երջանիկ։ Յաղթահարելով ճակատագրի բոլոր փորձութիւնները, դուն կը սորվիս գնահատել այն ինչ որ ունիս եւ դուն կը ձգտիս դէպի քու երազը, անոր իրագործման համար ձեռք բերելով բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները»։

Ի հարկէ, ոչ բոլորը հասկցան Յոգնատանջ Կինը։ Իսկապէս մէկը դադրեցուց շփումը անոր հետ (միթէ ան ընկե՞ր էր), միւսը սրդողեցաւ (յիրաւի, անհրաժեշտ է ժամանակ, որպէսզի սորվիս ապրիլ սեփական կեանքով ու յարգես ուրիշի կեանքը), մէկ ուրիշն ալ համակերպեցաւ։

Ստուերը ըսաւ.

-Ժամանակն է անցնելու երրորդ ու վերջին փորձութեան։ Այն բարեյաջող անցնելէ վերջ, քեզի պիտի վերադառնայ՝ քու եռանդը, ապրելու ցանկութիւնը։ Սորվէ՛ հանգչիլ։ Թոյլ տուր ինքզինքիդ հանգչիլ։ Այդ պատճառաւ դուն պիտի հանդիպիս անոր, որ քեզ ամենէն շատ կ՚անհանգըստացնէ - քու մեղքի զգացումին։

Երրորդ փորձութիւնը ամենէն նենգն էր։ Մեղքի զգացումը անխղճօրէն կը փոխէր իր դիմակներն ու ձայները։ Երբ Յոգնատանջ Կինը կը փորձէր հանգչիլ, մեղքի զգացումը անմիջապէս կը մօտենար իրեն ու իր մօր ձայնով կ՚ըսէր.

-Ինչպէ՞ս։ Դուն նորէն մատնուա՞ծ ես անգործութեան։ Ես այստեղ կ՚աշխատիմ, կ՚աշխատիմ, իսկ դուն վայելքներու մէջ ես։ Բնաւ ամօթ չես զգար։ Այսօր ալ ընելիք այնքան շատ գործ ունինք։

Եւ կամ ան կ՚իմանար իր հօր ձայնը.

-Եթէ դուն չընես այդ գործը, ոչ մէկ պիտի ընէ։ Ամէն բան կը դառնայ ի չիք։ Չհասկցայ, յոգնեցայ կ՚ըսե՞ս։ Ի՞նչ բանէ յոգնեցար։ Տակաւին բան մը չըրիր։ Աշխատիլ, աշխատիլ, պէտք է շատ աշխատիլ։

Եւ կամ մեղքի զգացումը անոր հետ կը խօսէր իր մեծ մայրիկի ձայնով.

-Մեր ընտանիքի մէջ չկան ձրիակերներ։ Ես ամբողջ օրը ոտքի վրայ եմ, նոյնիսկ չեմ նստիր։ Դուն ալ պէտք է ըլլաս այդպէս։

Ձայները կը պահանջէին ու կը նախատէին։ Կինը հասկցաւ, որ պիտի չկրնայ հանգչիլ, նոյնիսկ եթէ ժամերով պառկի բազմոցին վրայ, նոյնիսկ եթէ մեկնի արձակուրդի համար՝ աշխարհի միւս ծայրը… Այդ ժամանակ լսուեցաւ այդ ճիչը՝ անոր խռովութեան ճիչը.

-Ես իրաւունք ունիմ հանգիստի։ Ես ինձմէ կը հեռացնեմ անոր դէմ արգելք հանդիսացող այդ կախարդանքը։ Այսուհետեւ ես ոչ միայն պիտի աշխատիմ, այլեւ լիարժէք հանգչիմ։ Չէ՞ որ գոյութիւն ունի ոչ միայն ցերեկ, այլ նաեւ՝ գիշեր։ Բնութեան մէջ աշխուժութիւնը կը փոխարինուի հանգիստով։ Նոյնիսկ բնութիւնը՝ մեծն կինը կը հանգչի։ Ես ինքզինքս անգործութեան չեմ մատներ, պարզապէս ես կը վերականգնեմ իմ ուժերը, որպէսզի ըլլամ առողջ, երջանիկ, լի ոգեչնշմամբ ու ստեղծագործելու ուժով։ Այդպէսով ես իմ բոլոր գործերը պիտի ընեմ ոչ թէ «պարտաւորեալ», այլեւ ճիշդ հակառակը՝ ես ամէն բան պիտի ընեմ սիրով, ուրախութեամբ ու անկեղծ փափաքով։

Այս մենախօսութիւնը բաւեց, որպէսզի անհետանար մեղքի զգացումը։ Յոգնատանջ Կինը գիտակցեցաւ, որ միշտ կը փորձէր մէկու մը համար լաւ ըլլալ, այդ իսկ պատճառաւ կ՚արգիլէր ինքզինքին ապրիլ իր կեանքով, կ՚արգիլէր հանգչիլ, ունենալ իր կարծիքը։ Եւ այս ձեւով ոչ մէկը երջանիկ եղաւ, ամէն բան աւելի բարդացաւ։ Մինչեւ այն ժամանակ, երբ ան լիովին սպառեցաւ։

Այդ օրը ամենէն արտառոցն էր Յոգնատանջ Կնոջ համար։ Ան հաճոյքով ընդունեց ծաղկաթերթիկներով լոգանք մը, իր սիրելի գիրքը ձեռքին երկնցաւ բազմոցին. կը զմայլէր մայրամուտի աննկարագրելի գեղեցկութեամբ, ներ-շընչելով բոյրը երեկոյեան ցօղի, ուն-կընդրելով ձայնը երջանիկ յոյսերու, իր սրտին մէջ սկսաւ զգալ կեանքի վերադարձող զարկերը։ Իրեն վերադարձաւ ոչ միայն իր Եռանդը, այլեւ՝ Առողջութիւնը, Գեղեցկութիւնը, Ուրախութիւնը, Ներշնչանքը, Անդորրը… Եւ այս ամէնը, միայն անոր համար, որ օր մը Յոգնատանջ Կինը ինքզինքին թոյլ տուաւ… հանգչիլ։

Կը մաղթեմ ձեզի երջանկութիւն։ 

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019