100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

2024 թուականին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ մեծ շուքով պիտի նշուի Հայաստանի ազգային հերոս, երգիչ, երգահան, դերասան, հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը: Երկու երկիրները պատշաճ կերպով կը պատրաստուին նշանաւոր արուեստագէտի մէկդարեայ յոբելեանի արարողութիւններուն: Ազնաւուր բարձր պարգեւներու արժանացած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ՝ ան Ֆրանսայի ազգային շքանշանակիր է:

Երեւանի մէջ, Հայաստանի վարչապետի որոշմամբ, արդէն ստեղծուած է Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի յոբելենական յանձնախումբ մը, որ կը ղեկավարէ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան: Յանձնախումբին մէջ են պետական այլ պաշտօնեաներ՝ նախարարներ, փոխ-նախարարներ, քաղաքային եւ մարզային իշխանութիւններու անդամներ, հեռուստաընկերութիւններու եւ համերգասրահներու ներկայացուցիչներ: Յանձնախումբին մէջ ընդգրկուած են նաեւ մշակոյթի գործիչներ՝ երգահան Տիգրան Մանսուրեան, գրող Յակոբ Մովսէս, ինչպէս նաեւ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքէն անդամներ՝ երգչին կրտսեր որդին՝ Նիքոլա եւ վերջինիս կինը՝ Քրիսթինա Ազնաւուր: Նիքոլա եւ Քրիսթինա կը ղեկավարեն «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որ իր գործունէութիւնը վերջին տարիներուն փոխադրած է Հայաստան եւ Ազնաւուրի ընտանիքի այս երկու անդամները նոյնպէս տեղափոխուած են Հայաստան:

Յանձնախումբը արդէն գումարած է իր առաջին նիստը, որոշուած է, որ վեց ամսուան ժամկէտի ընթացքին պէտք է կազմուի ծրագիր մը յոբելենական միջոցառումներու, որոնց համար նախատեսուած գումարը ներկայացուի կառավարութեան:

100-ամեակի ծիրէն ներս նախատեսուած են համերգներ, գիտաժողով, տեսաժապաւէններու ցուցադրութիւն, դրոշմաթուղթերու կնքում, ձայնագրութիւններ եւ այլ մշակութային ձեռնարկներ:

«Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր իր շնորհակալութիւնները յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան՝ նախ յանձնախումբ մը ստեղծելու, ապա՝ 100-ամեակը պետական մակարդակով նշելու գաղափարին համար:

ԱՐՁԱՆԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, նախաձեռնութեան մը մասին յայտարարած է Երեւանի քաղաքապետարանը. Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կը դրուի Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան։ Նոյն յուշարձանի կրկնօրինակը նախատեսուած է տեղադրել Փարիզի մէջ: Յայտնի է, որ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձաններ կան Փարիզ, Կիւմրի եւ այլ քաղաքներ, բայց մայրաքաղաք Երեւանին մէջ կը բացակայի մեծ հայուն արձանը: Երեւանի մէջ նշանաւոր երգիչին արձանը իր 100-ամեակին առթիւ կանգնեցնելու համար առաջարկուած է «Ազնաւուր» հիմնադրամէն եւ քննարկումներու արդիւնքին Երեւանի աւագանին առաջարկած է յուշարձանը տեղադրել Ֆրանսայի հրապարակի կեդրոնական մասը: Սակայն այդ հատուածին վրայ արդէն իսկ դրուած է ֆրանսացի նշանաւոր արձանագործ Օկիւստ Ռոտէնի հեղինակած մէկ գործը՝ Ժիւլ Պաստիէն Լըպաժի արձանը: Այդ արձանը 2011 թուականին Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Երեւան կատարած այցի ժամանակ նուիրաբերած է Հայաստանին՝ հայոց անկախութեան 20-ամեակին առթիւ։ 1800-ականներուն ապրած ֆրանսացի նկարիչ Լըպաժի արձանը այսպիսով կը փոխադրուի նոյն տարածքի մայթեզր, անոր փոխարէն կը դրուի մէկ ուրիշ նշանաւոր ֆրանսացիի՝ Շարլ Ազնաւուրին արձանը:

Անշուշտ, առաջարկներ եղան, որ Ազնաւուրին արձանը դրուի իր անունը կրող հրապարակին վրայ, որ Աբովեան փողոցն է, սակայն, Երեւանի աւագանին այլ որոշում առած է: Առայժմ որոշումը միայն թուղթին վրայ է. տակաւին պատրաստ չէ յուշարձանի նախագիծը, յայտնի չէ՝ ո՞վ է քանդակագործը, ի՞նչ ժանրի մէջ պիտի քանդակուի մեծանուն երգիչը, ինչպէս պիտի ներդաշնակուի արձանը շրջապատին հետ եւ Ազնաւուրի գործունէութեան, կեանքի ո՛ր մէկ դրուագը պիտի խորհրդանշէ զայն:

Ազնաւուրը կրկին ճանչնալու համար մեզի օգնութեան կու գան իր գիրքերը, որոնցմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:

Իմ ճանապարհս դիւրին ու հանգիստ չէ եղած։ Շատ դառնութիւններ ճաշակած եմ այդ ճանապարհին՝ երեսիս գոցուած դռներ, հեգնանքով ու արհամարհանքով լի ժպիտներ, կատակի տակ քօղարկուած չարախօսութիւններ․ «Յամառութիւն մի՛ ընէք», «Ոչինչ ունինք ձեզի համար», «Ձգեցէք ձեր հասցէն, մենք կը գրենք», «Ամէն պատահական մարդու վրայ ժամանակ չունինք կորսնցնելու»… Այս եւ նման այլ արտայայտութիւններ։ Ես ճաշակա՛ծ եմ այդ բոլորը։

Շատերուն նման կլլած եմ թուքս, զսպած եմ արցունքներս ու կուչ եկած։

Շատերու նման մտածած եմ, որ գուցէ աւելի լաւ կ՚ըլլար ոչինչ ըսել։

Շատերու նման զայրոյթէն պոռթկացած եմ երբեմն, կոշտ եղած եմ, ինձ նոյնպէս կոպտած են:

Կասկածն ու յուսահատութիւնը, չհասկցուած ըլլալու ու բախտ չունենալու զգացողութիւնը յաճախ զգետնած են զիս: Բայց ցաւս թաքցուցած եմ, ներքաշուած եմ պատեանիս մեջ եւ ուժ հաւաքած՝ դիմանալու, պաշտպանուելու համար։

Անօթութիւնը, պաղը, յոգնածութիւնը, զսպուած արցունքը իմ ճանապարհիս անբաժան ընկերները եղած են։

Կիներու, որոնք միշտ ամէն ինչէն վեր դասած եմ, սիրած են զիս, խաբած, պաշտած, լքած։ Բայց հեռանալէ առաջ երջանկութեան պատրանքներ տուած են ինծի:

Ուստի, ես ինքզինքս ո՛չ զոհ կը նկատեմ, ո՛չ ալ՝ սուրբ։ Յաճախ ես նոյնը փոխհատուցած եմ անոնց, քանի որ, ես ալ միւսներուն պէս, մարդ եմ։ Ես ալ իմ կարգին, յաճախ անոնք արցունքներու մէջ ձգած եմ: Գնահատել չգիտնալով իսկական սէրը, վազած եմ վաղանցիկ սէրերու ետեւէն։

Խաբած եմ, նախքան կը խաբէին ինծի, այսպիսով խաբած եմ ինքս ինծի… Ի՜նչ ընես, այդ է կեանքը, այդ է սէրը…

Բայց այդ մասին չէ, որ կ՚ուզեմ խօսիլ, պատճառը այդ չէ, հաւատացէք, որ կ՚ուզեմ թաքցնել կեանքիս մութ անկիւնները, ո՛չ։ Ես պարզապէս չեմ ուզեր ձեզ մասնակից դարձնել իմ յոյզերուն ու տխրութիւններուն։ Յաջողութեան հասած մարդը պէտք չէ իր անցած ծանր օրերու սրտաճմլիկ նկարագրութիւնը կատարէ:

Անչափ շնորհակալ եմ Աստուծմէ, որ ինծի անցուց այդ բոլոր փորձութիւններու միջով, երազելու եւ այդ երազը ապրելու հնարաւորութիւն տուաւ ինծի։

Ի վերջոյ, իմ դժուար կեանքս ու իմ խաբուած սէրերս են, որոնք զիս դարձուցին այն, ինչ կամ, ու կը համարձակիմ ըսել, եւ թող ասիկա ինքնագովութիւն չընկալուի, ես զիս կը հաւնիմ:

Եթէ ինծի վիճակուէր կրկին ապրիլ, ապա այդ բոլորը նորէն կ՚ապրէի նոյնութեամբ։

***

Պարտութիւններով ու դժուարութիւններով լի իմ գործունէութեան առաջին տարիներուն ուղեկցող ողջ դառնութիւնը եւ ծաղր ու ծանակը ընտանիքիս բաժին կը հասնէր: Ես պարտական եմ անոնց: Ամէն անգամ, երբ տուն կը վերադառնայի, ականջներս տակաւին լի հանդիսատեսի աղմուկ-աղաղակով, սուլոցներով ու վիրաւորանքներով, ծնողքս իմ կողքիս էին՝ պատրաստ ըլլալու ու մխիթարելու: Կորսուած է այն մարդը, որ յենարան չունի: Իմ յենարանս իմ ընտանիքս էր՝ մայրս, հայրս, քոյրս…

***

Ապրելու համար ելք մը կայ միայն: Քեզի կը զիջին միայն այն պարագային, երբ քու կարիքդ կը զգան: Իսկ եթէ ոչ, ուրեմն բարի ճանապարհ: Կը նշանակէ՝ նախ պէտք է օգտակար դարձնես ինքզինքդ, ապա՝ անհրաժեշտ:

***

Հայը կը սիրէ լաւ սեղանը ու լաւ գինին: Այո՜, գինին, որ ազգային խմիչք է, հայը նոյնքան կը սիրէ, որքան՝ ֆրանսացին: Տօնը առանց ճոխ սեղանի, առանց գինիի, առանց երգի, տօն չէ հայուն համար:

Պէտք է ըսել, որ խմիչքը չէ, որ կը խօսեցնէ հայը, այլ խօսքն է, որ կը խմցնէ անոր:

***

Մենք ծնած ենք, որպէսզի մեռնինք, սակայն մինչ այդ պէտք է ապրիլ:

***

Ես ֆրանսացի եմ հայկական ծագումով: Արմատներս Հայաստան են: Արմատները լեզուն է, աւանդոյթները:

Մենք գաղթական հայ ընտանիք մըն էինք ու ինչպէս բոլոր գաղթական հայ ընտանիքները, կապուած էինք մեր լեզուին, սովորոյթներուն ու եկեղեցւոյ: Ես քրիստոնեայ եմ հարիւր տոկոսով:

Զուսպ, համեստ էր մեր ընտանիքը: Մենք կը սիրէինք խնդալ, երգել, պարել եւ արտասուել: Այո՛, նաեւ կ՚արտասուէինք, որովհետեւ հայը շատ զգացմունքային է եւ դիւրութեամբ կու լայ: Ան կու լայ թէ՛ կնունքին, թէ՛ պսակին, թէ՛ թաղումին:

Ֆրանսայի մէջ ինքզինքս երբեք օտարազգի չեմ նկատած, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, երբեք չեմ մոռցած, որ ծնունդով հայ եմ: Ֆրանսայի մէջ մենք մեր ուրոյն տեղը ունինք՝ Գառզու, Անրի Թրուայա, Անրի Վեռնէօյ, Ալիս Սափրիչ, Ռոզի Վարդ, Ռոզի Արմէն:

Այո՛, մենք միշտ հայ կը մնանք:

Գացէք Ալֆորվիլ, Քարնոյ հրապարակին վրայ կը տեսնէք գրուած է. «Ֆիլիփի մօտ»: Ներս մտէք եւ կը տեսնէք, որ այլեւս Ֆրանսա չէք գտնուիր: Խօսակցութեան պատառիկները ձեզ իսկոյն կը տեղափոխեն ուրիշ մոլորակ մը: Նախասրահը լեփլեցուն է: Կին մը չկայ: Բոլոր սեղանները զբաղեցուցած են տարեց տղամարդիկ: Մաշուած, կնճռոտ դէմք ունին, խիտ մօրուք եւ ճերմկած մազեր: Զբաղած են թղթախաղով: Եթէ դուք մշտական յաճախորդ չէք եւ հայերէն չէք խօսիր, ուրեմն օտարազգին դուք էք:

Սակայն անոնք կը զրուցեն ձեզի հետ: Արտասուախառն ձայնով կը պատմեն իրենց երկրին գեղեցկութեան, Սեւանայ լճի քնքշութեան մասին: Անոնք կը յիշեն...

Այսօր մեր զաւակներէն շատերը կ՚ամուսնանան ֆրանսուհիներու հետ, եւ մենք կը կորսնցնենք մեր աւանդոյթները:

Գիտէք, իմ ժողովուրդս շատ տառապած է, եւ որոշակի ճակատագրականութիւն մը կը բխի ատկէ: Մենք՝ հայերս դիւրութեամբ կ՚ըսենք. «Այն օրը միայն կը հանգստանամ, երբ գերեզման իջնեմ»: Ես այն կարծիքին եմ, որ մահը միանգամայն բնական բան է: Պարզապէս քիչ մը անհեթեթ բան մըն է:

Ես ճանապարհորդած եմ ամբողջ աշխարհի տարածքով: Երբեք չեմ մոռցած, որ հայ եմ: Ուլլայի հետ ամուսնացած եմ Ժան Կուժոն փողոցի հայկական եկեղեցիին մէջ, եւ աւագ փոխերէցը մեր գլխուն դրած է ամուսնութեան թագ՝ զարդարուած խաչով: Նոյն թագը դրած են իմ հօրս ու մօրս, մեծ մօրս եւ մեծ հօրս:

Որդիս՝ Փաթրիքը, յաճախած է Սեւրի հայկական դպրոցը: Ուր ալ ըլլամ՝ Նիւ-Եորք, թէ Մոսկուա, երբ անծանօթ հայ մը կը մտնէ իմ օթեակս, կարիք չկայ, որ ան ինծի բան մը ըսէ: Ան իմ եղբայրս է: Ես ինծի քիչ մը յանցաւոր կը զգամ հարազատ ժողովուրդիս հանդէպ: Ոչ մէկ երգ նուիրած եմ անոր: Այդ մասին շատ խորհած եմ: Բայց ես անպայման կը գրեմ այդ երգը: Այդ օրը ես կը հպարտանամ աշխարհով մէկ՝ պոռալով, որ ես հայ եմ:

Խմբ.- Այս մտորումները գրուած են մինչեւ 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժը: Երկրաշարժէն յետոյ, ինչպէս ծանօթ է, Ազնաւուր Կառվարենցին հետ գրեց «Քեզի համար, Հայաստա՜ն» երգը, գրաւեց մարդկութեան սիրտերը, զայն երգեցին համաշխարհային աստղեր եւ աջակցութեան ու օգնութեան ձեռքեր մեկնուեցան դէպի Հայաստան: Ինք՝ Ազնաւուր նոյնպէս, ժամանեց Հայաստան, բերաւ իր օգնութիւնը, խօսքը, ներկայութիւնը եւ յաւերժ մնաց Հայաստանի ժողովուրդի յիշողութեան մէջ:

ՔԱՆԻ ՍԻՐՏՍ ԿԸ ԲԱԲԱԽԻ ԳԻՐՔԷՆ

Կեանքիս կշռոյթը այլեւս այն չէ, տեսակ մը դանդաղած է կարծես, բայց ատկէ չեմ նեղուիր: Եթէ դուն այլեւս նախկին ուժը չունիս, ուրեմն պէտք է համակերպիս քու ունեցածովդ:

Եւ կու գայ օր մը, երբ մազերը ճերմկնալու կը սկսին, յետոյ կը նօսրանան, կռնակը կը ծռի, քայլուածքը կը դառնայ անվստահ, վերջին հնարաւորութեան զոյգի հոգիներուն մէջ բոյն կը դնէ միայնութեան զգացումը, եւ մենք կը սկսինք անհանգստանալ մեր առողջութեան, մեր վաղուայ օրուան համար, մեր միտքերուն մէջ կը սողոսկէ անանուն տագնապ մը: Խորհրդաւորութեան մշուշով պատուած հարցումներուն հարցումը՝ Աստուած կա՞յ, թէ՞ չկայ, մեր առջեւ կը յառնէ աւելի յստակօրէն, եւ դառնութեան, բայց նաեւ քնքշանքի զգացումով կը տեսնենք, թէ ինչպէս մեր դիմաց կարգով կ՚անցնին մեր ապրած օրերու սեւ ու ճերմակ, իսկ յետոյ նաեւ՝ գունաւոր պատկերները:

Ես արդէն հասած եմ սահմանային տարիքին, եւ այս պահէն սկսեալ պէտք է համրեմ, թէ ապրելու համար ինծի քանի՛ ամիս, օր, ժամ մնացած են, որոնք գուցէ վերջինը պիտի ըլլան: Ասիկա այն տարիքն է, երբ մարդ պիտի կարողանայ լիարժէք ապրիլ նոյնիսկ ամէն մէկ վայրկեանը: Դժուար է պատկերացնել, որ այս կեանքը քեզի տուած են ու հիմա ետ պիտի առնեն: Ես իմ տուածս երբեք ետ չեմ վերցներ:

Ինծի աւելի շատ ցաւ կը պատճառէ եւ կը վշտացնէ ոչ այնքան անցեալը, որքան այն, որ ամէն ինչ կը փոխուի... Ի՜նչ լաւ կ՚ըլլար, եթէ այն ամէնը, ինչ տեսած ու ճանչցած ենք, մնար նոյն տեղը, նոյնը մնային մարդիկ՝ նոյն տարիքի եւ նոյն դէմքերով:

Դէմ չեմ, երիտասարդութիւնը, անշուշտ, պէտք է կարողանայ պարտադրել իր անհատականութիւնը, բայց պէտք է ճանչնայ նաեւ իր սահմանները եւ չանցնի դեղին գիծերը: Ու թէպէտ հաստատ համոզուած եմ, որ միշտ պէտք է հաւատարիմ մնանք կեանքի հանդէպ մանկութեան տարիներու մեր պատկերացումներուն եւ չհրաժարինք այն բառերէն, որոնք գործածած ենք այդ տարիքին, սակայն, միեւնոյն է՝ մենք կը փոխուինք անցնող տարիներու հետ, եւ այդ մէկը անխուսափելի է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023