«ԱՐՑԱԽՑԻ ԷՔ՝ ԳՈՒՄԱՐ ՊԷՏՔ ՉԷ»

Քանի մը օր առաջ Արցախէն ժամանած ընկերուհիիս հետ թաքսի նստանք: Ռուզաննան, անոր քոյրն ու անոնց չորս երեխաները Երեւան հասան սեպտեմբերի 27-ին՝ պատերազմը սկսելէ ժամեր անց: Շատ ընկճուած ու վհատած են, սակայն յոյսերնին կ՚ապրի:

Ռմբակոծութեան ահարկու ձայներէն արթննալուն պէս, անոնք ինչ ընելիքնին շուարեցան. «Քնաթաթախ, երեխաները գրկած իջանք մեր շէնքի ապաստարան: Ամուսինս առանց երկմտելու որոշեց, որ ժամ առաջ երեխաները պէտք է Ստեփանակերտէն դուրս հանել: Երբ հրթիռակոծութեան ձայները կը դադրէին, անմիջապէս վեր կ՚ելլէի ճամպրուկս ժողվելու: Սակայն տուն հասնելուս պէս կրկին կը սկսէր տագնապը: Քանի մը հագուստ ձեռքիս սանդուխներէն վազելով ապաստարան կ՚իջնէի: Եւ այսպէս շարունակ... Չկրցայ ճամպրուկս ժողվել: Թէեւ այդ վայրկեանին ով կը խորհէր ճամպրուկի, հագուստի մասին: Մեր միակ մտածումը երեխաները փրկելն էր: Կիսատ-պռատ ճամբայ ինկանք... Այդ օրը ամուսինս Երեւանէն նոր վերադարձած էր: Հազիւ երկու ժամ քնացած էր, երբ տագնապահար արթնցաւ»:

Ռուզաննայի ամուսինը Ստեփանակերտի մէջ յայտնի պտղավաճառ մըն է: Մայրաքաղաքի բոլոր խանութներուն ան կը վաճառէ պտուղ եւ բանջարեղէն: Քանի մը միլիոն դրամի հասնող պտուղն ու բանջարեղէնը շուկայի պահեստին մէջ տեղաւորելէ վերջ, նոյն այդ բեռնատար ինքնաշարժի թափքի մէջ գորգ մը փռեց, վրան անկողիններ շարեց: Երեխաներն ու միւս ուղեւորները այդպէս ծալապատիկ նստած վիրաւոր մայրաքաղաքէն հասան Երեւան: Իսկ ամբողջ պտուղն ու բանջարեղէնը անվճար բաժին դարձաւ հայոց անպարտ բանակին ու ժողովուրդին:

Փոքրիները լաւ են, կը շարունակեն ժպտիլ: Մայրիկին ալ շատ հարցումներ չեն ուղղեր:

Ընկերուհիիս հետ երբ թաքսի նստանք, ան սկսաւ խօսիլ բարբառով. Ռուզանի արեւելահայերէնը շատ տկար է: Այդ պահուն թաքսիի շարժավարը դարձաւ դէպի մեզ եւ հարցուց.

-Արցախէն է՞ք:

-Այո,- պատասխանեցինք մենք:

-Ուրեմն ձեզի համար թաքսին անվճար է: Ուր կ՚ուզէք, կը տանիմ:

-Շատ շնորհակալ ենք ձեր ուշադրութեան համար, սակայն մենք պէտք է վճարենք,- շտապեց ընկերուհիս:

-Քոյրիկ ճան, ես այս օրերուն ո՛չ զինուորականներէն, ոչ ալ արցախցիներէն դրամ կ՚առնեմ: Անկարելի է, այլեւս չպնդէք:

Մինչեւ մեր իջնելիք վայրը Ռուզաննան կը փորձէր շարժավարը համոզել, որպէսզի դրամը առնէ: Սակայն երիտասարդը կտրականապէս մերժեց ընկերուհիիս բոլոր պնդումները:

-Ախր, քոյրիկ ճան, իմ տեղը ռազմաճակատն է, ես ինչ գործ ունիմ այստեղ: Առողջութիւնս չի ներեր: Թոյլ տուէք այս կերպ օգտակար ըլլալ հայրենիքիս:

Ես այլեւս հասկցայ, որ շարժավարը հաստատակամ է իր որոշման մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնեցի, բայց Ռուզանը շարունակեց իր հաստակողութիւնը.

-Այդ հազար դրամը փոխանցեցէք զինուորի հաշիւին,- այս նախադասութեամբ շարժավարը վերջակէտ դրաւ անիմաստ խօսակցութեան:

-Լաւ,- անմիջապէս համաձայնեցաւ Ռուզանը:

-Երեւանը չեմ ճանչնար: Այսօր երրորդ անգամ կը նստիմ թաքսի: Առաջինի շարժավարը, իմանալով հանդերձ որ Արցախէն ժամանած եմ, ինձմէ աւելորդ գումար կորզեց: Երկրորդի շարժավարը ձեզի պէս հրաժարեցաւ գումար առնելէ: Մարդը կու լար,- անկեղծացաւ ընկերուհիս:

Համաձայնութեան գալէ վերջ շարժավարը անդադար կը հետաքրքրուէր, թէ ինչի կարիք ունի Ռուզաննան եւ իր ընտանիքը, ինչով կրնայ օգտակար ըլլալ...

Այսօր Հայաստանի զանազան ծալքերուն մէջ յաճախ կարելի է հանդիպել նմանատիպ վերաբերմունքի: Մարդոց մեծամասնութիւնը գերհոգատար եւ ուշադիր է վիրաւոր հայրենիքը ժամանակաւոր լքած արցախցիներու նկատմամբ:

Երբ թաքսիէն իջանք, ընկերուհիս հազար դրամը փոխանցեց ինծի ու ըսաւ.

-Արեւիկ, չեմ գիտեր, թէ ինչպէս այս գումարը կրնամ փոխանցել զինուորի հաշիւին: Դրամատան տեղ չեմ գիտեր: Կ՚աղաչեմ, իմ փոխարէն դուն փոխանցէ:

Ես ալ սիրով համաձայնեցայ եւ գումարը փոխանցեցի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յատուկ հաշիւին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020