«ԿԱՆԱՉ» ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ

Վերջապէս Հայաստանի մէջ ձիւն տեղաց. մարդիկ երջանիկ էին տաք յունուարով, մինչ հողը խոնաւութիւն կը տենչար… Ճիշդ է, որ տաք յունուարը մէկ կողմէն հաճելի էր, բայց բնութեան հանդէպ սրտցաւութիւնը ուրիշ զգացումներ կը պարգեւէր: Գիւղատնտեսները երաշտի վտանգէն տագնապած էին, քանի որ յայտնի է, թէ անձիւն ձմեռը չոր ու հրդեհավտանգ ամառ մը կը խոստանայ:

Աւստրալիոյ հրդեհներուն սարսափը, զոր կ՚ապրինք այս ամիսներուն, տակաւին թարմ է եւ երկար ժամանակ պիտի շարունակէ տագնապեցնել… Խելքէ դուրս բան մըն էր՝ չորս ամիս զարգացած երկրի մը անտառածածկ տարածքին զգալի մասը կեղեքուեցաւ կրակի լեզուակներով, որոնք լափեցին հրաշագեղ բնութիւնը, կործանեցին շինութիւններ, երեք տասնեակի մօտ մարդ զոհուեցաւ, իսկ միլիոնաւոր կենդանիներ տանջահար եղան կրակածածկ անտառներու բռնկումներուն ընթացքին… Հրդեհը անցեալ չէ եւ վտանգները տեղ-տեղ առկայ են: Մարդը անզօր գտնուեցաւ կրակին դէմ, հակառակ որ ամէն ջանք գործադրուեցաւ կրակի ընթացքին առաջքը առնելու:

Երկրագունդն ու բնութիւնը սիրող ամէն մարդ տխուր էր տեղի ունեցածին պատճառով: Երբ Հայաստանի մէջ առաջին ձիւնը կը տեղար, Աւստրալիոյ մէջ յորդառատ անձրեւներ սկիզբ առած էին` մեծ ուրախութիւն պատճառելով ամէն մարդու: Նոյնը՝ Հայաստանի մէջ, հողն ու երկիրը սիրող ոչ ոք ուրախ էր ձիւնի բացակայութենէն: Երբ հայրենի բնապահպանները կ՚աղաղակէին, որ մեծ ջրամբարները կիսադատարկ են, գետերը ցամքած, իսկ հողին խոնաւութեան մակարդակը սպասուածէն շատ քիչ է, մարդուն սիրտը ցաւեցաւ…

Յունուարի կէսին եկաւ այս տարուան սպասուած ձիւնը, բայց մասնագէտները այս ձիւնը բաւարար չեն նկատեր՝ հողերու խոնաւութեան, ջրամբարներու լեցուելուն համար. այս ձիւնը շատ քիչ է երկրին ջրային կարքիներուն համար: Ձիւնին խտութիւնը սպասուածէն նօսր է, իսկ ծածկոյթը՝ ցած: Հայ գիտնականները Արագածի մէջ գիտական փորձեր կը կատարեն՝ ձիւնը անմիջապէս հողին վրայ պահպանելու կամ ամբարելու տեղ մը, որ սակաւաջուր եղանակներուն հնարաւոր ըլլայ զայն գործածել ջուրին տեղ: Առայժմ պարզ չէ, թէ կը յաջողի՞ն գիտնականները այս փորձը կատարել, թէ՞ ոչ… Երբեմնի ջրառատ Հայաստանը՝ ջուրերու եւ լեռնային աղբիւրներու բնօրրան դիտուած մեր բիբլիական հայրենիքը, այսօր ջուրի կարօտ մնացած է…

Աւստրալիոյ մէջ եւս, հակառակ անձրեւներուն, հրդեհները ամբողջութեամբ չեն շիջանած: Այդ հրդեհները քաղաքակիրթ մարդկութիւնը տասնեակ հարցերու առջեւ կեցուցած են: Նախ միլիոնաւոր տոլարներ ուղղուեցան հոն՝ բնութեան եւ շինութիւններու վերականգնման համար: Կենդանական եւ բուսական աշխարհի վերականգնումը կը դիտուի որպէս առաջին քայլ: Առանց կենդանիի, առանց բոյսի եւ առանց ծառի անտառը անապատի կը նմանի… Մինչ մէկ կողմէն այս մասին կը մտածեն, միւս կողմէն ալ պարզ դարձած է, որ հազարաւոր ուղտեր Աւստրալիոյ մէջ պարզապէս աղէտ կրնան ըլլալ երկրին համար: Խօսակցութիւններ կան, որ ուղտերու մեծ խումբեր մարդոց կողմէ ոչնչացման թիրախի տակ են:

Յայտարարուած է, որ ուղտերը սպառնալիք ստեղծած են այն բնակավայրերուն, ուր այսօր կը բնակին Աւստրալիոյ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները, այդ պատճառով, իշխանութիւնները իրենց թիրախին տակ առած են տասն հազար առանձնեակ ուղտ, որոնց վրայ պիտի կրակեն: Գործի պիտի լծուին դիպուկահարներ, որոնք ուղտերուն պիտի կրակեն ուղղաթիռներէն: Մանաւանդ աշխատանք կը տարուի Աւստրալիոյ բնիկներու բնակավայրերուն ուղղութեամբ: Ուղտերը այդ հեռաւոր բնակավայրերը հասած են սնունդ գտնելու, որոնց հետեւանքով խմելու ջուրի ակունքները աղտոտած են: Ուղտերուն կրակելու որոշումը առնողներուն արդարացումը այն է, որ ուղտերու ոչնչացումը կը պաշտպանէ ոչ միայն տեղւոյն բնակչութիւնը, այլեւ նոյնինքն՝ կենդանիները, քանի որ ուղտերը արդէն սկսած են ոչնչանալ ծարաւէն:

Միասապատ այս ուղտերը Աւստրալիոյ մայրցամաք տարուած են 19-20-րդ դարուն, եւ տեղեկութիւններ կան, որ աւստրալական անապատներուն մէջ կրնայ գոյութիւն ունենալ ուղտերու աւելի քան մէկ միլիոն վայրիացած առանձնեակ:

Այս որոշումը մտահոգութիւն պատճառած է կենդանիներու պաշտպաններուն: Անոնք Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն կը յորդորեն չսպաննել ուղտերը: Սոմալիէն, օրինակ, ցանկութիւն յայտնած են պատսպարել ուղտերը իրենց երկրի տարածքին, ուրիշ երկիրներ նոյնպէս կենդանիները փրկելու ծրագիրներ առաջարկած են: Կան երկիրներ, որոնց տնտեսութեան աւանդական ճիւղերէն է ուղտաբուծութիւնը, որմէ շահոյթ կը ստանան, բայց հարց է հազարաւոր ուղտերու փոխադրութիւնը երկրէ երկիր...

Մէկ ուղղութեամբ չէ, որ խախտած է բնութիւնը… Այս խախտումներուն հիմնական պատճառը, անշուշտ, համաշխարհային ջերմացումն է, որ կը նկատուի դարի աղէտ եւ որու մասին կը խօսուի ամէն օր: Մարդուն գործունէութեան հետեւանքով ստեղծուած ջերմացումը փրկելու լծուած է նոյնինքն մարդը: Աշխարհը կեցած է այսպիսի տարաբանութեան առջեւ…

Անցած տարին՝ 2019 թուականը երկրագունդի տաքացումը հսկող դիտարկումներուն պատմութեան մեջ նկատուած է երկրորդ ամենատաք տարին: Անցնող տարուընէ աւելի տաք եղած է միայն 2016 թուականը: Համաշխարհային օթերեւութաբանական կազմակերպութեան այս յայտարարութիւնը նոր վախերու ճամբայ բացած է, մարդիկ կը սպասեն, թէ արդեօք ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ 2020 թուականը, քանի որ մթնոլորտին մէջ ջերմոցային կազմերու համակեդրոնացումը կը շարունակուի: Անցեալ տարի միջին ջերմաստիճանը 1.1 աստիճանով բարձր եղած է 1850-1900 թուականներէն: Այսինքն, 2020 թուականը արդէն իսկ ժառանգած է նախորդ տարիներուն ախտերը եւ կարելի չէ, որ մէկ տարուան ընթացքին այդ խնդիրները մեղմանան:

Վերլուծելով հինգ աղբիւրներէն ստացուած տուեալները, ներառեալ Ամերիկեան Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութենէն՝ ՆԱՍԱ-էն ստացուած շատ կարեւոր տեղեկութիւններ, համաշխարհային օթերեւութաբանական կազմակերպութեան փորձագէտները եկած են այն եզրակացութեան, թէ վերջին հինգ տարիներու եւ տասնամեակի միջին ջերմաստիճանները հասած են ցուցանշային մակարդակի:

1980-ականներուն սկիզբէն իւրաքանչիւր յաջորդ տասնամեակ աւելի տաք եղած է, քան նախորդը: Մասնագէտները հաստատած են, որ այս ընթացքով եթէ շարունակուի, մինչեւ դարավերջ ջերմաստիճանը կրնայ 3-5 աստիճան բարձրանալ: Իսկ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ), իր կարգին, կը յիշեցնէ, որ Փարիզեան կլիմայական համաձայնագրով պետութիւնները պարտաւորուած են պահպանել միջին ջերմաստիճանի բարձրացումը 1.5 աստիճանի սահմաններուն մէջ: Եթէ այդպէս չըլլայ եւ եթէ բոլոր քայլերը չտանին կանխելու համաշխարհային ջերմացւումը, ապա մարդկութեան աղիտալի ապագայ մը կը սպասուի եւ մոլորակին վրայ շատ հատուածներ կը դառնան անմարդաբնակ:

Միայն ջերմաստիճանի բարձրանալուն առաջքը առնելը բաւարար չէ, մեծ գումարներ պէտք է ուղղուին նաեւ ովկիանոսներու մաքրումին, ծովի մակարդակները պատշաճ սանդղակներու վրայ պահելուն, սառոյցի հալքը դանդաղեցնելուն եւ ուրիշ այլ ուղղութիւններով: Անթարքթիքայի սառոյցներու հալելու հետեւանքը կրնայ ըլլալ, որ հոնկէ դուրս գան քիմիական նիւթերը, մանաւանդ՝ թոյնի տեսակ մը, զոր բազմաթիւ երկիրներ գործածելէ հրաժարած են երեսուն տարի առաջ: Շատ մեծ աշխատանքներ կը տարուին ովկիանոսներու ջերմացման առաջքը առնելու համար, բան մը, որ այս պահուն տակաւին անկարելի կը թուի: Ովկիանոսները կը կլանեն ահռելի քանակութեամբ տաքութիւն: Գիտնականները վստահ են, որ եթէ նոյնիսկ մարդկութիւնը կարենայ ձերբազատիլ ջերմոցային կազերու քանակէն, համաշխարհային ովկիանոսի փոփոխման հոլովոյթը պիտի շարունակուի եւ ատոր հետեւանքներէն մէկն ալ այն պիտի ըլլայ, որ արեւադարձային հիւանդութիւնները տարածուին նոր շրջաններու մէջ:

Արտասովոր տաքը կրնայ հազարաւոր մարդոց մահուան պատճառ դառնալ: Մասնագէտները կը յիշեցնեն, որ 2003 թուականին տաքէն մահացած է 70 հազար եւրոպացի, իսկ անցեալ տարի՝ 2019 թուականին, Գերմանիոյ մէջ շուրջ հազար մարդ:

Մարդը երբ աշխարհ եկած է ապրելու, արտայայտուելու, ուսում ստանալու եւ այլ հիմնարար իրաւունքներու հետ նաեւ ունեցած է «կանաչ» իրաւունքներ, առանց որոնց պարզապէս կեանքը անկարելի կը դառնայ: «Կանաչ» իրաւունքները գեղեցիկ արտայայտութիւն մը չէ, անիկա մաքուր օդի մատչելիութեան իրաւունքն է, որ մարդը կը պահէ բանական եւ առողջ: Մարդը կարիք ունի բարենպաստ շրջակայ միջավայրի իրաւունքի, որն ունենալու պարագային միայն ան կրնայ առողջ ապրիլ եւ գործել: Այսօր որքա՞ն առողջ է պեթոնով շէնքերուն մէջ ապրող մարդը կամ աշխատող մարդը, օրուան մեծ մասը համակարգիչին կամ հեռատեսիլին առջեւ անցընող մեր դարու բնակիչը: Մարդը ինքզինքը պարփակած է այդ շէնքերուն մէջ, ուր օդափոխութիւնը նոյնիսկ արհեստական է. միւս կողմէն ալ կը դժգոհի «կանաչ» իրաւունքի խախտումին համար: Շատ մեծ տարակերպութիւն կ՚ապրի ժամանակակից մարդը, զոր առողջ չես նկատեր ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլ նաեւ՝ հոգեպէս:

Ի՞ՆՉ Կ՚ԱՌԱՋԱՐԿԵՆ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԸ

Քանի որ երկիրը կը կլանէ արեւի ճառագայթներուն 70 առ հարիւրը, միւս կողմէն մթնոլորտ կը նետուին ջերմոցային կազեր, ապա գիտնականները զանազան միջոցներ կ՚առաջարկեն:

Աստղագէտ Ռոճըր Անցէլ կ՚առաջարկէ մոլորակին շուրջ տեղադրել 60 սմ. շառաւիղով եւ քանի մը կրամնոց միլիոնաւոր ոսպնեակներ, որոնց միջոցով հնարաւոր ըլլայ ցրուել արեւուն ճառագայթները: Անցէլ համոզուած է, որ այդ մէկը կը յանգեցնէ արեւային ճառագայթման նուազեցման:

Ուրիշ գիտնական մը կ՚առաջարկէ մեր մոլորակը շրջապատել մանր մասնիկներու կամ տիեզերանաւերու օղակով, որ ստուերի տակ կ՚առնէ արեւադարձային գօտիները՝ այդ կերպով մեղմելով կլիման: Արտացոլող մասնիկները կարելի է ստանալ երկրին, լուսնին կամ աստղակերպերուն վրայի լեռնային մշակումներէն: Ի դէպ, եթէ այդ նախագիծը գործի դրուի, ապա տիեզերանաւերու արտադրման պարագային կը ծախսուի 500 միլիառ, իսկ մասնիկներու պարագային մինչեւ 200 թրիլիոն տոլար:

Կլիմայագէտ Ուոլլաս Պրոքըր կ՚առաջարկէ փուչիկներու եւ օդանաւերու օգնութեամբ մթնոլորտի շերտերէն մէկուն՝ վերոլորտին մէջ շաղ տալ ծծումբի մասնիկներ, որոնք այդ մակարդակի վրայ կը մնան մօտ երկու տարի: Այդ նախագիծը կը գնահատուի մօտաւորապէս 50 միլիառ տոլար:

Առաջարկներ կան նաեւ յատուկ սարքաւորումներու միջոցով ծովի ջուրէն աղային գոլորշիներ ստանալ եւ զանոնք վերածել կերակուրի աղով յագեցած իսկական ամպերու, որոնց ստուերին մէջ Երկիր մոլորակը «կը թաքնուի» արեւէն:

Եղած է նաեւ գիտական այսպիսի առաջարկ մը. ջրային հատուածներու վրայ ստեղծել ճերմակ մակերեսով կամ կերպընկալէ զանգուածով պատուած լողացող արհեստական կղզեակներ՝ երկիր թափանցող արեւային ճառագայթումը արտացոլելու համար:

Այս մտայղացումները կրնան երբեմն երեւակայական թուիլ, բայց ուշ թէ կանուխ անոնցմէ ոմանք կրնան պիտանի ըլլալ, մանաւանդ ճգնաժամային եւ օրհասական պահերուն: Մինչ ոմանք քամահրանքով կը նային համաշխարհային ջերմացումին եւ շատ չեն հաւատար անոր կործանարար ազդեցութեան, գիտնականները արդէն զայն անուանած են համաշխարհային երկրորդ ջրհեղեղ: Բնապահպանները հաւատացած են, որ իւրաքանչիւր մարդ նոյնիսկ կրնայ կանխել համաշխարհային ջերմացումը՝ ամէն օր աւելի բնականին մօտ կեանքի ջանալով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020