ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ (Բ.)

42. Գլուխ

Այս գլուխը մարգարէութիւնն է խոստացուած Մեսիային, որ պիտի գայ։ Եսայի զայն կ՚անուանէ Տիրոջ Ծառան։ Այստեղ եւս պատգամ է, որ Աստուծմէ ժողովուրդին կը փոխանցուի, մխիթարական խօսքեր, խոստումներ, ինչպէս նաեւ արտայայտութիւններ։ Օրինակ՝ «Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ եւ իր ձայնը դուրսը պիտի չտայ։ Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ։ Անիկա պիտի չտկարանայ ու պիտի չթուլնայ, մինչեւ որ իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ, եւ կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն» (Ես 42.2-4)։ Ասոր կողքին անմիջապէս փառաբանութիւն կը հիւսուի Աստուծոյ եւ ժողովուրդը ուրախութեամբ կ՚աղաղակէ. «Նոր երգ երգեցէք Տիրոջ» (Ես 42.10)։

44. Գլուխ

Այս գլխուն մէջ կը խօսուի առաջին հերթին Աստուծոյ Բարի եւ Սուրբ նկարագրին մասին, Իր խոստումին ու յորդորներուն մասին։ Օրինակ. «Ու քեզ ստեղծող ու արգանդի մէջ ձեւակերպող ու քեզի օգնութիւն ընող Տէրը այսպէս կ՚ըսէ» (Ես 44.2)։ Իսկ երկրորդ հերթին, որ աւելի խիստ արտայայտութիւնն է եւ ուղղակի Աստուծոյ բարկութիւնն ու մտահոգութիւնը ցոյց կու տայ, այն է՝ կռապաշտութեան հետեւելու երեւոյթը։ Աստուած չ՚ընդունիր, որ մէկը Իր պատիւը ոչինչի մը տայ, եւ հետեւաբար կը սաստէ ու կ՚ըսէ. «Բոլոր կուռք շինողներն ալ ունայնութիւն են, անոնց ընտիր գործերը օգուտ մը չեն ըներ, իրենք իրենց դէմ վկաներ են. չեն տեսներ ու չեն իմանար, որ ամչնան» (Ես 44.9)։ Աստուած կ՚ուզէ, որ իր ժողովուրդը սուրբ ըլլայ, ինչպէս որ Ինք Սուրբ է։

48. Գլուխ

Այս գլխուն մէջ Աստուած իր տէրութիւնը ցոյց կու տայ, երբ իր առաջնորդութիւնը կը յայտնէ իր ծառային բերնով. «Ես իմ անուանս համար բարկութիւնս պիտի յետաձգեմ եւ իմ փառքիս համար պիտի համբերեմ քեզի, որպէսզի քեզ չկորսնցնեմ. ահա քեզ մաքրեցի, բայց ոչ թէ արծաթի պէս. քեզ նեղութեան հալոցին մէջ փորձեցի» (Ես 48.9)։ Այս համարը ինքնին կ՚ապացուցէ Աստուծոյ հոգածութիւնը իր ժողովուրդին հանդէպ։

Աստուած նաեւ իր ծրագիրը կը յայտնէ մարդոց Եսայիի միջոցաւ՝ ըսելով. «Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը. քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզ կ՚առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար. քու սերունդդ՝ աւազի չափ ու որովայնիդ ծնունդը անոր խիճին չափ պիտի ըլլար։ Անոր անունը իմ առջեւէս պիտի չկտրուէր ու չկորսուէր»։ Բաբելոնէն ելէ՛ք, Քաղդէացիներէն փախէ՛ք. ասիկա յաղթութեան երգով պատմեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք. ասիկա մինչեւ երկրին ծայրը տարածեցէ՛ք...» (Ես 48.17-20)։

56. Գլուխ

Այս գլխուն մէջ Աստուած կը խօսի Եսայի մարգարէին միջոցաւ, թէ ինք բոլոր ազգերու Տէրն է եւ իր քով խտրութիւն չկայ։ Ճիշդ է, որ հրեայ ազգէն սկսաւ փրկել, սակայն իր փրկութիւնը տարածուեցաւ համայն մարդկութեան, որովհետեւ բոլոր մարդկութիւնը Աստուծոյ զաւակներն են. «Տիրոջ յարող օտարականին որդին թող չխօսի՝ ըսելով. Տէրը զիս իր ժողովուրդէն բոլորովին զատեց, ու ներքինին թող չըսէ՝ ահա ես չոր ծառ մըն եմ» (Ես 56.3)։ Այստեղ նաեւ կայ այլ արտայայտութիւն մըն ալ, որ մարդուն Աստուծոյ պատկանելիութիւնը ցոյց կու տայ. «Այսպէս կ՚ըսէ Տէր Եհովան, որ Իսրայէլի աքսորուածները կը հաւաքէ. արդէն հաւաքուածներուն վրայ ուրիշներ ալ պիտի հաւաքեմ անոր» (Ես 56.8)։

57. Գլուխ

Այս գլխուն մէջ Աստուած Եսայիին գործիք դարձնելով՝ իր բարկութիւնն ու զայրոյթը կ՚ուղղէ ծայր աստիճան կռապաշտներուն, որոնք զինք լքած՝ ամէն տեսակի ծածուկ անօրէնութիւն կը գործէին եւ իրենց այսպէս կ՚ըսէ. «Բայց դուք, ո՛վ վհուկի որդիներ՝ շնացողի ու պոռնիկի սերունդ՝ հո՛ս մօտեցէ՛ք. դուք ո՞վ ծաղր կ՚ընէք, ձեր բերանը որո՞ւ վրայ կը լայնցնէք ու լեզունիդ կ՚երկնցնէք, դուք ամէն կանաչ ծառերու տակ դէպի կուռքերը ցանկութեամբ կը տաքնաք» (Ես 57.3-5)։ Իսկ միւս կողմէ իրեն հաւատարիմ եղողներուն կ՚ըսէ. «Սակայն ինծի յուսացողները երկիրը՝ իբրեւ կալուած պիտի ստանան ու իմ սուրբ լեռս պիտի ժառանգեն» (Ես 57.13)։

59. Գլուխ

Այս գլխուն մէջ Եսայի ցոյց կու տայ իր Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած հաւատարմութիւնը։ Եսայի նոյնպէս կը բարկանայ ու ժողովուրդը կը խայտառակէ, կը դատապարտէ, որովհետեւ ինչ ալ ըլլայ՝ Աստուծոյ ծառան լուռ չի կենար, այլ կ՚ընդվզի, ու իր բարկութիւնը կը պարպէ, որովհետեւ Աստուծոյ յանձնուած մարդը այլեւս Անով է որ կ՚առաջնորդուի ու իր կամքին կատարելապէս կը հնազանդի։ Հետեւաբար, Աստուծոյ երկիւղը միշտ իրեն պատասխանատուութիւն կը յիշեցնէ. «Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը ձեր անօրէնութիւնները եղան. ձեր մեղքերը Անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ» (Ես 59.2)։

Եսայի մարգարէ կը սկսի մարդոց անօրէնութիւնները հաշուել ու քննադատել՝ ըսելով. «Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն ու անմեղ արիւն թափելու կ՚արտորան։ Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ։ Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ» (Ես 7-8)։ Իսկ ասոր որպէս պատասխան՝ ժողովուրդը կը զղջայ ու իր անհաշիւ մեղքերը կը սկսի խոստովանիլ, սրտեր կը ճզմուին ու կ՚անդրադառնան Աստուծոյ դատապատութեան. «Ատոր համար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ ու արդարութիւնը մեզի չի հասնիր, լոյսի կը սպասենք եւ ահա խաւար կ՚ըլլայ, պայծառութեան կը սպասենք, մառախուղի մէջ կը շրջինք» (Ես 59.9)։ «Քանզի մեր յանցանքները քու առջեւդ շատցան ու մեր մեղքերը մեզի դէմ վկայութիւն կու տան, վասնզի մեր յանցանքները մեր քովն են ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք։ Յանցանք գործեցինք, Տէրը ուրացանք եւ մեր Աստուծոյն հետեւելէն խոտորեցանք...» (Ես 59.12-13)։

61. Գլուխ

Այս գլխուն մէջ եւս Եսային կը մարգարէանայ ապագայի Մեսիային մասին, ինչպէս ակնարկուած է Նոր կտակարանին մէջ, թէ Ան երբ գայ, ամէն ինչ պիտի փոխէ. «Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, վասնզի Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն՝ ազատութիւն եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու» (Ես 61.1)։

63. Գլուխ

Այս գլուխը երեք ենթաբաժանումներ ունի, որոնք կը խօսին Աստուծոյ յաղթանակին մասին, բարկութեան մասին, իսկ ասոնց որպէս պատասխան՝ ժողովուրդին կողմէ աղօթք մը կը բարձրացուի՝ Աստուծոյ գթութեան ու ողորմութեան արժանանալու համար։ Անոնք կ՚աղաչեն, որ Աստուած լսէ զիրենք, պատասխան տայ ու ներէ իրենց մեղքերուն. «Երկինքէն նայէ՛ քու սուրբ ու փառաւոր բնակութենէն տե՛ս, ո՞ւր է քու նախանձդ ու զօրութիւնդ. քանզի մեր Հայրը դուն ես, թէեւ Աբրահամ մեզ չի գիտեր ու Իսրայէլ մեզ չի ճանչնար. ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ համար մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես, ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք» (Ես 63.15-17)։

65. Գլուխ

Իսկ այս գլխուն մէջ Աստուած իր ժողովուրդին կը խոստանայ նոր երկինք ու նոր երկիր, ուր Ինք պիտի ներէ բոլորին յանցանքներուն եւ ամէն անօրէնութիւն պիտի ջնջուի ու չյիշուի, ինչպէս որ ինք ըսաւ. «Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Ես 65.17)։

Աստուած իր բարկութենէն վերջ կը մխիթարէ կոտրած սրտերը, կը յորդորէ զանոնք ու որպէս զիրենք ուրախացնող Հայր՝ խոստում կու տայ նոր երկնքի ու նոր երկրի, որովհետեւ Աստուած Տէր ու պաշտպան է, պահապան ու առաջնորդ է։

* * *

Մեր այս փոքրիկ աշխատասիրութիւնը կրնանք ամփոփել քանի մը տողերու մէջ. Եսային ունի ազդարարող հոգի, միջոց ըլլալու հոգի, ճշմարտութեան՝ դատապարտող հոգի։ Իր մարգարէական կոչումը ստացած էր առաջին անգամ տեսիլքով, երբ Աստուած իր գահին վրայ կը կանչէ զինք մարգարէանալու։ Եսայի կը դառնայ նաեւ Աստուծոյ պատգամաբերը եւ անոր կամքին գործիքը։

Ան ունի յատկանշական ոճեր, որ յայտնի է հետեւեալ գլուխներէն. երբ կը զայրանայ՝ «Լսէ՛ ո՛վ երկինք եւ ականջ դիր ո՛վ երկիր, վասնզի Տէրը կը խօսի. զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի, բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան» (Ես 1.2)։ Յետոյ քիչ մը կը հանդարտի, կը մխիթարէ որպէս հայր մը՝ ըսելով. «Զգո՛յշ եղիր ու հանդա՛րտ կեցիր, մի՛ վախնար ու սիրտդ թող չմարի» (Ես 7.4)։ Կը պաշտպանէ, վերստին կը բարկանայ եւ այսպէս կը շարունակուի։

Եսայի մարգարէութեան կարգ մը մարգարէութիւններ իրականացած են, ինչպէս խոստացուած Մեսիան, Ս. Կոյս Մարիամի յղութիւնը, Յովհաննէս Մկրտիչի առաքելութիւնը, Քրիստոսի առաքելութիւնն ու չարչարանքները մինչեւ նոր երկինք ու նոր երկիր, իսկ կարգ մը մարգարէութիւններ ալ տակաւին պիտի կատարուին։

Եսայի մարգարէին ամենէն նշանաւոր ու գլխաւոր գիրքն է Աստուածաշունչին մէջ, որ լեցուն է կատարուած ու կատարուելիք մարգարէութիւններով, դաստիարակիչ բնոյթով, հարազատօրէն ազդարարելու ու մխիթարելու առաւելութեամբ, յոյսի եւ ուրախութեան պատգամներով։ Կարելի է ըսել, թէ այս գիրքը կը պարունակէ մօտաւորապէս ամբողջ աստուածային փրկագործական ծրագիրը, Աստուածածնի յղութենէն՝ հասնելով մինչեւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը եւ նոր երկինքն ու երկիրը։

Եսայի հեղինակաւոր ձեւով Աստուծոյ պատգամը փոխանցողը եղած է, ճիշդ ժամանակին միջամտած է՝ ժողովուրդը սաստելով, զգաստացնելով եւ զիրենք մղելով դէպի յաւիտենական Աստուած։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

- Վերջ -

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018