Մանուկներու Համար Խաղ-կենդանապատկեր Մը՝ «Մատիտը եւ Նինինուն»

Ա­նա­հիտ Սար­գի­սեա­նի, Մա­րալ եւ Վա­հան Քե­րով­բեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ լոյս տե­սած է մա­նուկ­նե­րու հա­մար 4.24 վայր­կեան­նոց խաղ-կեն­դա­նա­պատ­կեր՝ «Մա­տի­տը եւ Նի­նի­նուն» ձայ­նե­րի­զը։

Պատ­մու­թեան եւ պատ­կեր­նե­րու հե­ղի­նակն է՝ Ա­նա­հիտ Սար­գի­սեան, ման­կա­վար­ժու­հի, ման­կա­կան գիր­քե­րու եւ սա­լիկ­նե­րու հե­ղի­նակ։ Ձայ­նե­րի­զի հե­ղի­նակն է՝ Վա­հան Քե­րով­բեան, ե­րա­ժիշտ, դե­րա­սան եւ ման­կա­կան աշ­խա­տա­նոց­նե­րու ու­ղե­կից։ Իսկ ի­րա­գործ­ման, շար­ժադր­ման եւ յա­րակց­ման պա­տաս­խա­նա­տուն՝ Մա­րալ Քե­րով­բեան, նկա­րիչ, ֆիլ­մի հե­ղի­նակ եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու ու­ղե­կից։ Ֆիլ­մը կա­րե­լի ե­ղած է ստեղ­ծել «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան շնոր­հիւ։

«Մա­տի­տը եւ Նի­նի­նուն» կա­րե­լի է գոր­ծա­ծել անձ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու, դպրոց­նե­րու եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու մէ­ջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016