95-ԱՄԵԱՅ ԱՄՍԱԳԻՐԸ

Հայաստանի՝ այսօր լոյս տեսնող եւ պահպանուած թերթերէն ու ամսագիրներէն ամենէն հինն է «Աղբիւր» ամսագիրը, որ այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրման 95-ամեակը: Ամսագիրը հարուստ անցեալ ունի. Հայաստանի անկախութենէն ետք է, որ ան կոչուած է «Աղբիւր». մինչ այդ ամսագիրը ունեցած է զանազան անուններ: Խորհրդային տարիներու թերթերն ու ամսագրերը սովորաբար խորհրդային գաղափարախօսութեան համահունչ անուններով կը կոչուէին: Այդպէս ալ, 1923 թուականին, մանուկներու եւ պատանիներու համար հիմնուած ամսագիրը կոչուած է «Պատկոմ»՝ այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցած պատանեկան շարժման մը անունով, այնուհետեւ լոյս տեսած է «Պատկոր», «Հոկտեմբերիկ», «Պիոներ» եւ Հայաստանի անկախութենէն ետք է միայն, որ հնարաւոր դարձած է ձերբազատիլ մանուկներու եւ պատանիներու ներաշխարհին անյարիր այդ անուններէն եւ որդեգրել «Աղբիւր» անունը, որ Արեւելեան Հայաստանի մէջ հրատարակուած առաջին մանկական պատկերազարդ ամսագրին անունն էր՝ Թիֆլիզ 1883-1918 թուականներուն հրապարակախօս-մանկագիր Տիգրան Նազարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած:

Ի տարբերութիւն թիֆլիզեան «Աղբիւր»ին, որ 35 տարի միայն լոյս տեսած է, Երեւանի մէջ 1923-ին հիմնուած այս ամսագիրը մօտեցած է իր հարիւրամեակին: Ամսագիրը ոչ միայն կոչուած է «Աղբիւր» խորագրով, այլ ներկայ բովանդակութեամբ ալ շատ հեռու է առաջին թիւերէն, որոնք պատանիներուն կը ներարկէին ժամանակի հայրենասիրական շունչը: Հայրենասիրութիւնը այն ժամանակ այլ ընկալում ունէր, իսկ այսօր «Աղբիւր»ին պատանի ընթերցողները բախտը ունին ամսագրին էջերուն մէջ տեսնել անկախ Հայաստանի պատկերը: Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ամսագիրը երեխաներուն եւ պատանիներուն մէջ սէր կ՚արթնցնէ դէպի ուսումն ու աշխատանքը, դէպի մշակոյթն ու արուեստը եւ կը ծանօթացնէ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան նուաճումները:

Խմբագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գիրքերու ու մամուլի մեծ կեդրոններուն մէջ կը պահուին ամսագրերու տարեկան հաւաքածոները՝ լրակազմերու տեսքով:

Այսօր ամսագրին հին թիւերուն կարելի է ծանօթանալ նաեւ թուայնացուած տարբերակով: Առաջին թիւին մէջ կը կարդանք խմբագրութեան կոչը՝ ուղղուած դպրոցականներուն ու անոնց ծնողքին, որով կը խնդրուի ապաստան տալ եւ օգնել որբ երեխաներուն, որոնք որբ ու անօթեւան դարձած էին պատերազմի եւ տեղահանութեան հետեւանքով: Յատկանշական է, որ ամսագրի էջերուն մէջ իր առաջին նիւթը տպագրած է աշխարհահռչակ գիտնական Վիքթոր Համբարձումեան, որ այդ ժամանակ տասնհինգամեայ պատանի մը եղած է: Ան խմբագրութիւն այցելած է իր հօր հետ եւ նիւթ մը յանձնած է՝ գիտութեան վերաբերեալ: Զանազան տարիներու ամսագրին խմբագրական խորհուրդի կազմին մէջ եղած են Եղիշէ Չարենց, Ստեփան Զօրեան եւ այլ յայտնիներ: Խմբագիրները եղած են Վազգէն Տալեան, Գարեգին Սեւունց, Սաղաթել Յարութիւնեան, Անահիտ Սահինեան, Պերճ Զէյթունցեան, իսկ 1991 թուականէն՝ Թադէոս Տոնոյեանն է:

1986-1990 թուականներուն «Աղբիւր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը եղած է ականաւոր հայ գրող Պերճ Զէյթունցեան: Անոր՝ գլխաւոր խմբագիր եղած տարիները համընկնած են ազգային շարժման տարիներուն եւ այդ ժամանակաշրջանին է, որ մեր կեանքի բազում բնագաւառներ վերափոխման ենթարկուած են եւ զարթօնքի, վերափոխումի այդ ալիքի ներքոյ, վերափոխութեան ենթարկուած է նաեւ «Պիոներ» ամսագիրը՝ անուանումէն սկսեալ մինչեւ բովանդակութիւն: Ամսագիրը դարձած է նոր սերունդի սիրելի հանդէսը, որուն կը սպասէին ամիսը մէկ, եւ որու էջերուն մէջ կը փնտռէին զիրենք յուզող հարցերու պատասխանը: Գլխաւոր խմբագրի գործը ձգելէ ետք, յետագայ տարիներուն նոյնպէս, Պերճ Զէյթունցեան չէ կտրած կապը ամսագրին հետ:

«Աղբիւր»ի 80-ամեակին տպագրուած յոբելանական թիւին մէջ գրողը գրած է.

«Կան մարդիկ, որ կը մեծնան եւ կը մոռնան իրենց մանկութիւնը: Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնք մեծնալով հանդերձ, չեն բաժնուիր մանկութենէն: Հոգեբաններ իրաւացիօրէն կը կարծեն, որ մեր արարքներու բացատրութիւններու հիմքը շատ յաճախ մանկութեան մէջ պէտք է փնտռել: Ես հաճոյքով կը յիշեմ այն տարիները, երբ աշխատեցայ «Պիոներ» ամսագրի մէջ, որպէս գլխաւոր խմբագիր եւ ընդհուպ մօտեցայ իմ մանկութեանը: Այդ մէկը ազնիւ, աւելի ճիշդ՝ ազնուացնող աշխատանք էր. որովհետեւ գործ ունէի «նախնական», «չաղտոտուած» նիւթի հետ… Երեւի օրինաչափութիւն կար, որ խմբագրութեան փոքր կազմը նոյնպէս հրաշալի մարդոցմէ բաղկացած էր, որովհետեւ մանկական ամսագրի մէջ լաւ մարդիկ իրաւունք ունին աշխատելու…»։

Առաջին թիւին մէջ կը տեսնենք նաեւ Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւնը, յետագայ տարիներուն այստեղ իրենց գործերը տպագրած են նաեւ Յովհաննէս Շիրազ, Սիլվա Կապուտիկեան, Վախթանգ Անանեան: Հայ մեծ նկարիչ Գէորգ Բաշինճաղեան գրած է նաեւ մանկական պատմուածքներ, որոնք լոյս տեսած են ամսագրին մէջ: Տպագրուած են նաեւ պատանի ստեղծագործողներու բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, յօդուածներ,  նկարչական աշխատանքներ, թարգմանութիւններ արտասահմանեան մանկական գրականութենէն։

Ամսագրին հիմնադրման օրերուն մահացած է Յովհաննէս Թումանեան եւ ամսագրին երկրորդ թիւը ամբողջութեամբ նուիրուած է Յովհաննէս Թումանեանին: Ամսագրի յաւելուածներէն եղած է «Ծիծեռնակ»ը, որ յետագային զատուած է եւ այսօր լոյս կը տեսնէ իբրեւ առանձին ամսագիր՝ աւելի պզտիկ տարիքի մանուկներու համար:

Թերթելով էջերը, կարելի է տեսնել, որ «Աղբիւր»ը առաջիններէն լուսաբանած է 1988-ի հայ ազգային-ազատագրական շարժումը, պատանիներուն մատչելի լեզուով հրապարակած է նիւթեր՝ Հայաստանի եւ Արցախի պատմութենէն, ներկայացուցած է հայոց պատմութեան մինչ այդ անյայտ էջերը:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը «Աղբիւր» ամսագրին 95-ամեակին առթիւ այցելեց խմբագրութիւն:  Գլխաւոր խմբագիր՝ հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, բանաստեղծ Թադէոս Տոնոյեանի եւ խմբագրակազմի անդամ Եդուարդ Հախվերտեանի հետ զրոյցի ընթացքին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ պարզեցինք ամսագրի անցած հետաքրքրական եւ բազմազան ուղիէն, ինչպէս նաեւ Թադէոս Տոնոյեան պատմեց այն դժուարութիւններուն մասին, որ այսօր ոչ միայն «Աղբիւր»ը, այլ՝ տպագիր մամուլը կը դիմագրաւէ:

Թադէոս Տոնոյեան, որ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ դասախօս է եւ արեւմտահայերէն կը դասաւանդէ ուսանողներուն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն պատմեց նաեւ այդ մասին:

-Ամսագիրը իր 95-ամեայ պատմութեան մէջ ունեցա՞ծ է ընդհատումներ:

-Եղած է ընդհատում մը՝ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, բայց 1990-ականներուն, երբ մեր երկրին մէջ ծանր տարիներ էին, մենք տպագրեցինք ամսագիրը եւ երեքով՝ ես, նկարիչ-ձեւաւորող Յովնան Կարապետեանը, Եդուարդ Հախվերտեանը գիւղեր եւ հեռաւոր շրջաններ կ՚երթայինք, ամսագիրը կը տանէինք եւ կը բաժնէինք՝ երբեմն նաեւ նուիրելով, որ ընթերցողները պահեն կապը, ինչ որ այդ տարիներուն շատ դժուար էր:

-Այսօր գո՞հ էք յետադարձ կապէն:

-Այնքան ալ գոհ չենք: Ամսագիրը չենք կրնար լիարժէք տարածել դպրոցականներուն: Ճիշդ է, որ ունինք պետական հովանաւորութիւն, բայց միայն այդքանն է, տարածման եւ վաճառքի հարցերով չունինք օժանդակութիւն: Ամէն ինչ մեր սեփական ուժերով կ՚ընենք՝ կապ կը ստեղծենք Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներուն հետ եւ այս կամ այն ձեւով կը փորձենք ղրկել ամսագիրը: Կան քանի մը դպրոցներ, որոնց հետ տարիներու կապ ունինք եւ կ՚առաքենք, բայց բոլոր դպրոցներուն հետ չէ, որ կը յաջողինք կապ հաստատել: Մեզ լաւ կը ճանչնան սահմանամերձ դպրոցներու երեխաները, որովհետեւ հոն կը ղրկենք իբրեւ նուէր: Արցախի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար որոշ քանակ մը կ՚առաքենք Արցախ:

Անոր գինը շատ չնչին է՝ 200 դրամ, բայց նոյնիսկ այդ պայմաններով դժուար է իրականացնել: Կրպակներուն մէջ դրուած է, բայց երեխաները այսօր կրպակներէն բան չեն գներ: Ամսագրին շարունակութեան միակ ելքը այն է, որ պետութիւնը յանձն առնէ եւ դպրոցներու գրադարաններուն համար բաժանորդագրէ մանկական, պատանեկան մամուլը, այդ ձեւով ոչ միայն մենք, այլեւ «Կանչ» մանկապատանեական թերթն ու «Ծիծեռնակ» մանկական ամսագիրը կը շարունակեն աւելի լաւ պայմաններով հրատարակուիլ: Այս մէկը լրացուցիչ, օժանդակ գրականութիւն է դպրոցներուն համար:

-Իսկ Սփիւռքի դպրոցներուն կը հասնի՞ ամսագիրը:

-Սփիւռքի հետ կապը գոհացուցիչ չէ, շատ վատ է նոյնիսկ: Աբխազիոյ հայկական դպրոցներուն կ՚առաքենք, երբեմն պատահական կապերու միջոցաւ կը յաջողինք Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան կամ այլ երկիրներ ղրկել: Փորձած ենք Սփիւռքի հետ կապեր հաստատել, բայց կարծես հետաքրքրուած չեն, հակառակ անոր որ մենք նաեւ սփիւռքահայ երեխաներու ստեղծագործութիւններ կը տպագրենք: Առհասարակ, մեզ կը զարմացնէ Սփիւռքի վերաբերմունքը, եկած էին անգամ մը խմբագրութիւն սփիւռքահայ կիներ, որպէսզի մանուկներուն համար մանկական գրականութիւն տանին, այնքան ըսին՝ սուղ է, սուղ է, ի վերջոյ բաւական քանակութեամբ նուէր տուինք, գացին:

-Այս պայմաններուն ներքեւ քիչ մը դժուար է ոգեւորուիլ եւ շարունակել աշխատանքը: Այդ պարագային, ի՞նչ բան կ՚ոգեւորէ ձեզ:

-Պարտքի զգացումն է, որ կը դրդէ շարունակել այս գործը: Մեծ պարտք կը զգանք, որ մշակութային այս օճախը չգոցուի յանկարծ: Այն ցուրտ եւ խաւար տարիներուն հիւանդութիւններ ձեռք բերելով, հոս ապրած, ըրած ենք այս գործը, հիմա ինչո՞ւ փակենք: Մեզ կ՚ոգեւորեն այն երեխաները, որոնք կը գրեն, կը գծեն, ձեռային աշխատանքներ կը ստեղծեն եւ իրենց ստեղծագործութիւնները մենք կը տպագրենք: Մեր նպատակն է այսօրուան երեխաներուն անկեղծ, ազնիւ բան մը տալ, կեղծ արուեստ չմատուցանել: Հիմա կեղծ արուեստներուն միջամտութիւնը նաեւ Հայաստան հասած է, բայց եթէ մեծերուն համար այդ մէկը քիչ մը վտանգաւոր է, ապա նոյնը չես կրնար ըսել մանուկներուն մասին: Ժամանակակից արուեստը, այո, լաւ է, բայց կան բաներ, որոնցմէ մանուկները կրնան խրտչիլ, պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ այս ազատութեան մէջ: Նիւթերու շատ լուրջ ընտրութիւն կը կատարենք, բծախնդիր ենք նաեւ երեխաներու գրածներուն հանդէպ: Մանուկներուն համար մեծերուն գրածներուն հանդէպ ալ շատ ուշադիր ենք: Ամենէն բարդ ժանրերէն մին է պատանիներուն համար ստեղծուող գրականութիւնը: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ թարգմանութիւններուն, ամէն ինչ կը դիտարկենք մեր ամսագրի սկզբունքներով, ապա նոր միայն կը տպագրենք:

Այսօր հնարաւոր է համացանցէն նիւթեր վերցնել եւ ամսագիրը լեցնել, բայց այդ մէկը չենք ըներ, անընդունելի կը նկատենք շահադիտութիւնը մանուկներուն եւ պատանիներուն համար:

Ունինք նաեւ հրատարակչատուն, որ կը տպագրէ գիրքեր, անոնք այն երեխաներու գիրքերն են, որոնք առաջին անգամ «Աղբիւր»ի էջերուն մէջ հանդէս եկած են եւ յետագային շարունակած են իրենց գրական գործունէութիւնը: Տարեգիրքեր տպագրած ենք՝ հաւաքելով հայ երեխաներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները՝ ըլլան անոնք բանաստեղծութիւններ, արձակ եւ կերպարուեստի գործեր: Կազմակերպած ենք նաեւ ցուցահանդէսներ…Մէկ խօսքով՝ ամէն ջանքի կը դիմենք՝ ոգեւորելու համար երեխաները: Նպատակ ունինք նաեւ համահայկական տարեգիրք մը տպագրել՝ ամբողջ աշխարհի տարածքէն հաւաքել հայ մանուկներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները եւ զետեղել մէկ տարեգիրքի մէջ, բայց աջակցութեան կարիք ունինք:

-Պարոն Տոնոյեան, դուք նաեւ արեւմտահայերէն կը դասաւանդէք: Ի՞նչ արդիւնքներու մասին կրնաք խօսիլ:

-Երեւանի Պետական համալսարանը քանի մը տարի առաջ հիմնեց Սփիւռքագիտութեան ամպիոն, այնտեղ կային արեւմտահայերէնի դասաժամեր, բայց յետոյ սփիւռքագիտութեան ամպիոնէն լեզուին առընչուող ժամաքանակը մտաւ հայոց լեզուի ամպիոնին մէջ, իսկ սփիւռքագիտութեան ամպիոնը փոխադրուեցաւ պատմական բաժին, աւելի շատ պատմա-քաղաքական ուղղուածութեամբ: Արեւմտահայերէնի ժամերը լեզուի ամպիոնին մէջ ոչ միայն պահպանուած են, այլ՝ շատցած են: Մենք կը փափաքինք, որ այդ ձեւով կարողանանք մեր ժողովուրդին սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի հատուածները աւելի մօտեցնել: Գիտենք՝ այդ երկու հատուածները զանազան մշակոյթներու կրողներ են, մենք կը փորձենք արեւմտահայերէնին կենսականութիւն հաղորդել մեր ուսանողներուն միջոցաւ: Անձամբ ինծի համար չկայ երկու հայերէն, կայ մէկ ամբողջական հայերէն, եւ ես իմ բանաստեղծական ժողովածոներէն մին գրած եմ արեւմտահայերէնով: Արեւմտահայու ժառանգ եմ, եւ լեզուն նաեւ այդտեղէն է, որ շատ հոգեհարազատ է ինծի:

Արեւմտահայերէնը այն լեզուական ատաղձն է, որուն վրայ մեծ գրականութիւն եւ մշակոյթ ունինք, որուն այստեղի հայ ուսանողը լեզուական հարցին պատճառաւ կը դժուարանայ առընչուիլ, եւ փաստօրէն չ՚օգտուիր այդ բարիքներէ: Բայց որքան լաւ կ՚ըլլայ, որ ուսանողը կարդայ եւ հասկնայ արեւմտահայերէնը, հասկնայ ոչ միայն իբրեւ թեքսթ, այլ հոգեհարազատ զգայ այդ բովանդակութեամբ ստեղծուած նիւթերուն հանդէպ: Ասոր լուծումները ո՛չ միայն դասաւանդելն է, ո՛չ միայն կանոնները սորվեցնելն է, այլ գործնական աշխատանքներ կատարելը: Մենք բանաւոր հաղորդակցութեան ընթացքին այնքան հարցեր չունինք, որքան՝ գրաւոր հաղորդակցութեան ժամանակ, քանի որ բանաւոր խօսքը կենդանի է, հարազատ է, մօտ է, նոյնիսկ որոշ հայաստանցիներ, սփիւռքահայերուն հետ խօսելու ժամանակ կը փորձեն արեւմտահայերէն խօսիլ, թերեւս նաեւ հակառակը կայ, այդ մէկը վկայութիւն է, որ բանաւոր խօսքի առումով հարցեր չունինք: Այս ազատութեան տուած լաւագոյն կողմերէն է, որ աշխուժացած են սփիւռքահայերու եւ հայաստանցիներու շփումները: Երկու հայերէնները իրարու աւելի մօտենալու ճամբուն վրայ են եւ այդ հարցը, տարիներու ընթացքին, անպատճառ կը լուծուի, պէտք չէ ժամանակէն առջեւ երթալ, վստահ եմ՝ կու գայ այդ ժամանակը:

Դէպքեր՝ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքէն

Ուղիղ տասնեօթ տարի առաջ ծանօթացայ Յովհաննէս Թումանեանի հետ, Թիֆլիզ, «Հերմէս» տպարանին մէջ, երբ ես գրաշար էի: Կը շարէի «Հասկեր»ը: Խմբագիրը տպարան բերած էր կաղապար մը, որ կը ներկայացնէր երեք մօրուքաւոր թզուկ, հին տաշտակի մը մէջ նստած, ցախաւելը ձեռքերնուն կը թիավարէին:

Պէտք էր նկարին տակ ոտանաւոր գրել: Փորձեց խմբագիրը, չյաջողեցաւ, վերջը ան յայտնեց, որ Թումանեանը կը բերէ ոտանաւորը:

Տպարանին մէջ չխկչխկոցով տառերը կը հաւաքէինք տողաշարին մէջ: Յանկարծ ներս մտաւ մոխրագոյն հագուստով, ճերմկցած դէմքով, կորաքամակ եւ բարձրահասակ մարդ մը:

Վառվռուն դէմքէն ուրախութիւն կը կաթար.

-Թումանեանը եկաւ,- ըսաւ վարպետս:

Ան եկաւ մեր քով, ուզեց եւ տուինք մօրուքաւորներուն նկարը:

Յովհաննէս Թումանեան նայեցաւ, նայեցաւ նկարին, ծոցէն մատիտը հանեց եւ նկարին տակ գրեց.

«Երեք խելօք մի հին տաշտով,

Աւելն առան, մտան մեծ ծով-

Թէ նրանց տաշտը շատ դիմանար,

Իմ հէքեաթն էլ կը լինէր երկար»:

Գրեց, կարդաց, նայեցաւ նկարին, հաւնեցաւ եւ գնաց:

***

Յովհաննէս Թումանեան «Կուտենպերկ» գրախանութը կ՚ըլլայ: Ներս կը մտնէ կին մը երեխային հետ՝ գիրք գնելու:

Մայրը երեխային շշուկով կ՚ըսէ.

-Լեւոնիկ, տես, «Շունն ու կատուն» այս է,- եւ ցոյց կու տայ Թումանեանը:

Երեխան զարմացած աչքը չի հեռացներ Թումանեանէն:

Երբ անոնք կ՚երթան, Թումանեան կ՚ըսէ.

-Եղբայր, զիս շուն ու կատու ալ շինեցին:

Մ. ԵՓՐԻԿ

***

Օր մը Թումանեան կը նկատէ, որ խոհանոցին մէջ կաթսայ մը դրուած է, հետաքրքրուելով կը բանայ ու կը տեսնէ, որ կաթսային մէջ կ՚եռան ու լող կու տան դեղին ու ճերմակ ինչ-որ բաներ: Կ՚ենթադրէ, որ միսով խաշ կ՚եփեն եւ առանց որեւէ մէկ բան ըսելու տունիններուն, տունէն դուրս կ՚ելլէ, որ երթայ ճաշի հիւր հրաւիրելու:

Հիւրերը կու գան, Թումանեան կը շտապեցնէ, որ ճաշը բերեն:

-Ի՞նչ ճաշ, այ մարդ, ի՞նչ կ՚ըսես,- կը հարցնէ կինը:

-Հապա ի՞նչ կ՚եփէիք այս առտու պղինձէ կաթսային մէջ:

Հոս կը սկսին խնդալ Յովհաննէս Թումանեանի միամտութեան վրայ, եւ կը պարզուի, որ այդ օրը լուացքի օր եղած է եւ պղնձին ջուրի մէջ լողացող բաներն ալ լուացքի շորեր եղած են:

***

Ասլան ապերն ու ասլան բալան

Օր մը Թումանեան կու գայ եւ Աղայեանին քով իր նեղ դրութեան մասին կը խօսի: Աղայեանն ալ նոյն նեղ դրութեան մէջ կ՚ըլլայ, հոգս հոգսի կու տան, կը խօսին: Քանի որ յետագային երկուքին ալ բախտը կը ժպտի, Աղայեան կը շտապէ Թումանեանին քով, որպէսզի զայն ճաշի հրաւիրէ, ան ալ կը պատրաստուէր երթալ Թումանեանին քով, որպէսզի զայն ճաշի հրաւիրէր: Աղայեան կը նստի ու կը պատմէ ծեր մարդու եւ անոր թոռան առակը:

«Ծեր մարդ մը կ՚ըլլայ, կ՚ունենայ թոռնիկ մը: Անոնք ուտելու բան մը չեն ունենար, թոռը կը հարցնէ.

-Մեծ պապա, այսօր ի՞նչ պիտի ուտենք:

Մեծ հայրը կը պատասխանէ.

-Այ թոռնիկ, ի՞նչ կայ, որ ինչ ուտենք, ես ծերացած եմ, դուն ալ վտիտ երեխայ մը, ուրկէ՞ աշխատինք, որ ուտենք:

Անգամ մըն ալ անոնք լաւ կերած կ՚ըլլան, թոռը կ՚ըսէ.

-Մեծ պապա, ամմա թէ կերաք, հա..

Բա չե՞նք ուտի,- ես ասլան մը, դուն ալ ասլան թոռ մը»:

Այս պատմութիւնը Յովհաննէս Թումանեանը շատ կը հաւնի եւ ատկէ ետք իրարու նամակ գրելու ժամանակ Աղայեան ինքզինքը կը կոչէ Ասլան հայրիկ, իսկ Թումանեանն ալ՝ Ասլան որդի:

Մ. ԱՂԱՅԵԱՆ

(Առաջին անգամ տպուած ամսագրի մէջ, 1923 թ., թիւ 2)

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018