ԿԱՐԵՒՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Աւրորա երկխօսութիւններ-2017» նախագծի ծիրէն ներս՝ «Պատերազմները, կրօնական ծայրայեղութիւնները եւ ապագային սպասուող մարտահրաւէրները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արեւելեան Քրիստոնէութեան համար» թեմայով, վերջերս, Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ դասախօսութիւն ունեցաւ ծանօթ գիտնական, Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս՝ Հրաչ Չիլինկիրեան:

Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան խօսեցաւ այն կարեւոր մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք այսօր ծառացած են քրիստոնեայ համայնքներուն առջեւ՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող պատերազմներուն, կրօնական ծայրայեղութիւններուն, միջհամայնքային հակամարտութիւններուն, ցեղասպանութեան, ընկերային-տնտեսական անկման եւ բնակչութեան գաղթին եւ տեղաշարժներուն համատեսքին վրայ:

Իբրեւ ընկերաբան Հրաչ Չիլինկիրեան վերջին տարիներու իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ եւ հանրային ելոյթներուն ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ փոքրամասնութիւններու իրադրութեան վրայ, մանաւանդ գիտական եւ քաղաքական որոշումներ կայացնողներու շրջանակներէն ներս: Որպէս մտաւորական իր ուսումնասիրութիւններուն, միտքերուն եւ ծրագիրներուն նպատակն է, մանաւանդ Սփիւռքի համար, ազգային ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն դարձնել առօրեայ ապրուած իրականութիւն:

Հրաչ Չիլինկիրեան հանդիպումներ եւ ելոյթներ ունեցաւ նաեւ Արցախի մէջ, ուրկէ վերադարձին Երեւանի մէջ պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։

-Այսօր Միջին Արեւելքը, ուր տեղի ունեցող խմորումներուն մասին խօսեցաք, աշխարհի թէժ կէ՞տը կը սեպէք, որուն վրայ կը «բաբախի» աշխարհի սիրտը:

-Այո, եւ այդ տարածքաշրջանին առնչուող իմ ուսումնասիրութիւններուս հիմնական կեդրոնը քրիստոնեայ համայնքներն ու ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններն են: Եւ եթէ աչք մը նետենք այս վերջին տարիներուն տեղի ունեցող պատերազմներուն, իրադարձութիւններուն, լուրջ խնդիրներ դրուած են քրիստոնեայ համայնքերուն առջեւ: Գաղտնիք չէ, որ քրիստոնեայ համայնքները կը նօսրանան ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Անշուշտ, ես այն կարծիքին չեմ, որ լրիւ պիտի վերանան այդ համայնքները:

-Բայց յաճախ լուրեր կը տարածուին, որ յատուկ նպատակ մը կայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը բնաջնջելու, այդ մասին ի՞նչ կ՚ըսէք:

-Ես չէի ըսեր՝ յատուկ քաղաքականութիւն է: Անշուշտ, իսլամական ծայրայեղութիւնը իր գաղափարախօսութեան մէջ ունի Միջին Արեւելքը մաքրել ոչ-իսլամական տարրերէ, այդ իմաստով իրենց գաղափարախօսական կամ «աստուածաբանական» բացատրութեան մէջ այդ մէկը կայ: Բայց չեմ կարծեր, որ այդպէս ծրագ-րուած բան մըն է, եւ պետութիւններ նստած եւ ծրագրած են քրիստոնէութիւնը ի սպառ վերացնել: Անշուշտ, վտանգը եղած է եւ տակաւին կայ:

Այսօր երկու հիմնական խնդիր կայ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան առջեւ: Առաջինը՝ ապահովութեան եւ անվտանգութեան խնդիրն է: Եւ այստեղ, ըստ գոնէ իմ ուսումնասիրութիւններուս, անապահովութեան հիմնական երեք մակարդակներ կան. մէկը ֆիզիքական ապահովութեան, անվտանգութեան խնդիրն է: Մարդիկ գոյութենական խնդիր ունին այնտեղ՝ ռումբերու, կրակոցներու տակ անոնք պէտք է իրենց կեանքը ապահովեն կամ փրկեն:

Անապահովութեան երկրորդ մակարդակին վրայ կայ ընկերային-տնտեսական ապահովութեան խնդիրը: Այսինքն այս պատերազմները, բախումները վերջին վեց-եօթ տարիներու ընթացքին այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծած են, որ տնտեսութիւնները՝ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ լրիւ անկումի մէջ են, մարդիկ աշխատանք չունին, գործատեղիներ կորսուած են, եկամուտի աղբիւրները չքացած են եւ այլն, եւ այլն:

Իսկ երրորդը, որ քիչ մը աւելի երկարաժամկէտ ապահովութեան խնդիր է, այն ալ՝ մշակոյթի եւ կրօնքի անվտանգութեան խնդիրն է: Այսինքն այդ տարածքաշրջանին մէջ, մանաւանդ իսլամական ծայրայեղութեան պարունակին մէջ նաեւ լուրջ խնդիր է կրօնական ազատութեան հարցը, եւ փոքրամասնութիւնները, մանաւանդ քրիստոնեաները իրենց հաւատքը, կրօնքն ու մշակոյթը պահպանելու եւ ազատօրէն գործածելու անմիջական հարց ունին: Ապահովական այս հարցերն են, որ այսօր կը դիմագրաւէ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ բնակչութիւնը:

Միւս՝ երկրորդ խնդիրը, որ կը բխի այս անվտանգութեան հարցէն, գաղթականութիւնն է, տեղաշարժներն ու տեղափոխութիւնները: Վերջին տասը տարիներու ընթացքին հսկայական արտագաղթ եղած է եւ տակաւին կը շարունակուի: Օրինակ, Իրաքի մէջ մէկ միլիոնէ աւելի քրիստոնեաներ արդէն երկիրը լքած են: Պատերազմէն առաջ Իրաքի մէջ կար մօտ մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար քրիստոնեայ, այսօր հազիւ երկու-երեք հարիւր հազար մնացած է ամբողջ Իրաքի մէջ: Թիւերու առումով նոյն նուազումն է նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ:

-Իսկ տարածքաշրջանին մէջ հայութեան տեղաշարժներուն եւ գաղթին մասին ի՞նչ տուեալներ կան:

-Ես փոքրիկ ուսումնասիրութիւն մը ըրած եմ, եւ եթէ բաղդատենք անցնող քառասուն տարիներու հետ թիւերը, կը տեսնենք, որ հայ համայնքները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, վաթսունհինգ տոկոսէ աւելի նուազած են: Այսօր Մերձաւոր Արեւելքի մօտ տասը երկրի մէջ, ուր մեծ թիւով հայ համայնքներ կային, հազիւ մնացած է մօտ երկու հարիւր յիսուն հազար հայութիւն, ներառեալ Իրանը, Լիբանանը, Սուրիան, Իրաքը, Եգիպտոսը, նաեւ՝ Թուրքիան, եթէ Միջին Արեւելքը նկատի առնենք քիչ մը լայն իմաստով: Երեւակայեցէք, եօթանասունականներուն, որ հայութիւնը վեց հարիւր յիսուն-եօթհարիւր հազար էր, հիմա մօտ երկու հարիւր յիսուն հազար է միայն:

-Այս տեղաշարժներու շնորհիւ այդ մարդոցմէ շատ քիչերուն հայեացքը կ՚ուղղուի դէպի հայրենիք, այլ երկիրներ կ՚երթան անոնք, այդ ալ ուրիշ մտահոգիչ հարց մըն է, քանի որ Հայաստանը այսօր ունի ժողովըր-դագրական խնդիր, եւ լաւ կ՚ըլլար, որ անոնք Հայաստան գային, որպէսզի այդ հարցն ալ ձեւով մը լուծուէր:

-Այս մէկը լուրջ հարց է: Անշուշտ, ցանկալի է, որ մանաւանդ Միջին Արեւելքէն մարդիկ Հայաստան գան, որովհետեւ նախ մշակոյթի, միջավայրի եւ այլ նմանութիւններ գոյութիւն ունին, նոյնիսկ աշխարհագրական մօտիկութիւնը կրնայ դեր խաղալ: Բայց քանի որ, ոեւէ գաղթական նախ իր ամէնօրեայ մտահոգութիւնները ունի, իր ու ընտանիքին ամէնօրեայ պէտքերը հայթայելու անմիջական հարցն ունի, ուրեմն, տեղ մը պիտի երթայ, ուր ինք կրնայ զանոնք ապահովել, պահել իր զաւակներն ու ընտանիքը: Հայաստանը այսօր, այո, մենք կը ներկայացնենք որպէս մեր ինքնութեան կարեւոր մէկ մասը, կ՚առաջարկենք մարդոց, որ գան Հայաստան, ձեւով մը փորձելով անոնց հայրենասիրական զգացումներուն դիմել, բայց միւս կողմէ եթէ անոր առընթեր այդ մարդուն, այդ հայուն որ գաղթական է, ամենահասարակ պայմանները չենք կրնար ապահովել, ուրեմն այդ մարդը թերեւս իր հոգիով, սրտով կ՚ուզէ Հայաստան գալ, բայց հնարաւորութիւնները այստեղ բաւարար չեն, ըսենք՝ տուն վարձելու դրամ չունի, իր ասպարէզին մէջ աշխատանք գտնելու հնարաւորութիւն չունի եւ այլն, ուրեմն Հայաստան պիտի գայ, ի՞նչ պիտի ընէ: Եթէ գայ, թերեւս ինքզինքը նոյն վիճակին մէջ կը պատկերացնէ, ինչպէս որ էր իր երկրին մէջ, ուրկէ նաե՛ւ այս հարցերուն պատճառով գաղթած է: Այս հարցը շատ աւելի բարդ է, քան մենք մեր ազգային քննարկումներուն մէջ կը պատկերացնենք: Ինչպէս ըսի՝ զգացումներով կը խօսինք այս հարցին մասին, բայց միայն զգացականը բաւարար չէ: Այդ հայերը կ՚երթան Գանատա կամ ուրիշ երկիրներ, որովհետեւ հոն որոշ նախնական պայմաններ եւ որոշ պատրաստ գետին կան, եւ երբ անմիջապէս հասնին, քիչ մը իրենք զիրենք կը գտնեն եւ կամաց-կամաց կը սկսին իրենց կեանքը վերականգնել: Հիմա, Հայաստանի մէջ այլ խնդիր մը կայ, որուն մասին ես քանիցս անդրադարձած եմ: Հայաստանի մէջ նոյնքան կարիքաւոր մարդիկ կան, գաղթականներու նման անոնք պատշաճ տուն չունին, աշխատանք չունին, մեծ ընտանիք ունին, որուն ամէնօրեայ հոգերը չեն կրնար հոգալ, առողջական խնդիրներ ունին… Պաշտօնական տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ ինն հարիւր հազար աղքատ կայ, այս մէկը պաշտօնական տուեալն է, թերեւս աւելի է թիւը: Ուրեմն, ձեւով մը կանգնած ենք խաչմերուկի մը առջեւ. եթէ Միջին Արեւելքէն եկած գաղթականներուն պիտի օգնենք, ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ մենք ալ հոս նոյն խնդիրները ունինք, ինչո՞ւ մեզի չէք օգներ…

-Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այս հարցերուն լուծումը:

-Այսօր մենք աշխարհի մը մէջ կ՚ապրինք, ուր պէտք է բազմակողմանի աշխատանք տանինք, բազում ուղղութիւններով մտածենք: Այնպէս չէ, որ Հայաստանի բոլոր խնդիրները պէտք է լուծենք, յետոյ սկսինք Սփիւռքի կամ հայ գաղթականներու մասին մտածել: Ուրեմն, զուգահեռ, նոյնիսկ՝ բազմակողմանի նայելով է, որ այս բոլոր հարցերուն լուծում պէտք է տրուի:

-Իսկ գալով Մերձաւոր Արեւելքի տեղաշարժներուն, ինչպէ՞ս կը պատ-կերացնէք ապագան, ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այդ անորոշութիւնը, մանաւանդ որոշ գերտէրութիւններու ղեկավարներ փոխուած են, եւ կը թուի, թէ որոշակի բան մը պիտի ըլլայ:

-Նախ ըսեմ, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը ընդհանրապէս արեւմտեան երկիրներու օրակարգին մէջ ալ չի յիշուիր: Այսպէս ըսենք՝ արեւմտեան պետական կամ հասարակութիւններու տեսադաշտին մէջ չեն անոնք: Երբ Միջին Արեւելք կ՚ըսես՝ մարդիկ անմիջապէս կը մտածեն ահաբեկչութեան մասին, ԻՇԻՊ-ի մասին, բայց ոչ ոք կը մտածէ, որ Միջին Արեւելքը քրիստոնէութեան օրրան է, այնտեղ ծնած է քրիստոնէութիւնը, եւ այնտեղ է, որ հին արմատներ ունի եւ այդ արմատները այսօր մերթ ընդ մերթ կը տկարանան:

Ինչ կը վերաբերի ապագային, անորոշ է, բայց ես այն կարծիքին չեմ, որ քրիստոնէութենէն լրիւ պիտի պարպուին այդ երկիրները: Յստակ է, որ եկող տասնամեակներուն թուային իմաստով շատ աւելի փոքր համայնքներ պիտի ըլլան այնտեղ: Յատկապէս մեր պարագային՝ հաւանաբար հայկական համայնքները շատ աւելի փոքր պիտի ըլլան:

Գաղթականութիւնը իր զգալի հետեւանքները պիտի ձգէ այնտեղի համայնքներուն վրայ, որովհետեւ գաղթողները ձեւով մը միջին խաւի անդամներն են՝ բժիշկներ, ուսուցիչներ, արհեստաւորներ եւ այլք, այն խաւը, որ հիմնականօրէն կը պահէր մեր համայնքային կառոյցները՝ դպրոց, ակումբ, եկեղեցի եւ այլն: Ուրեմն, երբ այդ խաւը կամաց-կամաց կը նօսրանայ, կը նշանակէ, որ մենք ունինք ուղեղներու արտահոսք, եւ անոր հետեւանքով՝ նիւթական աղբիւրներու նուազում, քանի որ այդ արհեստավարժ մարդիկը հոն չեն, որպէսզի աշխատին եւ պահեն մեր համայնքային կառոյցները: Ուրեմն, այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, կրնանք ըսել, որ մեր ազգային, համայնքային կառոյցները հետզհետէ պիտի տկարանան, եւ արդէն որոշ չափով տկարացած են: Այսինքն, կը նշանակէ, որ փոխանակ քսան դպրոց ունենալու, թերեւս պէտք է մտածենք զանոնք միացնել հինգ, վեց դպրոցներու մէջ:

-Իսկ մարդուժը, որ տարբեր երկիրներ կ՚երթայ, իր դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենա՞յ այդ երկիրներուն մէջ, մանաւանդ, որ մենք այդ երկիրներու հայութեան մասին գիտենք, որ աշխատող են, շէնցնող են, ուր որ երթան, ինքզինքնին կը փաստեն եւ այդպէս եղած է դարերու ընթացքին:

-Հետաքրքրական հարցում մըն է, որուն կրնանք թէ՛ դրական, թէ՛ ժխտական ձեւով նայիլ: Պատմութեան ընթացքին ալ, երբ Հայաստանը տկար եղած է եւ անկումի մէջ գտնուած է, ուրիշ գաղութներ սփիւռքի մէջ ծաղկած են: Օրինակ, Անիի կործանումէն յետոյ, Եգիպտոսի մէջ ձեւաւորուած է ծաղկուն հայկական համայնք մը: Ուրեմն երբ գաղութէ մը արտագաղթ կայ, ո՛ւր որ ուղղուի արտագաղթի հոսքը, այնտեղ կը շարունակուի կամ կը վերականգնի համայնքային կեանքը: Այսօր վստահ Գանատայի մէջ սփիւռքահայերը ձեւով մը նոր շունչ տարած են հայ համայնքին, օրինակ, հայկական դպրոցներուն մէջ կրնան Հալէպէն գացած ուսուցիչներ աշխատիլ եւ այլն: Ատիկա դրական բան մըն է, իսկ երկրորդ խնդիրը այն է, որ եթէ սփիւռք երեւոյթի տեսանկիւնէն նայինք, Լիբանան, Սուրիա կամ Մոնթրէալ, նորէն սփիւռքի մասին է խօսքը: Այսինքն աշխարհագրական տարբերութիւնը կայ, բայց բովանդակութեան, իրականութեան առումով կը մնայ սփիւռքեան իրականութիւն: Անշուշտ, այնտեղ կան նրբութիւններ. Միջին Արեւելքի մէջ հայերը լաւապէս պահպանած են լեզուն եւ մշակոյթը, այն ալ, որովհետեւ կ՚ապրին իբրեւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն՝ իսլամ երկիրներու մէջ: Իսկ Արեւմուտքի մէջ տարբեր է, բայց սփիւռքը սփիւռք է:

Ուրիշ հարց մըն ալ, որուն մասին վերջերս սկսայ մտածել. հիմա կայ սփիւռքին սփիւռքը՝ Հայաստանի մէջ: Այսինքն, սփիւռքահայեր, որոնք եկած են Հայաստան եւ երկար տարիներ հոս կ՚ապրին, ձեւով մը «սփիւռք» մըն են՝ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ անոնք ընդհանրապէս Հայաստանի հասարակութեան կողմէ կը դիտ-ւին որպէս սփիւռքահայեր, ոչ թէ իբր համաքաղաքացիներ, եւ անոնք կրկին կը մնան սփիւռք, այս անգամ՝ հայրենիքի մէջ: Եւ ունինք նաեւ միւս երեւոյթը՝ Հայաստանի սփիւռքը՝ սփիւռքի մէջ: Այս հարցերը ուսումնասիրութեան նիւթեր են, որոնք կրնան տոքթորականի լաւ նիւթ դառնալ:

-Վերադառնալով Մերձաւոր Արեւելքին՝ տարածքաշրջանը խաղաղելուն պէս գաղթողները ետ կը դառնա՞ն:

-Միշտ պատերազմէն փախչող մարդը պարտադրուած կը փախչի, այն միտքով, որ քանի մը տարի երթայ, այդ ամէն ինչը անցնի, նորէն ետ դառնայ: Նման պարագաներուն միշտ այդպէս է՝ ժամանակաւոր կ՚երթաս, բայց այդ ժամանակաւորը կը դառնայ մշտական: Շատ քիչ անգամներ եղած են ետ դարձողներ, օրինակ՝ Լիբանանի պատերազմէն երբ մարդիկ Էմիրութիւններ կամ Միացեալ Նահանգներ գաղթած են, այսօր երեսուն տարիէ ի վեր անոնք հոն են, օր մը թերեւս վերադառնան, բայց այդ ժամանակաւորը յաճախ տասնեակ տարիներ կ՚երկարի, երախաները կը մեծնան, կեանքը կը փոխուի եւ վերադարձը կը դժուարանայ: Կեանքն է նաեւ, որ մեզ կը ձեւաւորէ:

-Ի՞նչն է պատճառը, որ հայեր, այս կամ այն երկրին մէջ ապրելով եւ Հայաստանը այնքան ալ գրաւիչ ապրելու միջավայր չնկատելով, իրենց միտքին մէկ անկիւնը անպայման ունին Հայաստանը: Արդեօք հայրենիքի ո՞ւժն է այդ մէկը, թէ՞ ուրիշ պատճառ մը եւս կայ:

-Անշուշտ, հայրենիքի ուժն ալ կայ: Իբրեւ ընկերաբան իմ մօտեցումս այն է, որ երբ դուն կ՚երթաս ուրիշ երկիր մը, միշտ այդ երկրի հասարակութիւնը պայման չէ, որ քեզ ընդունի իբրեւ իր մէկ մասնիկը, դուն միշտ դրսեցի ես, միշտ օտար ես, կրնաս այդ երկրին անձնագիրը ունենալ, բայց խօսքիդ մէջ օտար շեշտ մը կայ, մորթիդ գոյնը քիչ մը թուխ է, եւ այլն: Եւ որովետհեւ այդ «օտարութիւնը» կայ, դուն կը զգաս, որ քու արմատդ Հայաստանն է, հայրենիքն է: Սփիւռքը իր զգացումով իր հաւաքական երեւակայութեան մէջ հայրենիքի գաղափարը պահեր է, իբրեւ իր գոյութեան աղբիւրը ստեղծելով իր երեւակայական հայրենիքը: Անշուշտ, Հայաստանին հակելու, պատճառներէն են նաեւ մշակոյթն ու լեզուն, եւ Հայաստանը ի վերջոյ այդ բոլորին աղբիւրն է, որ մեզի եկած է դարերէ ի վեր:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017