ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ. ՄԵՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր Հայաստանի անկախութեան տօնն է՝ մեր ամենանուիրական տօներէն մէկը, որ հերթական անգամ կը դիմաւորենք տագնապներով եւ ցաւերով համակուած: Անկախութեան արդիւնքին ձեռք բերուած մեր պետականութիւնը այսօր իր լաւագոյն օրերը չէ, որ կ՚ապրի: Մեղադրանքներ, կարծիքներ կը հնչեն ամէն կողմէ, թէ արդեօք մենք արժանի՞ էինք այն պետականութեան, որ ձեռք բերուեցաւ ծանր գինով եւ մսխուելու սկսաւ թեթեւ ձեռքերով: Մենք, անկախութիւն ձեռք բերելէ յետոյ, ապրեցանք երազներով, օրօրուեցանք մեղմիկ հովերու տակ եւ ահա այսօր կեցած ենք անելանելի կացութեան առջեւ: Կը պահե՞նք մեր անկախութիւնը, թէ՞ այս մէկը նոյնպէս կը զոհուի մեր անհեռատեսութեան ճիրաններուն մէջ, հարցումներու հարցն է, որ կը տանջէ…

Անկախութիւն ունենալու գաղափարը միշտ ուղեկցած է պատմութեան ընթացքին, անոր անդրադարձած են մտաւորականներ՝ մեր մեծերը, որոնց դասերը նոյնպէս ականջի ետեւ նետած ենք… Հայ անուանի գրող, մանկավարժ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Լեւոն Շանթը (ծնած 1869 թուականին՝ Պոլիս, մահացած 1951-ին՝ Պէյրութ) առաւել յայտնի է իր գրական ստեղծագործութիւններով, որոշ չափով ալ՝ դիւանագիտական գործունէութեամբ: Լեւոն Շանթի հրապարակախօսութիւնը անարդարացի կերպով մոռացութեան մատնուած է, բայց վերջին տարիներուն փորձեր կը կատարուին անդրադառնալու անոր հրապարակային խօսքին, որ կը վերաբերի ազգին, ժողովուրդին, պետականութեան… Շանթի հրապարակախօսական գործերէն է «Մեր անկախութիւնը» աշխատութիւնը, որ տպագրուած է 1925 թուականին՝ Պոսթընի մէջ:

«Մեր անկախութիւնը» Լեւոն Շանթ գրի առած է 1922-1923 թուականներուն: Անոր մէջ հեղինակը կը վերլուծէ անկախութեան գաղափարի ընկալումը հայերուս մէջ, փոխյարաբերութիւնները Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի հետ, մանաւանդ իր տեսակէտէ կու տայ անկախութիւնը պահելու կերպը: Ան իրաւացիօրէն կը գրէ. «Ամբողջ հայոց պատմութիւնը հայ ժողովուրդի անկախութեան պայքարն է»:

Այսօր, այս դժուարին ժամանակներուն, երբ կրկին արդիական է անկախութեան պահպանման հարցը, կը ներկայացնենք Լեւոն Շանթի այդ աշխատութենէն հատուածներ.

ԱԶԳԱՅԻՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ

Ժողովուրդի մը անկախութիւն ձեռք բերելը ազգամիջեան քայլ մըն է, մօտէն կամ հեռուէն կը շօշափէ շատ մը ազգերու հաշիւները, մանաւանդ ձեռնտու է կամ աննպաստ մասնաւորապէս մէկ-երկու ժողովուրդի շահերուն ու ձգտումներուն: Եւ ատոնցմէ ամէն մէկը՝ գործին ընծայած կարեւորութեան չափովը եւ իր կարողութեան համեմատ, կը ջանայ օժանդակելու կամ խանգարելու:

Եւ երբ մեր միտքը, իրերը կանխել ուզելով, ըմբռնել կը ցանկայ, թէ այդ ընդհանուր հրմշտուքին ու քաշքշուքին մէջ մեր անկախութեան գունդը ո՞ւր պիտի գլտորի եւ ի՞նչ գծով, ամենէն առաջ պահանջ կը զգացուի որոշելու, թէ որո՞նք են այն ժողովուրդները, որոնք մասնաւոր կերպով լուրջ շահեր եւ ծրագիրներ ունին այն հողամասերուն մէջ ու շուրջը, որ մենք մեր հայրենիքը կ՚անուանենք:

Սակայն ինչպէ՞ս գիտնանք միւս ժողովուրդներուն ուզածը, ինչպէ՞ս իմանանք մեր դէմի ժողովուրդին դիտաւորութիւնը: Չէ՞ որ շատ բան պարզ չեն ըսեր, ամենէն կարեւորը կը ծածկեն: Յաճախ ըսուած խօսքին ու կատարուած գործին մէջ տրամագծօրէն հակասութիւն կայ: Խաբէութիւնը հնագոյն դարերէն համարուեր է հիմքը քաղաքականութեան: Քաղաքականութիւն բառը ինքնին նոյնանիշ է դարձած կեղծիք բառին, ինչպէս որ շատ տեղ վաճառականութիւնը՝ խաբեբայութեան:

Միւս կողմէն՝ հաստատ ու անյեղլի բաներ չեն ժողովուրդներու ցանկութիւններն ու բռնած ընթացքը: Շատ կը պատահի, որ այսօրուան ծրագիրը համապատասխան չ՚ըլլար վաղը առնուած քայլին՝ նայելով իրենց ներքին պայմաններուն, կուսակցութիւններու պայքարին, ընտրութիւններու հետեւանքին կամ արտաքին դժուարութիւններուն: Երբեմն նոյնիսկ իրար հակառակ կարծիք կ՚ունենան նոյն կառավարութեան պատկանող երկու անդամը, օրինակ, վարչապետն ու արտաքին գործերու նախարարը, արտաքին գործերու նախարարը եւ պատերազմականը, եւ ատոր համեմատ ալ քայլեր կ՚առնեն, խօսքեր կը զրուցեն, որոնք իրար կը հերքեն, եւ այդ քաոսին մէջ կարծես հնար չէ ըմբռնելը, թէ ի՞նչ է դէմինիդ բռնած ընթացքը, իր ուզածը, ո՞րն է իսկականը՝ երէկուա՞նը, թէ այսօրուանը:

Ճշմարիտ է այս բոլորը «օրուայ» քաղաքականութեան տեսակէտէն, երբ աչքի առջեւ ունինք առօրեայ շարժումները, օրը օրին առնուած քայլերը, օրուան զիկզակները: Բայց, երբ երեւոյթներուն նայինք քիչ մը վերէն եւ աչքի առաջ ունենանք աւելի երկու ու տեւական ժամանակներ, միշտ որոշ նկատելի է ժողովուրդի մը գլխաւոր ձգտումը, այն հիմնական ուղղութիւնը, որով ան կ՚երթայ, ինչքան ալ, որ ծուռումուռ ըլլայ իր քալած գիծը ու զիկզակներ տայ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ բարձրութենէ դիտուած գետի մը կամ ճամբու մը ուղղութիւնը միշտ պարզ կարելի է որոշել, ինչքան ալ որ շատ ոլորներ, յետս դարձումներ ու կոտրտուքներ ունենան ճամբան ու գետը:

Օրուան զիկզակներուն եւ առօրեայ շարժումներուն նուրբ հոտառութիւնը ունենալը կարեւոր է օրուան բռնելիք քաղաքականութեանդ համար: Իսկ ասոնց ընդհանուր ուղղութիւնը, ժողովուրդներու հիմնական շարժումն ու տեւական քաղաքականութիւնը ըմբռնելը անհրաժեշտ է քու սեփական տեւական ու հաստատ ճամբադ ընտրելու համար, որը նոյնպէս միւսներուն նման կրնայ շատ կոտրտուիլ ու ծռմռուիլ գետնի պայմաններուն յարմարուելով, բայց եւ այնպէս պէտք է ունենայ իր յստակ ու որոշ ուղղութիւնը:

Եւ ամէն ժողովուրդ ունի իր հիմնական, մեծ, ընդհանուր քաղաքականութիւնը, որուն կը ձգտի, որուն յամառ կը հետեւի, թէեւ երբեմն շատ դանդաղ ու շատ աննկատելի: Այդ խոշոր գծերով, այսպէս ըսեմ, ծրագրային քաղաքականութեան կից կ՚երթայ այդ ծրագրի առօրեայ մասնակի ու հնարաւոր գործադրութիւնը, նայելով դրական ու իրական պայմաններուն ու պատեհութեան, իր ելքերովն ու էջքերովը, նահանջելով, յառաջանալով, կանգ առնելով, այսինքն գործնական քաղաքականութիւնը, օրուան քաղաքականութիւնը:

Ժողովուրդներու այդ գլխաւոր ձգտումները միշտ մեր մտքին դէմ ունենալը անհրաժեշտ է ամէն մէկ գործնական քայլ առնելու ժամանակ. ատիկա է ուղեցոյցը, կողմնացոյցը, օրուան գահավէժ դէպքերուն ու հակընդդէմ փոփոխութիւններուն առջեւը չի մոլորուելու, գլուխդ չի կորսնցնելու համար, մանր ու խոշոր հակասութիւններու յորձանքին մէջը չի խեղդուելու համար, եւ անցողակի բարեկամութիւններուն ու թշնամութիւններուն վրայէն քու իսկական ուղեկիցդ, շահակիցդ, յենարանդ ու հակառակորդդ իրարմէ որոշել կարողանալու համար:

ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԿԱՐԾԻՔ

Ազգամիջեան ամէն մէկ շարժման յաջողութիւնը, արագութիւնը եւ ուղղութիւնը էապէս ու նախապէս կախուած է այդ ազգային ձգտումներու փոխադարձ ընդհարումէն: Սակայն այդ հիմնական ու արմատական մասնաւոր ազդակներէն զատ, կան միջազգային տեսակի աւելի լայն ազդակներ, որոնք իրենց ազդեցութեան բաժինը կը բերեն ժողովուրդներու կատարած ազգամիջեան շարժումներուն վրայ:

Այդ ուժերուն կարգէն ամենէն լայնը եւ ամենէն կարեւորը այն ընդհանուր ուղղութի՛ւնն է, որ բռնած է համամարդկային քաղաքակրթութիւնը, այն ճամբա՛ն, որով հիմա կը քալէ մարդկային զարգացումը, այն ղեկավար ըմբռնումնե՛րը, որ իւրացուցած է եւ իբրեւ անհրաժեշտութիւն մը կը նկատէ մարդկութեան ամենէն առաջադէմ մասը, այն ամէ՛նը ինչ որ կարճ բառով կրնանք անուանել ժամանակի ոգին:

Քաղաքակրթութեան զարգացման ամէն աստիճանի վրայ պատմական ամէն խոշոր ու հիմնական շրջան ունի իր ժամանակի ոգին, իր տեսակէտները, իր սկզբունքները, որոնք խորապէս կ՚ազդեն բոլոր ժողովուրդներու շարժումներուն ու ձգտումներուն:

Ամէն ձգտում, որ ժամանակի ոգիին հոսանքովը կ՚երթայ, յաջողելու հաւանականութիւնը ունի իր հետ, եւ ընդհակառակը, ժամանակի ոգիին հակառակ գնացողը կը թիավարէ հոսանքին ընդդէմ եւ մեծ վտանգի մէջ է ջրերու ուժէն քշուելու ու սուզուելու:

Եւ իմաստուն պետութիւնները իրենց շահերն ու հաշիւները կը յարմարցնեն ժամանակի պահանջած ձեւերուն ու ըմբռնումներուն: Յենուելով ժամանակի ոգիին՝ անոնք դիւրացում ու թեթեւութիւն կուտան իրենց ձեռնարկներուն, ընդհանուրի համակրանքը կ՚ապահովեն իրենց թիկունքին, եւ կ՚ունենան մեծ հպարտութիւնը քաղաքակրթութեան ծառայած ըլլալու, որ ինքնին արդէն ուժ ու վստահութիւն ներ-շընչող գիտակցութիւն մըն է:

Որով եւ իրենց առած քայլերը բարձրութիւն մը, ազնուութիւն մը կը քաշեն իրենց ետեւէն, ինչքան ալ որ այդ քայլերը իրե՛նք առած ըլլան զուտ ներքին անձնական շահերէ դրդուած: Մինչդեռ այդ նոյն շահերը եւ նոյն անձնական հաշիւները, երբ կը տարուին արհամարհելով ժամանակի հակումներն ու ըմբռնումները՝ իրենց վրայ կը կրեն յետադիմութեան կնիքը, հանրութեան հակակրանքը եւ կը նկատուին իբրեւ թշնամութիւն ու թշնամանք նետուած քաղաքակրթութեան երեսին:

Ժամանակի ոգին իր հետ ունենալը խոր ու ներքին առաւելութիւն մըն է, ներքին զսպանակ մը, ներքին յաջողանք մը: Շատ աւելի մակերեսային, շատ աւելի խախուտ եւ շատ աւելի արտաքին առաւելութիւն մըն է հասարակաց կարծիքը քեզի հետ ունենալը, որը այդ կարգի երկրորդ ընդհանուր ու միջազգային ազդակ մըն է ժողովուրդներու առած քայլերուն վրայ:

Հասարակաց կարծի՛ք, այսինքն զանազան ժողովուրդներու ղեկավար մարդոց համակրանքն ու հակակրանքը: Իսկ ղեկավար մարդիկն են բարձր պետական պաշտօնէութիւնը, վերին հոգեւորականութիւնը, խոշոր դրամատիրութիւնը, զանազան կուսակցութիւններու պարագլուխները, գիտութեան ու գեղարուեստի քանի մը աչքի իյնող դէմքերը եւ ատոնց բոլորի առօրեայ բերանը եղող լրագրութիւնը: Ուրիշ խօսքով՝ բազմագոյն ու այլակաշի ամբոխ մը, որ երբեք նոյն շահերն ու տեսակէտները չի կրնար ունենալ. կէս մասի այո՛-ն անպայման կերպով միւս կէսի ո՛չ-ն է, որով բոլոր տեսակի համակրանքներն ու հակակրանքները վերջ ի վերջոյ իրար կը չէզոքացնեն ընդհանրապէս:

Եթէ քու հաշուին աւելցուկ մըն ալ մնայ՝ բաւական տարակուսելի է իր արժէքը, որովհետեւ այդ համակրանքն ու հակակրանքը շատ յաճախ ծնունդ են տգիտութեան, անտեղեակութեան, պատահականութեան, կամ կը բխին քու վիճակիդ հետ բնաւ կապ չունեցող կողմնակի, երբեմն անխոստովանելի աղբիւրներէ, որոնք քեզի օգնելէ աւելի կը վնասեն, եթէ յանկարծ ուզենաս յենուիլ զգացումներու այդ արտայայտութեան վրայ: Աւելի եւս գէշ, եթէ այդ արտայայտութիւնները արդիւնք են գութի, կարեկցութեան, խղճահարութեան, որովհետեւ հոդ կը պակսի յարգանքը, որը միակ եւ իսկական հիմքն է ամէն համակրանքի:

Անշուշտ արժէք ունի այն հետաքրքրութիւնը, որ առաջացած է քու արժանիքիդ, քու կարողութիւններուդ, քու կամքիդ, կռուիդ ու ձգտումներուդ բնական գնահատումէն: Նմանապէս այն համակրութիւնը, որ կը բխի արդարութեան սկզբունքէն, իրաւունքի գիտակցութենէն, ժամանակի ոգիի պահանջէն եւ որ կը նայի ուրիշ ժողովուրդի մը վրայ, ինչպէս հաւասարի, եւ արդարութիւն կ՚ուզէ անոր համար:

Ջանա՛նք մեզի հետ ունենալու այս տեսակի համակրանքը, եթէ կրնանք, որովհետեւ ասիկա ալ ուժ մըն է վերջապէս ու ազդակ մը: Միայն երբեք չմոռնանք, որ գործի ու կեանքի մէջ այդ բոլոր համակրանքներն ու յարգանքները մարդիկ շատ դիւրութեամբ կը ծալլեն ու կը դնեն իրենց գրպանը ցնոր տնօրինութիւն, եթէ իրենց շահերուն ու տրամադրութիւներուն յանկարծ հակառակ դուրս գայ:

Հեռուէն ու տեսականօրէն պատրաստ են ե՛ւ արդար ըլլալու ե՛ւ կարեկցոտ, բայց երբ հարցը կը մօտենայ ու կ՚անցնի գործնական հողին վրայ, իսկոյն վարիչ սկզբունքը կը դառնայ հաշիւը: Եւ քու բարեկամդ է ա՛ն, որուն շահը քու շահիդ հետ զոյգ կ՚երթայ, եւ միայն ա՛յն չափով, ինչ չափով որ քու թշնամիդ ան է, որուն ձգտումներն ու քու ձգտումներդ իրար կը խաչաձեւեն: Ո՛չ մէկ համակրանք, յարգանք կամ գութ հոդ քեզի չի օգներ:

«Կը ցաւիմ, բայց…»- ահա՜ պատասխանը:

Այս բոլորը թէեւ չափազանց տարրական ու ակնյայտնի բաներ են, բայց մեր ժողովուրդը, որ նորեկ մըն է քաղաքականութեան ասպարէզը, իսկապէս նորեկ ալ չէ, այլ պարզ ընտրել մը միայն, եւ միւս կողմէն այնքա՜ն շատ է եղած թշնամիներով շրջապատուած, այնքա՜ն զրպարտութիւն, սուտ ու կեղծիք է թափուեր իր վրայ եւ այնքա՜ն իրաւացի ու անիրաւ մեղադրանք իր գլխուն, որ դարձած է չափազանց զգայուն՝ համակրական ամէն մէկ ցոյցի, ամէն քաղցր խօսքի, նոյնիսկ պարզ քաղաքավար սիրալիրութեան հանդէպ եւ ատոնց վրայ մեծ յոյսեր կը կապէ: Երեւոյթը հասկանալի է անշուշտ, բայց ժամանակն է արդէն, որ ձեռք բերենք քիչ մը աւելի քաղաքացիական հպարտութիւն եւ քիչ մըն ալ նուազ քաղաքական միամտութիւն:

ՊԱՏԱՀՄՈՒՆՔ

Շատ շատերուն հոգիին խորքը կայ ե՛ւ վերջին ազդակ մը, որուն շուրջը յոյսեր կը հիւսուին եւ անորոշ սպասումներ: «Ինչե՜ր ըսես աշխարհիս երեսը չեն պատահիր։ Երէկուան մուրացիկը վաղուան թագաւորն է. ի՞նչ գիտնանք՝ ի՜նչ է գրուած մեր ճակտին: Բախտ, բախտի ձեռքն է ամէն ինչ »:

Այսպէս կը մտածէ Արեւելքցին քիչ մը մխիթարելու համար իր կոխկռտուած ու դառնացած հոգին, քիչ մը արդարացնելու համար իր կամքին տկարութիւնը, քիչ մըն ալ մեղմելու համար իր վախը, որ ան աղօտ կերպով կը զգայ իր ցանկութիւններուն առջեւը բարձրացող դժուարութիւններուն դէմ:

Բայց եւ ընդհանրապէս, բա՛խտ, պատահմո՛ւնք, դիպուա՛ծ, դէպքերու բերո՛ւմ բառեր են, որոնք շարունակ կուգան մեր շրթունքին ծայրը, երբ մեզի ցնցող ու մեր չնախատեսած մէկ դէպքին հանդէպ կը գտնուինք: Եւ դիպուածը անշուշտ ունի իր որոշ դերը պատմական երեւոյթներու ընթացքին:

Կան այն տեսակի իրողութիւններ, որոնք ամէն հաշուէ ու նախատեսութենէ դուրս կ՚իյնան, ինչպէս օրինակ, կարեւոր անձի մը յանկարծական մահը, հրամանի մը մէջ սպրդած եւ իմաստը փոխող տառասխալ մը, երբեմն շատ մանր, երբեմն շատ լայն ու խոշոր պատահականութիւններ: Բայց, եթէ քիչ մը աւելի խորը դիտենք, այս տեսակի երեւոյթները սովորաբար կ՚ազդեն այն իմաստով, որ կը յետաձգեն, կը դանդաղեցնեն կամ կ՚արագացնեն դէպքերը, որ ինքնին անշուշտ մեծ կարեւորութիւն ունեցող իրողութիւն է:

Սակայն, երբ կ՚առնենք դէպքերու երկարատեւ յաջորդական ընթացքը, շատ սակաւ կը պատահի, որ ատոնք խաղան կտրական դեր. օրուան ծնունդ են եւ կ՚ազդեն օրուան վրայ, բայց հիմնական, արմատական պատճառները փոխել ու մէջտեղէն վերցնել չեն կրնար, եւ ջուրը նորէն ճամբան կը գտնէ:

Պատահմունք ու դիպուած կոչուող երեւոյթներուն անհամեմատ մեծագոյն մասը այն տեսակի դէպքեր են, որոնք բնականօրէն կը բխին ժողովուրդներու ընդհարուող ձգտումներէն եւ պատմական պայմաններու պատճառական անհրաժեշտութենէն: Ապագայ պատմագիրը անոնց բոլոր թելերը օր մը մէկիկ-մէկիկ պիտի քակէ ու ցոյց տայ, որ ուրիշ կերպ բնաւ կարելի ալ չէր. տարբեր հարց է սակայն, որ ժամանակակիցներս չէինք տեսած, չէինք ըմբռնած, շա՛տ պատճառներով: Դէպքերու ընթացքին մէջ եղողը, կռուին մասնակցող զինուորի մը պէս, ամէն ինչ որոշ դիրքէ մը միայն կը տեսնէ, որոշ կիրքէ մը, որոշ հոգեկան տրամադրութեան մը միջով, ուր ցանկութիւնն ու իրականութիւնը յաճախ իրար կը շփոթուին:

Դէպքերուն մէջ եղողը չգիտէր շատ ու շատ բաներ ու չի կրնար գիտնալ, ինչ որ ապագայ պատմիչը օտար աղբիւրներէ ու արխիւներէ կը տեղեկանայ:

Վերջապէս, կատարուած դէպք մը, ըլլայ ընկերական թէ ֆիզիքական, շատ աւելի դիւրին է վերլուծելը, պատճառներն ու հետեւանքները հանելը, քան դեռ լրիւ չկատարուած կամ նոյնիսկ բնաւ չկատարուած դէպքը:

Այսպէս, օրինակի համար, իրար հիւսելով ցարական րեժիմին տակ մեծցած ժողովուրդի մը հոգեբանութիւնը, Գերմանիայէն ներմուծուած ընկերվարութեան քառասնամեայ անմարս իւրացումը, պատերազմի առաջացուցած վայրենացումն ու յոգնութիւնը, եւ հրեաներու դէմ եղած երկարատեւ հալածանքներն ու ջարդերը Ռուսաստանի մէջ, կարելի ըլլայ գուցէ հիմա եզրակացնել, թէ շատ բնական ու անխուսափելի էր բոլշեւիզմի, այսինքն՝ ընկերային ցարիզմի երեւան գալը: Բայց քանի մը տարի առաջ ան իր առաջացման միջոցին բոլորովին անսպասելի ու դիպուածական երեւոյթի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէր:

Այդպէս ալ Կարսի առաջ մեր զինուորներու պատերազմելէ հրաժարիլը, որ սարսափելի անակնկալ մըն էր նոյնիսկ մեր զինուորներուն վիճակը եւ մեր բանակի բոլոր թերին ու տկարը մօտիկէն գիտցողներուն համար, պատմիչ մը հիմա կրնայ համրել իր մատներուն վրայ բազմաթիւ պատճառներ ապացուցանելու համար, որ այդ դժբախտութիւնը անխուսափելի հետեւանքն էր ռուսի ու մեր փոխյարաբերութիւններու ու վիճակին:

Անհատներու մասնաւոր կեանքին մէջն անգամ դիպուած, բախտ ու պատահար ըսուածը ստուար մեծամասնութեամբ պարզ ու բնական հետեւութիւնն է իր բնաւորութեան ու վարմունքին, իր շնորհքին ու թերութեան, ինչպէս եւ իր շրջապատողներու շահերուն, տրամադրութիւններուն ու հակազդեցութեան. թէեւ շատ յաճախ ապացուցանել չենք կրնար, որովհետեւ ազդակները թաղուած են անհատական հոգիներուն խորքը: Ազգերու կեանքին մէջ հանրային են այդ ազդակներն ու պատճառները, եւ ատոր համար ալ անհամեմատ աւելի մատչելի՝ քննութան, ու նշմարելի:

ԿԱՄՔԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԸ

Բախտը, պատահմունքը եւ դէպքերու բերումը կրնան օգնել մեր անկախութեանը այն իմաստով, որ յանկարծ յարմարութիւն կը ստեղծուի, դիւրութիւններ կ՚ունենանք եւ աւելի արագ կը կատարուի իրագործումը:

Կրնայ պատահիլ, որ հասարակաց կարծիքն ալ վճռական վայրկեանին ձեռք մեկնէ մեզի եւ օգնէ, որ ոտքի բարձրանանք:

Օր մը հաւանական է, որ միջազգային վեհաժողովները հանեն մեզի համար նպաստաւոր որոշում մը, երբ շահերը յարմար դասաւորուին, որով թեթեւցնեն եւ վաւերացնեն մեր ճիգերը:

Այս երեքէն ալ աւելի կրնայ մեզի, թէեւ անտես, մեծ ծառայութիւն մատուցանել եւ մեծ օժանդակութիւն ժամանակի ոգին, ժամանակի պահանջը:

Բայց ամենէն լաւատես պայմաններուն մէջն անգամ այս ընդհանուր ու միջազգային ազդակներուն ըրածը կ՚ըլլայ միայն նպաստելը, օգնելը, թեւ տալը, արագացնելը: Սակայն մեր մէջ շատեր կան դժբախտաբար, որոնք այդ միջազգային ազդեցութիւններէն ո՛չ թէ դիւրացում մը կը սպասեն ու նպաստ մը մեր գործին, այլ ամբո՛ղջ գործը եւ մեր ամբո՛ղջ յաջողութիւնը օտարներէն կ՚ակնկալեն: Ասոնք ո՛չ միայն հեռու կը կենան ու չեն մասնակցիր մեր ժողովուրդի թափած յուսահատ ճիգերուն ու պայքարին, այլեւ կը մեղադրեն անոր առած «խելագար » քայլերը, որոնք միայն «արիւն ու աւեր կը բերեն», եւ կը յուսան, որ օր մը բախտը, հասարակաց կարծիքը եւ միջազգային վեհաժողով մը թեւ թեւի մտած պիտի գան ու պիտի հրամցնեն մեզի կազմ ու պատրաստ ու նո՛րնոր անկախութիւն մը՝ արծաթէ ափսէի մը վրայ դրուած:

Աւա՜ղ, այդ տեսակ սքանչելի նուէրներ ընող բարի ոգիները հին հեքիաթներու մէջ միայն կ՚ապրին: Մեր իրական աշխարհին մէջ տիրողը ուրիշ ոգիներ են, որոնք իրենց տուած ամէն մէկ կաթիլ բարիքի փոխարէն քու արիւնդ կ՚ուզեն, քու տանջանքդ ու քրտինքդ, եւ ան ալ շա՛տ: Պատրաստ ու «տիպլոմատիկ ճամբով» ստացուելիք նւէրներու գաղափարը եւ ատոր նման նանիր ու տարտամ յոյսերը երբ դնենք մէկ կողմ, մէջտեղը կը մնայ երկու բան, երկու շատ պարզ ու շատ հիմնական բան։ Մե՛ր կամքը եւ մեզի հետ մասնաւորապէս առընչութիւն ունեցող միւս ազգերուն կամքը:

Այդ թեր ու դէմ կամքերու արիւնոտ ու դաժան բախումին մէջէն է, որ ծնի պիտի մեր անկախութիւնը: Ծնի պիտի երկար երկունքով, որը սկսած է վաղուց, երեք սերունդ է արդէն, եւ շատ դժուար ծնունդով, որովհետեւ շատ ձախորդ է մեր աշխարհագրական դիրքը ու շատ բարդ են մեր շուրջի պատմական ու ցեղագրական պայմանները:

Իրականութեան հանդէպ աչքերը գոցելը խելացի մարդու գործ չէ: Կեանքի կռուին մէջ յուսահատիլը կենսունակ մարդու գործ չէ:

Պարտական ենք վերջապէս ամէնքս պարզ ըմբռնելու, թէ միայն մե՛նք կրնանք տալ մեր անկախութիւնը մեզի: Մենք ինքնե՛րս պէտք է ձեռք բերենք ե՛ւ մեր հայրենիքը, ե՛ւ մեր անկախութիւնը յարատեւ մաքառումով, յամառ կամքով ու վճռականութեամբ, իյնալով ու ելնելով, ճանկռտելով կտոր-կտոր, փրցնելով ծուէն-ծուէն: Իսկ եթէ ձեռք բերել չենք կրնար, իրաւունք չունինք ապրելու իբրեւ ուրոյն ժողովուրդ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023