ԲՐԳՆԻԿ ԵՒ ԻՐ ԴՊՐՈՑԸ

Սեբաստիոյ վիլայէթի Տեւրիկ գաւառակի Գասաման գիւղին մօտակայքի Բրգնիկ գիւղի անունին մասին զանազան վարկածներ կան: Ամենաընդունուած տարբերակը այն է, որ Բրգնիկ անունը ծագած է Բագրատունի նախարարական տոհմի անունէն՝ աղաւաղուելով եւ դառնալով Բրգնիկ։ Պատմական տուեալներով այս գիւղը հիմնադրուած է 1021-1022 թուականներուն՝ Վասպուրականէն այնտեղ գաղթած հայերու կողմէ։

Գիւղը ունէր Սուրբ Սարգիս եկեղեցին եւ վարժարան մը: Այդ վարժարանի մասին իր արձակ էջերուն մէջ մանրամասն գրած է Բրգնիկի մէջ ծնած յայտնի հայերէն մէկը՝ հայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանը: Ինքն ալ այդ վարժարանի մէջ գրաճանաչ դարձած է: Դանիէլ Վարուժան գիւղի դպրոցի, իր դասարանի եւ գիւղէն ուրիշ յիշատակներ կը նկարագրէ սրտառուչ յիշողութիւններով:

ԳԻՒՂԻՍ ԴՊՐՈՑԸ
(Բրգնիկցիներուն համար)

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Ա.

Անիկա թաղերուն ճիշդ մէջտեղը կը բարձրանայ գեղեցկօրէն։ Գիւղին պալատն է. իր գահին վրայ գիրքը կ՚իշխէ, որուն մէջ սիրոյ օրէնքը գրուած է։ Չորս դին՝ տուները ցած են, եւ ան երկու տանիքի վրայ իր շուքը կրնայ ձգել։ Շքեղ է եւ իր հնոցին մէջ՝ սրտերու համար շքեղութիւն կը շինէ։

Սրբազան ծերունիի մը ամբողջ քրտինքն արժեց այդ շէնքը շինել տալը։ Այն վսեմ հոգւոյն համար՝ Բրգնիկի դաշտերէն մանուկները թող ծաղիկներ ժողվեն եւ կոյսերը պսակներ թող յօրինեն. անոր՝ թող արշալոյսը ամէն օր իր հետ կեանք բերէ եւ վերջալոյսը՝ անուշիկ հանգիստ մը իրեն վերջին օրերուն, անոր համար յիշատակիս պաշտումի դափնի մը թող ունենայ ապագան եւ յաջորդաբար ժառանգ ձգէ զայն եկող սերունդին, որ աւելի գիտուն եւ աւելի զգօն պիտի ըլլայ:

Փառք այն պարզ ժողովրդեան, որ իր կրթարանին շինութեան թիկունք եղաւ եւ իր կուրծքը գաղափարին համար արիւնեց, ուր իր հին թմրութեան մէջ զգաց վերջապէս կեանքին շարժումը, եւ հունձքերու մէջ այրած ճակատը՝ վայրկեան մը գրքին էջերուն դարձուց, կիսովի ձգեց ստրկութեան ձորձը եւ մոռացօնքի քօղին տակէն եւ խաւարկուտ անդունդներէն՝ քրտինքով եւ մղեղով հեղձուկ կոկորդով մը աղաղակեց. Լո՜յս կ՚ուզենք… լսէ, թէ հայրդ քեզի ինչ կը սորվեցնէ ասկէ վերջ. եւ մայրդ՝ իր համբոյրին հետ՝ ուղեղիդ ծալքերուն ինչ կը հեղու. ո՜վ գիւղիս սիրուն պատանեակը. ո՜վ խաւարի մէջ տժգունած ծաղիկ. ո՜վ կոյր ճամբորդ օրօրոցէն գերեզման, միթէ ինչո՞ւ դու զրկուած պիտի մնաս հեգելու երկինքն ու երկիր: Ո՜վ, չէ: Քայլերէդ գէթ մէկ հատն ըլլայ՝ դարձուր այդ ճամբէն, որ քեզ հերկի երկիրները կը տանի եւ կը ձգէ կեանքի հրէշային թափառումին մէջ: Դարձիր, հո՛ն, դէպի դպրոց. մայրենի ստինքէն վերջ՝ մարդկային զարգացման ստինքն է ան. ծծէ, ծծէ ատկէ, որ կազդուրուիս. ծծէ, որ երակներէդ նախապաշարումի նախկին արիւնը մաքրուի: Այն ատեն պիտի իմանաս մտքիդ ազատ թռիչը՝ որ վանդակէն կ՚ազատի, եւ շճացած զգացումներուդ շեղումը, որ թումբերը կը պատռէ. սիրոյդ պիտի ցուցնես ուղիղ ճամբան, որ մինչեւ երկնային մաքրութիւնը պիտի հասնի, եւ այն ակօսներուն մէջ, զոր դաշտը հայրդ կը փորէ, պիտի քրքրես ծերունի երկրին անցեալը եւ իր ճակատագիրը, եւ վերջապէս այն ատեն աղօթքիդ մէջ սրբազան եղբայրութիւն մը պիտի թրթռայ եւ խորհուրդներուդ մէջ անվախճան արշալոյսներ պիտի բացուին. այնքա՜ն շող պիտի ունենաս, որ մինչեւ ծնողքիդ մթագնած ճակտին խորշոմներուն պիտի ցոլայ, եւ անոնք ա՛լ պէտք պիտի չունենան աղաղակելու. Լո՜յս կ՚ուզենք…:

Բ.

Գիտե՞ս, սիրուն պատանեակ, գիտե՞ս թէ ի՛նչ է դպրոցը. կամ գիւղիդ դպրոցը, որ քու հայրերուդ սթափանքին ծաղիկն եղաւ, զոր անոնք արիւնելով տնկեցին եւ քրտնելով կ՚ոռոգեն։

Ո՛հ, դպրո՜ցը, այդ լուծողը մարդիկներու եւ իրերու գաղտնիքին եւ անոնց ամլութեան հանգոյցին։ Ո՛հ, դպրո՜ցը, գանկը՝ ժայռին դէմ հանեց անիկա, եւ հնարքը՝ յամառ կարծրութեան, աստղերուն սանդուղ մը դրաւ եւ ուրիշ մըն ալ, վա՛ր, անդունդներուն։ Հին աշխարհը՝ Նոր աշխարհին հետ կապի եւ ովկիանոսին ու մթնոլորտին իշխել սորվեցուց մարդուն, ինչպէս արծիւը լեռներու բարձունքին վրայ։ Ո՛հ, դպրո՜ցը, անիկա սուրին տեղ օրէնք տուաւ եւ գլխատման բեմին դէմ բացաւ սիրտ մը, սիրտ մը՝ լայն, խոր եւ զգայո՜ւն։ Տարակոյսի մթնշաղէն մարդկութեան կաւը վեր հանեց եւ այն հոգին, որ կը կրէ, որ կը խոնարհի՝ ճիշդ երկնից դէմ դիմաց դրաւ, ուր բացարձակ Բան մը կը հսկէ։ Մեզի՝ մեր մտածման մէջ զմեզ կարդա՜լ սորվեցուց եւ հիւլէին մէջ՝ Հանդերձեալը եւ դաշտերու աննշան ծաղկին մէջ՝ Աստուա՜ծ…

Դպրոցը Ձուլարանն է ընկերութեան եւ գաղափարին ու կեանքին համար՝ կենսատու աւիշը. այն աշխա՜րհ մ՚է աշխարհիս մէջ։

ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՄԵՐ ԴԱՍԱՐԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋԸ

Է՜հ, կանուխ է. տակաւին ոչ ոք եկած է դպրոց։ Մայրս զիս աճապարեց, երբ հակառակ իմ սեփական գլխուս՝ ուրիշի խորհուրդներուն հետեւիմ՝ ահա՛ միշտ այսպէս ձախորդութեան ծուղակը կ՚իյնամ…

Հոս՝ մենութեան մէջ ի՞նչ ընեմ… Պարտէ՞զ իջնամ, պը՜ռռ, ցուրտ է…

Չէ՜, պիտի չձանձրանամ, դասարանիս շուրջը այցելութիւն մ՚ընեմ. քննեմ առարկաները փիլիսոփայի մը նման… Ո՛հ, քանի՜ հիասքանչ է մտքիս այս հեղինակութիւնը. կարծես գլուխս հիդրայ մ՚է, եթէ իրմէ միջոց մը պակսի՝ մէկէն ուրի՛շ մը կը ստեղծէ նա…։

-Քեզմէ սկսիմ նախ, դո՛ւռ։ Դո՛ւ, որ անցք մը ինծի կը շնորհես, դէպի ուսումն եւ կրթութիւն, եւ բացումովդ՝ յաջող կեանքի մը դռան բացումը կը խոստանաս՝ որքա՜ն սիրելի ես ինծի, մանաւանդ, այն ժամերուն մէջ, երբ սիրած ուսմանս վարժապետը կ՚ընդունիս. բայց հակառակ պարագային սրտաթունդ ակնարկներով քեզ կ՚ողջունեմ։ Սեւ գլխարկ մը, անգղէական ցրտկեկ եւ նիհարկեկ դէմք մը, երբ ապակիէդ կը նշմարեմ, հոգիս վեր ու վար կ՚ըլլայ, եւ յուսահատի վերջին աչք մ՚ալ կու տամ գրքիս… Ներուի՜ բնութեանս այս պզտիկ մեղքն…։

Պատուհանք. - Առտուան թարմ լոյսը եւ վերջալոյսի մարմրող շողերը կու տաք ինծի։ Դպրոցականի գունատ դէմքեր ձեր կուրծքին կը նային ու կը ժպտին, ազատութեան մեռած գաղափա՛րը կը կենդանացնէք անոնց եւ բնութեան գէշի եւ հրճուանքի հմայքը կու տաք։ Օրհնեալ ըլլաք դուք՝ որ տկար աչքերու արեւ ու լոյսը կը շնորհէք եւ մաշած թոքերու (Ադրիականի) զեփիւռը…

Ժամացոյց եւ օրացոյց. - Ձեր յարգը ա՜լ պիտի գիտնամ։ Ո՜վ ժամացոյց, թո՜ղ այլեւս աչքերս ձանձրոյթով քեզի չհանդիպին, որոնք սլաքիդ շանթի երագութիւնը տալու չափ անգութ էին։ Եւ մատերս, ո՛վ օրացոյց, ա՛լ թերթերդ պիտի չմաշեցնեն, որոնք խօլ ըղձանքով կիրակի մը՝ դիոգինեան լապտերո՛վ կ՚որոնէին։ Ձեր մեծ թիւերը եւ թրիկ-թրակը ժամանակը կը կէտադրեն, կարծես ըսելով՝ յառա՛ջ, յառա՛ջ։ Դուք, որ յաւիտենականութեան իրական երազը կու տաք, ո՜հ, ինծի համար թո՛ղ բեղնաւոր ըլլայ այդ անհունէն հիւլէի չափ միջոց մը, քառասուն-յիսուն տարուան՝ կեանքի միջոց մը։

Գրատախտակ. - Առաջին անգամ, երբ առջեւդ ելայ՝ դողացի. սեւ երեսիդ ազդեցութիւնը մեծ եղաւ։ Այդ դէմքիդ առջեւ, որ խափշիկ կնոջ մը շպարուելու ծաղրելի փափաքն ունի, ծոյլ մանկութիւնը կը սարսռայ։ Ամօթի քա՜նի շառագունումներ անդրադարձած են սեւ լանջիդ. քանի՜ արցունքներ թափուած են առջեւդ. եթէ հոգւոյ այդ շիթերը արժանապատուութեան հողին վրայ ինկան՝ բողբոջին արգասաւոր փթթումով. ինչպէս այլեւս ինծի պիտի ըլլա՛յ. կ՚առաջադրեմ։

Գրասեղանք. - Ողջո՛յն ձեզի, կէս մաշած գրասեղաններ։ Քանի մը ցիրուցան գրքերով, մելանի բծերով, անուան գլխատառերու փորուածքներով եւ զմելիէ ընդունած վէրքերով լուռ ու մունջ՝ դպրոցական կեանքի վէպիկներ պատմել կը թուիք. այդ վէպիկները չարաճճութեան եւ ծուլութեան, խոհունութեան եւ ջանասիրութեան հիւսկեր են, որոնք ապագան կը քրքրեն։

Ձեր վրայ Փորթուգալ փաշաներու, Պեշիկթաշլեաններու, Հեքիմեաններու, Թերզեաններու գանկերը, այդ հանճարի հնոցները խոկացին. անոնց ձեռքերուն տակ մաշեցաք երբեմն… Եւ ահա՜, այդ մեծ մարդկանց տեղ ձեզ կ՚ողջունեմ եւ այլեւս հաստատ կ՚առաջադրեմ՝ որ այս ծոյլ բնաւորութիւնս պիտի փոխեմ, եւ պիտի ջանամ այդ հանճարի արծիւներէն գէթ փետուր մը ժառանգել… Անցնի՛նք։

Վիճակացոյց. - Քեզի ես հառաչանքով կը նայիմ, ընկերներս ժպիտով կ՚ողջունեն։ Ի՞նչ մոգիչ զօրութիւն է այդ՝ որ կամքիդ համեմատ՝ մանուկ սրտեր կը լացնես կամ կը հրճուեցնես։ Ո՛վ ուսանողներու կուռքը, ո՛վ Արդարութեան չաստուած, կշռոյդ նժարին մէջ՝ կլոր-կլոր նիշերս՝ սիրտս կը գալարեն. եւ որքա՜ն թանձր գծեր ունին. Ապողոնի արդարութեան նետը՝ կը կրեն անոնք։

Վառարան. - Ձիւնը խուլ պտոյտքներով կ՚իյնայ, բուքը ապակիները կը մտրակէ, ահա՛ այն ատեն ցուրտէն կարկամած մարմինս կը ջեռուցանես, եթէ դու չըլլայիր՝ արիւնս պիտի սառէր եւ ձեռքս գրիչ պիտի չբռնէր… Բայց ամէն անգամ, որ քեզմէ կը տաքնամ, միտքս տխուր մտածմամբ կը շրջապատուի իրա՜ւ, մարմինս ձեզմով ջերմ, բայց իւրաքանչիւր ճարճատումիդ՝ հոգիս դող մ՚ունի… Աղքատ վիճակներու երեւակայութիւնը զիս միշտ կը տանջէ… Աւեր հիւղերու մէջ ի՞նչ կ՚ընեն հոլանի մարմիններ, այդ անբախտութեան ծնունդները… Ահա այս հարցումը ամբողջ էութիւնս կը ջլատէ… Աստուած իմ, տե՛ս զանոնք եւ ողորմէ՛… Սիրոյ զգացման պոռթկումէ մը զոյգ մը սեւ արտօսր կ՚իյնան աչքէս. եւ մէջս՝ գութը նախ գրասեղանին առջեւ իր թռիչը կ՚առնու… եւ… Ձայն կայ… ընկերներս կու գան… նստիմ…։

Է ՏԱՌԸ ՄԵՐ ԱՅԲԵՆՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Բերանդ կէս բա՛ց, որովայնդ ներս քաշէ՝ շունչ առնելու համար, եւ ամբողջ ուժովդ հնչէ - Է՜։ Եւ ահա կոկորդէդ հանած պիտի ըլլաս այն ամէն գոյութիւնները, որոնք երեւակայութեանդ մէջ իսկ հազիւ կը պատկերանան։ Միտքդ, եթէ այդ գոյութեանց կէսը կրնայ ըմբռնել աղօտ կերպով, թերեւս ուրիշ բանով լաւ պիտի չկրնայ բացատրել, բայց եթէ այդ փոքր տառովը, այդ չնչին նշանովը։

Սկսեալ հիւլէէ մը, նշանախեցիէ մը աւելի մեծ չափով եւ աւելի ընդարձակութեամբ մարմիններ կը պարփակէ այս տառն իր մէջ։ Թէ՛ կենդանի եւ թէ անկենդան բնութիւնք հոն են՝ իրենց ամէն ձեւերովն ու գոյներովը։

Այդ տառը ընդարձակ հայելի մ՚ըլլալ կը թուի եւ ամբողջ տիեզերքը կ՚անդրադարձնէ. գիտէ՜ հոն, եւ նախ՝ դուն զքեզ պիտի տեսնաս. հոն՝ ծովը պիտի անցնի իր փրփուրներովն. իր յաւիտենական մութ անդունդներովը, ձուկերովն ու խեցիներովը եւ ամենէն չնչին աւաչովը. հոն է ամէն բան փոքր զեռնու մը սողոսկիւնէն՝ մինչեւ իշու մը ականջները խաղցնելը պիտի տեսնես։ Անհուն եւ աննշմարելի աշխարհները. աստղերն ու արեւը հո՛ն պիտի թաւալին, եւ թերեւս Գալիլէոս մ՚ալ, դիտակը աչքին, իր զմայլումներովը պիտի պատկերանայ։

Մեծցնենք այդ տառը. գծերու թանձրութիւն մը տանք իրեն. եւ սրբազան գործ մ՚ընելու պէս՝ ջնջենք մեր անտարբեր ժպիտը. ամփոփենք մեր միտքը. աս անգամ աւելի դողդոջուն եւ երկիւղած ձայնով մը հնչելով՝ Է՜ ։ Եւ գիտէ՞ք ինչ ըսել է… Եթէ կ՚ուզէք գիտնալ նշանակութիւնը՝ կարդացէք այս մեծ Է-ն պզտիկին մէջ. այն ատեն պիտի ըմբռնէք զինքը, այսինքն ա՜յն, որ կրցաւ «չէ» էն «է»ն բաժնել, հանել, անծայրածի՜ր կարողութիւն։

Շաթոպրիան կ՚ըսէ. «Ամէն ջանք ընդունայն պիտի ըլայ զԱստուած բացատրելու, բաւական է ըսել՝ է…»։

Ո՛հ, յիրաւի, ո՜ տառդ նուիրական, դուն ամէն ինչ ես, դուն կեա՛նք ես, դուն յաւիտենական Սէրն ես։ Թո՛ղ որ խորին երկիւղածութեամբ խոնարհիմ առջեւդ երբ եկեղեցւոյ մը ճակատը՝ եռանկիւնի մը միջեւ զքեզ կը նշմարեմ ճաճանչներու մէջ փառապանծ։

Առաջին անգամ, երբ մանուկ շրթներով քեզ հնչել սովրեցայ, կարծես այն օրէն ես իմ էութիւնս ճանչցայ։

Այո՛, ձեզմով սովրեցայ զզուանքի հեգնող ծիծաղ մը ձգել քու հակառակորդիդ չ-ին վրայ, որ լոկ սխալանք մ՚է. անէացող նիւթականութիւն է. սկեպտիկի մը ցնորքն է, գարշութիւն է, մղեղ է, ոչինչ է։

ԲՐԳՆԻԿԸ ԿԸ ՇԱՐԺԻ

Շատ քիչ ազգայիններ կան, որ Բրգնիկի անունը լսած չըլլան։ Սեբաստիայի ամենէն հայաշատ գիւղերէն մէկը, որ իր մէջ դարերով սնուցած է հայկական առողջ սերունդներ, զաւակներ հողի եւ աշխատանքի, որոնք իրենց յաղթ ֆիզիքականով գերազանցապէս ընդունակ են նաեւ քալելու մեծ ու նորագոյն գաղափարներու հետ՝ ատակ ըլլալով զարգացման եւ պատուախնդիր՝ նկարագրի։

Գիւղացիները, որոնք հայ կաթողիկէ դաւանութեան կը պատկանին, ասկէ առաջ տուած են անձնուէր հասունեաններ, իսկ այսօր գրեթէ ամբողջովին յամառ հակառակորդ են Թերզեանի, կամ ուրիշ բառով, ազգային վատասերման։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ անոնք կարող եղած են քալելու ժամանակի լոյսին հետ եւ շուտով քանդելու զիրենք շրջապատող միջնադարեան պատուարները՝ զորս միշտ նորոգելու եւ կարկատելու համար կարգ մը կղերներ ամէն ճիգ թափեցին միշտ, ու մի՜շտ ալ իզո՜ւր։

Այսօր նորէն այդ գիւղը դէմ դիմաց կու գայ կղերին հետ։ Իրենց ծոցէն կը հեռացնեն հոն 20 տարիէ աւելի բոյն դնող Անարատ Յղութեան մայրապետները, երբ ասոնք չեն ուզեր ենթարկուիլ ժողովուրդի հակակշռին՝ իբրեւ անոր զաւակներու ուսուցչուհիներ։ Միշտ նոյն ախտավարակ կողմը կաթոլիկ կղերականութեան՝ գործել ինքնագլուխ, անպատասխանատու, արհամարհել այն ժողովուրդը, որուն ծոցը եւ որուն շնորհիւ կ՚ապրին, հեռու պահել զայն, խաւարի, խորհրդաւորութեան մէջ թաղել իրենց ըրածն ու դրածը, միշտ վախնալով, միշտ սրտադող, որ երեւան կ՚ելլէ իրենց համբաւաւոր ծուլութիւնը, համբաւաւոր արծաթասիրութիւնը։ Այլապէս չեն ըներ անշուշտ բոլոր մկնազգիները, երբ ծածկուած ամբարներու մէջ, լռիկ մնջիկ կը կրծեն, եւ օր մըն ալ տեսնես, որ ցորենին թեփը միայն թողուցեր են։

Գիւղին ամենէն մեծակառոյց շէնքը, ինչպէս ըսինք, քսան տարիէ աւելի է, որ յատկացուած է հայ կրօնաւորուհիներու, որոնք աղջիկներ պիտի կրթէին, լուսաւոր մայրեր պիտի տային։ Ո՛չ մէկ արդիւնք։ Շէնք շնորհք իր ստորագրութիւնը դնել գիտցող աղջիկ մը ելած չէ անկէ։ Ի՞նչ ըրին այդ կուսանները։ Քսան տարուան մէջ, երբ սովորական մանկապարտիզպանուհի մը հրաշքներ պիտի գործէր, անոնք, առանց խղճի խայթ մը զգալու, առ առաւելն շատ կերան, շատ քնացան, իրենց ջլախտը բուժեցին, շա՜տ աղօթեցին, եւ յետո՞յ, յետոյ ոչինչ… եւ կամ դեռ շատ ու շատ բաներ, զոր կը լռենք հոս, ի հարկէ ոչ թէ իրենց կրօնաւորուհիի հանգամանքին, այլ իրենց կնոջական արժանապատուութեան խնայելով։

Իսկապէս պէտք էր հեռացնել զանոնք, որոնց դէմ տարիներէ ի վեր բանաւոր հակակրութիւն մը կար, եւ որոնք Բրգնիկ կը ղրկուէին ոչ թէ բան սորվեցնելու, այլ որովհետեւ Բրգնիկը վայրն էր հիւծախտաւորներու եւ ջլախտաւորներու օդափոխութեան համար։ Պէտք էր հեռացնել զանոնք ի շահ ապագայ մայրերուն, նոյնիսկ ի շահ Անարատ Յղութեան պատուախնդրութեան, որը շատ լաւ գիտէ անշուշտ այս ի շահին նշանակութիւնը, եթէ հին դէպքերը արձանագրած է իր ատենագրութիւններուն մէջ։ Այսօր ուրախ ենք, որ բրգնիկցին հանդէս կու գայ ամբողջ իր գիտակցութեամբ, միացած ապիկար Քեչեճեաններու եւ երիցս ապիկար Շաղլամեաններու շահախնդիր վայնասուններուն դէմ, ու միակ հարուածով մը կը պարպէ այդ հեղգութեան բոյնը, որ կոչուած է ապագային ըլլալու Բրգնիկի իգական սեռին փրկութեան տունը։

Տեղեկատուներուն նամակներէն կը տեսնուի նաեւ, որ տեղւոյն Առաջնորդ Քեչեճեան եպիսկոպոս ըսուածը՝ անգամ մը եւս ապացոյցը տուած է իր թունաւոր նկարագրին, Բրգնիկը կարող վարդապետներէ ամայացնելու եւ իր պէս սնամիտ աբեղաներով լեցնելու քաղաքականութեան։ Կ՚աշխատի հեռացնել Պաղտիկեան Ներսէս վարդապետը, որ բանիմաց ու օգտակար է համայնքին, եւ որ կ՚աշխատինք հաւատալ - կ՚երեւայ թէ առաւելութիւնն ունի ժողովրդասէր եւ լայնախոհ ըլլալու։ Եպիսկոպոս մը, որ ճարպիկութիւնը ունեցեր է նստելու Հաճեանի պէս շինարար Գերապայծառի մը աթոռին վրայ, կը հարցնենք թէ ինչո՞վ արժանի է եղեր այդ աթոռին. իր մօրուքո՞վ, թէ լոյսին բերանը կնքող մատանիովը։ Իր թեմին մէջ ազգային, կրթական, շինարարական ի՞նչ յիշատակ թողած է։ Եթէ չամչնայ ցոյց տալու Բրգնիկի բաղնիքին շինութիւնը, գոնէ թող ամչնայ, երբ ըսենք թէ դարձեալ Հաճեանի թողած ոսկիները եւ գիւղացիներուն քրտինքը կանգնեցին զայն, այդ բաղնիքը, որուն մէջ այսօր կ՚երթայ լուացուելու ինքը, եւ լուալու իր խիղճը, որ չէ մաքրուած եւ որ պիտի չմաքրուի։

Նշանակելի է նաեւ որ մայրապետները դպրոցին բանալիները յանձնած են Սեբաստիոյ կուսակալին եւ Քեչեճեան վարանած է զանոնք գիւղացիներուն վերադարձնել տալու։ Այս գերազանցապէս զզուելի մտայնութիւնը միթէ դաս մը չէ՞ ամէն անոնց, որոնք այդպիսի կրօնաւորներէ դեռ ազգասիրութիւն եւ արժանապատուութիւն կը յուսան։ Որո՞ւ տունը որու կը յանձնեն։ Դպրոցի մը բանալիները լոյսին բանալիներն են՝ զոր մեր կղերը դեռ յիմարօրէն կը յամառի ժողովուրդին չտալու, հակառակ որ այսքան տարի ժանգոտած ըլլան անոնք իրենց ձեռքերուն մէջ։ Անգամ մը եւս հարցնենք. որո՞ւն տունը որու կը յանձնեն։ Ո՛վ դաւաճանութիւն, դեռ ի՛նչ դիմակներով պիտի ներկայացնեն քեզ Թերզեանի մանկլաւիկները։

Բրգնիկի աղջկանց վարժարանը բացարձակապէս կը պատկանի ժողովուրդին, ոչ մէկ այր կամ կին կղեր նշանախեց մը իրաւունք չունի այդ շէնքին մէջ։ Դպրոց է անիկա, եւ ոչ թէ կուսանոց՝ զոր խարդախօրէն կը պնդեն արծաթապաշտ սքեմաւորները։ Զայս հաստատող արձանագրութիւնները տակաւին կը մնան տոմարներուն մէջ։ Այդ շէնքը ինչպիսի՜ զոհողութիւններ արժած է։ Կառուցուած է 900 ոսկի գումարով մը, որուն 700 ոսկին վճարած են բրգնիկցիները իրենց քսակէն եւ հանգանակութեամբ։ Եթէ ամէն ոք ուրանայ, պիտի աղաղակեն քարն ու փայտը, կիրն ու շաղախը այդ շէնքին, զոր ամիսներով գիւղացիները ձրիաբար հայթայթած բերած են։ Այս տողերը գրողը նոյնիսկ, դեռ տղայ, իր մօրը հետ անոր հիմերուն համար օրերով խիճ փոխադրած է գետակներէն՝ լաւագոյն գործի մը ծառայած ըլլալու գիտակցութեամբ. եւ այսօր դեռ իրեն պէս շատերու հետ զարմանալի չէ, որ քարկոծուի՝ ժողովուրդը ոչխարի նման յաւիտենապէս խուզող դերաերէն։

Բրգնիկէն եկած վերջին նամակները ցոյց կու տան, թէ ժողովուրդը միահամուռ կ՚աշխատի մէկ կողմէն վերջնականապէս տէր ըլլալ իր սեփականութեան, եւ միւս կողմէ արդէն գրաւելու վրայ է կղերին կողմէ անհաշիւ կերպով մատակարարուած այն կալուածները, որոնք մինչեւ ցարդ ոչ մէկ արդիւնք տուին տեղւոյն նոյնիսկ եկեղեցիին համար, որ այսօր ի փա՜ռս Քրիստոսի գուցէ, կործանելու մօտ վիճակի մը հասած է։

Մենք համակրութեամբ կ՚ընդունինք մեր հայրենակիցներուն այդ արդարադատ քայլը։ Երանի՜ թէ հայրենասիրութեան եւ ուսումի ու կրթութեան ծարաւը զիրենք միշտ հաշտ ու միաբան պահէ, եւ վերջ ի վերջոյ զոհ չերթան նոյնինքն Յիսուսեաններու Մեծաւորին, որուն միջնորդութեան դիմած են եւ զոր բարերար կը կարծեն դժբախտաբար, ի՛նչ որ չէ՛, եւ ի՛նչ որ չի՛ կրնար երբեք։ Անշուշտ մեր հայրենակիցները գիտնալու են, որ հայ կաթոլիկ կղերին շահատակութիւններուն մեծ զօրավիգը, յայտնի կամ գաղտնի, Յիսուսեանները եղան, եւ այս շատ բնական էր։

Փոքրիկ շեղումով մը, այսօր մեր բացարձակապէս արհամարհող լռութեան մէջ, վայրկեան մը զիջելով՝ առիթը կ՚առնենք հարցնել «Կաթողիկէ Ցեխարձակին» եւ իր Էնկիւրիի մէջ ու այլուր, պիտակաւոր դարձած Թերզիպաշեան խմբագրին. «Գերապայծառ, այժմ որո՞նք են, որ կը վռնտուին Բրգինիկէն»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024