ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ 70 ՏԱՐԵԿԱՆ

Այսօր, 21 օգոստոս 2021-ին կը լրանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ծննդեան 70-ամեակը: Կեանք մը, որ շաղկապուեցաւ ու կը շարունակէ շաղկապուիլ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ: Արդարեւ, խօսիլ Նորին Սրբութեան անցած ուղիին մասին, կը նշանակէ խօսիլ Հայաստանի վերջին երեք տասնամեակներու եկեղեցական կեանքին մասին, որովհետեւ Վեհափառը անմիջական ներկայութիւն եղած է միշտ այդ կեանքին մէջ՝ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդի փոխանորդութեան տարիներէն սկսեալ, ապա որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ 22 տարի առաջ եւ այդ ընթացքը տակաւին կը շարունակուի:

Երկու տարի առաջ՝ 2019-ին ամբողջացաւ նաեւ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20-րդ տարեդարձը: Առ այդ, «խօսիլ Վեհափառ Հայրապետին բերած ծառայութեան մասին անցնող 20 տարիներու ընթացքին, կը նշանակէ խօսիլ Մայր Աթոռի անցնող 20 տարիներու պատմութեան եւ գործունէութեան մասին: Այստեղ, սակայն, կ՚ուզեմ յատկապէս յիշատակել այն փաստը, որ Աւանդական եկեղեցիներու վերջին հարիւրամեակներու պատմութեան մէջ, Նորին Սրբութիւնը իւրայատուկ ա՛յն գահակալն է, որու գահակալութեան տարիներուն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու գահակալներ որպէս ուխտաւոր այցելած են Հայաստան. երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պօղոս Բ.ը՝ Քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակին առիթով, իսկ եւ ներկայ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապը ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շրջանակին մէջ» («Կոնդակներու, քարոզներու, խօսքերու եւ խոհերու ընտրանի», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 2020, էջ 15):

Ամենայն Հայոց Հայրապետի ծննդեան 70-րդ ամեակին առիթով, ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք իր մտածումներէն փունջ մը զանազան արժէքներու եւ նիւթերու մասին:

•ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ազատութիւնը այն մեծագոյն շնորհքն է, ուր մեր յոյսերն ու ձգտումները պտուղներ պիտի տան՝ կառուցելու խաղաղ ու բարօր կեանք, ազատ հասարակութիւն: Մեր Հայրենիքի ազատութիւնը ո՛չ միայն պիտի պաշտպանենք, այլեւ՝ ազատութիւն դարձնենք իւրաքանչիւրիս համար: Ազատութիւնը բարիի մեր ընտրութիւնն է, որ նաեւ պայքար է չարին դէմ:

•ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Անկախութեան հռչակումով՝ մեր ժողովուրդը ընտրեց ազատ ապրելու եւ բարեշէն իր կեանքը կառուցելու դժուարին, բայց արժանապատիւ ճանապարհը: Անկախութեան պատմութիւնը մեր նորագոյն տարեգրութեան հրաշապատումն է՝ մեր ժողովուրդի արիասիրտ զաւակներու հաւատքով ու տեսիլքով հիւսուած: Անկախութիւնը Աստուծոյ այն պարգեւն է, ի դիմաց այն զրկանքներուն եւ կորուստներուն, որոնք մենք կրեցինք ցեղասպանութեան ու խորհրդային աստուածամերժութեան հալածանքներու տարիներու ընթացքին:

•ԱՍՏՈՒԱԾ-ՄԱՐԴ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Նիւթական հարուստ պարգեւներ չէ, որ Տէրը կը սպասէ մեզմէ: Պատուական պարգեւը Փրկչին համար՝ քրիստոնեան ի՛նքն է, որ մաքուր սիրտով ընդունած է «Աստուած մեզի հետ է» մարգարէաբարբառ աւետիսը եւ կը ջանայ կեանքի իւրաքանչիւր օրը ապրիլ ըստ աստուածային կամքին, լեցուն առ Աստուած հաւատքով, ուրիշներուն հանդէպ սիրով, Փրկչին հետ հոգեւոր նորոգութեամբ:

•ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԱՍԻՆ

Մենք վստահ ենք, որ Աստուածաշունչ Մատեանին ճիշդ ըմբռնումը պիտի զօրացնէ մեր զաւակներուն հաւատքը, անոնց հաւատարմութիւնը մեր Եկեղեցւոյ եւ մեր հայրերու Սուրբ Հաւատքին հանդէպ, ամուր պատնէշ պիտի կանգնեցնէ բոլոր օտար քարոզիչներու առջեւ, զերծ պահէ մեր զաւակները շեղումներէ, մոլորութիւններէ եւ սայթաքումներէ, որովհետեւ մեր հաւատքը, մեր հայրերուն հետ սերտ կապն ու հաղորդակցութիւնը եւ մեր ազգային արժէքներն են, որոնք կը կազմեն մեր ինքնութեան ամբողջութիւնը:

•ԱՐԱՐԱՏԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԱՍԻՆ

Հայկական ինքնութիւն եւ Սուրբ Էջմիածին հասկացութիւնները վաղուց արդէն նոյնական են իրենց ընկալումին մէջ: Էջմիածինը զօրեղ է, որովհետեւ հաստատուած է նաեւ Արարատի փէշերուն: Արարատը մեր ժողովուրդի յաւերժութեան խորհուրդն ունի. Արարատը Նոյեան տապանը կը կրէ: Նոյեան տապանը եկաւ ու կանգնեցաւ Արարատի վրայ, որու ստորոտին հիմնուեցաւ Սուրբ Էջմիածինը, որպէսզի փրկութեան իր խորհուրդով, Աստուծոյ ներկայութեան զօրութեամբ նոյնանայ Նոյեան տապանի առաքելութեան հետ: Նոյեան տապանը մարդկութեան փրկութեան տապանը եղաւ, իսկ Էջմիածինը՝ հայութեան փրկութեան տապանը:

•ԵԿԵՂԵՑԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Եկեղեցի կառուցել կը նշանակէ՝ զԱստուած ընդունիլ, կը նշանակէ՝ զԱստուած ներկայութիւն դարձնել մեր կեանքին, մեր հոգիներուն եւ կենցաղին մէջ, կը նշանակէ՝ միշտ բարիին հետեւող ըլլալ, կեանքը սիրով ապրիլ, հաւատքի գործեր կատարել: Եկեղեցի կառուցել կը նշանակէ՝ հաւատարմութիւն դրսեւորել մեր հայրերու սրբազան հաւատքին, մեր անցեալի հոգեւոր ժառանգութեան հանդէպ, սիրել մեր Հայրենիքը եւ նախանձախնդիր ըլլալ անոր վաղուան նկատմամբ՝ իրականութիւն դարձնելով այն բոլոր երազները, որոնց համար ապրած, պայքարած ու մարտնչած ենք, երբեմն ալ՝ մարտիրոսուած ու նահատակուած:

•ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԱՍԻՆ

Եռաբլուրն է վկան այն թանկ գինին, որ մենք վճարեցինք: Բազմաթիւ հայորդիներու շիրիմներ կը հանգչին այդ բարձունքին վրայ, իւրաքանչիւր շիրիմ Հայրենիքի ափ մը հող է, որ պաշտպանուած է անոնց կեանքով, գիւղ մըն է, քաղաք մը, շէն մը: Այսօր անոնց կեանքով նուաճուած այդ շէնին, գիւղին պահպանութիւնը տրուած է մեզի, մեզի՝ Հայաստանի մէջ ապրող հայորդիներուս եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայորդիներուս, որովհետեւ ըսի եւ դարձեալ կը կրկնեմ՝ չկա՛յ սփիւռքի յարատեւութիւն առանց Հայրենիքի:

•ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Մենք կը հաւատանք, որ հոգեւոր կեանքին զօրացումը երաշխիքն է մեր բարեկեցութեան, մեր երկիրի յառաջընթացին ու զօրութեան: ... Մեր հոգեւորականները Աւետարանի խօսքին հետ այսօր մեր ժողովուրդի զաւակներուն պիտի տանին իրենց պատգամը, որպէսզի անոնք հաւատարիմ մնան իրենց սրբազան հաւատքին, հաւատարիմ մնան ազգային մեր արժէքներուն եւ աստուածփառաբանութեամբ շարունակեն իրենց կեանքին ընթացքը լաւատես հոգիով, յոյսով եւ հաստատակամութեամբ:

•ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կրթութիւնը ո՛չ միայն ընտանիքի, հասարակութեան եւ պետութեան հիմքն է, այլ նաեւ՝ ճանապարհ է աստուածաճանաչութեան: Կրթութիւնը մարդը կ՚առաջնորդէ, որպէսզի ան ճանչնայ Աստուծոյ արարչագործութիւնը, ընկալէ Աստուծոյ պատուիրաններն ու պատգամները եւ կեանքը կառուցէ այդ նուիրական արժէքներուն վրայ:

•ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍԻՆ

Հայոց Եկեղեցին մեր ժողովուրդին հոգիի ծննդավայրն է, ժողովուրդին ոգեղէն արժէքներու գանձարանը: Հայոց Եկեղեցին եղած է ու պէտք է մնայ մեր ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին կերտողն ու կրողը, ազգային հայրենասիրական աւանդներն ու աւանդութիւնները շարունակողը:

Չէ՞ որ մեր եկեղեցիներուն գմբէթները նաեւ դէպի երկինք նետուած մեր գոյատեւումին բռունցքներն են:

•ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԱՍԻՆ

Փա՛ռք քեզի, ժողովո՛ւրդ սիրելի, որ չ՚երկնչեցար մահուան քրքիջէն: Խաչդ ուսիդ՝ անցար Գողգոթայի ճանապարհներով եւ յարութիւն առիր յաղթանակած:

Փա՛ռք քեզի, ժողովո՛ւրդ սիրելի, որ վէրքը սիրտիդ՝ բնաւեր տունդ վերստին կառուցեցիր Հայրենիքէդ հեռու եւ մօտիկ բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ շարունակեցիր հայ ու քրիստոնեայ մնալ, արարող հանճարով շարունակեցիր հաց ստեղծել, կառուցել, գիտութեան ու մշակոյթի բարձունքներուն հասնիլ եւ այսպէս ճանչցուած ապրիլ:

Երի՛ցս փառք քեզի, ժողովո՛ւրդ սիրեցեալ, «զի ինձ կեանք Քրիստոս է» հաւատքով քալեցիր դէպի կեանքիդ նոր այգաբացը եւ յուսացիր իրաւունքի ու արդարութեան դարու նոր առաւօտը ու այս ճանապարհին մնացիր կանգուն եւ արի:

Հայ ժողովուրդի մասին մտածումով աւարտելով այս գրութիւնը՝ որպէս «հօտ փոքրիկ» քաղցրաբարբառ հնչիւնով Սուրբ Կոմիտաս Վարդապետին բառերով, ըսենք.

Ամէն հայի սրտից բխած՝
Լսիր այս ձայն, ո՜վ Աստուած,
Երկար կեանք տուր Հայրապետին,
Երկար օրեր՝ հայոց հօր,
Տէ՜ր, անսասա՛ն պահիր Դու միշտ
Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 օգոստոս 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021