ՇԸՆԿԵՐ ՎԵՐՋԻՆ. ՃՈՆԸ

Անշուշտ վերջինը չէ քաղաքի. այլ այս շարքինը պարզապէս։ Մեր մօտ շընկերները շատ են, բայց ոչ բոլորն են ծանօթ ինծի, ու ոչ բոլորի մասին կարելի է գրել. մարդ կայ, գիտէք, ինքն իրմով պատկեր մըն է, դէմք մըն է, տեսակ մը, որուն վրայ կ՚արժէ սեւեռիլ։ Ուրիշ մարդ ալ կայ, որ, թէեւ վստահաբար ներքուստ չափազանց հետաքրքրական, ինչպէս իւրաքանչիւր էակ, բայց արտաքուստ չոր է կամ անթափանցելի։ Այստեղ, ուրեմն, կարճ ներկայացնեմ Շընկեր Ճոնը, եւ վերջակէտ մը դնեմ շընկերաց այս շարքին։

Կեցուածքէն, նայուածքէն, շունիկին հետ վերաբերմունքէն զգալի է արդէն, նկատելի էր առաջին օրէն, որ տարբեր է այս մարդը միւս շընկերներէն։ Ընդհանրապէս մինակ է նաեւ, ուրիշներու հետ շատ չի յարաբերիր։ Խօսելաձեւը լսելով ենթադրութիւնս աւելի իսկ սրած եւ ուղիղ որպէս հարցում ներկայացուցած էի իրեն. այո, նոր է Հայաստան եկեր, պատասխաներ էր։

-Նոր... այսի՞նքն, սփիւռքահա՞յ էք (բայց ինծի պէս չես խօսիր...)։

-Էհ, կարելի է ասել... աւելի ճիշդը,

Քիչ մը կմկմացեր էր, յետոյ քթափողերուն մէջէն եկող ձայնով մը պատմեր, որ հոս ծնած հասակ նետած է, բայց դեռ 1989-ին ձգած է երկիրը, գացած մօտ երեսուն տարի Լոս Անճելըս ապրած։

Յիսունն անց մարդ մըն է, անունը Ճոն։ Ճո՞ն. թէ Յովհաննէս է, բայց այնտեղ Ճոն էին ասում։ Ու կը քակէ շան կապը, թոյլ կու տայ անոր հեռանալ, խոտերուն մէջ վազվզել, զգալով, որ անխուսափելի զրոյցի մը բռնուած է։

Կը բողոքէ տեղացիներէն. յաճախ։ Այս երկիրը շատ փոխուեց, շատ փճացաւ կ՚ըսէ, «քանդվելուց հետո». մինչ ուրիշներու համար 90-ականներու սկիզբը երկրի կերտում էր, իրեն համար քանդումն էր նախորդ՝ Սովետական երկրին։ Մարդիկ փոխուեցան, կ՚ըսէ, անճանաչելի են. այն ժամանակ այսպէս չէր, աւելի «ինտելիկենտ» մարդիկ կային, հիմա սրանք ո՞վ են, որտեղի՞ց են եկել... դէմքերն էլ են մի տեսակ, քթին տակէն կը բողոքէ վերի արտէն նայելով։

Շընկերն իր փոքր, փափուկ, գողտրիկ ճերմակ բան մըն է. շունս երբ տեսնէ կը սկսի խենթի պէս ճվճվալ, երկու թաթերով թռչիլ անոր հասնիլ փորձել, մինչեւ շընկերը կ՚ազատէ կապը։ Սիրահարուած է երեւի։ Բայց նաեւ պատուհան մըն է Ճոնին համար դէպի այս հին բայց նոր, իրեն ծանօթ բայց անծանօթ հասարակութիւն։ «Շների հետ վարուել չեն գիտեր» կ՚ըսէ, ու կը շարունակէ բողոքել, պատմել, թէ ինչպէս մարդիկ կը նեղուին շուներէն, կը խանգարուին, ու իրեն, շընկերոջ, անտեղի պահանջներ կը դնեն։ Մէկը կ՚ըսէ, թէ այդ խոտերուն մի՛ ձգեր մօտենայ. «բայց սա հանրային տարածք է, դու ո՞վ ես որ ինձ կ՚արգիլես»։ «Ես քաղաքացի եմ», կը պատասխանէ ինքնակոչ ոստիկանը, իր կիսադրսեցիութիւնը ակնյայտօրէն գուշակած ըլլալով։ Այսի՞նքն. ու Ճոնը կը վերադառնայ իր Սովետական մեղեդիին, թէ ինչպէս լաւ էր այն ատեն ամէն ինչ, մարդիկ մարդ էին (իրեն նման ըսել կ՚ուզէ), ու որ քաղաքացին ինքն է, իսկ «սրանք՝ գիւղացի»։

Շընկեր Ճոնը, ինչպէս մնացած բոլոր շընկերներն ու ընկերները մեր, այս քաղաքի մասնիկն է։ Ամէն մէկը տարբեր գոյն մը, տարբեր երանգ մը կրնայ ունենալ, բայց բոլորն ալ հոս են, ու իրենցմով է այս քաղաքն այսպիսին, իրենցմով է այնպէս ինչպէս որ է։ Եւ անշուշտ, բնականաբար, չորքոտանի բնակիչներովն իր, որոնք նոյնքան տէր են անոր, ինչքան մարդիկ։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021