30-ԱՄԵԱՅ ՍԱՅԹԱՔՈՒՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը կը դիմաւորենք հակասական զգացողութիւններով: Մէկ կողմէ յատկանշական յոբելեանը նշելու գայթակղութիւնը կը տիրէ, միւս կողմէ կայ այրող միամեայ վէրքը, որ կը մխայ հայոց սիրտին վրայ:

Հայաստանի անկախութեան 30-ամեայ յոբելեանէն մէկ շաբաթ վերջ կը լրանայ 44-օրեայ պատերազմին մէկ տարին եւ հազարաւոր զոհերը, անհետ կորսուածները, գերիները եւ աննախադէպ քանդումն ու կորուստը տօնի տրամադրութիւն չեն ձգած: Շատ շատերուն հայեացքը հիմա ոչ թէ այս օրուան ուղղուած է, այլ գալիք երկուշաբթիին, որ սեպտեմբերի 27-ն է՝ դառնակսկիծ պատերազմին առաջին օրը:

Անցեալ տարի այս օրը մենք ազգովին նշեցինք Անկախութեան տօնը, յոյսով եւ սպասումներով լի էինք եւ հաւատքով զեղուն, որ յաջորդ տարուան յոբելենական տարեթիւը, բաւական նշանակալի թիւ մը ըլլալով, նոր էջ պիտի բանայ հայոց պատմութան մէջ: Նոյնիսկ չէինք կրնար գուշակել, թէ ինչ դառնաշունչ օրեր կը սպասէին մեզի…

Պատերազմը եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւնները անդունդի եզր տարին պետութիւնն ու ժողովուրդը: Պետականութիւնը՝ որ երեսուն տարի առաջ նուաճեցինք, այսօր, այդ անդունդի եզրին կեցած, կռնակը ծռած՝ կարիքն ունի փրկութեան, գուրգուրանքի ու ամրապնդման:

Այսօր անկախութեան 30-րդ տարուան օրը, կրկին կը յիշենք, որ մեր ժողովուրդը իր բազմադարեայ պատմութեան ընթացքին բազմիցս կորսնցուցած է ու վերականգնած իր պետականութիւնը: Անդունդին բազմիցս մօտեցած ենք, սակայն ետ քաշուելու ճանապարհները գտած ենք կամ անոնք տեսանելի դարձած են: Եղած են տկարացումներ, վերիվայրումներ, պետականութիւնը բախած է ժամանակի մարտահրաւէրներուն, բայց կրկին վերագտած ենք զայն:

***

1990 թուականի օգոստոսի 23-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանը, երկարատեւ քննարկումէ ետք, ընդունեց «Հայաստանի անկախութեան մասին Հռչակագիր» փաստաթուղթը, որով դրուեցաւ անկախացման գործընթացին սկիզբը:

Հռչակագիրը կարեւոր իրաւական փաստաթուղթ մըն էր անկախութիւն տանող ճանապարհին: 12 կէտերէ կազմուած փաստաթուղթը կը նախանշէր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, տնտեսական, մշակութային զարգացման ուղիները: Անցնող երեսուն տարուան ընթացքին եղան անշուշտ շեղումներ, վրիպումներ, սայթաքումներ, բայց հռչակագրին 12 կէտերը ուղեկցեցան ամբողջ այս ընթացքին: Եթէ անցեալին չէինք անդրադառնար այդ սայթաքումներուն, ապա պատերազմը հուժկու ապտակ մը եղաւ՝ իւրաքանչիւր վրիպում մանրամասնօրէն վերլուծելու եւ հասկնալու, թէ ինչպէս պէտք է ի վերջոյ անցնիլ սայթաքուն ճանապարհը: Այո, անկախութեան ճանապարհը սայթաքուն էր, եւ մենք, դիւրաւ քալելու ելած էինք այդ ճամբուն վրայ: Անհոգ էինք ու զուարթ, մինչդեռ դիւրասահ ճամբան զգօնութիւն եւ սթափութիւն կը պահանջէ:

***

21 սեպտեմբեր 1991-ը ի՜նչ տօն էր հայոց կեանքին մէջ: Անկախութեան հռչակումէն օրեր ետք տեղի ունեցաւ անկախ Հայաստանի առաջին Միւռոնօրհնէքը, որ «Անկախութեան միւռոն» կոչուեցաւ եւ անով օծուեցաւ Մայր Տաճարի Աւագ խորանի «Տիրամայրը Մանկան հետ» պատկերը, զոր Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը զայն կոչեց «Անկախութեան Տիրամայր»։ Այդ Տիրամօր պատկերն է նաեւ, որ մոռցանք յաճախ եւ սրբազան շատ խորհուրդներ անտեսած քալեցինք փշոտ ճամբայէն:

1991 թուականի սեպտեմբերի «Անկախութեան Միւռոնօրհնութեան» քարոզին մէջ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մասնաւորապէս ըսաւ.

«Մեր նոր, ինքնիշխան պետութեան անկախութեան հիմքերէն մէկն է նաեւ հայ ազգի Եկեղեցւոյ անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը:

Մենք կը դաւանինք Հաւատամքը՝ մէկ ազատ ազգութիւն, մէկ անկախ պետութիւն, մէկ անկախ ազգային Եկեղեցի:

Այս հաւատամքով, այս գիտակցութեամբ, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ այս Սրբալոյս Միւռոնը մենք կը հռչակենք Անկախութեան Միւռոն:

Հայե՛ր, հոգեւոր զաւակներ Մեր, այս սրբազան Միւռոնով միացէ՛ք, եղբայրացէ՛ք, եղէ՛ք մէկ կամք, եղէ՛ք մէկ ուրախութիւն, եղէ՛ք մէկ ցաւ:

Եղէք մէ՛կ ազգ, մէ՛կ ընտանիք, մէ՛կ ժայռացած երդում եւ հաւատացէ՛ք մեր այս մէկ բուռ հայրենի հողին ու անոր գալիքին, սուրբգրական Արարատի հայեացքին տակ, Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեան ներքոյ»:

***

Որքա՞ն հաւատարիմ մնացինք Սուրբ Աթոռէն հնչած այս խօսքերուն եւ առհասարակ բոլոր այն խօսքերուն, որոնք հնչեցին հայոց մեծերէն: Անկախութեան խորհուրդին, անոր դժուար ճանապարհին մասին օրին խօսած են բոլոր հայ գրողները, գործիչները, այս կամ այն կերպով զգօնութեան կոչ յղած են եւ յորդորած փայփայել բոլոր այն արժէքները, որոնք մեզի անկախութիւնը ընձեռնած են:

Անցեալի մամուլէն քաղելով կը ներկայացնենք հայ գրողներէն խօսքեր՝ հնչած 1991 թուականի սեպտեմբերին եւ աւելի ուշ՝ անկախութեան օրերուն առթիւ: Դժբախտաբար, անոնք այսօր ողջ չեն, բայց անոնց այս խօսքերն ու դիտարկումները աւելի քան արդիական կը մնան:

***

Հրանդ Մատթէոսեան - գրող, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ, 1991, սեպտեմբեր

Անկախութիւնը հանրապետութիւն ինկած պատուհաս չէ, որ ամէնքս ու ամէն ինչ տակնուվրայ է եւ Հայոց աշխարհէն անցնող փրկիչ չէ, որուն փէշերէն կախուելով խնդրէինք չանցնիլ, կուռք դարձնէինք ու պաղատանքի ծնկէինք: Անկախութիւնը հանրապետութեան բոլոր ուստրերուն ու դուստրերուն ամէնօրեայ, ամէնժամեայ համարեա թէ ճորտական աշխատանքն է, որ մեզ՝ բոլորս տէր կը կարգէ իրարու ու այս երկրին, որ արդէն ոչ ոքի կը զիջինք:

Մարօ Մարգարեան - գրող, հրապարակագիր, 1991, սեպտեմբեր

Սեպտեմբեր 21-ին ըսուելիք «Այո»ն մեր ժողովուրդի դարաւոր փափաքն է եւ կը բխի անոր գիտակցուած էութենէն:

Համօ Սահեան - բանաստեղծ, 1991, սեպտեմբեր

Ո՞ր ոչուփուչը վեր կը կենայ ու «Ոչ» կ՚ըսէ իր արեան շրջանառութեան, իր աչքի լոյսին, իր արդար հացին, իր պետականութեան հիմքերուն, իր թոռներու ու թոռնթոռներու մարդավայել կեանքին:

«Այո»… այս երեք տառերը այսօր կ՚իմաստաւորեն մեր ազգի երեք հազար տարուան ոգորումներն ու որոնումները:

Աղասի Այվազեան - արձակագիր, հրապարակախօս, 1991, սեպտեմբեր

Մարդկութեան մեծ մասին յատուկ է անհատի ստորադասութեան բարդոյթը, բայց կայ ազգ մը (մենք), որ կը տառապի ազգային ստորադասութեան բարդոյթով: Եզակիական տարակերպ վիճակ մը, երբ զատ-զատ, ամէն մէկ հայ ինքզինք զգալով որպէս բարձրագոյն իսկութիւն, ի բնէ, դրսեւորելով իր կամքի գերակայութիւնը, բոլոր ժամանակներուն իր շնորհներով մրցութեան մէջ մտնելով աշխարհի զանազան ժողովուրդներու անհատներուն հետ, ունենալով պատմութեան ընթացքը կարգաւորելու սեփական առաքելութեան ներշնչանքը, իր հաւաքական դրսեւորոյթին մէջ անվստահ է: Անբացատրելի երեւոյթ մը, անիմանալի հարց մը, որ չի կրնար բացապարզուիլ նոյնիսկ մեր այսահար պատմութեան երկարաձիգ ու վայրիվերոյ ընթացքով:

Եւ այժմ անկախութեան նկատմամբ մեր «Այո»ն, իմ խորին համոզմամբ, փոփոխութեան առաջին փուլը կրնայ հանդիսանալ մեր ազգային կազմախօսութեան մէջ:

Սօս Սարգսեան - դերասան, հրապարակախօս, 2011 սեպտեմբեր, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակ

Քսան տարին մեզի՝ հայերուս համար չափազանց մեծ ժամանակահատուած մըն է, որովհետեւ մենք շատ բաներէ ետ մնացած ենք, մենք պետութիւն չենք ունեցած, մենք միայն կը սորվինք՝ ի՛նչ է պետականութիւնը: Այդ մէկը կը նշանակէ, որ մեր զարգացման ընթացքը չի կրնար նոյնը ըլլալ, ինչպէս միւս ազգերունը: Մենք պէտք է շտապենք, պէտք է շատ արագ սորվինք, որովհետեւ ետ կը մնանք, իսկ հիմա ետ մնալ կարելի չէ. աշխարհը երթալով կը բարդանայ, երթալով կը դառնայ անարդար եւ դաժան ու պէտք է հաշուի նստիլ այդ հանգամանքին հետ:

Անշուշտ, ես հիացած ու հպարտ եմ մեր բանակով, բայց երբեք պէտք չէ հանգստանանք: Մեր դրացիները կանգ չեն առներ իրենց պետականութիւնը կառուցելէն, մենք ալ պէտք չէ կենանք: Քսան տարին շատ մեծ ժամանակ է մեզի համար: Մենք պիտի վաղուց արդէն շատ հարցեր լուծած ըլլայինք: Այսօր, իմ կարծիքովս, պէտք է Հայաստանը լքող չ՚ըլլար, որովհետեւ կեանքը պէտք է այնպէս ըլլար, որ մենք փափաքէինք մնալ հայրենիքի մէջ:

Գիտէ՞ք, հայրենիքը հայրենիք է՝ տգեղ ըլլայ, գեղեցիկ ըլլայ, ցուրտ ըլլայ, տաք ըլլայ, ինծի համար հայրենիք է, բայց ինծի պէս մարդիկ, կը ներէք անհամեստութեանս համար, քիչ են: Մարդ կայ, եթէ անօթի է, ի՞նչ հայրենիք, ի՞նչ բան կամ ի՞նչ Արցախի յաղթանակ: Այդ մարդը այդպէս երջանիկ է, կուշտ ժամանակ երջանիկ է: Ան կը ձգէ, կ՚երթայ: Բայց այդպիսի մարդոց թիւը շատ մեծ է մեզի համար: Մենք չկարողացանք հասկցնել մեր ժողովուրդին, որ ժամանակն է՝ գրենք մեր ճակտի գիրը, որ ուրիշները չգրեն, որովհետեւ ինչ ալ որ գրած են ուրիշները մինչեւ հիմա, ի վնաս մեզի եղած է:

Փառք Աստուծոյ, բնութեան մէջ ամէն ինչ ազատութեան կը ձգտի: Հիմա մենք ազատ ենք եւ հիմա ամէն մէկ թերութիւն ուղղակի խարան է մեր ճակտին վրայ: Ուրեմն մենք ընդունակ չենք, ուրեմն թոյլ ենք, ուրեմն արժանի չենք: Բայց մենք արժանի ենք լաւ պետութեան, լաւ կեանքի:

Լեւոն Խեչոյեան - գրող, 2010 թուական

Անկախութեան շունչն էր, որ քսան տարի առաջ ոտքի հանեց իր առջեւ շատ մեծ նպատակներ ու խնդիրներ դրած այս ազգը: Բայց իրականութեան մէջ մենք չկրցանք պահել մեր անկախութիւնը: Աստիճանաբար կորսնցուցիք, աստիճանաբար զիջեցանք: Մի՞թէ կարելի է որեւէ պետութեան յիսուն տարիով տալ քու ռազմական շտեմարաններդ: Հինգ տարին մէկ տուր, տասը տարին մէկ բանակցութիւններ վարէ: Որովհետեւ յիսուն տարի յետոյ նոր սերունդ պիտի գայ, թերեւս անոր պէտք չեն ըլլար այդ շտեմարանները:

Արա Շիրազ - քանդակագործ, 2010 թուական

Յաճախ ինծի կը հարցնեն, թէ հայրդ՝ Յովհաննէս Շիրազ կ՚ուրախանա՞ր Հայաստանի անկախութեամբ: Ես կ՚ըսեմ՝ անշուշտ, կ՚ուրախանար, չէր կրնար տխրիլ: Բայց կը տխրէր՝ տեսնելով մեր պարզ ժողովուրդին այսօրուայ վիճակը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021