Երբ Հայ Մայ­րը Իր Զա­ւ­կէն Կը Հե­ռաց­նէ Հա­յե­րէ­նը

Տարիները որքան մեզ հեռու պահեն մեր հայրենիքէն, այնքան արագ պիտի այլասերին հայ սերունդներ: Սա ճշմարտութիւն է, մարգարէական խօսք ըլլալէ առաջ: Սա ինքնաճանաչման եւ զգօնութեան հրաւէր է, մեղադրանք ըլլալէ առաջ:

Սակայն ինչո՞ւ նմանատիպ յորդորներ մեզ կը հալածեն այսքան ատենէ, ինչո՞ւ կը տար-ւինք մեղադրանքներու տարափ իջեցնելով հայ իրականութեան գլխուն: Իրականութիւն, որ կոչուած է ըլլալ հայ սփիւռք(ներ), գաղթաշխարհ եւ օտարութիւն:

Ու ամէն առիթի կը շարունակենք վանկարկել այն տխուր մտածումը, թէ հայ ծնողքը վաղուց յանձնուած է զինք շրջապատող օտարամոլական երեւոյթներու, բարքերու եւ մտայնութիւններու, թէ՝ այլեւս հայ վարժարանին վիճակուած դերն ու առաքելութիւնը դադրած է իր իմաստէն, թէ՝ հայ դաստիարակի դարաւոր կերպարը ենթարկուած է աղաւաղումի, թէ՝ հայոց մեսրոպաշունչ տառերը կորսնցուցած են իրենց հմայքը, թէ՝ ինքնութեան հնչեղութիւնը տակաւ շիջած է, թէ՝ հայը հա՛յ պահող ամէն արժէք իմաստազրկուած է նորահաս սերունդին մօտ, թէ՝ մշակութային ամէն հարստութիւն եւ նուաճում կը դիտուի որպէս անցողակի արտայայտութիւն:

Բնական է, որ ապրող ազգեր դիմագրաւեն ժամանակակից կեանքի դառն ու տհաճ դժուարութիւններ, գտնուին ահաւոր պայմաններու դէմ-յանդիման, ստիպուին դուրս գալ սեփական պատեանէ եւ նետուիլ օտարոտի յորձանուտերու մէջ, պարզապէս որովհետեւ արհեստագիտութեան պարտադրանքներն ու արդի կեանքի աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները ոչ ոքի կը խնայեն:

Այդուհանդերձ, անոնք աւելի քան երբեք կառչած կը մնան իրենց մայրենիին, իրենց առօրեայ կեանքը կ՚իմաստաւորեն սեփական լեզուի հարստութեամբ եւ մշակութային ինքնուրոյնութեամբ:

Սակայն անբնականը այն է, որ դարերու խորերէն առկայծող, սեփական լեզու, դիմագիծ, պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ազգ մը, այս պարագային հայութիւնը, կը գտնուի ամենադժուարին պայմաններու մէջ, ոչ թէ անոր համար, որ չունի նիւթական թէ տնտեսական կարելիութիւններ, պետութիւն եւ քաղաքական հարթակ, այլեւ իբրեւ ազգ-պետութիւն կ՚ապրի խարխափումի շրջան մը, ինքնահաստատման, կայացման ու ինքնադրսեւորման դժուարին պահեր:

Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցը վերոնշեալ երեւոյթն է, հայ կեանքի ամենէն դաժան իրականութիւնը, երբ հայ մայրը իր զաւակը կը հեռացնէ հայ վարժարանէն, այսինքն՝ մայրենիէն եւ ինքնութենէն: Սա ոճիր է, ինքնասպանութեան մէկ այլ ձեւ եւ ստորին արարք:

Չենք ուզեր խօսիլ Արեւմտեան կողմն աշխարհի հայ կեանքի պարզած տխուր վիճակին մասին, հակառակ տարուած գնահատելի հայապահպանման բազմապիսի աշխատանքներու: Միջինարեւելեան հայ կեանքի տարբեր ոլորտներ սկսած են ահեղ ձեւով տուրք վճարել ապահայացնող երեւոյթներու, որոնք այլապէս ալ պատճառ կը դառնան ներքին ուժականութեան ջլատման:

Փաստօրէն ինչպիսի՞ բացատրութիւն տալ այն ողբերգական վերաբերումին ու մօտեցումին, երբ հայ վարժարան աւարտած, ազգային գիտելիքներով հասակ առած հայ մայր մը իր զաւակը կը յանձնէ օտար վարժարանի հոգատարութեան, կ՚ապաւինի անոր ջամբած օտարոտի, բայց «բարձր» կըր-թութեան, եւ ժամանակ մը ետք, այսպէս ասած, մեղայի գալով կը փափաքի նոյն զաւկին հայերէն սորվեցնել՝ զայն ուղարկելով կիրակնօրեայ դպրոց:

Ա՛լ չենք խօսիր քանի մը հազար հաշուող (ի Լիբանան) հայ աշակերտներու մասին, որոնք կը յաճախեն պետական թէ սեփական օտար վարժարաններ:

Պահը հասած է ո՛չ միայն ահազանգ հնչեցնելու, այլ կատարուած ահաւոր ու անդարմանելի ողբերգութեան մասին շատ լուրջ մտածելու եւ համապատասխան իրաւ միջոցներ որդեգրելու:

Յապաղած ենք, բայց դեռ կը շնչենք, տկարացած ենք, բայց դեռ մեր սրտերը կը բաբախեն: Մեծախօսիկութիւնը մեզ չի կրնար փրկել, այլ՝ գիտականացած, անկեղծ ու հաստատութենական մտածողութիւնը:

ՀԱՄ­ԲԻԿ ՊԻ­ԼԱ­ԼԵԱՆ

15 Փետ­րուար 2018 
«Ազդակ», Լիբանան  
 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2018