ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՀԱՅ
Արցախի ցաւը իւրաքանչիւր գիտակից հայունն է:
Ես արցախցի մըն եմ: Իմ արմատները՝ անխախտ, կու գան Արցախէն: Այս փաստը մշտապէս փառաւորած է իմ հոգին: Ես տիկին Նատիայի արցախցին եմ: Թերթիս տնօրէնուհին մշտապէս, մեծ բաւականութեամբ ինծի կը ձայնէ. «արցախցիս»:
Այցախցի ըլլալը ինծի համար կոչում է, պատուոյ գիր, այցէքարտ: Այս փաստը մշտապէս կանաչ ճանապարհ հարթած է ինծի համար:
Վերջերս խորհելու սկսայ:
2010 թուականէն այս կողմ ես բաժնուեցայ իմ ծննդավայրէն. չորս-հինգ տարի ուսանեցայ Երեւանի մէջ, այնուհետեւ ամուսնացայ: Այդ ընթացքին բազմիցս այցելեցի Արցախ: Սակայն այլեւս մշտապէս չբնակեցայ:
Ոչ մէկը կրնայ իմ ձեռքէն առնել արցախցի ըլլալու փաստը: Սակայն ժամանակը կրնայ զայն սրբել իմ սերունդներէն, ձգելով միայն՝ արմատներով բառը: Այսօր կ՚ապրինք ես ու Արցախը, իրարմէ հարիւրաւոր քիլօմեթրեր հեռու: Այլեւս բոլորուեցաւ հարիւրերորդ օրը, երբ գոց է Արցախի կեանքի ճանապարհը: Մեծ ցանկութեան պարագային անգամ անկարող եմ հասնիլ երկիր-դրախտավայր: Ճանապարհը դժուար թէ բացուի: Կրնաք խորհիլ՝ ընդամէնը երկու վրանով, եօթ-ութ հոգիով կը գոցեն Արցախին երակը՝ շրջափակումի մէջ պահելով աւելի քան հարիւրքսան հազար հայեր:
Տեւական ժամանակէ ի վեր իմ խիղճը կը պոռայ, կը հրամայէ ինծի վերադառնալ Արցախ: Ես՝ տկարս, անկարող եմ խլացնելու այդ ձայնը: Ես ալ կ՚ուզեմ: Սակայն սա պահուս անկարելի է իրագործել իմ այդ ցանկութիւնը: Անդադար կը խորհիմ: Եկայ այն եզրայանգումին, թէ արցախցին կը մնայ արցախցի՝ միայն իր հողին մէջ: Եթէ ոտքդ հանես Արցախէն՝ սերունդներդ կ՚ըլլան հայ, սակայն ոչ արցախցի, այլ՝ արմատներով արցախցի: Տխուր փաստ մըն է:
Առանց դրախտ ծննդավայրիս մէջ ապրելու ես պիտի չկարենամ իմ զաւակներուս փոխանցել Արցախի շունչը, համն ու հոտը, անզուգական բարբառը: Որքան տքնիմ, արդիւնքը պիտի չըլլայ գոհացուցիչ: Իմ փափաքն է չփրթիլ արմատներէս՝ դարերով մնալ արցախցի:
Զիս տանջող մեծագոյն խնդիրն է այս մէկը: Անկարող եմ ինքզինքս ներելու այս դժուար պահին Արցախէն դուրս գտնուելու համար, թէկուզ հայոց հողին վրայ:
Արդեօք ես արժանի՞ եմ Արցախի զաւակը կոչուելու՝ կը դժուարանամ պատասխանել: Թերեւս ես Արցախի հազարաւոր անառակ զաւակներէն մին եմ: Զղջացի՞, ապաշխարեցա՞յ... տակաւին յայտնի չէ: Զղջողն ու ապաշխարողը կ՚ուղղէ իր սխալը: Կը դադրի մորթապաշտ ու նիւթապաշտ ըլլալէ: Իր բոլոր հոգերը կը յանձնէ Տիրոջը եւ Աստուծոյ ողորմածութեամբ ու առաջնորդութեամբ կը հետեւի իր խղճին: Ես տակաւին չունիմ այդ հնարաւորութիւնը: Գուցէ մեծ ցանկութեան պարագային ունենամ, սակայն հետամուտ չեմ ըլլար:
Ներէ՛ զիս Արցախ:
Միակ խոստումը, որ կրնամ տալ՝ շուտով քու գիրկը վերադառնալն է եւ այլեւս երբեք քեզմէ չբաժնուիլը: Իմ սերունդները պէտք է ապրին ու արարեն Արցախի մէջ: Օր մը պիտի արժանանամ իմ պատուանունին եւ ապրիմ իմ խղճի հետ հաշտ ու համերաշխ: Իսկ մինչեւ այդ՝ ապրէ՛ Արցախ, շնչէ՛ Արցախ:
Տէր իմ, պահէ եւ պահպանէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 10/07/2024
- 10/07/2024