ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԱՀԱՍՏԱՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Ո՛չ սարսափազդու, սակայն մտահոգիչ հանգամանք սկսած է ստանալ թիւը այն հայ երիտասարդներուն, որոնք աշխարհի խաբուսիկ նորարարութիւններէն ու զեղխ հաճոյքներէն խաբուելով՝ հեռացած են քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքէն, ուծացած՝ հայ հոգիէն, պարպուած՝ հայ զգացումներէն, օտարացած՝ հայ մշակոյթէն եւ խորթացած՝ Հայ Եկեղեցիէն։

Ներկայ դարու որոշ մէկ խաւի երիտասարդութիւնը դժբախաբար գերին է դարձած արհեստագիտութեան, որմէ կը ստանայ իր ուղղութիւնն ու «աւիշը»։ Իր կեանքի բառարանէն ստէպ կը բացակայի Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք, եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք» (Մտ 22.21)։ Անոնք Աստուծոյ տրուելիք բաժինն անգամ կու տան «կայսր»ին՝ աշխարհին ու աշխարհայինին։

Երիտասարդութիւնը առհասարակ ազգի մը կենսունակութեան աղբիւրը նկատուած է, մինչդեռ ան է՛ նաեւ ազգային գործադիր ուժը, անոր յառաջդիմութեան ու զարգացման կարելիութիւններու շտեմարանը։ Երիտասարդնե՛րն են եղած պայքարներու առաջին ճակատը նետուողները, ազգային իտէալներու իրագործման ճիգին մէջ ամենէն սուղ զոհաբերում բերողները։

Մեր պատմութիւնը ինքնին կ՚ապացուցէ հայ երիտասարդութեան զոհաբերումի ոգին։ Դարերու ընթացքին, ազգային ազատութեան պայքարներու մէջ իրենց գարուն կեանքը ընծայողները՝ Վարդանանք, Բագրատունեանք, Ռուբինեաց օրէն մինչեւ Օրիի եւ արդի ռազմիկները եղած են երիտասարդները, որոնք ազգին ու Եկեղեցիին սիրով հըր-դեհուած, «իմացեալ մահուան» խորհուրդին գիտակցութեամբ զրահուած՝ նետուած են ռազմադաշտ։ Տակաւին, Ե. դարու Սահակ-Մեսրոպեան մշակութային վերածնունդը իրականացնողները խումբ մը երիտասարդ թարգամանիչներ եղան, որոնց սիրտը բռնկած էր ազգին անմահութեան տեսիլքով։ Մեր անցեալ դարու Ազգային Զարթօնքը իրագործողները, ազգը թմրութենէ արթնցնելով իր արժէքներու գիտակցութեան հրաւիրողները, անոր լեզուն բիւրեղացնողները, հայ արդի գրականութեան ու գեղարուեստի լայն ճամբան բացողները, երիտասարդներն են եղած առաւելապէս։

Իսկ ի՞նչ է ներկայ դարու երիտասարդութեան իրավիճակը  համաշխարհայնացման յորձանուտին դիմաց։ Արդեօք ի՞նչ է աշխարհի տարածքին Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից երիտասարդութեան թիւը։ Ի վերջոյ, ի՞նչ է անոր դերը Եկեղեցւոյ կեանքէն ու առաքելութենէն ներս։

Երիտասարդութիւնը Եկեղեցւոյ համար աւիշ է, որուն միջոցաւ ան կը սնանի, կ՚ուռճանայ եւ կը դառնայ կենսունակ ու գործօն։ Ինչպէս արտաքին աշխարհը, նոյնքան եւ Եկեղեցին կարիքը ունի նոր ու թարմ ուժի։ Եկեղեցին կարիքն ունի կազմաւորման, ինչպէս կեանքի միւս բոլոր բնագաւառները։ Եկեղեցին կարիքն ունի կենդանի մնալու եւ գոյատեւելու, ինչպէս ամէն գոյակ։ Եկեղեցին կարիքն ունի երիտասարդութեան՝ երիտասարդացնելու համար ինքզինք։ Աշխարհի տարածքին գտնուող բոլոր հաստատութիւնները միշտ նախապատուութիւնը կու տան երիտասարդութեան, որպէսզի անոնք կարենան ունենալ երկար եւ արդիւնաբեր ծառայութեան շրջան մը իրենց հաստատութենէն ներս։ Իսկ Եկեղեցւոյ պահանջքը տարբե՞ր է միթէ։ Եկեղեցիէն ներս որքան աւելի երիտասարդութիւն թափանցէ, այնքան աւելի կենսունակ օրեր ու շողշողուն ապագայ մը կ՚ունենայ ան քրիստոսաւանդ ծառայութեան մէջ, որովհետեւ ի վերջոյ Եկեղեցին աստուածահիմն հաստատութիւն է՝ Քրիստոսի վրայ հիմնուած եւ Անով առաջնորդուող։

Ոմանք այնպէս կը կարծեն, թէ Եկեղեցւոյ դերը վաղուց այժմէականութենէ դադրած է եւ դարձած հին գոյութենական կառոյց մը։ Սակայն Եկեղեցին անարգողներ անգիտակ կը մնան, թէ կենցաղական եւ ընկերային բոլոր առաւելութիւնները, որոնցմով ներկայ դարը կը պարծենայ, բոլորն ալ քրիստոնէական հանճարին արդիւնքն են, թէ՝ ազատութեան սկզբունքները առաջին անգամ քրիստոնէական Եկեղեցին հռչակեց, թէ՝ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցած բոլոր զարգացումները սկիզբ առին Եկեղեցւոյ ծոցէն եւ անոր մէջ արմատանալով զօրացան։ Եկեղեցին միակ յօդակապը եղած է, որ հայ ժողովուրդի արհաւիրքէն մազապուրծ ճողոպրած մնացորդները կրցած է ի մի խմբել եւ իբրեւ ազգ պահպանել։ Եկեղեցի՛ն է, որ անվիճելի կերպով ներարկած է հաւատացեալին ներքին կենսունակութեան իսկութիւնը եւ պատրաստած արտաքին միջոցներ, գործնական եղանակներ եւ գործառնական ձեռնարկներ՝ ի խնդիր հայ ազգին գոյութեան պահպանման ու յարատեւման։ Այսօ՛ր եւս Եկեղեցին չէ դադրած իր կենսական ոգին ներշնչելէ եւ կը շարունակէ բարոյական եւ հոգեւոր փրկարար դերը պահել, ինչ որ ալ ըլլան իր քաղաքական ու կենցաղային պահանջքները։

Երիտասարդութիւնը բոլոր ժամանակներուն իբրեւ փթթող, նոր կազմաւորուող երեւոյթ, բնականօրէն կը խորշի «հին» բառէն։ Երբ տակաւին չես ծրագրած նորը, յիմարութիւն է հինը քանդել։ Յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը, այս երկուքին միջեւ շուարած վիճակ մը կը պարզէ այսօր։ Երբեմն նկատելի է, որ Արեւմտեան հայ երիտասարդութիւնը շատ աւելի աւանդապահ է եւ յատուկ գուրգուրանք կը տածէ Հայ Եկեղեցւոյ ու անոր աւանդութեանց նկատմամբ, քան՝ Միջին Արեւելքի պահպանողական նկատուած գաղութներու մեր երիտասարդութիւնը, որ առիթ չի փախցներ խծբծելու իր մայրենի Եկեղեցին եւ չի՛ վարանիր հարուած տալու անոր աւանդութիւններուն ու դարաւոր սրբութիւններուն։

Տակաւին, երիտասարդներ փոխանակ յառաջանալու Քրիստոսի հարթած ճանապարհէն, հեշտօրէն կը համակերպին ու կ՚անդամակցին այլ երդիքներու՝ տար-ւելով նորարարական ու արդիական ձեւակերպութիւններէն եւ ճարտասանական բնոյթ ունեցող ձեւական ու թիւր քարոզախօսութիւններէն։ Աղանդաւորներ, որոնք յաճախ գառնուկի մորթով, հոգեւոր պաճուճանքով ու հաճելի խօսքերով կը շրջին երիտասարդներուն շուրջ՝ «զիրենք ազատելու մեղքի թմբիրէն» ու իրենց կարծիքով «ժամանակավրէպ ու հնացեալ» Հայ Եկեղեցւոյ կիսատ ձգած գործը շարունակելու եւ ամբողջացնելու։ 

Սիրելի՛ ընթերցող, այդ պղծաշուրթն աղանդաւորներու նպատակը մէկ բան է՝ ՄԱՐԴՈՐՍՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։ Զգուշացի՛ր ոչխարի մորթով գայլերէն, որոնց նպատակն է քայքայել քրիստոնէական հաւատքդ եւ խորտակել ընտանիքդ, քեզ անջատելով, հեռացնելով եւ օտարացնելով համայնքէդ, ժողովուրդէդ, դարերով պաշտած ճշմարիտ Քրիստոսէդ եւ «բաժնելու տիրելու»  մօտեցումով՝ ծայրագոյն դժբախտութեան հասցնելու համար քեզ։ Արդ, կառչա՛ծ մնայ «արեան մկըր-տութեամբ» եւ դարերու արեան վկայութեամբ ամրագ-րըւած մայր Եկեղեցւոյդ աւանդութիւններուն եւ սկըզ-բունքներուն, անոր ուսուցումներո՛վ համակէ ամբողջ կեանքդ, ողողէ՛ ողջ էութիւնդ քրիստոնէական արժէքներով, սրբութիւններով ու առաքինութիւններով, անոր հովանիին ներքե՛ւ առաջնորդէ իւրաքանչիւր քայլափոխդ, որովհետեւ «Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի, որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ» (Եփ 1.23)։  Ընթացքդ փոխէ՛…։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017