ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հայ գրականութեան երախտաշատ անուններէն ականաւոր բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան երէկ Երեւանի մէջ ոգեկոչուեցաւ իր ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։ Անմոռանալի բանաստեղծուհիի ի յիշատակ յարգանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնէն ներս, ուր կը գտնուի իր շիրիմը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեան, որ ծաղիկներ թողուց բանաստեղծուհիի շիրմին։

Նոյն առթիւ Սիլվա Կապուտիկեանի համար կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը, որուն հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019