ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԱՍԻՆ

ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՄԵՐԺԵ՞Ց ԵՐԵՍԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ՈՒՐԻՇԻՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս կը պատահի, թէ Ան որ ըսաւ՝ «եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր» (Մտ 53.39), սակայն Ան Իր երեսը չդարձուց, երբ քահանայապետին ծառան ապտակեց զԻնք, այլ՝ Ինքզինք պաշտպանեց ու ըսաւ. «Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես Ինծի» (Յհ 18.23):

Պատասխան. Տէր Յիսուս կատարեց պատուիրանը՝ զորս հրամայած էր: Աւելին, միայն Իր երեսը չդարձուց ուրիշին, այլ՝ Իր մասին Գրիգորեան Պատարագին մէջ, ըսուած է. «Այտերդ զարնուելու տուիր»… Թերեւս ասիկա իրականացումն էր Եսայիի այն մարգարէութեան, որ կ՚ըսէ. «Իմ կռնակս զարնողներուն եւ այտերս փետտողներուն տուի. Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի» (Ես 50.6):

Շատեր զարկին Տիրոջ, Ով ձգեց զարնեն, եւ Իր երեսը ո՛չ միայն զարնուելու տուաւ, այլեւ՝ թուքի:

Մատթէոսի Աւետարանին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Ապա սկսան թքնել Անոր երեսին եւ ծեծեցին զԱյն. ոմանք կ՚ապտակէին զԻնք ու կը հարցնէին.

-Քրիստո՛ս, գիտցի՛ր, ո՞վ է Քեզի զարնողը» (Մտ 26.67-68): Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ոմանք սկսան թքնել Յիսուսի երեսին. դէմքը կը ծածկէին, կը զարնէին ու կը հարցնէին.

-Քրիստո՛ս, գիտցի՛ր, ո՞վ է Քեզի զարնողը:

Եւ սպասաւորները կ՚ապտակէին զԻնք» (Մր 14.65): Կարդացէ՛ք նաեւ (Յհ 19.3): Այս բոլորի մասին ըսուած է նաեւ. «Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց Իր բերանը չբացաւ: Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս…» (Ես 53.7):

Իսկ քահանայապետին ծառան, որ զարկաւ Իրեն, մինչ չէր գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ընէր: Տէր Յիսուս ուզեց զգուշացնել զինք, թէ իր սխալին ուղղուիլը անգիտակից կերպով է, որով ըսաւ անոր. «Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը…». այս մէկը Տէր Յիսուսէն ինքնապաշտպանութիւն չէր, այլ՝ խրատ մը ջերմեռանդ կերպով սխալողի մը:

ՎԱ՜Յ Է ԵԿԵՐ ՅՂԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՏՆՏՈՒ ԿԻՆԵՐՈՒՆ…

Հարցում. Մատթէոսի Աւետարանին 24-րդ գլուխը, որ կը խօսի Տէր Յիսուսի Երկրորդ Գալուստին մասին, Տէրը կ՚ըսէ. «Այդ օրերուն վա՜յ է եկեր յղիներուն եւ ստնտու կիներուն: Աղօթեցէք, որ ձեր փախուստը ձմեռ ատեն չըլլայ» (Մտ 24.19-20): Նոյն խօսքը կ՚ըսէ նաեւ Մարկոսի Աւետարանին մէջ (Մր 13.17-18). այն գլուխն է, որու մէջ Տիրոջ Երկրորդ Գալուստի մասին կը խօսի: Ի՞նչ է այս երկու նախադասութիւններուն մեկնութիւնը:

Պատասխան. Իրականութեան մէջ Մատթէոսի Աւետարանին 24-րդ եւ Մարկոսի Աւետարանին 13-րդ գլուխները կը խօսին երկու նիւթերու մասին, որոնք են. Տիրոջ Երկրորդ Գալուստը եւ Երուսաղէմի աւերումի մասին:

Իսկ հետեւեալ նախադասութիւնները՝ «այդ օրերուն վա՜յ է եկեր յղիներուն եւ ստնտու կիներուն», ինչպէս նաեւ՝ «աղօթեցէք, որ ձեր փախուստը ձմեռ ատեն չըլլայ», Երուսաղէմի աւերումի մասին են:

Որովհետեւ Երկրորդ Գալուստին յարութիւնը պիտի ընկերանայ (Յհ 5.28, 29), ինչպէս նաեւ՝ դատաստանը (Մտ 16.27: Մր 25.31-46): Եւ հաստատ, յարութեան ու դատաստանի ժամանակ փախուստ պիտի չըլլայ, ինչպէս նաեւ ձմեռն ու ամառը պիտի հաւասարին:

Անշուշտ հռոմէական բանակի յարձակումին եւ Երուսաղէմի աւերումին ժամանակ փախուստը դժուար պիտի ըլլայ յղիներուն եւ ստնտու կիներուն համար, քանի որ կամ երեխայ մը կը կրեն իրենց արգանդներուն մէջ, կամ ալ զաւակ մը՝ իրենց ձեռքերուն վրայ: Իսկ նման պարագայի Երուսաղէմի լեռներուն վրայ փախուստը դժուար կ՚ըլլայ:

Իսկ այն որ կը փաստէ, թէ այս բաժինը Երուսաղէմի աւերումին յատուկ է, Տիրոջ հետեւեալ խօսքն է. «…այն ատեն անոնք որոնք Հրէաստանի մէջ են՝ թող լեռները փախչին, ան որ տանիքն է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ բան մը առնելու համար» (Մր 13.14-15): Իսկ ասիկա հաստատ չի՛ վերաբերիր Յիսուսի Երկրորդ Գալուստին եւ դատաստանին:

ԿԱՅԾԱԿԻ ՆՄԱՆ ԻՆԿԱՒ

Հարցում. Տէր Յիսուս ըսաւ. «Տեսայ սատանան՝ կայծակի նման երկինքէն վար ինկած» (Ղկ 10.18): Այս ըսելով նկատի ունէր, թէ սատանային գործը այլեւս աւարտա՞ծ է: Իսկ եթէ այդպէս է, ի՞նչ ըսենք սատանայի յարատեւ յարձակումներուն եւ շատերուն գայթակղեցնելուն մասին:

Պատասխան. Սատանյին իյնալը չի՛ նշանակեր անոր գործի աւարտը, այլ՝ անոր բռնակալութեան:

Կը նշանակէ թէ շղթայուած եղաւ, ինչպէս նշուած է Յայտնութեան գիրքին մէջ (Յյտ 20.2,7):

Կը նշանակէ նաեւ անոր իշխանութեան ու թագաւորութեան աւարտը… Նախքան խաչելութիւն անոր մասին ըսուած էր, թէ «այս աշխարհի իշխանը»: Տէր Յիսուս նաեւ ըսած է. «Ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի» (Յհ 14.30): Ինչպէս նաեւ ըսած է. «Այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է» (Յհ 16.11):

Իսկ սատանային աշխարհի վրայ իշխանութիւն այն պատճառով էր, որ աշխարհը -նախքան խաչելութիւնը- մեղքին պատճառով մահուան իշխանութեան տակ էր, ինչպէս նաեւ սատանայի այն ժամանակուան ունեցած զօրութեան պատճառով, եւ մարդկութեանն տկարութեան, մինչ հին մարդը հագած էր (Հռ 6):

Սատանան ինկաւ, երբ ըսուեցաւ թէ Տէրը թագաւորեց (Խաչին վրայ):

Անոր տէրութիւնը ինկաւ Տիրոջ զոհագործութեամբ պարգեւած փրկութեամբ, ու ազատելով այն հոգիները, որոնք յոյսով ննջած էին եւ որոնք երկրի խորերն էին (Եփ 4.8-10), որով Տէրը անոնց դրախտին դուռը բացաւ:

Սատանան ինկաւ նաեւ Աստուծոյ զաւակներուն պարգեւուած զօրութեամբ:

Անոնք որոնք ջուրէն ու Հոգիէն ծնան (Յհ 3.5): Երկրորդ ծնունդի լուացումով եւ Սուրբ Հոգիին վերանորոգութեամբ (Տիտ 3.5): Մկրտութեան ժամանակ «զՔրիստոս զգեցան» (Գղ 3.27), որու մէջ «հին մարդը խաչուեցաւ, որպէսզի մեղանչական մարդը մեռնի» (Հռ 6.6): Մարդկութեան տրուեցաւ պարգեւ մը, որ կրնայ սատանան պարտութեան մատնել, ինչքան ալ անոր յարձակումները շատնան, քանի որ «ուր որ մեղքը շատցաւ՝ այնտեղ Աստուծոյ շնորհքը աւելի առատացաւ» (Հռ 5.20): Շնորհքը միայն մեղքին դիմադրելու համար չէր, այլ՝ դրական գործունէութիւն ունենան քարոզութեան ու թագաւորութեան կառուցման մէջ: Ինչպէս նաեւ Պօղոս Առաքեալը իր ծառայութեան մասին ըսաւ. «Թէպէտ ինչ որ ըրի՝ ես չըրի, այլ իմ մէջս գործող Աստուծոյ շնորհքը». եւ «Աստուծոյ ինծի տուած շնորհքը ապարդիւն չեղաւ, որովհետեւ բոլոր առաքեալներէն աւելի ե՛ս աշխատեցայ» (Ա. Կր 15.10). ինչպէս նաեւ ըսաւ. «Ես չէ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ՚ապրի իմ մէջս» (Գղ 2.20):

Այս բոլոր օրհնութիւններուն պատճառով, սատանան կայծակի նման երկինքէն ինկաւ:

Այսինքն՝ ինկաւ այն բարձրութենէն որ ունէր: Որովհետեւ նախքան Տիրոջ խաչով թագաւորելը, սատանան բոլոր ժողովուրդները կռապաշտութեան հասցուցած էր: Նոյնիսկ Իսրայէլի զաւակները, որոնք այն ժամանակ զԱստուած կը պաշտէին, երբ Մովսէս լեռնէն իջնելու ուշացաւ, քահանայապետ Ահարոնը աճապարանքով անոնց ոսկէ հորթ մը շինեց՝ զորս պաշտեցին (Ելք 32): Ատկէ ետք Իսրայէլը կռապաշտութեան մէջ ինկաւ, մանաւանդ Նաբատի որդի Յերոբովամին օրով, եւ Աքաաբին օրով (Գ. Թգ 21):

Կռապաշտութիւնը վերացնելով՝ սատանան ինկաւ:

Ապա շարունակեց գործել, սակայն որպէս շղթայւած, եւ ոչ թէ անցեալի բռնակալութեամբ:

Հեթանոսական դարերու բոլոր կուռքերով ու փճացածութեամբ չէ:

Չնայած, որ սատանան վերջին օրերուն ազատ պիտի արձակուի իր բանտէն, եւ դուրս պիտի գայ որպէսզի մոլորեցնէ ժողովուրդները (Յյտ 20.7-8): Սակայն, Աստուած, Իր ընտրեալներուն համար այդ օրերը պիտի նուազեցնէ (Մտ 24.22):

ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԱԶԱՏԵՑ ԱՆՈՐ

Հարցում. Յովհաննէս Մկրտիչ երբ անիրաւ կերպով բանտ նետուեցաւ, այդ ժամանակ Յիսուս կը քարոզէր: Ինչո՞ւ համար չազատեց անոր: Տակաւին, ինչո՞ւ չազատեց անոր գլուխը կտրելէն:

Պատասխան. Յիսուս ուզեց, Մկրտիչին վրայ նահատակութեան պսակն ալ աւելցնել:

Բազմաթիւ պսակներ ունէր, զորս կ՚արժէր. կուսութեան պսակը, քահանայութեան պսակը, ճգնութեան պսակը, քարոզութեան պսակը, պայքարելու եւ ճշմարտութիւնը պաշտպանելու պսակը, արդարութեան պսակը… Տէրը փափաքեցաւ, որպէսզի այս պսակներուն նահատակութեան պսակն ալ աւելցնէ, որպէսզի երկինքին մէջ անոր դիրքը աւելի փառաւոր ըլլայ:

Ամենէն կարեւոր բանը, որ Տէրը կը փափաքի յաւիտենականութեան մէջ մեր դիրքն է, որ մեր երկրաւոր կեանքէն կարեւոր է:

Այս բանը միայն Յովհաննէս Մկրտիչին հետ չըրաւ, այլ՝ առաքեալներուն հետ ալ նոյն կերպ վարուեցաւ, որոնք բանտարկուեցան, քանակոծուեցան ու նահատակուեցան: Անցեալին ալ նոյն կերպ վարուեցաւ բազմաթիւ մարգարէներու հետ: Ինչպէս ըսաւ. «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը» (Մտ 23.37):

Ուրիշ կէտ մըն ալ, որ Յովհաննէս Մկրտիչը իր առաքելութիւնը արդէն կատարած էր:

Առաքելութիւնը՝ Տիրոջ ժողովուրդը ապաշարութեան պատրաստելուն, առաքելութիւնը՝ շատերը մկրտելուն (Մտ 6.5), ինչպէս նաեւ ուսուցանելու եւ քարոզելու իր առաքելութիւնն ալ կատարած էր (Մտ 3), եւ՝ Քրիստոսի մասին վկայելու (Յհ 1.29-34, 3.26-36): Ինչպէս նաեւ Հերովդէս թագաւորին յանդիմանելու իր առաքելութիւնն ալ կատարած էր: Տակաւին հարսը (Եկեղեցին) Փեսային յանձնեց:

Եւ ժամանակն էր այլեւս, որպէսզի մեկնէր, ապա որպէս նահատակ թող մեկնի եւ ճշմարտութեան համար ցաւելով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 նոյեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020