ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

- Հրեայ ժողովուրդը սպասելու փոխարէն նախընտրեց իրեն համար ոսկեայ հորթ մը շինել, ինչ բանի եւ այլ պատճառներու հետեւանքով ոսկեայ հորթի սերունդը ամբողջութեամբ կոտորուեցաւ եւ խոստացուած երկիր չհասաւ: Այսօր, մենք յայտնուած ենք հրեայ ժողովուրդի դրութեան մէջ..., բայց մենք իրաւունք չունինք ոսկեայ հորթ շինելու, տեսանք, վերջին աւելի քան երկուքուկէս տարիներու ընթացքին աւելի քան քսանչորս տարիներ սնած ոսկեայ հորթին ալ աւելի սնունդ տուինք, պարարտացուցինք, որ այսօր անցնելով բարոյականութեան բոլոր սահմանները սկսած է անարգել ու ծաղրել իր իսկ ժողովուրդը:

Ընտրութիւնը մե՛րն է: Կամ կ՚ընտրենք ոսկեայ հորթը ու կորուստի կը մատնուինք, ազգովին կը կոտորուինք, որովհետեւ այդ ընտրութիւնը կատաելու պարագային այլ ելք չկայ, եւ կամ ալ կ՚որոշենք մեր իսկ քրտինքով սնուցած այդ հորթը ջարդ ու փշուր ընելով պահպանենք մեր Հայրենիքը, մեր Պետութիւնն ու պետականութիւնը:

Յ.Գ. 1. Վերջերս պարզեցի, թէ մենք անբարոյականութեան մէջ ալ «անմրցելի» ենք: Ամօթ է: Զգաստանանք այլեւս:

Յ.Գ. 2. Արդէն պարզապէս զզուելի է ԶՕՄՊԻՆԵՐՈՒ գոհ ու ժպտերես դէմքերը... Սթափեցէ՛ք այլեւս: Այդքան արժանապատուութենէ զուրկ ըլլալը անբանական է, սթափեցէք:

Յ.Գ. 3. «Դուխով»ի, «հպարտ եմ»ի, «սիրում եմ»ի մասին խօսիլը պարզապէս անիմաստ է, ա՛նիմաստ:

Յ.Գ. 4. Բոլոր անոնց որոնք կը զարմանան Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարին այսօրուան «աջակցութիւն»էն, պէտք չէ զարմանալ. նմանը՝ նմանին կ՚աջակցի, հարազատը՝ հարազատին, դաշնակիցը՝ դաշնակիցին, ազգակիցը՝ ազգակիցին, ԱՐԻՒՆԱԿԻՑԸ՝ ԱՐԻՒՆԱԿՑԻՆ: Հասկցողներուն բարեւներ:

Յ.Գ. 5. Ի վերջոյ յուսամ, որ մեր աւելի քան 5000 նահատակներն ու անոնց ծնողները կը ներեն մեզ:

- Յետոյ կ՚ըսեն ինչո՞ւ զօմպի կ՚ըսեն...

Մարդը կ՚ըսէ. «ինչպէս եղած ենք, ենք ու պիտի ըլլանք՝ հպարտ, յաղթող, լաւատես եւ դուխով...» եւ մի հրճուանք, մի ուրախութիւն...

Աւելի՛ն, կեցցէներու շարանին մէջ... «կեցցեն ... եւ մեր նահատակները...»։

Լաւ, հասկցանք, որ այդ մարդը ինքնզինքին չի՛ տիրապետեր ու չի գիտակցիր խօսածներուն... Լաւ, ասոր սատարողներն ու աստուածակուռք դարձուցածները եթէ զօմպի չեն հապա ի՞նչ են...

Զգաստացէ՛ք։ Քիչ մը ամօթ ունեցէք, ամօ՛թ։

Յ.Գ. Հաա, մոռցայ, զօմպիներուն համար կարեւորը իրենց անմեղսունակին թափած արցունքներն են...

Ողբամ զքեզ ազգ իմ սիրելի...

- Ուշ չէ այն օրը, երբ հիպնոզացածները իրենց ոսկեայ հորթէն ներշնչուած յայտարարեն, որ Երեւանը ատրպէյճանական է...

Ամօթ եւ արժանապատուութիւն ունենալն ալ լաւ բան է եղեր...

- Երբ ստախօսը «կը յորդորէ» սորված ըլլալ՝ սուտը իրականութենէն տարբերել...

Ահաւոր ծանր օրեր կ՚ապրի մեր երկիրը շնորհիւ խումբ մը ստախօսներու եւ անհայրենիքներու։

- Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին երեւի այսքան անհայրենիք, արժէքներէ ու սկզբունքներէ զուրկ իշխանութիւն չէինք ունեցած։

Տէ, ի՜նչ ըսել, ողջ մնան հիպնոզացածները, որ եթէ իրենց կուռքը ըսէ իրենց, թէ Երեւանը ատրպէյճանական է, չեն վարանիր ըսելու, այո՝ ատրպէյճանական է։

- Այսօր (19 մարտ), մեր ժամանակներու պատմութեան ամենէն իւրայատուկ դէմքերէն մէկուն՝ Արամ Մանուկեանին ծննդեան տարեդարձն է։ Մարդ, որ ապրած է Հայաստանով, Հայաստանի համար ու Հայաստանի ապագային համար։ Մէկ խօսքով, Մանուկեանը երեւի այն եզակի դէմքն է՝ որպէս ղեկավար, որ ունեցած է պետականամէտ մտածողութիւն։

Դժբախտաբար, սակայն, այսօր մեր ժողովուրդը Մանուկեաններ չունի, այլ՝ մանուկեանները «փաշա» կոչող ողորմելիներ ու ոչնչութիւններ, թշնամիին ղեկավարը կիրթ անուանող միջակութիւններ, նոյն ղեկավարին դէմքին «խաղաղութիւն» տեսնող անինքնասէր «խաղաղասէր»ներ։

Տէ ինչ, չունինք, որովհետեւ չկայ այն ժողովուրդն ալ՝ ուրկէ կրնան ծնունդ առնել Մանուկեանները, այլ՝ կայ ամբոխ մը, որ կուրօրէն եւ սատանայական խելամտութեամբ լծուած է պաշտելու իր կուռք դարձուցած ոսկեայ հորթը, կայ ամբոխ մը, որու համար Շուշին հայկական չէ՝ առաւել եւս Արցախը, կայ ամբոխ մը, որ իրենց փայփայած սին ու փուճ ինքնասիրութիւնը չվիրաւորելու համար պատրաստ է ոտնահարել ամէն արժէք ու սկզբունք։

Հակառակ այս բոլորին, սակայն, մեր ազգը պիտի սթափուի այս թմբիրէն եւ փիւնիկի նման յարութիւն պիտի առնէ՝ թօթափելով ամէն տեսակի պղծութիւն եւ ապազգայնութիւն։ Տակաւին մեր ազգը ի զօրու եւ ատակ է Արամ Մանուկեաններ ծնելու։

Յ.Գ. Չնայած տեղը չէ, սակայն անդրադառնամ։ Երէկ ոմն նախարարի (Արշակ Յակոբեան) ու լրագրողի միջեւ միջադէպ մը պատահած է։ Մանրամասնութիւններուն մէջ չեմ ուզեր մտնել։ Բայց մէկ հարցում ունիմ զօմպիներուն, որոնք ողն ու ծուծով աջակցութիւն ցուցաբերած են ու կը շարունակեն ցուցաբերել նախարարին.

-Մենք ինչո՞ւ համար յեղափոխութիւն ըրինք 2018-ին։

Հասկցողներուն բարեւներ... չնայած զօմպիները ո՜ւր, հասկնալն ուր։

- Յակոբ Չոլաքեանի դիմատետրի էջէն

ՕՐՀՆՈՒԻ ՁԵՐ ԲԵՐԱՆԸ

Հայրենիքի փրկութեան ջատագովներն ու անոնց ընդդիմախօսները մինչեւ հիմա, կը կարծեմ, մէկ բարիք կրցան շնորհել մեր ազգին.- թարմացուցին մեր ունեցած հայհոյելու մշակոյթը:

Լսեր էի, որ նախ՝ տկար մարդը միայն կը հայհոյէ, երկրորդ՝ թրքերէնը միայն հայհոյանքի լեզու է:

Ահա՛ւասիկ իրողութիւնը. ասոնք ոչի՛նչ կրցան փոխել մեր կեանքին մէջ, բայց անոր փոխարէն մեր մանուկներուն, մեր տղոց ու աղջիկներուն շնորհեցին մեր բառամթերքը հարստացնող թրքերէն հայհոյանքներով:

Վաղը միւս օր, չեմ զարմանար, որ այդ նորամուծութիւններն ալ մտնեն մեր բառարաններուն մէջ իբրեւ հայերէն բառամթերքի հիմնական բաժինը. չէ՞ որ որոշ լեզուաբաններ կը համարեն, որ հայերէն է ամէն բառ, որ նստուածք ունի մեր լեզուին մէջ...

Եւ այնքա՜ն ամրօրէն ու առատօրէն, որ ո՛չ մէկ խոզանակով, սրբիչով ու մաքրող-սրբող նիւթով կարելի է մաքրել մեր լեզուները:

Շարունակեցէք «քուֆուր տալ», սիրելի՛ հայրենասէրներ, օրհնուի՜ Ձեր բերանը:

- Արամ Աբրահամեանի դիմատետրի էջէն

Յիշեցի մօտ յիսուն տարուան հնութիւն ունեցող անեկդոտ մը: Հոգեբուժարան կու գայ բարձր ղեկավարներէ կազմուած յանձնաժողով մը եւ դահլիճին մէջ հիւանդներուն հետ կը հանդիպի: Յանձնաժողովի անդամները երբ դահլիճ կը մտնեն, բոլորը կը կանգնին, կը սկսին բուռն ծափահարել ու վանկարկել «Փառք ՍՄԿԿ»: Միայն մէկը լուռ ու մունջ կանգնած կը մնայ անկիւն մը: Կենտկոմի հրահանգիչը կը մօտենայ անոր ու հաշիւ կը պահանջէ՝ «ինչո՞ւ չես ծափահարեր ու վանկարկեր»: Մարդը կը պատասխանէ. «Իսկ ես հոգեկան հիւանդ չեմ, ես այստեղի պահակն եմ»:

- Եկէք համաձայնինք, թէ մենք որպէս հասարակութիւն վախկոտ ենք եւ ի զօրու չենք իրականութեան եւ ճշմարտութեան դիմաց դէմ առ դէմ կանգնելու։ Մեր ամբողջ ուժով կ՚աշխատինք կեղծ մթնոլորտ ստեղծել մեր չորս կողմը եւ այդ կեղծիքով կ՚ուրախանանք ու հոգեկան «բաւարարութիւն» կը ստանանք...

Եթէ իրականութիւնը այս չըլլար, այսօր որպէս ազգ այս վիճակին մէջ չէինք ըլլար։

- Սիւնիքը օր օրի թշնամիին կը յանձնուի, իսկ մեզմէ շատեր կը շարունակեն իրենց կուռքի աստուածացումն ու փառաբանութիւնը։ Ողբալի արարածներ։ Սուտի եւ կեղծիքի մէջ թաւալողներ, որոնց շնորհիւ անհայրենիքներու իշխանութիւնը կը շարունակէ Հայրենիքը նուիրել թշնամիին...

- Երկուքուկէս տարի աւելի ատելութիւն քարոզող ու սերմանող իշխանութիւնը, այսօր ատելութեան խօսքի դէմ կը պայքարի... Պարզապէս զզուելի երեւոյթ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021